Ինչպէ՞ս գտնել կորսուող Պէյրութի հետքերը, երբ ինչ որ ծանօթ ու հարազատ է քեզի՝ մտքիդ մէջ ներկայ է միշտ, զայն բաղդատել այլ ժամանակներու հետ, երբ քաղաքը քու դիմացդ կը քանդուէր ու կը կառուցուէր, աւելի ուշ, երբ կ՚այցելէիր այնտեղ, կը փորձէիր հասկնալ՝ թէ ի՞նչ կորսուած էր, թէ ինչ էր փոխուեր, մանաւանդ որ շատ մը վայրեր սերտօրէն առնչուած էին կեանքիդ առաջին տասնամեակներուն... Կարդալ աւելին