ՔԻԼԷՃԵԱՆ-ԱՃԷՄԵԱՆ ՍՈՆԻԱ
ԽՄԲԱԳԻՐ (2016-օրս)
Ծնած եմ գրող ըլլալու համար, բայց մինչեւ օրս ինքզինքս գրող չեմ համարեր: Միշտ վախցած եմ ստանձնելէ գրողի ճակատագիրը, ատոր համար ալ թափառած եմ մասնագիտութենէ մասնագիտութիւն, տեղ մը հետաքրքրական բան մը գտնելու եւ գրողը մէջս սպաննելու համար: Ուզած եմ Երեւան ապրիլ, բայց չեմ կրցած, չեմ դիմացած անհայրենիք հայրենիքի անինքնութիւն ինքնութեանս: Հիմա կ՚ապրիմ Մոնթրէալ Րաֆֆի Աճէմեանին եւ տղոցս` Վայքին եւ Վէմ-Գառնին հետ: Բազմալեզու մշակոյթին մէջ կը դասաւանդեմ արեւմտահայերէն եւ կը խմբագրեմ Պէյրութի մէջ 1962-էն ի վեր լոյս տեսնող «Բագին» գրական ամսագիրը:
ՊԱԼԵԱՆ ՅԱԿՈԲ
ՎԱՐԻՉ ԽՄԲԱԳԻՐ (2004-2015)
Ծնած է Մայիս 1935ին, Ալեքսանտրէթ: 1939ին, երբ ֆրանսացիները լքած ու Թուրքիոյ յանձնած են Ալեքսանտրէթի սանճաքը, փոխադրուած է Հալէպ, ապա՝ Հոմս, ապա կրկին Հալէպ, Պէյրութ, կրկին Հոմս, Պէյրութ, հուսկ՝ Փարիզ: Նախակրթութիւնը ստացած է Հալէպ եւ Պէյրութ, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Հալէպի «Քարէն Եփփէ» ճեմարանը: Աւարտած է Պէյրութի ֆրանսական համալսարանի Բարձրագոյն Կրթութեանց կաճառը (Ecole Supérieure des Lettres) իբրեւ գրականութեան եւ իմաստասիրութեան ուսուցիչ: Պաշտօնավարած է «Քարէն Եփփէ» ճեմարանը, Լիբանանի Մարիստներու քոլէճը, Պէյրութի «Ս. Նշան» վարժարանը եւ Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանը: 1974ին հաստատուած է Ֆրանսա, ուր գործօն դեր ունեցած է Մարսէյլի ճեմարանի հիմնադրութեան մէջ, շրջան մը խմբագրած է Փարիզի «Կամք» օրաթերթը եւ վարած՝ Փարիզի հայկական ձայնասփիւռը։ Եղած է նաեւ «Բագին»ի վարիչ խմբագիրը։ Լոյս ընծայած է շուրջ քսան հատորներ գրական (վէպ եւ բանաստեղծութիւն), գրականագիտական եւ հրապարակագրական բովանդակութեամբ: Ունի հրատարակելի հատորներ։ Աշխատակցած է եւ կը շարունակէ աշխատակցիլ Սփիւռքի հայ մամուլին, ինչպէս եւ Երեւանի «Գրական թերթ»ին։ Պարգեւատրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ» շքանշանով եւ Հայաստանի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով, նաեւ՝ Հայաստանի վարչապետին եւ Սփիւռքի նախարարին կողմէ:
ՍՆԱՊԵԱՆ ՊՕՂՈՍ
ԽՄԲԱԳԻՐ (1962-2003)
Պօղոս Սնապեան ծնած է 11 Օգոստոս, 1927-ին, Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը: Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի եւ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին մէջ:
1944-ին կ՛ընդունուի Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը եւ կ՛աւարտէ զայն 1949-ին: 1949-ին աւարտելէ ետք, կը վերադառնայ Լիբանան, ուր Այնճարի ու Պէյրութի մէջ կը զբաղի ուսուցչութեամբ:
1950-էն սկսեալ իր գրական եւ քննադատական գործերը լոյս կը տեսնեն «Նայիրի» եւ «Ակօս» հանդէսներուն մէջ: Աշխատակցած է նաեւ սփիւռքահայ շարք մը թերթերու` պատմուածքներով, տպաւորապաշտ էջերով եւ քննադատական եւ հրապարակագրական յօդուածներով: Երկու տարի, 1957-ին եւ 1959-ին, լոյս կ’ընծայէ «Միջնաբերդ» գրական տարեգիրքը:
