1995
Քեզի Վանքուվըրէն նամակ կայ,— ըսաւ մայրը, երբ Սօսէ համալսարանէն վերադարձին տուն մտաւ։
Ատրինէն ըլլալու է, մտածեց Սօսէ։ Ուրիշ մէկը չէր ճանչնար Վանքուվըր։ Ատրինէն Պէյրութէն իր դասընկերուհին էր, որ իրմէ առաջ Գանատա հաստատուելով կարճ ժամանակ մը Թորոնթօ ապրած էր, ուր իրենց բարեկամութիւնը շարունակած էին։ Հակառակ տաքարիւն ըլլալուն, Ատրինէն իրենպէս ըմբոստ եւ ինքնագլուխ չէր իրենց դպրոցական տարիներուն, սակայն յաճախ կը հետեւէր Սօսէի խենթութիւններուն։ Օրինակ, երբ անձրեւոտ օր մը, դպրոցի աւարտին, Սօսէի առաջնորդութեամբ դասագիրքերը Սօսէենց տան դրան ետեւը ձգած եւ անձրեւին տակ վազած էին մինչեւ յաջորդ թաղին ծայրը եւ վերադարձած՝ լրիւ խխում դարձած։ Սօսէն թեւերը տարածած էր եւ դէմքն ալ դէպի երկինք՝ անձրեւին հետ խօսած էր լուռ։ Ուզած էր անձրեւին զօրաւոր կաթիլները իրենց ամբողջ ուժգնութեամբ իր դէմքին վրայ զգալ եւ միանալ ինքզինք պարտադրող բնութեան հետ, իսկ Ատրինէ հետեւած էր իրեն չարութիւն մը ըրած ըլլալու գոհունակութեամբ։ Ատրինէին մայրը ինչպէ՞ս ընդունեց զինք՝ Սօսէ յետոյ գիտցաւ, բայց ի՛ր մայրը այդ օր սաստիկ բարկացած էր, իր տասնհինգ տարեկան աղջիկը վերէն վար թրջուած տեսնելով, եւ ապտակած էր զինք։
Այդ ապտակը մեծ հետք ձգած էր Սօսէին վրայ։ Մայրը զինք երբեք չէր հասկնար։ Իր աշխարհը տարբեր էր մօր համակերպ աշխարհէն եւ ան իր ներսիդին եռացող, փոթորկոտ մղումներէն անգիտակ էր։ Մինչդեռ հայրը, հիւրասենեակը նստած՝ տեսած էր իր ներս մտնելը ջուրերու մէջ եւ՝ Աղջի՛կ, այս ի՞նչ վիճակ է, ըսած եւ ժպտացած էր։ Հայրը տարբեր էր. ժամանակին ի՛նք ալ խենթութիւններ ըրած էր եւ հրճուանքով կ’ընդունէր իր աղջկան չարաճճիութիւնները։ Հիմա անշուշտ իր մօր ապտակը հեռաւոր յուշ մըն էր միայն. հիմա գիտէր, թէ որքան գուրգուրոտ էր մայրը իր հանդէպ։ Բայց մտերմութեան բացակայութիւն մը կար իր եւ մօր միջեւ։ Մինչդեռ իր հօր հետ իմացական հետաքրքրութիւններու ամուր կապ մը ունէր։
Նամակին պահարանին վրայ գրուած էր Adele Tomassian։ Adele…?
