Երկար ճամբայ
     Գիշերը «կօշիկներս հագայ մտայ անկողին» եւ քնացայ։
     Առտուն քալելէն յոգնած արթնցայ։

Benetton I-H.I.V. positive
     Պենեթոնի ամենէն համարձակ ծանուցում-որմազդներէն մարդիկ կը յիշեն այն մէկը, ուր H.I.V. positive դաջուածքով մերկ կուրծքեր ու զիստեր... Կարդալ աւելին
   ...Այս այն ժամն է, երբ ես նստած կ՚ըլլամ ու կը տխրիմ։ Մինչ հօրեղբայրս դէմը կ՚առնէ իր աղուէսը ու կը խօսի։ Ինծի՛ նայէ, պիտի ըսէ. ես քու գիտսած հայերէդ չեմ։ Պիտի զարնէ փաղաքշանքով աղուէսին դունչին ու քահ-քահը պայթեցնէ։ Մինչդեռ աղուէսը չ՚աւրեր ինքզինք։ Կը նայի աջ ու կը լռէ՝ միշտ քիթին տակ պահելով իր անուղղայ քմծիծաղը։ Վերջ տուր, հօրեղբա՛յր, կ'ըսեմ, հիմա սիրտս տեղը չէ. գիտե՞ս որքան... Կարդալ աւելին
Ուրիշ ճար չկայ, ողջ մնալու համար պէտք է յաջողիլ անդնդախոր ձորերուն գլխուն բարակիկ զառիվերներէն՝ հարիւր անգամ Մարիամ Աստուածածինի միջնորդութիւնը խնդրելով քշել։ Եւ եթէ Սուրբ Կոյս Մարիամը գթայ քեզի, քառասուն վայրկեան ետք կը հասնիս փոքրիկ գիւղ մը որ ունի գեղեցկագոյն բնութեան բոլո՜ր տեսարանները եւ երկար անուն մը՝ Մազրաա... Կարդալ աւելին
 Ոչի՛նչ կայ պատմելիք։
Շեղ ու սեպ սարաւանդ մը բոյսերու, վայրի տունկերու, գաճաճ ծառերու, որ հետզհետէ լեռը կը նուաճեն մինչեւ կատար եւ հեռակէտը առկայծ իմաստին։ Մշուշի ծուէն՝ որ կը փայլատակէ անտես ճառագայթէ մը բռնկած. իսկ ես կը գտնուիմ ստուերին մէջ, անոր տակ , փորուածքի մը փարած։ Կը փորեմ հողը փոփոխուող արագութեամբ ամպերու։ Կարդալ աւելին
USA PATRIOT
     Ոեւէ հայրենասէր ամերիկացի ինքզինք երբեք այսքան նուաստացած չէր կրնար զգացած ըլլալ: Տակաւին երկու օր առաջ,Նիւ Եորք Թայմզ-ի 23 Յունուար 2009-ի թիւի առաջին էջին վրայ էր նկարը Սպիտակ Տուն հաստատուած, սեւամորթ, Պարաք Հիւսէյն իսլամական անունով, լիպերալ... Կարդալ աւելին
Գերի իր մեղքին ու հաւատին, լուռ է։ Լուռ է մասամբ, որովհետեւ այն ատեն պատահարը կը լսուէր, բայց տակաւին լեզու չէր ելած։ Չէր իսկ գիտեր, թէ լեզու իսկ ել լեր որո՞ւն ո՞ր բարբառով խօսք պիտի առներ, հակառակ անոր որ բանակցութեան մէջ էր դիպուածին դէմը եղողին հետ։ Դիպուածը դէպքի վերածողին հետ։ Եթէ նայիս, ամէն խօսակցութիւն իրականին հետ ձախող բանակցութիւն մըն է։ Կարդալ աւելին
Դրացիները քահանայ մը բերին, դագաղ մը վարձեցին եւ Մարիամիկը տարին թաղեցին ամուսինին քով, որուն ոսկորները դեռ չէին չորցեր։
 Պառաւը ամբողջ ընթացքին գետինը նստած մնաց, «Աստուած հոգին լուսաւորէ»ներն ու «հողը թեթեւ գայ»երը չլսեց կարծես։
     Երբ դրացիները քաշուեցան, պաղ մը ինկաւ սենեակին մէջ, պատուհանին կոտրած ապակիէն ներս նայող հովը ծաղրանք թուեցաւ... Կարդալ աւելին
Yeni Hayat