1962 յունուարին, Կարօ Սասունիի խմբագրապետութեամբ, երբ լոյս կը տեսնէ ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնը հանդիսացող գրականութեան եւ արուեստի «Բագին» ամսագիրը, Եդուարդ Պօյաճեանի հետ կը կոչուի խմբագիրի պատասխանատու պաշտօնին: 1962-ին կը մեկնի Փարիզ եւ Սորպոնի եւ Ալիանս Ֆրանսեզի մէջ երկու տարի, իբրեւ ազատ ունկնդիր կը հետեւի գրական եւ իմաստասիրական դասընթացքներու: Վերադարձին կը շարունակէ «Բագին»-ի մէջ իրեն վստահուած աշխատանքները: Խմբագիրի պաշտօնը կը վարէ ամբողջ 42 տարի, մինչեւ 2003: Միաժամանակ կը դասաւանդէ հայ գրականութիւն, Այնճարի եւ Պէյրութի ազգային երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարաններուն մէջ:
1966-1973-ին մաս կը կազմէ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան, իբրեւ ազգային եւ գրական- մշակութային էջերու պատասխանատու խմբագիր: Եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ հաստատուած (1966) «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի դատակազմի անդամ եւ խմբագրած է աւելի քան 50 գրական հատոր:
1983-էն 2003 աւանդած է հայ գրականութիւն` Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի բոլոր դասարաններուն: 2007-էն մինչեւ իր մահը ստանձնած էր «Ազդակ»-ի գրական յաւելուածի խմբագրութիւնը: Պօղոս Սնապեանի տպագիր առաջին գրութիւնը, չափածոյ կտոր մը` «Տաղ տրտմութեան», լոյս կը տեսնէ Երուսաղէմի վանքին պաշտօնաթերթ «Սիոն»-ի մէջ, իսկ լոյս ընծայած առաջին հատորը, վիպակ մը` «Ժամանակ չկայ», 1953-ին, Պէյրութ: Անկէ ետք լոյս ընծայած է վիպական, քննադատական ու հրապարակագրական բնոյթի աւելի քան 30 հատոր ու հրատարակելի ունի նոյն սեռի տասէ աւելի գործեր: Խմբագրած ու հրատարակած է նաեւ տարբեր հեղինակներէ վերցուած 75 հատոր:
2003-ին արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան «Համազգային»-ի շքանշանին, իսկ 2010-ին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայրապետական օրհնութեան գիրին: Պօղոս Սնապեան կը մահանայ 14 Յունիս, 2014-ին:
Աղբիւր՝ https://www.hamazkayin.com/
ՊՕՅԱՃԵԱՆ ԵԴՈՒԱՐԴ
ԽՄԲԱԳԻՐ (1962-1966)
Եդուարդ Պօյաճեան (9 Ապրիլ 1915, Խըտըր Պէկ, Հալեպի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 13 Հոկտեմբեր 1966, Պէյրութ, Լիբանան), հայ բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր, քննադատ, խմբագիր եւ ուսուցիչ։
Ծնած է Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը։ Ինք նորածին, երեք ամսու երեխայ, ընտանիքը կը բարձրանայ գոյամարտի լեռ, ապա կը փրկուի եւ կը տարուի Եգիպտոս։ Զինադադարին կը վերադառնան Մուսալեռ, ուր կը սկսի ուսանիլ՝ գիւղական նախակրթարաններուն մէջ։ Ուսումնատենչ եւ գրելու շնորհքով օժտուած պատանի՝ ուսմանս երկրորդ շրջանը, տասնհինգ տարեկանէս սկսեալ, կ՛երթայ Պէյրութ, Համազգայինի նորաբաց Հայ Ճեմարանը, բարձրագոյն իր ուսումը ստանալու համար։ Կը մնայ հոն, մինչեւ Ա. լսարանի վերջը՝ հինգ տարի, մինչհւ 1935, յետոյ՝ ուսուցիչ։
Գրած է կանուխէն, տպուած՝ քիչ մը ուշ, 1932-ին. աւելի կամ նուազ սերտ աշխատակցութիւն բերած է Հայրենիք»ին, «Յառաջ»ին, «Ազդակ»ի գրական «Շաբաթօրեայ» յաւելուածին, «Նայիրի»ին, «Ակօս»ին, «Ազդարար»ին, Բագինին (մաս կազմած է, այս վերջինի՝ հիմնադիր եւ խմբագրական կազմերուն 1962-էն): Ստորգրած է տարբեր ծածկանուններով՝ Ալպաթրոս, Վազգէն Տիրանեան, Ե. Սարեան եւ Ե. Ծովիկեան։ Իսկ Ճեմարան, Դ. դասարանի մէջ, ձեռնարկած է գրական բովանդակութեամբ խմորատիպ ամսաթերթի մը, «Այգ» անունով։1944-էն սկսեալ, յաջորդական հատորներով հրատարակած է իր գործերը՝ բանաստեղծութիւն եւ արձակ։ Քերթողական ու արձակ իր էջերը ամփոփուած են վեց հատորներու մէջ.