Սիրելի Սօսէ,
Մի՛ զարմանար։ Ես Adele անունը ընտրած եմ եւ այդպէս կ’ուզեմ կոչուիլ։ Հոս ո՛չ ոք կրնայ Ատրինէ անունը շիտակ հնչել։ Նշանածս անգամ Էյտրին կ’ըսէ։ Ի՞նչ օգուտ ունի Ատրինէ անունը պահելս, երբ մարդիկ ջանք չեն թափեր անունս սորվելու։ Հայուն ի՛նչ ըլլալն ալ չեն գիտեր։ Չեմ ուզեր որ օր մը երբ զաւակներ ունենամ, complex ունենան որ իրենց մայրը տարբեր է։
Ինչ որ է։ Դո՛ւն ինչպէ՞ս ես։ Համալսարանդ վերջացուցի՞ր։ Ես հոս կը շարունակեմ կոր ուսումս։ Robert-ը assistant professor է եւ լաւ կը վճարուի համալսարանէն։ Ես աշխատելու պէտք չունիմ for now։ Արդէն երբ Թորոնթօ նշանուեցանք ուսումս չվերջացուցած, that was the agreement որ ես պիտի շարունակեմ ուսումս։
Այսօր երկար չեմ կրնար գրել, որովհետեւ քանի մը օրէն paper ունիմ յանձնելիք, պէտք է ատոր վրայ աշխատիմ։ But please, դուն գրէ եւ երկար գրէ։ Լիբանանէն միայն դուն ես որուն հետ դեռ contact կը պահեմ։ Գրէ մեր միւս դասընկերներուն մասին, եթէ պատերազմէն ետք հոն նոր եկողներ եղան։ Ես մէկէ մը լուր չունիմ։
Մամադ պապադ ինչպէ՞ս են։ Մամայիդ համով ճաշերը կարօտցած եմ։
OK, ես հիմա երթամ, բայց քու նամակիդ կը սպասեմ։
With love,
Adele
Սիրելի Ատրինէ,
Արտօնէ որ ես շարունակեմ քու իսկական անունդ գործածել։ Դուն ուրիշներուն համար Adele ես. Բայց ո՛չ ինծի համար։
Կը հարցնէիր մեր դասընկերներուն մասին։ Լիզան եւ Սամոն հոս Թորոնթօ են։ Վերջերս միասին տեսնուեցանք, բայց իրենք ալ ամուսնանալու կը պատրաստուին եւ շատ զբաղած են։ Եթէ կրնաս գալ, լաւ կ‘ըլլայ որ իրենց պսակին ներկայ ըլլաս եւ բոլորս դարձեալ միասին ըլլանք։ Քեզի թուականը կ‘ըսեմ երբ ես գիտնամ։
Ես համալսարանս գալ տարի կ‘աւարտեմ, որովհետեւ միաժամանակ կ‘աշխատիմ որպէսզի պարտքով չուսանիմ։ Դեռ ծնողքիս հետ կ‘ապրիմ անշուշտ, որ ծախսերս կը պակսեցնէ։ Հօրս ճոխ գրադարանէն ալ կ‘օգտուիմ որպէսզի միշտ համալսարանի գրադարանը մինչեւ ուշ գիշեր չմնամ։ Դեռ երէկ հօրս հետ երկար պրպտումներ ըրինք իմ գրելիք աշխատութեանս համար։ Ինք ալ ինծի հետ մինչեւ առտուան երկուքը արթուն մնաց, որ նիւթիս համար պէտք եղած աղբիւրները գտնենք։
Մայրս, գիտես, արեւելքցի կին է. օրուան մեծ մասը խոհանոցն է, մնացեալ մասն ալ քրոշէ հիւսելով կը զբաղի։ Անգլերէն սորվելու համար soap opera կը դիտէ քիչ մը եւ քանի մը յայտագիր կայ հեռատեսիլի վրայ, որ իրիկունները հօրս հետ կը դիտէ։ Երեւակայէ՛, այս է իր միակ կապը ոչ-հայ շրջապատին հետ։ Կը բաւարարուի իր հայ շրջանակով եւ տիկնանց միութեան գործակցելով։
