Ռեբեկա Քոմէյի կրկնակի այս նախադասութիւնը, որ կը գտնուի հսկայածաւալ ու տպաւորիչ այն հատորին մէջ, որ կը կոչուի Lost in the Archives, յաճախ թիւրըմբռնուած է, կարծես ան ուզէր դատապարտել կուտակելու մարմաջը (իրեր, հետքեր, ապացոյցներ, փաստաթուղթեր), կարծես ըսէր՝ թէ շատ յիշելը վատ է յիշողութեան համար։ Սակայն արխիւը յիշողութիւնը չէ։ Ան աւելի ճիշդ հակառակն է, յիշողութեան աղէտն է։ Այդպիսի աղէտէ մը վերապրող մը ինքն իրմէ ամբողջովին... Կարդալ աւելին