-«Սէր Եւ Վիշտ» (քերթուածներ՝ 1944)«Հողը» (1948)«Թուղթ Զաւակներուս» (1961)«Տոմար Տարագրի» (1963)«Երկու Նամակներ» (1964)«Դէմքեր» (1967)Գրական պարբերականներու եւ օրաթերթերու մէջ ցրուած կը մնան քանակով պատկառելի եւ որակով անզանցառելի իր էջերը, բանաստեղծութիւններ, արձակ, գրադատականներ, վերլուծական սեւերւումներ, օրագրային եւ յուշագրային սեւեռումներ։Անընդհատ արտադրած է, ուսուցչական սպառիչ գործունէութեան մը զուգահեռ, մինչեւ իր մահը (Պէյրութ):Իսկ յետ մահու իր գործերէն լոյս տեսած են «Դէմքեր» (1967), «Երկեր Ա. հատոր» (1968), «Ծննդավայր Կորուսեալ» (1984), «Ընտրանի» (Երեւան 1994), «Կեանքի Ափերէն» (1995) , «Դուն» (Երեւան 2005) եւ «Միտք Պահէ»:
Աղբիւր՝ https://hyw.wikipedia.org/wiki/
ՍԱՍՈՒՆԻ ԿԱՐՕ
ՎԱՐԻՉ ԽՄԲԱԳԻՐ (1962-1974)
Վիգէն Գլակ (Կարօ Սասունի, 1889, Ահարոնք, Պիթլիսի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1977 Պէյրութ, Լիբանան), հայ բանասէր, արձակագիր, խմբագիր, իրաւաբան, ուսուցիչ եւ հասարակական գործիչ։ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան խորհդարանի անդամ, եւ նահանգապետ։ «Բագին» գրական հանդէսի հիմնադիր եւ խմբագրապետ։
Ծնած է Սասուն՝ Ահարոնք գիւղը Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետի ուխտագնացութեան օրը. այդպէս ալ կ'անուանուի Կարապետ։ Հայրը՝ Իշխան Խազար ու յատկապէս մայրը՝ Աննան, կը կերտեն իր ազգային նկարագիրը։ Իր ազգական Հրայր Դժոխքէն եւ Գէորգ Չաւուշէն կը ներշնչուի եւ կ'որակուի «Ծուռ» իր անսպառ երանդին եւ Սասունցի Դաւիթի ծռութեամբ յատկանշուած ըլլալուն համար։ Նախնական ուսումը՝ գիւղի վարժարանին, ապա Մուշի Մուրատ-Մխիթարեան միջնակարգ վեցամեայ վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, քանի մը տարի 1906էն մինչեւ 1908 ուսուցիչ եղած է Տիգրանակերտ։
1908ին կ'անցնի Պոլիս, ուր մէկ տարի կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարան։ 1909ին կը յաճախէ Պոլսոյ իրաւաբանական համալսարանը, որու ընթացքը կ'աւարտէ 1914-ին։
Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկիզբը կը մեկնի Կովկաս, ուր կը լծուի կամաւորական շարժումին. Հայ Կամաւորական եւ Ռուս բանակներուն հետ կը մտնէ Տարօն 1916ին, ուր կը նշանակուի Տարօնի կառավարիչ։ Հետագային Ռուս բանակին նահանջին ատեն կը յաջողի փրկել բազմաթիւ գաղթականներ եւ կազմակերպել իրենց տեղափոխումը դէպի Արեւելեան Հայաստան։ 1917ին կ'ամուսնանայ Միսաք Մեծարենցի զարմուհի՝ Լոլա Սասունիի բուն անունով՝ Հռիփսիմէ Մեծատուրեանի հետ եւ կը բախտաւորուի չորս զաւակով։ Կը նպաստէ նորածին Հայկական Հանրապետութեան անկախութեան ամրապնդման գործին։ Կը դառնայ Խորհրդարանի անդամ, Ալեքսանտրապոլի (ներկայիս Գիւմրիի) նահանգապետ եւ 1921ի Փետրուարեան ապստամբութեան Փրկութեան կոմիտէի ներքին գործոց նախարար։
1921ին կ'անցնի Սփիւռք՝ յաջորդաբար հաստատուելով Պոլիս, Պուլկարիա, Ժընեւ, Սուրիա, Ֆրանսա, եւ վերջնականօրէն Լիբանան, ուր կը գործէ՝ հանրային-մշակութային մարզին մէջ, իբրեւ ուսուցիչ (Համազգայինի Ն. Փ. Ճեմարան), նաեւ գործիչ ու խմբագիր։ Միանգամայն կ'արտադրէ գրական եւ հասարակական բնոյթի գործեր։ Կը յղանայ «Բագին» գրական ամսագիրի գաղափարը եւ տարիներ շարունակ կը խմբագրէ այս գրական հանդէսը, որ ներկայիս տակաւին լոյս կը տեսնէ Պէյրութի մէջ։ Կը մահանայ Պէյրութ 1977ին արժանանալով ազգային թաղումի։
Աղբիւր՝ https://hyw.wikipedia.org/wiki/