Իսկ դո՛ւն ինչու այդքան անգլերէն կը խառնես նամակիդ մէջ։ Արդէն շատ առիթ չունիս հայերէն խօսելու կամ գրելու, գոնէ ինծի հետ հայերէնով հաղորդակցիր։ Հանդիմանութեան պէս մի՛ առներ, բայց մտերիմի մը կողմէ պահանջքի պէս առ։
Կը սպասեմ նամակիդ եւ նոր լուրերուդ։
Սիրով՝
Սօսէ
Սիրելի Սօսէ,
Ուղղակի նիւթին պիտի գամ, թէ ինչո՞ւ անգլերէն կը խառնեմ եղեր հայերէնիս։ Ինչո՞ւ Չխառնեմ։ Որո՞ւն պէտք է հայերէնը։ Արդէն քանի՞ հոգի հայերէն կը խօսի կոր աշխարհի վրայ։ Who needs Armenian, really? Խօսողներն ալ սխալ-մխալ կը խօսին արդէն։ Ըսէ՛, քանի՞ տարուայ կեանք ունի աս լեզուն, երբ պատերազմներու պատճառաւ հոս-հոն կը տարածուինք եւ ալ ո՛չ Պոլիս կայ, ո՛չ Հալէպ, ո՛չ ալ Պէյրութ։ Հայաստանը թող take care ընէ հայերէնին։ Մենք հոս local լեզուն պէտք է գործածենք, որ մեր կեանքին մէջ յաջողինք։
Let me tell you, որ շատ չէ, բայց քիչ մը նեղուած եմ քեզի հետ հայերէն «հաղորդակցելու պահանջք»էդ։ Դուն սկիզբէն հայերէնը շատ կը սիրէիր եւ շարադրութեան մէջ you were always the first։ Ինչո՞ւ կը պահանջես որ ամեն մարդ քեզի պէս հայերէնը սիրէ։ Իմ հոգս անգամ չէ թէ քեզի հայերէ՞ն գրեր եմ՝ թէ անգլերէն։ Հաճիս ասիկա նիւթ մի ըներ այլեւս։
Ո՞վ աւելի մեծ ազգ է. հա՞յը թէ անգլիացին։ Ես հոս հոյակապ անգլիացիներու հետ սերտ կապեր ունիմ եւ չեմ ճանչնար հայ մը, որ նոյն քան great personality ըլլայ։ Արդէն պզտիկ community մըն ենք հոս, եւ ամենն ալ իրար կը քննադատեն։ So please, ես ասանկ պզտիկ ազգի մը զաւակը չեմ ուզեր ըլլալ։ Որքան շուտ անգլիացիի պէս ըլլամ՝ այնքան լաւ։
Sorry որ ասանկ բաներ կը գրեմ կոր, բայց քեզի հետ անկեղծ կ‘ըլլամ կոր։ Դուն ալ գիտես, որ մենք խեղճ ու կրակ հին ազգ մըն ենք, եւ բան մը չունինք հպարտանալու։ Գոնէ հիմա որ այս երկիրներուն մէջ ենք, քիչ մը աւելի modern եւ progressive կրնանք ըլլալ։
Մի նեղուիր ըսածներէս, I still love you.
Adele
Ատրինէ, Ատրինէ, Ատրինէ, սիրելի Ատրինէ։
Ես քեզմէ չեմ նեղուիր. անհոգ եղիր։ Քու մտահոգութիւններդ հայերուս մասին ես ալ ունիմ։ Ահա՛ մայրս։ Պէյրութի նոյն մտայնութիւնն է, որ պահած է այսքան տարի հոս ապրելով հանդերձ։ Չեմ հասկնար ինչո՞ւ տարբեր հետաքրքրութիւններ չունի։ Բաւարարուած է իր տանտիկինի հանգամանքով եւ տիկնանց միութեան աշխատանքներով։ Յատուկ ջանք ալ չի թափեր տարբեր գաղափարներու ծանօթանալու։ Կիներու իրաւունքները ճանչնալու եւ կրաւորականութենէ դուրս գալու։ Կամ գոնէ տեղւոյն առօրեային հետ շաղուելու։ Տեղւոյն լեզուն գոնէ սորվէր…
