ՊԱՏՄԱԿԱՆ

Բագին գրականութեան եւ արուեստի ամսագրին առաջին թիւը լոյս կը տեսնէր 1962 Յունուարին, իբրեւ վարիչ խմբագիր ունենալով Կարօ Սասունին, եւ խմբագիրներ Եդուարդ Պոյաճեանն ու Պօղոս Սնապեանը: Խմբագրական կազմին անդամ էին հոյլ մը գրագէտներ՝ Յարութիւն Գեղարդ, Տիգրան Ոսկունի, Բաբգէն Փափազեան եւ Վահէ Օշական:

Հ.Յ.Դ. 18-րդ Ընդհանուր Ժողովը, գումարուած 1963-ի աւարտին, ուրախութեամբ կողջունէր հրատարակութիւնը Բագին ամսագրին, որ կեանքի կոչուած էր սփիւռքահայութեան գրականգեղարուեստական բնագաւառին մէջ յառաջացած բացը լեցնելու:

Բագինի հանգանակը կարձանագրուէր իր առաջին թիւին մէջ՝ «Բագինին Առջեւ» խորագրուած գրութեամբ: Նոր ամսագիրը կը միտէր ըլլալ խանդավառ բեմ մը, ի մի խմբելու սփիւռքի տարածքին գործող գրողները: Կը նպատակադրէր մղում տալ, ինչպէս նաեւ արժանաւորապէս ներկայացնել գրական անդաստանի մշակներուն ստեղծագործական աշխատութիւնները:

Եդ. Պօյաճեան, Կ.Սասունի, Պ.Սնապեան 1964

Վաստակաշատ գրագէտներու հանդէպ իր գուրգուրանքն ու քաջալերանքը տարածելով սկսնակներուն վրայ եւսԲագինը պիտի օժանդակէր նոր անուններու յայտնաբերման եւ ինքնահաստատման:

Գրական ամսագիրը պիտի չբաւականանար ընդունուած գրական սեռերով, այլ՝ օրուան հետ քայլ պահելու մտահոգութենէն մեկնած, առիթ պիտի ընծայէր օտար մշակոյթներու եւ գրական այլ շարժումներու գրողներուն:

Իր հրատարակութեան առաջին օրերէն Բագինը հաստատօրէն կընդունէր «ազգերու կեանքին ու մշակոյթին շարունակականութեան պայմանը», կը մերժէր «նիւթին գերակշռութիւնը ոգեկան արժէքներու վրայ» եւ կը հաւատար «իտէալին եւ ներքին ուժերու զօրութեան»:

Հոկտեմբեր 1966-ին Եդուարդ Պոյաճեանի մահէն ետք, 1967-էն սկսեալ Բագինի խմբագրի պաշտօնը կը վստահուէր Պօղոս Սնապեանին, որուն երկար տարիներու աշխատանքի արգասիքներէն են հայ մեծատաղանդ գրողներուն նուիրուած Բագինի աւելի քան 20 բացառիկ թիւերը, եւ գրական հանդէսին հրատարակութեան անխափան շարունակութիւնը, երկար ժամանակ ամսական՝ իսկ 1996-էն սկսեալ իբր եռամսեայ յաճախականութեամբ հրատարակուող հանդէս։

Աւելի քան կէս դարԲագինը շարունակեց համախմբել երէց եւ երիտասարդ գրողները, հրատարակեց անտիպ գործեր, նամակներ, թարգմանեց օտար գրականութեան գոհարներ, ջանադիր եղաւ յատկապէս արեւմտահայերէնի բծախնդիր պահպանման: Հետապնդեց բանագողութիւնը, դէմ կեցաւ Խորհրդային ապազգային գրաքննութեան արդիւնք՝ գրական աղճատումներուն եւ ունեցաւ արժանաւոր դերակատարութիւն՝ գաղափարներու կազմաւորման, ճաշակի զարգացման եւ լեզուի հմտութեան մէջ:

Վաստակաշատ խմբագիր Պօղոս Սնապեանի առողջական վիճակին բարդացման պատճառով, 2003-ին Բագինի խմբագիր նշանակուեցաւ Յակոբ Պալեան, օգնական խմբագիր՝ Սոնիա ՔիլէճեանԲագինը ընթերցողին ներկայացաւ նոր դիմագիծով:

Օգնական խմբագիրի ճամբորդութենէն ետք, 2007-ինԲագինի խմբագրութեան քարտուղար նշանակուեցաւ Արփի Համբարեան: Ապա 2010 Մայիսէն մինչեւ 2012 Նոյեմբեր՝ փոխխմբագիրի պաշտօնը ստանձնեց Սեդա Գրիգորեան։ Այնուհետեւ Նազօ Գէորգեան Բագինի խմբագրութեան քարտուղար նշանակուեցաւ մինչեւ Յունիս 2014։ Նոյեմբեր 2014-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 2018 Բագինի օգնական խմբագիրի պաշտօնը վարեց Նորա Բարսեղեան: Յունուար 2019-էն սկսեալ օգնական խմբագիր նշանակուեցաւ Արին Չէքիճեան:

2015-ի աւարտին, խմբագիր Յակոբ Պալեան կոչուեցաւ հանգստեան, եւ Յունուար 2016-ին Սոնիա ՔիլէճեանԱճէմեան նշանակուեցաւ Բագինի խմբագիր։ Անգամ մը եւս Բագին վերանորոգուեցաւ, լուսարձակի տակ բերելով հայ գրականութեան եւ արուեստի ժամանակակից ուղղութիւնները։

Անհրաժեշտ է արձանագրել, որ Բագինը հրատարակուեցաւ Հ.Յ.Դ.ի իրերայաջորդ Բիւրոներու եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեանց նիւթական ներդրումովԲագինը այսօր, իր ստեղծագործական վաստակով, ՀայրենիքՍփիւռք գրական ուժերու մէկտեղումով եւ արեւմտահայ մշակոյթի պաշտպանութեան առաքելութեամբ, իր յատուկ եւ պատուաւոր տեղը կը գրաւէ սփիւռքահայ մամուլի իրականութեան մէջ: