Տունէս ելայ ֆրանսերէնի դասին երթալու համար երբ ժանգոտ, ծիրանագոյն հեծիկէս տեսայ որ բակին մէջ պզտիկ Պենիթոն կը տանէիր փոքր, կարմիր կառքովդ։
Մօտեցայ եւ ետեւդ կանգնած ըսի. «Պուէնոս տիաս, Գարմէն»։
Արագ մը դարձար, ժպտեցար ու գրեթէ պոռալով ըսիր. «Կը յուսայի կոր որ շուտով քեզի պիտի տեսնէի»։
Կարդալ աւելին
Ազատութեան յորձանքին հետ «Ազատամարտ»ը հայկական լեռներէն փոխադրուեցաւ Պոլիս։     Սահմանադրութեան շրջանը, որ անակնկալ երեւոյթ մը եղաւ 1908 յուլիսին, սուլթանական երեսուն տարիներու բռնակալութեան օրերէն ետքը, գետնատարած եւ ստրկացած ժողովուրդը ոտքի կը հանէր ազատութեան խանդավառութեամբ: Ոչ մէկ տեղ թերեւս Կարդալ աւելին
Ինչպէ՞ս գտնել կորսուող Պէյրութի հետքերը, երբ ինչ որ ծանօթ ու հարազատ է քեզի՝ մտքիդ մէջ ներկայ է միշտ, զայն բաղդատել այլ ժամանակներու հետ, երբ քաղաքը քու դիմացդ կը քանդուէր ու կը կառուցուէր, աւելի ուշ, երբ կ՚այցելէիր այնտեղ, կը փորձէիր հասկնալ՝ թէ ի՞նչ կորսուած էր, թէ ինչ էր փոխուեր, մանաւանդ որ շատ մը վայրեր սերտօրէն առնչուած էին կեանքիդ առաջին տասնամեակներուն... Կարդալ աւելին