Բայց իմ ըսածս քեզի ուրիշ բան է։ Անկախ հայ հասարակութեան սահմանափակ կարողութիւններէն, մենք դեռ հայ ենք եւ ամեն բանէ առաջ՝ հայերէ՛ նը մեզ կը սահմանէ որպէս հայ։ Այնքան ատեն որ հայերէնը կը պահպանուի՝ հայը կը շարունակէ գոյատեւել։ Բայց պիտի չշարունակեմ այս մասին խօսիլ. չեմ ուզեր քարոզելու պէս հնչէ ըսածներս։ Պարզապէս իմ համոզումս է, որ կ‘արտայայտեմ, նոյնքան անկեղծ, որքան դուն։
Հիմա, գալով ձեզի. ե՞րբ է ձեր ամուսնութիւնը։ Թուական մը որոշեցի՞ք։ Յուսամ ես հրաւիրուած եմ…։
Սիրով՝
Սօսէ
* * *
16 օգոստոս 1995
Սօսէին երբեք պիտի չխոստովանիմ, բայց քիչ մը ճիշտ է ըսածը։ Հայերէն բառերը մոռնալու վրայ եմ։ Ասոր համար ալ սկսայ հայերէն աւելցնել այս diaryիս մէջ։ Հիմակու հիմա Սօսէին պիտի չըսեմ, բայց օր մը կրնամ նոյնիսկ իրեն ցոյց տալ գրածներս։ Բայց ինք ալ պէտք է հասկնայ որ դժուար է անգլիական համալսարան երթալ, անգլիական քաղաքի մէջ ըլլալ, անգլիացի նշանած ունենալ, ընտանիքէ հեռու ըլլալ եւ դեռ հայերէն գրել իրեն պէս։ Բռնուելիք հայ մըն ալ չկայ շուրջս որ հետը բարեկամութիւն ընեմ, հայերէն խօսիմ, եւայլն…։ Կր ցածս կ’ընեմ։ Ա՛յդքան։
* * *
1996
Առաջին անգամ ըլլալով Սօսէ Եւրոպա կ’այցելէր։ Համալսարանը նոր աւարտած՝ որոշած էր ամիս մը արձակուրդ առնել եւ Փարիզ քաղաքը այցելել նախքան աշխատանքի նուիրուիլը։ Երազային էր Փարիզը իր երեւակայութեան եւ տեսած շարժանկարներուն մէջ։
Դիւթական էր Փարիզը, որ նոյնիսկ Հիւսիսային Ամերիկայի մշակոյթին մէջ կը ներկայացուէր որպէս արուեստի, սիրոյ, հաճոյքի, գեղեցկութեան գերազանց կեդրոն։
Սօսէ այդ բոլորը գտաւ լուսաւոր քաղաքին մէջ, բայց հոգեկան անակնկալ բեկում մը խաթարեց կատարեալ հաճոյքը, զոր կը սպասէր իր երազած Փարիզէն։ Իր անգլիական կրթութեան հետեւանքով, ֆրանսերէն լեզուի իր անգիտութիւնը կը նսեմացնէր իր ամբողջական ըմբոշխնումը քաղաքի շնորհած վայելքին։ Ստիպուած հեռու կը մնար թատերական ներկայացումներէ, գիրքերու շնորհահանդէսներէ եւ այլ ելոյթներէ, որոնք կը կատարուէին քաղաքին մէջ, եւ որոնց ինք պիտի ուզէր մասնակցիլ որպէս արուեստագիտութեան նոր շրջանաւարտ։ Նկարչութեան ցուցասրահներու, թանգարաններու կամ նոյնիսկ caféներու եւ ճաշարաններու մէջ, ուր քիչ թէ շատ անգլերէն խօսող կ’ըլլար անշուշտ, որոշ նիստ ու կաց մը կար, սակայն, որ տարիներու ընթացքին կազմաւորուած իր կենցաղային ընդունակութիւնները խախտող նորութիւն էր։
Մշակութային այս ցնցումը անսպասելի էր Սօսէին համար։ Մայրաքաղաքին անխուսափելի հմայքին կողքին՝ անյարմար օտարութիւն մը կը զգար խուռներամ փողոցներէն քալելով, լաւ գիտակցելով հանդերձ, որ որպէս զբօսաշրջիկ՝ բնական էր որ ինքզինք օտար զգար։ Բայց այս անախորժ եւ տարատեսակ զգացումը օտարութեան այլ հոգեվիճակ մը ստեղծած էր իր մէջ, որ արգելք կ’ըլլար իր լրիւ շաղուելուն, լրիւ մասնակից դառնալուն քաղաքի յատկանշական եռանդուն կեանքին։
Քանի մը դասընկերներ ունէր Պէյրութէն, որոնք Փարիզ հաստատուած էին։ Կապուեցաւ անոնց հետ եւ միասին մէկուն տունը հաւաքուեցան։ Շուտով նկատեց, որ նոյնիսկ անո՛նց խօսելակերպը փոխուած էր։ Իրենց նիւթերն ալ տարբեր էին։ Անցեալի մասին քիչ մը վերյիշելէ եւ կատակներ ընելէ ետք՝ անուններ, գիրքեր նշուեցան, որոնց ինք ծանօթ անգամ չէր, որ կարենար խօսակցութեան մասնակցիլ։
Աւելի ետք՝ բացօթեայ café մը նստած եւ իր espressoին դիմաց՝ Սօսէ ինքզինք կ’արդարացնէր Փարիզի մէջ իր դէմ ցցուած այս թթու իրողութեան համար, պատճառաբանելով՝ որ ինք անգլիախօս երկրէ կու գար եւ բնականաբար անգլիական-գանատական պիտի ըլլար իր ունեցած պաշարը։ Մանաւանդ որ ինք Պէյրութէն ուղղակի Թորոնթօ գացած էր, եւ այս իր առաջին ճամբորդութիւնն էր Գանատայէն դուրս։ Հետեւաբար, իր կարդացած գիրքերէն դուրս (կարեւոր մաս մը դասագիրքեր)՝ ի՞նչ կրնար գիտնալ այլ մշակոյթներու ապրուա՛ծ իրականութեան մասին։ Բնազդաբար կը փորձէր բացատրել իր կացութիւնը, բայց ներքնապէս անհանգստացնող գիտակցում մը զինք մեղմօրէն կը կրծէր. ի՛նչ կաշկանդող, մերձեցում խափանող բան է լեզուի անգիտութիւնը, որ ամբողջ մշակոյթի մը անճանաչողութեան եւ նոյնիսկ անկէ խուսափումին կը տանի։ Եւ արդեօ՞ք այպանելի է մէկը, որ լեզուի սահմանափակումով հեռու մնացած է շրջանակի մը մշակոյթէն եւ անոր գիտելիքներու ամբողջ շտեմարանէն…։ Արդեօ՞ք հասկնալի չէ, որ մէկը, նման ցնցումներէ խուսափելով՝ իր հանգստութեան գօտիին մէջ որոշէ մնալ եւ չշաղուի իրեն օտար թուացող շրջապատին հետ…
2000
Սիրելի Սօսէ,
Ի՜նչ անոյշ բան է մայրութիւնը։ Կը մաղթեմ, որ դուն ալ օր մը գիտնաս ինչ ըսել է մայրանալ։ Անուշիկ Kevin-ս հիմա գիրկս է եւ համով-համով կաթիկ կը ծծէ կոր։ Չեմ գիտեր ինչպէս զինք nannyին պիտի ձգեմ եւ ետ գործի պիտի վերադառնամ երբ մօտերս maternity leave-ս վերջանայ։ Անկարելի է որ բաժնուիմ իրմէ։ Իր ամեն մէկ շարժումին խելքս կը թռցնեմ կոր։ Robert-ը վրաս կը խնդայ երբ խենթի շարժումներ ընեմ Kevinին ամեն պզտիկ խնդուքին կամ ժպիտին վրայ։ What can I say, առաջին պէպէքս է։ Իրաւունք ունիմ, չէ՞։
