Լոնտոնի I. B. Tauris հրատարակչատունը, վերջերս լոյս ընծայեց Վարդան Մատթէոսեանի The Politics of Naming the Armenian Genocide: Language, History and ‘Medz Yeghern’ («Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանելու քաղաքականութիւնը. լեզու, պատմութիւն եւ «Մեծ Եղեռն»») աշխատութիւնը, որ հրատարակչատան նոր՝ «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշարին առաջին հատորը կը կազմէ։
Գիրքը կը քննէ «Մեծ Եղեռն» անուան ծագումն ու զարգացումը։ Հայոց դէմ գործուած եղեռնը (ոճիրը) լայնօրէն ընդունուած է պատմաբաններու կողմէ իբրեւ 20րդ դարու ցեղասպանութեան դասական պարագաներէն մէկը, բայց ճշգրիտ իրաւական սահմանումը սուր պայքարի առարկայ դարձած է միջազգային քաղաքականութեան մէջ։
Մատթէոսեան իր ուշադրութիւնը սեւեռած է պատմագրութեան մէջ անտեսուած ու սխալ մեկնաբանուած նիւթի մը վրայ՝ պատմական, լեզուական, գրական ու քաղաքական բազմակողմանի մօտեցումով։ Քննած է հայոց զանգուածային ջարդն ու ցեղասպանութիւնը անուանող եզրերուն զարգացումը հին ժամանակներէն մինչեւ արդի շրջանը, օգտագործելով հայ եւ օտար մեծաքանակ գիրքեր ու պարբերական մամուլ։ «Եղեռն» բառի մեկնաբանութենէն սկսելով, հեղինակը ցոյց տուած է անոր գործածութեան աստիճանական բնաշրջումը՝ «ցեղասպանութիւն» բառի ծնունդին (1944) եւ ոճիրի միջազգային ճանաչման ի խնդիր պահանջատիրութեան զուգընթաց։ Աղէտալի պատմական դէպք մը կոչելու քաղաքականութեան ու քաղաքական խաղերուն խորաթափանց հետազօտութիւնը կը քննարկէ վերջին երկու տասնամեակներուն «Մեծ Եղեռն» անունին օգտագործումն ու շահագործումը՝ Վատիկանի, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ, եւ անոնց արձագանգները հայկական ոլորտին մէջ։