Քերթուածը որպէս պատմութեան արձանագրութիւն։ Շահէ Մանկըրեան, որ ապրած է Պէյրութի պատերազմին սկիզբի օրերը, կը նկարագրէ այդ փորձառութիւնը իր նոր լոյս տեսած Մոռացումի Պատմութիւն (History of Forgetfullness) քերթողագիրքին մէջ:
Պատերազմին ամբողջ ահաւորութիւնը գեղեցիկ պատկերներով, պարզ բառերով եւ այնպիսի անմիջականութեամբ արտայայտուած, կը դնէ ընթերցողը մեծ հակապատկերի մը առջեւ՝ մէկ կողմէ պատերազմը իր ահաւորութեամբ, միւս կողմէ բանաստեղծութիւնը իր գեղեցկութեամբ:
80 էջերու վրայ երկարող գիրքին Ա. բաժինը կը սկսի լիբանանցի աշխարհահռչակ գրագէտին՝ Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանի խօսքով.
If the other person injures you, you may forget the injury; but if you injure him, you will always remember.
Գիրքին երկրորդ՝ II բաժինը կը սկսի Իտրիս Շահի մէկ խօսքով. You have not forgotten to remember; you have remembered to forget.
Այս երկու խօսքերը, ըսուած 20րդ դարու երկու կարեւոր անուններու կողմէ, կը խտացնեն գիրքին միտք բանին՝ ցաւ եւ յիշողութիւն:
Մոռնալ ինչպէ՞ս եւ յիշել ինչո՞ւ:
Այս քերթողագիրքը ցաւին դէմ յաղթանակի սքանչելի կոթող մըն է:


Շահէ Մանկրեան. Մոռացումի Պատմութիւն
2021։