     Սկիզբը կարծեցի «թէ գիրքը կրնար ըլլալ սենեակիս մէջ ամէն կողմ թիզուած թուղթերու «թերթերու եւ այլ գոյքերու կոյտին մէջ: Բայց հոն չէ: Զայն յանձնարարած էր անծանօթ մը «որուն հանդիպեցայ «երբ կը վերադառնայի... Կարդալ աւելին
Անթալիա
­     2011 թո­ւա­կա­նի ա­ռա­ջին կի­սուն, Հա­յաս­տա­նէն Թուր­քի­ա այ­ցե­լած 25,295 զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րէն մէկն ալ ի­նք ե­ղաւ: Դժբախ­տա­բար, 2010ին պիզ­նե­սը թոյլ չէր տո­ւած, որ բա­րե­կամ­նե­րու եւ թու­րիս­տա­կան գրա­սե­նե­ակ­նե­րու կող­մէ գո­վա­բա­նո­ւող ար­ձա­կուրդ­նե­րու փա­թե­թը ձեռք ձգէր իր 23,423 հայ­րե­նա­կից­նե­րուն նման: Սա­կայն յա­ջորդ... Կարդալ աւելին
Վերջերս ստիպուած եղայ «տուն» բառին իմաստը բառարաններու մէջ փնտռել, նախ հայերէն, ապա անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն բառարաններուն մէջ, որովհետեւ կորսնցուցեր էի զայն՝ տունին իմաստը, աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար՝ տունին իսկական նշանակութիւնը եւ ուր ըլլալը:
Այլ խօսքով՝ կորսնցուցեր էի տունս: Անտուն էի: Եւ որպէս տուն չունեցող մէկը, «տուն» Կարդալ աւելին
Տունէս ելայ ֆրանսերէնի դասին երթալու համար երբ ժանգոտ, ծիրանագոյն հեծիկէս տեսայ որ բակին մէջ պզտիկ Պենիթոն կը տանէիր փոքր, կարմիր կառքովդ։
Մօտեցայ եւ ետեւդ կանգնած ըսի. «Պուէնոս տիաս, Գարմէն»։
Արագ մը դարձար, ժպտեցար ու գրեթէ պոռալով ըսիր. «Կը յուսայի կոր որ շուտով քեզի պիտի տեսնէի»։
Կարդալ աւելին
­Ծա­նօթ ըն­տա­նիք մըն ե­նք։ Ըն­տա­նիք ը­սե­լով մեծ մայրս նկա­տի ու­նիմ ու հա­մեստ ան­ձս։ Եր­կու­քով կը բնա­կինք գլ­խա­ւոր պո­ղո­տայէն խիտ պու­րա­կով մը բաժ­նո­ւած եւ հո­ղին ամ­րօ­րէն խրո­ւած հաս­տորմ տու­նին մէջ։
     ­Մեծ մայրս բարձ­րա­հա­սակ ո­սկ­րուտ կին մըն է՝ լա­չա­կին տա­կէն ճակ­տին վրայ գա­հա­վի­ժող հի­նայո­ւած ա­ռատ մա­զե­րով։ Իր ձայնն իշ­խող է ու եր­բեմն չոր, սա­կայն շատ ան­գամ փա­ղա­քուշ... Կարդալ աւելին
ՊՈՀՃԱԼԵԱՆ ՔՐԻՍ © Aaron Spagnolo
Նախ զգաց շամփուի՝ անիսոն յիշեցնող միջինարեւելեան բոյր մը, եւ ապա անդրադարձաւ, աչքերը բանալով, որ պատուհանէն թափանցող լոյսը կը տարբերէր անձնակազմի գործածած պանդոկին սենեակի լոյսէն։ Առաւօտեան արեւը կը կաթկթէր բարակ գիծով առաստաղէն դէպի գետին, ուր վարագոյրները, հակառակ իրենց փարթամութեան, չէին հասներ ծածկելու կարպետը։ Աչքերը թարթեց, ո՛չ թէ... Կարդալ աւելին
 – Բոլորովին անընդունելի՛ է։ Ա՛նընդունելի։
– Գիտեմ։
– Ահռելի բան է, եւ ո՛չ ոք կ՚անդրադառնայ ատոր։
Ատոմ եւ իր ընկերը նստած են դէմ դիմաց, զգալիօրէն վրդոված։ Պատուհանէն դուրս արեւը մերթ կը յայտնուի ամպերուն ետին, վայրկեանի մը համար գաղջ ջերմութիւն կը սրսկէ սենեակէն ներս եւ ապա կրկին կը կորսուի։
Ատոմին կինը, որ քիչ մը անդին... Կարդալ աւելին