Մեծ Եղեռնի վերապրող պարմանուհիի մը՝ Օրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեանի (1900-1994) յուշերը, որոնք 1918ին լոյս տեսած են անգլերէնով, առանձնապէս նշանաւոր եղած են, որովհետեւ անոնց հիմամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ նկարահանուած է համանուն շարժանկարը, որ ցեղասպանութիւնը ներկայացնելու առաջին փորձը եղած է եւ ուր վերապրող հեղինակը ինքզինք մարմնաւորած է։ Շարժանկարը նաեւ ծանօթ եղած է Հոգիներու աճուրդ (Auction of Souls) անունով եւ լայնածաւալ քարոզչութեան առարկայ եղած եւ տարածուած է ամերիկեան ու եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ։ Գիրքը ունեցած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ եւ անմիջապէս թարգմանուած է զանազան լեզուներու։
Յօշոտուած Հայաստան յուշագրութիւնը 1919ին սպաներէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած է Նիւ Եորքի մէջ, իսկ համր ժապաւէնը՝ Հոգիներու աճուրդը խորագրով, Պուէնոս Այրէսի մէջ ցուցադրուած է 1920ին, արժանանալով արժանթինեան մամուլի անդրադարձներուն։ Ժապաւէնը Ժողովուրդի մը մարտիրոսութիւնը խորագրով գոյատեւած է Ֆրանսայի մէջ մինչեւ 1930ական թուականները, իսկ այնուհետեւ անոր հետքը կորսուած է ամէնուրեք։ Օրորա Մարտիկանեանի ոդիսականով ու շարժանկարի ճակատագրով հետաքրքրուած արժանթինահայ հետազօտող Եդուարդ Գոզանլեան, երկարամեայ փնտռտուքէ ետք, 15 վայրկեանի տեւողութեամբ հատուած մը յաջողած է յայտնաբերել 1994ին Հայաստանի մէջ։
Այս տարի, Պուէնոս Այրէսի մէջ, «Էտիար» հրատարակչատունը՝ Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան հովանաւորութեամբ, հրատարակած է «Հոգիներու աճուրդը կամ Յօշոտուած Հայաստան. Օրորա Մարտիկանեանի պատմութիւնը» (Subasta de almas o Armenia arrasada: La historia de Aurora Mardiganian) սպաներէն հատորը, Էտուարտօ Գոզանլեանի աշխատասիրութեամբ։
Հատորը կը պարունակէ պատմաբան ու բանասէր Վարդան Մատթէոսեանի՝ անգլերէն բնագրէն կատարած նոր թարգմանութիւնը, ուր վերականգնուած են սկզբնական թարգմանութենէն դուրս մնացած կամ սխալ թարգմանուած հատուածներ։ Թարգմանիչը, որ վերջին տարիներուն նաեւ հրատարակած էր գիրքին ու ժապաւէնին պատմութեան շուրջ ուսումնասիրութիւններ, գրած է ընդարձակ յառաջաբան մը, ուր ներկայացուցած է Օրորա Մարտիկանեանի պատմութիւնը եւ վեր առած՝ Էտուարտօ Գոզանլեանի 30ամեայ քրտնաջան պրպտումներուն ու գիւտին արժանիքը։
Է. Գոզանլեան մանրամասնօրէն ծանօթագրած է պատումը եւ գրած՝ գիրքին ու շարժանկարին մասին ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը, նկարագրելով նաեւ իր հետազօտութիւնը եւ պատմելով շարժանկարի յայտնագործումին պարագաները։ Յաւելուածը կը ներկայացնէ շարժանկարին սկզբնական 16 լուսանկարները, ինչպէս եւ աշխատասիրողի արխիւէն բխած ուրիշ արժէքաւոր նիւթեր։