ԱՌԱՋԻՆ անգամ Մարկ Նշանեանի անուան հանդիպեցայ 90ականներու ա­ւարտին։     Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներն էին, արեւը եւ լոյսը նոր կը մտնէին սովետական աշխարհ ու ազատականութեան մթնոլորտին մէջ տասնեակ այլախոհ գրողներու կողքին վեր կը յառնէր նաեւ Աբրահամ Ալիքեանի անունը, որ իր ետին թողելով գրական յայտնի եւ գաղտնի գրականութեան մը էջերը Կարդալ աւելին
Վահէ Օշական գոյութենապաշտ ներշնչումով՝ անհեթեթի գրողն է։ Անոր գոյութենապաշտութիւնը, որ կը սնանի եւրոպական, մասնաւորաբար՝ ֆրանսական յետպատերազմեան մթնոլորտէն, քննադատներու կողմէ յաճախ գրաւած է քննադատներուն ուշադրութիւնր, յատկապէս բանաստեղծական գործերուն պարագային։ Ինչ կը վերաբերի... Կարդալ աւելին
90ի ձմեռ օրով, շատ կարեւոր գործի մը համար, հարկ էր Պէյրութ իջնել, այն ալ գիշերով:      Պէյրութ իջնելը, այն օրերուն, դիւրին գործ չէր: Ընկերոջ մը հետ, ընկերակցութեամբը Լեռնալիբանանէն պատասխանատուի մը, կ՚իջնէինք Պէյրութ՝ լեռնային շատ դժուարին ճամբէ մը: Հետաքրքիր էի. պատերազմին պատճառով կեանք առած էր այդ ճամբան, որ իր օձապտոյտ ընթացքով բնաւ հանգստաւէտ չէր: Կարդալ աւելին
Զաւէն Պիպեռեան հետեւեալ նամակները գրառած էր 1949ին, երբ տակաւին հրատարակած չէր իր անդրանիկ վէպը՝ Լկրտուածը, որ լոյս պիտի տեսնէր տասը տարի անց, 1959ին։ Ուրեմն, ան այդ թուականներուն Սփիւռքի շրջանակներուն առաւել ծանօթ էր որպէս Պոլիս հրատարակուող «Նոր լուր» թերթի (Բ շրջանը՝ 1945-1954 թթ.) «խիզախ խմբագիրը»։
Պիպեռեան Յունուար-Մարտ 1946ին խմբագրած էր «Նոր լուր»ը, ուր հրատարակած «Ա՛լ կը... Կարդալ աւելին
ՁԵՐ ուսումը քանի մը հանգրուաններէ անցեր է եւ ուղի փոխեր, ճի՞շդ է: Կրնա՞ք պատմել:
ՈՒՍՈՒՄՍ հետեւեալ քարտէսը կը պարզէ՝ նախակրթարան՝ Հալէպի «Հայկազեան» վարժարան, միջնակարգի ա. դասարան՝ Գահիրէի «Գալուստեան» վարժարան, որմէ ետք հայկական Կարդալ աւելին
«Սկսեր էր լքում ժամանակը»
Գ.Պըլտեան, Պատկերը
Առաջին անգամ երբ սկսայ Պըլտեանի վէպերէն մէկը կարդալ, ինքզինքս գտայ հետաքրքրական երեւոյթի մը առջեւ։ Մտովի ընթերցելը հետըզհետէ կը դառնար անկարելիութիւն։ Պըլտեանի գրութիւնը ճկունութեամբ կը հոսէր ու... Կարդալ աւելին
Պատմութեան սկիզբը ծովեզերեայ վայր մըն է, հոն է որ առնուած է հիմնադիր քայլը։ Մերսինէն Պէյրութ հասնող նաւերէն գաղթական ժողովուրդը իջած է ցամաք։ Այս զանգուածին համար նախատեսուած էր մեծ գաղթակայան մը, մայրաքաղաքին հիւսիս-արեւեքը՝ նաւահանգիստին անմիջական հարեւանութեամբ տեղ մը. հիւսիսի կողմէն սահմանը ծովն էր, իսկ հարաւի կողմէն՝ թրամվայի գիծը։
Վայրը Լիբանանի հայութեան  ռաջին մեծագոյն... Կարդալ աւելին
Ընկերներուս, որոնց ձայնն ու թախիծը իմ հետ է միշտ։
Լրագրութեան եւ բանաստեղծութեան միջեւ
Լրագրութեան մէջ գիծ մը կը կայ, որ կը տանի բառի անմահութեան։ Մենք լրագրողներս յաճախ բառերը հաշուելով կը գրենք, նիւթը պատկերացնելով, կէտերը նշելով ու մեր մտքին Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան
 Մեր գիւղը՝ Մազրաա Քֆէրզըպյեն նշանաւոր էր իր մաքրամաքուր օդով։ Պէյրութի բժիշկները իրենց սրտի հիւանդներուն կը յանձնարարէին այս գիւղը անցընել ամառնային օդափոխութեան ամիսները։ Սիմոնեան գէթ ժամանակաւոր դարմանում կը նկատէր Մազրաա այցելել երբեմն Կիրակի օրերը, միշտ շքախումբով մը։
 Գիւղի մեր տունը ամուր քարաշէն փոքրիկ տուն մըն էր, եւ անսահման պարտէզ մը... Կարդալ աւելին
Արամ Պէյրութի զաւակն էր:
Երբեք խորապէս չէր մտածած իր ազգային պատկանելիութեան մասին, ոչ ալ՝ վերլուծած իր զգացումները, հպատակութեան հարցը, տարբերութիւնը հայ եւ լիբանանցի ըլլալու: Բայց գիտէր, կը զգար, որ ինք միջերկրականեան մայրաքաղաքին կը պատկանէր: Կը սիրէր... Կարդալ աւելին