Հետաքրքրական բան մը կ‘ուզէի քեզի ըսել։ Robertը հիմա UBCի Literature Departmentին մէջ Comparative Literatureի դասեր կու տայ։ Հոն colleague մը ունի, Յարութը, որ Պէյրութէն է եւ նոյն Departmentին մէջ է։ Կարծեմ հանդիպեցար իրեն մեր weddingին։ Նիհար երկար մարդ մըն է, շատ լուրջ դէմքով եւ հաստ շրթունքներով։ So, Յարութը իրեն հայ գրողներու մասին խօսեր է վերջերս. Something about the boys in France— չեմ գիտեր ով են։
Երեւակայէ՛. ուրկէ ուր Robertը հայ գրականութեան պիտի ծանօթանայ։ Հիմա ալ սկսած է հետաքրքրուիլ թէ ինչո՞ւ Ֆրանսա էին այս տղաքը եւ ո՛չ Հայաստան, կամ ինծի պէս Լիբանան։ Դուն գիտնալու ես այս տղոց մասին. հաճիս ինծի բաներ մը ղրկէ իրենց մասին որ իրեն տամ։
Պաչիկներ՝
Ատէլ
Սիրելի Ատրինէ,
Իմէյլիս կցուած կը ղրկեմ Փարիզի տղոց մասին գրութիւն մը, Ռապըրթին համար։ Բայց դուն ալ կարդայ։ 20րդ դարու մեր լաւագոյն գրողներէն են։ Ուրախ եմ որ Ռապըրթը իրենցմով հետաքրքրուած է, մանաւանդ որ բաղդատական գրականութիւն կը դասաւանդէ։
Ես ալ վերջերս իտալական գրականութեամբ հետաքրքրուած եմ։ Իտալիա երթալէս ի վեր տարօրինակ կապ մը կը զգամ իտալականին հետ։ Հոն արդէն յաճախ deja-vu կ‘ունենայի։ Թէ՛ Հռոմ, թէ՛ Վենետիկ։ Մանաւանդ սքանչացած եմ իտալացի կիներուն վրայ։ Հիանալի բան է տեսնել ինչպէ՛ս իտալացի կիները իրենց աւանդական կանացիութիւնը պահելով հանդերձ ազատութեան խորունկ զգացում մը ունին, որուն Հիւսիսային Ամերիկայի ֆեմինիստները իրենց տարիներու պայքարով հանդերձ դեռ չեն տիրապետած։ Ներքուստ, բնազդային ազատութիւն մըն է, որ իրենք ունին, որ ուրիշէն կախեալ չէ։ Այր մարդիկը…
այլ պատմութիւն է։ Արուեստագէտէն մինչեւ փողոցային լակոտը՝ կամ կնամեծար, կամ կնամոլ, կամ միասեռական։ Բայց կիները… բոլորին վրայ լեմոն կը քամեն։ Տանտիկինէն մինչեւ մեծ ընկերութիւններու տնօրէնները ինքնագոհութեամբ լիացած են. մարդու հաշիւ չունին տալիք։ Գոնէ իմ տպաւորութիւնս այդ էր։
Իսկապէս նախանձելի է։ Կիներս հոս 60ականներէն ի վեր դեռ կոկորդ կը պատռենք, որ կանանց նկատմամբ լռիւ արդարութիւն ըլլայ, հոն առանց նման պայքարի (գոնէ ոչ նոյնքան թիրախաւորուած)՝ զօրաւոր եւ ինքնագոհ կիներու սերունդներ կան։
