Յակոբները Գրիգոր Պըլտեանի պատումներու «Գիշերադարձ» անուանուած շարքին իններորդն է եւ առաջին հատորներուն պէս կը վերադառնայ իր պատումը կատարող անձին ծննդավայրը՝ Բլուրը (Բլուրը իմ կողմէս գլխագրուած է), որ ցեղասպանութեան աղէտէն վերապրածներու վայրերէն մէկն է, եւ կը փորձէ հասկնալ աղէտին ազդեցութիւնը վերապրողներուն վրայ:
Պատմողը փիլիսոփայութեան վկայականով Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեանի երեք պատումները՝ «Սեմեր», «Հարուածը» եւ «Նշան», լոյս տեսան «Գիշերադարձ»ի առաջին հատորով, 2012-ին։ Այս ինքնակենսագրական երեք պատումներով կը սկսի Գրիգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» գրական լայն աշխատանքը, որուն արդէն ութը հատորները տպագրուած են։ Պատումներուն վայրը Պէյրութի Հայաշէնի բլուրն է, ուր կ՚ապրին օսմանեան տարբեր գաւառներէ հասած վերապրողներ։ Կարդալ աւելին
Նշանեան
Ֆրանսացի գրող եւ քննադատ Ժան-Փօլ Էնթհովէն Փրուսթի վէպին նուիրուած գրութեան մը մէջ կը նշէ հետեւեալը. «Անոնք, որոնք երբեք չեն կարդացած «Կորուսեալ ժամանակի փնտռտուքով» վէպը...կ'անգիտանան, որ անոր երեք հազար էջերը ունին արտառոց ուժը կերպարանափոխելու անոնց իսկական... Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» շարքի հատորներու երկայնքին կ՚երեւին Լիբանանի ու յատկապէս Պէյրութի 50-ականներու եւ 60-ականներու փողոցները իրենց «լուսանկարչական» մանրամասնութիւններով։ Հետեւեալ տողերը առնուած են «երկուք» հատորէն լոյս տեսած Կլէնտէյլ, Ապրիլ հրատարակչատան մօտ, 2006-ին։ Կարդալ աւելին