Մենագրութiւնը նուիրուած է ֆրանսահայ բանաստեղծ, մտածող Նիկողոս Սարաֆեանի (1902-1972) ստեղծագործական ժառանգութեան։ Փիլիսոփայական, մշակութաբանական վերլուծութեան միջոցով ուրուագծուած է քսաներորդ դարասկզբի հայ... Կարդալ աւելին
Պօղոս Սնապեանէն յետ մահու հրատարակուած երկրորդ հատորն է Գիրքերու հետ գրախօսականներ, Ա. հատորը։ Խմբագիրն է Թամար Սնապեան-Սուրճեան։ Գիրքը, 191 էջ, լոյս տեսած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան»... Կարդալ աւելին
ՄԱՐԿ Նշանեանի համար հիմնական եզր է Աղէտը։ Անիկա օտարութեան փորձընկալումի իր տեսութեան մեկնակէտն է, այսինքն տեսութեան՝ որ հայ ինքնութեան, մանաւանդ սփիւռքեան հայ ինքնութեան խնդիրին կը վերաբերի։ Այս հեռապատկերով է, որ սկսայ սոյն ուսումնասիրութիւնը, սակայն ընդարձակութիւնը տարածքին, եւ մանաւանդ ժամանակը՝ ստիպեցին ընտրութիւն մը կատարել եւ մօտենալ միայն մէկ նիւթի։ Եւ ուրեմն, օտարութեան փորձընկալումի... Կարդալ աւելին
ՄՈՒՏՔ
Սան Ֆրանսիսքոյէն Սաքրամէնթօ ինքնաշարժով քանի մը ժամ ճամբայ է՝ 140 քիլոմեթր։ Տարիներ առաջ էր։ Նոր եկած էիր տակաւին ու լեցուն էիր պատմութեամբ։ Աւելի ճիշդ պատմութիւնը տակաւին կը հոսէր մարմնիդ մէջէն, կը կիսէր քեզ անցեալին ու ներկային միջեւ։ Գործով գացած էիք ընկերոջ մը հետ, մէկ օրուան երթալ-գալ մը... Կարդալ աւելին
ՎԱԽՃԱՆԱԿԱՆ փորձընկալումին պիտի վերադառնար Օշական 1948ին, Սիոնին յանձնած իր վերջին յօդուածով, որ լոյս տեսաւ յետ մահու։ Կը կոչուի «Միտք եւ սիրտ»։ Յօդուածաշարքի վերջաւորութեան (ուրեմն Սիոնի Յունուար-Փետրաուր 1949ի թիւին մէջ) խմբագրական ծանօթագրութիւն մը կայ, որ կ՚ըսէ. «Հոս կը վերջանայ ձեռագիրը Յ. Օշականի թէեւ կցկտուր, բայց սրտայոյզ ու հոգեւին զգացուած արտայայտութիւններուն, «Միտք եւ սիրտ» խորագիրին տակ։ Ձեռագիրը Կարդալ աւելին