«Մերինները…» գիրքի հրատարակութեամբ, Անահիտ Սարգիսեան չափահասներուն հետ պատումներու շարք մը կը բաժնէ։ Իր խօսքով հիւսած եւ թուղթին վրայ ներկած իր թելով՝ ընթերցողին միջոցային եւ ժամանակային ճկուն տարածքներու վրայ հին հանդիպումներու եւ նոր ծանօթութիւններու դաշտ մը կ՚ուրուագծէ։ «Մերինները…» ընթերցողին ենթագիտակցութեան մէջ կորսուած պատումներուն հետ հեռու մօտիկ կապեր կը ստեղծէ, յիշողութիւններ կը դրդէ կամ բոլորովին նոր պատուհան մը կը բանայ՝ Տիկին Պէաթրիսի, Հերիքնազի կամ Ղազարոսի դէմքի արտայայտութիւններով, մտմտումներով, շուքին տակ մնացած անոնց նիստուկացով։ Կարդալ աւելին
Զաւէն Պիպեռեան հետեւեալ նամակները գրառած էր 1949ին, երբ տակաւին հրատարակած չէր իր անդրանիկ վէպը՝ Լկրտուածը, որ լոյս պիտի տեսնէր տասը տարի անց, 1959ին։ Ուրեմն, ան այդ թուականներուն Սփիւռքի շրջանակներուն առաւել ծանօթ էր որպէս Պոլիս հրատարակուող «Նոր լուր» թերթի (Բ շրջանը՝ 1945-1954 թթ.) «խիզախ խմբագիրը»։
Պիպեռեան Յունուար-Մարտ 1946ին խմբագրած էր «Նոր լուր»ը, ուր հրատարակած «Ա՛լ կը... Կարդալ աւելին