ՎԱՀԷ Օշականը (1921–2000) ծնուել է Բուլղարիայի Ֆիլիպէ (այժմ՝ Պլովդիվ) քաղաքում՝ արեւմտահայ անուանի գրող, գրականագէտ եւ մանկավարժ Յակոբ Օշականի (1883-1948) ընտանիքում: Աւարտելով Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը՝ կրթութիւնը շարունակել է Սորբոնի համալսարանում, հետեւել է գրականութեան եւ դոկտորի գիտական աստիճան ստացել որպէս բաղդատական գրականութեան մասնագէտ: Վահէ Օշականը երկար տարիներ զբաղուել է Կարդալ աւելին
ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ երկարամեայ կեանքին հետ հարեւանցի կերպով իսկ ծանօթ անձը պիտի համաձայնի, որ բազմաթիւ վայրերու մէջ անոր բնակութիւնը եւ յաճախակի փոխադրութիւնները չեն նպաստեր այդ կեանքի ելեւէջներուն, ներառեալ՝ նամակագրութեան ուսումնասիրութեան գործին։ Միշտ պատրաստ պէտք է ըլլալ նորանոր անակնկալներու եւ գիւտերու։
Զարեան ունեցած է հարուստ նամակագրութիւն Կարդալ աւելին
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ Լեւոն Էսաճանեան (1885-1935) 1900ական թուականներուն հրապարակ իջած եւ արեւմտահայ գրականութեան պատմութեան մէջ տեղ չգտած անուններու փաղանգին մաս կը կազմէ։ Անոր մահուան առիթով, գրադատ Մկրտիչ Պարսամեան կը գրէր.
Էսաճանեան մէկն էր անոնցմէ, որոնք ընդունակ էին արուեստի խենթութեան համար զոհելու ամէն բան, բացի իրենց անհատականութենէն, բարձրէն Կարդալ աւելին
Չորս նամակներ Զ. Սիւրմէլեանէն պահպանուած են Սարաֆեանի արխիւին մէջ, Անթիլիասի Մայրավանք։ Մեր ենթադրութեամբ հաւանաբար նամակ մը եւս փոխանակուած է անոնց միջեւ, որ մեզի չէ հասած եւ որուն մասին ակնարկութիւններ կան։
     Այս թղթակցութիւնը, ինչպէս կ՚րսէ Սիւրմէլեան, երկար չէ տեւած, եւ հոս տպուած վերջին գիրը... Կարդալ աւելին
18-
21 Հոկտ. 1931v 179, Rue de Vaugirard

        Paris
     ­Սի­րե­լի պա­րոն Ան­տո­նե­ան,
     Այս ա­ռա­ւօտ ստա­ցայ ե­րկ­տողդ եւ յի­շե­ցի իմ ա­նե­րե­ւա­կայե­լի մո­ռա­ցու­թիւնս։ Կը խնդ­րեմ նե­րո­-...
Կարդալ աւելին
 8. Rue Lamartine
               Viroflay (s. et o.)

     Սիրելի պարոն Անտոնեան,
     Քանի օր է որ ձեզ պիտի գրեմ բայց աչքերս կուրնալու չափ հիւանդ էին ինչպէս եւ լիարդս: Այսօր քիչ մը աղէկ եմ (թէեւ դաշտահանդէսին չի... Կարդալ աւելին
Հա­յաս­տա­նի ազ­գային ար­խի­ւի (այ­սու­հետ՝ ՀԱԱ) հա­րուստ ֆոն­դե­րում պահ­ւում են տաս­նե­ակ սփիւռ­քա­հայ գրող­նե­րի հա­զա­րա­ւոր ան­տիպ նա­մակ­ներ՝ ո­ւղ­ղո­ւած հա­յաս­տան­ցի մտա­ւո­րա­կան­նե­րին եւ պաշ­տօ­նե­ա­նե­րին։ Այդ նա­մակ­նե­րը մի քա­նի հա­տոր կա­րող են լց­նել, թէ­եւ նկա­տենք, որ դրանց զգա­լի մա­սը զուտ գործ­նա­կան գրու­թիւն­ներ ե­ն։ Ըն­թեր­ցո­ղին ե­նք ներ­կա­յաց­նում պոլ­սա­հայ նշա­նա­ւոր գրող Յա­կոբ Մն­ձու­րու (Տե­միր­ճե­ան կամ Թե­մեր­ճե­ան, 1886–1978)... Կարդալ աւելին
Մեծավաստակ գրական քննադատ, բանասէր ու հանրային գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի (1875-1947) կեանքի վերջին քառորդ դարը բնորոշելով, Գառնիկ Բանեան՝ անոր մահուան առիթով շարադրած կեանքի ու գործի ուրուագիծին մէջ կը հաստատէր, թէ «Սփիւռքի մէջ Ն. Աղբալեանի մտաւորական կեանքը կը հոսի՝ գրական ստեղծագործութեամբ, հանրային եւ մանկավարժական գործունէութեամբ»։ Կարդալ աւելին
Զա­պէլ Ե­սայե­ա­նի ե­ղե­րա­կան մա­հէն ո­ւթ­սուն տա­րի­ներ ե­տք տա­կա­ւին իր­մէ մնա­ցած է ան­տիպ նա­մակ­նե­րու հս­կայ քա­նակ մը, որ կը շօ­շա­փէ ան­ձնա­կան, ազ­գային եւ հա­սա­րա­կա­կան այ­լա­զան թե­մա­ներ, յատ­կա­պէս՝ Կի­լի­կի­ոյ որ­բախ­նամ աշ­խա­տան­քին ա­ռն­չո­ւող նիւ­թեր, ո­րոնք այն­քան կա­րե­ւոր են այդ շր­ջա­նի պատ­մու­թիւ­նը հա­մա­կող­մա­նի­օ­րէն ու­սում­նա­սի­րե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Այս... Կարդալ աւելին
«Զուարթնոց» հանդէսի արխիւի քննութեան ընթացքին, ուրիշ նիւթերու կարգին, գտնուեցան Մ. Իշխանէն շարք մը քերթուածներ եւ քանի մը նամակներ՝ ուղղուած հանդէսի խմբագրին՝ Հրանտ Բալուեանի (1904-1968)։ «Զուարթնոց» ունեցած է հրատարակութեան քանի մը շրջաններ՝ 1929-էն մինչեւ գրեթէ խմբագրին մահը, բազմաթիւ ընդմիջումներով. ամսաթերթ... Կարդալ աւելին