ԳԷՈՐԳ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ
Թեթեւ, բոպիկ, երբեմն շուարուն քայլերով, մատներով, ձայնով ցած կը մօտենաս, ըլլայիր կարծես, գիշերաշրջիկ, կը փսփսաս,
վայրը ես եմ, եւ կը ձգես ըսեմ երազի լացով, մանկութիւնդ ես։ Կը ժպտիս երբ դէմք չունիս. վայրը մանկութիւնն է, կ՚ըսես,
կ՚ըլլաս կարմիր փէշը ծովային խոտերուն վրայ, կը բռնկիս, կը պոռաս, կը բռնկիս իրիկուան արեւու հորիզոնէն, կը գրեմ քեզ կարօտին ու վախին, մարմնիդ ջնջուող, անապրելի, անկենդան... Կարդալ աւելին