Լեզու յարալէզ

Հատուածային պիտի ըլլայ ինչ որ պիտի գրեմ այստեղ։
Սորված եմ բազմաթիւ լեզուներ եւ մոռցեր եմ մի քանին։ Մէջս բան մը մոռցեր է զանոնք։ Չեմ գիտեր ե՞րբ։ Կը պատահի որ հանդիպիմ անոնցմէ մէկուն կամ միւսին, քանի մը նախադասութեան... Կարդալ աւելին
 Լերան կողն ի վեր։ Սեպ։
     Կը բարձրանամ։ Գոնէ ատոր զգայութիւնն է։ Բուներուն միջեւ՝ լոյսի, ստուերի խաւեր, որոնք կը բծաւորեն միջոցը, կը շերտեն։ Ուղղահայեաց ալիքաւորում գիծերու։ Խաժ, խորունկ, հովասուն թափանցկութիւն մը։ Թերեւս նաեւ նոր փարատած մշուշի ծուէններ՝ որոնք կը կախուին ճիւղերէն, կը քայքայուին հետզհետէ։ Հով։ Շունչ։ Փայլեր կը կտրտեն կատարները. Կարդալ աւելին