Հիմա որ կը մտածեմ, Միջին Արեւելքի մէջ ալ նման ձեւի արաբ կիներ կային, մանաւանդ գիւղական շրջաններուն մէջ։ Գիւղ կ‘ելլէինք ամառները, կը յիշե՞ս։ Ես փոքր էի այն ատեն, բայց շատ տպաւորուած էի մեզի դրացի յանդուգն արաբ կիներէն։ Անոնք անշուշտ աւելի շեշտակի էին իրենց վարմունքին մէջ քան իտալացի կիները, որոնք աւելի նուրբ անկիւններ ունին։ Գիտե՞ս. մօրս պահուածքը եւ կեցուածքը քիչ մը կը նմանի իտալացիներուն։ Հետաքրքրական է… հիմա կ‘անդրադառնամ։
Ինչ որ է։ Քիչ մը եր կար երգեցի իտալացի կիներուն գովքը։
Համովիկ Քեվընին պաչիկներ իմ կողմէս։ Հաճիս իր նկարները ղրկէ ինծի յաջորդ իմէյլով։
Սիրով՝
Սօսէ
Սիրելի Սօսէ,
Ի՞նչ պիտի ընեմ այս ամուսինս, ըսէ։ Այս առտու նախաճաշին, համալսարան երթալէն առաջ, ինծի կը հարցնէ կոր որ Չարենցին գիրքը ունի՞մ։ I mean, իր մասին գիտեմ. դպրոցը բաներ մը կարդացած ենք իր մասին, բայց ո՛չ. իր գիրքը չո՛ւնիմ. ան ալ անգլերէն թարգմանութեամբ։ Փարիզի տղաքը չէին բաւեր, հիմա ալ հայաստանցի գրողներուն անցաւ։
Իրականութիւնը կ‘ուզե՞ս։ Քիչ մը կ‘ամչնամ կոր իր առջեւ։ Ինք ինձմէ աւելի գիտէ կոր հայ գրողներու մասին։ Ինծի հարցումներ կը հարցնէ կոր, որոնց պատասխանները ոչ թէ չեմ գիտեր, հարցումնե՛րն ալ չեմ հարցուցած երբեք։ Ի՞նչ տեսակ հայ ես, կ‘ըսէ կոր ինծի։ Յարութը ինչ ըսերէ նէ իրեն, Ռապըրթը զարմանալի կը գտնէ կոր որ Չարենցին նման ազգային բանաստեղծէն գիրք մը անգամ չունիմ։ Կարծես ամեն հայ տուն Չարենցի գիրքերը ունի։ Դասագիրքերու մէջ միայն կարդացած եմ իր գրածները։
Հաճիս կրնա՞ս ինծի ըսել ուր տեղէն կրնամ աս գիրքերը գնել։ Գնեմ եւ իրեն նուիրեմ։ Միայն թէ անշուշտ անգլերէն թարգմանութիւնը թող ըլլայ։
Իտալացի կիներուն մասին ըսածներդ շատ հետաքրքրական են։ Մեր nanny-ն իտալացի երատասարդ կին մըն է։ Սկսած է գալ արդէն որ վարժուի իմ մեթոտներուս, որպէսզի ես քանի մը շաբաթէն գործի վերադառնամ։ Ըսածիդ պէս, շատ ինքնավստահ եւ զօրաւոր կամքով կին մըն է։ Կարծես Amazon woman ըլլայ։ Եղած-չեղածը սպասուհի է մէկ աստիճան վեր է, մեծ ուսում մըն ալ չունի, բայց այնքան զօրաւոր երիտասարդուհի մըն է, որ ամենուն հախէն կու գայ։ Սկսայ պէյրութցիի պէս խօսիլ, հը՞։ Գիտես եա. you can take a պէյրութցի out of Beirut, but you can’t take Beirut out of պէյրութցի։
By the way, համաձայն եմ, որ մամադ ալ լուռ ինքնավստահութիւն մը ունի։ Երբ ձեզի գայի Թորոնթօ եղած ատենս, կը նկատէի որ նոյնիսկ սոֆային վրայ նստած ատենը ազնուական բան մը կար իր մէջը։ Մամայի պէս էր բոլորիս հետ։ Բոլորս կը սիրէինք զինք։ Ինչո՞ւ այդքան խիստ ես մամայիդ հանդէպ չեմ հասկնար։ Հիմա ես ալ մամա եմ եւ գիտեմ ինչերէ անցեր էինք։ Քիչ մը հասկցող եղիր։
