Գրիգոր Պըլտեանի Հայկական ֆուտուզիզմ մենագրութիւնը մանրակրկիտ ու խորազնին ներկայացումով մեր գրականութեան պատմութեան լոյսին բերած է մոռացութեան գիրկը նետուած Կարա-Դարվիշի (Յակոբ Գէնջեան, 1870-1932) անունն ու արտադրութիւնը[1]։ Արեւելահայ ապագայապաշտութեան ռահվիրան, ինչպէս... Կարդալ աւելին
Կոստան Զարեան նամակցած է ֆրանսահայ շարք մը գրագէտներու ու գրական դէմքերու հետ, որոնց շարքին՝ Հրաչ Զարդարեան (1898-1986) եւ Հրանդ Բալուեան (1900-1967)։ Անոնց պէտք է աւելցնել Կարօ Փոլատեանի (1910-1986) անունը, որուն հետ փոխյարաբերութիւնը բացայայտուած էր վերջինիս հրապարակումներուն շնորհիւ՝ 1955-ին կատարուած ու 1960ին տպուած հարցազրոյցը Զարեանի հետ եւ 1957-ին տպուած... Կարդալ աւելին
Այս նամակներուն հեղինակին ու հասցէատիրոջ յարաբերութիւնը քաջածանօթ երեւոյթ մըն էր օրին։ Արդարեւ, «Սփիւռք» շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեանը (1914-1986) իր աշխատակիցներուն շարքին ունեցած է ֆրանսահայ գրականութեան ամենէն բեղուն ու անտեսուած անուններէն մէկը՝ Զարեհ Որբունին (1902-1980)։ «Սփիւռք»ը դէպքէ-դէպք նաեւ հրատարակած է Որբունիէն... Կարդալ աւելին