Գեղամ Տէր Կարապետեան
ՎԵՐԱՀԱՍ  ԱՂԷՏԻ ՄԸ ԱՐԹՈՒՆ ԴԻՏՈՐԴԸ. ԳՐԵԼ՝  ՅԻՇԱՏԱԿԱԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
     Իբրեւ Տարօնի գրագէտը, Գեղամ այդ հողին կապուած է կենդանի, մարմնեղէն կապով մը: Մանկութենէն ի վեր շրջած է ամէն կողմ. ունի անոր ամբողջական ճանաչումը: Տարօնը կը կազմէ բնական շրջանակը իր պատմուածքներուն, որոնց մէջ կ’ոգեկոչէ անոր հրաշալի բնանկարները, անոր լեռներուն՝ Սիփանի, Նեմրութի եւ Պինկէօլի անտառներն... Կարդալ աւելին