«Լիբանանի մէջ... դիցուհիներ ոտաբոպիկ կը շրջէին հին երգերը շալերու պէս իրենց մարմիններուն փաթթուած...»
Վեհանոյշ Թեքեանի գործերուն մէջ այս նոյն կիներուն զանազան տարբերակները կը ճեմեն: Անոնք կ’անցնին էջէ էջ, կը ցատկռտեն տողէ տող. կը պահուըտին երկար ատեն, յայտնուելու համար կրկին՝ այլ էջի մը անկիւնը: Հին երգերը, նորերու հետ շաղախուած՝ կը յամենան զիրենք փաթթող շալերուն մէջ: Անոնք երբեմն լուռ են. հազիւ լսելի.. Կարդալ աւելին