2010-ին գրեցի Գրիգոր Պըլտեանի վիպաշարին (աւելի ճիշդ՝ վիպաշարի առաջին հինգ հատորներուն) մասին «Քայքայումի ժամանակը» վերնագրուած աշխատասիրութիւն մը, որ լոյս պիտի տեսնէ Պատկեր, պատում, պատմութիւն շարքիս 2-րդ հատորին մէջ (Ակտուալ Արուեստ, Երեւան, 2016)։ Այդ աշխատասիրութեան վերջին բաժինն է, որ կը ներկայացնեմ հոս։ Նկատի կ՚առնէ վիպաշարին երկրորդ միաւորը եւ... Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեանի երեք պատումները՝ «Սեմեր», «Հարուածը» եւ «Նշան», լոյս տեսան «Գիշերադարձ»ի առաջին հատորով, 2012-ին։ Այս ինքնակենսագրական երեք պատումներով կը սկսի Գրիգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» գրական լայն աշխատանքը, որուն արդէն ութը հատորները տպագրուած են։ Պատումներուն վայրը Պէյրութի Հայաշէնի բլուրն է, ուր կ՚ապրին օսմանեան տարբեր գաւառներէ հասած վերապրողներ։ Կարդալ աւելին
Յակոբները Գրիգոր Պըլտեանի պատումներու «Գիշերադարձ» անուանուած շարքին իններորդն է եւ առաջին հատորներուն պէս կը վերադառնայ իր պատումը կատարող անձին ծննդավայրը՝ Բլուրը (Բլուրը իմ կողմէս գլխագրուած է), որ ցեղասպանութեան աղէտէն վերապրածներու վայրերէն մէկն է, եւ կը փորձէ հասկնալ աղէտին ազդեցութիւնը վերապրողներուն վրայ:
Պատմողը փիլիսոփայութեան վկայականով Կարդալ աւելին