Այս նամակներուն հեղինակին ու հասցէատիրոջ յարաբերութիւնը քաջածանօթ երեւոյթ մըն էր օրին։ Արդարեւ, «Սփիւռք» շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեանը (1914-1986) իր աշխատակիցներուն շարքին ունեցած է ֆրանսահայ գրականութեան ամենէն բեղուն ու անտեսուած անուններէն մէկը՝ Զարեհ Որբունին (1902-1980)։ «Սփիւռք»ը դէպքէ-դէպք նաեւ հրատարակած է Որբունիէն... Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեան
Էլիզապէթին եւ Զարեհ որբունիին հետ, Փարիզ, 1971-1972

Լուսանկարին հրաշքը անգամ մը եւս, որ կարելի կը վերադարձնէ բոլորովին մոռցուած պահ մը, կարծես ուրիշ մէկը քեզ յիշէր աւելի ճշգրիտ կերպով բան դուն, եւ այդ պահուն ո՞վ, ի՞նչ էիր, չէիր տեսած անգամ Էլիզապէթին splendeur-ը, Որբունիին ակներեւ ցանկութիւնը քննելու նկարողը, ապա տրուելու գործիքին։ Առաջին անգամ իր Վեցերորդ թաղամասի աշտարակային եօթներորդ յարկի տան մէջ եղեր էինք Յարութիւն Քիւրքճեանն ու ես, Սորպոնի մեր... Կարդալ աւելին