Զաւէն Պիպեռեան հետեւեալ նամակները գրառած էր 1949ին, երբ տակաւին հրատարակած չէր իր անդրանիկ վէպը՝ Լկրտուածը, որ լոյս պիտի տեսնէր տասը տարի անց, 1959ին։ Ուրեմն, ան այդ թուականներուն Սփիւռքի շրջանակներուն առաւել ծանօթ էր որպէս Պոլիս հրատարակուող «Նոր լուր» թերթի (Բ շրջանը՝ 1945-1954 թթ.) «խիզախ խմբագիրը»։
Պիպեռեան Յունուար-Մարտ 1946ին խմբագրած էր «Նոր լուր»ը, ուր հրատարակած «Ա՛լ կը... Կարդալ աւելին
Զաւէն Պիպեռեանի, ինչպէս փաստօրէն գրական եւ կենսագրական նմանատիպ ուղեծիր ապրած շատ ուրիշ արժանաւոր գրագէտներու պարագային, ընդունուած կարգ է առաջնահերթաբար նշել անտեսումի, ճանաչման զլացումի երեւոյթը - բնորոշ գիծ՝ մեր ազգա-մշակութային իրականութեան:  Եւ, հաւանօրէն, այդպիսի ընդգծում արդարացի է մասամբ:
     Բայց ես պիտի նախընտրեմ տուրք... Կարդալ աւելին
Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)
Ստանպուլահայ արձակագիր Զաւէն Պիպեռեանի (1921-1984) հետեւեալ նամակները առիթ են տարբեր դիտանկիւնէ մը նայելու գրական կապերու, գրողներու յարաբերութիւններու բնոյթին։        Իրանահայ բանաստեղծ ու նկարիչ Դեւ, Պոլիս այցելութեան շրջանին, յայտնի է որ կարճ տեսակցութիւն մը ունեցած է Պիպեռեանի հետ, որու ուղղեալ նամակին մէջ վերջինիս պատասխանէն կը տեղեկանանք, որ ան «գեղեցիկ տողեր» ալ գրած է Լկրտածըի մասին։ Կարդալ աւելին
Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)
ՆԱԽ բնագրերու մասին։
    29 յունուար 2020, չորեքշաբթի, արձակագիր Զաւէն Պիպեռեանի թողօնը պրպտելու նպատակով այցելեցի արձակագրի դստեր՝ տիկին Թիլտա Մանկասարեանի բնակարանը, Գատըգիւղի մերձ թաղամաս մը։ Տիկին Թիլտա Մանկասարեան եւ իր դուստրը՝ Արամեան վարժարանի ուսուցչուհի օր. Թամար Մանկասարեան տրամադրութեանս տակ դրին խաւաքարտէ մեծկակ տուփ մը, որու մէջ
Կարդալ աւելին
ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ (Իսթանպուլէն գաղթած) արձակագիր Գեղամ Լ. Սեւանի((Գեղամ Սեւան, բուն ազգանունով Սվաճեան, ծնած էր Պոլիս, 1924ին։ Կրթութիւնը ստացած էր Վիեննական Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ըլլալով դասընկերը ստանպուլահայ ապագայ գրողներ Ռոպէր Հատտէճեանի, Զահրատի եւ Զարեհ Խրախունիի։ Կարդալ աւելին