Հիմակուհիմա այսքան։ Վարը քանի մը նկար իմ համովիկ Քեվընէս։ Կուշտ ու կուռ նայիր կշտացիր։
Պաչիկներ՝
Ատէլ
Սիրելի Ատրինէ,
Սիրով կ‘ուղարկեմ հասցէները այն գրատուներուն, որոնք Չարենցի գիրքը ունին, անգլերէն թարգմանութեամբ։ Հայերէն գիրքն ալ ծրարով քեզի կ‘ուղարակեմ որ դուն բնագիրը կարդաս եւ տեսնես թէ ամուսինդ ինչո՛ւ այսքան հետաքրքրուած է Չարենցով։
Գալով մօրս, շնորհակալ եմ խրատիդ համար։ Իրաւունք ունիս, որ անցեալին քիչ մը շատ կը դժգոհէ ի իրմէ։ Կ‘ուզէի, որ ինծի պէս մտածէ, ինծի պէս զգայ։ Բայց իրաւունք չունէի։ Ինք իր ինքնուրոյն անհատականութիւնը ունի, ես՝ իմս։ Վերջապէս՝ իսկական ֆեմինիստը պէտք է յարգէ ոեւէ կնոջ ուրոյն ընտրութիւնը ըլլալու այնպէս՝ ինչպէս որ կ‘ուզէ. տանտիկին թէ գիտնական, մայր թէ անզաւակ։ Ասկէ զատ՝ սկսած եմ աւելի հանդուրժող ըլլալ իր հանդէպ։ Կ‘երեւի անցեալին գրածներս իր մասին երիտասարդական պոռթկումներ էին։ Չեմ կրնար մոռնալ վերջին պոռթկումս որ ունեցայ քանի մը տարի առաջ եւ բարկութեանս մէջ անզգուշութեամբ վիրաւորեցի զինք։ Այնքան ամօթ զգացի ըրածիս համար, որ սառեցայ։ Ամօթս կրկնապատկուեցաւ իր հանդարտ եւ լուռ հակադարձութեան վրայ։ Տխուր աչքերով ինծի նայեցաւ, փոքրիկ մը ժպտեցաւ եւ լուռ մնաց։ Աշխարհ փուլ եկաւ վրաս։ Չեմ կրնար բացատրել որքան վատ զգացի ըրածիս համար։ Լաւ որ հայրս հոն չէր։ Տունս գացի խորտակուած, փլած, ճզմուած։ Իմ քիչ ուսումով մայրս, իմ իբրեւ թէ չզարգացած մայրս, ինձմէ շատ աւելի բարձր կեցուածք ունեցած էր, ինձմէ շատ աւելի բարձր զարգացում ցուցաբերած էր, եւ ես նսեմացած էի իր դիմաց։ Ատկէ ետք ինչպէ՞ս մինչեւ իմ ուղնուծուծս չյարգեմ զինք։
Հիմա անշուշտ բաւական ժամանակ անցած է, եւ նոյն օրն իսկ իրմէ ներողութիւն խնդրած եմ։ Բայց իրապէս տակաւին կը հիանամ, թէ այդ օր ինչպէ՛ս առանց ջանքի եւ առանց ինքզինք պարտադրելու ի՛նք տարաւ յաղթանակը եւ ես պզտիկ մնացի։
Մեր այս տարիքին դեռ նոր պիտի ճանչնանք մեր մայրերը…։
Սիրով՝
Սօսէ
* * *
23 դեկտեմբեր 2000
Կը պատրաստուինք Կաղանդը դիմաւորելու։ Ամենէն անուշ բանը այս օրերուն՝ մօրս հետ անուշեղէնները եփելն է։ Ինչքան բան կը սորվիմ իրմէ ամեն անգամ որ իր մօտ կու գամ։ Իր ծով համբերութիւնը, անուշ ձայնը, հանդարտութիւն կու տան ինծի այն ժամերուն որ իր խոհանոցին մէջ միասին ենք, կամ գաւաթ մը սուրճի շուրջ նստած՝ ինծի հին օրերէն կը պատմէ։
Երանի Ատրինէն կարենայ գալ իր մանչուկին հետ, այս տարի Կաղանդը միասին անցնելու համար։ Ամուսնալուծումէն ետք իրեն համար ալ փոփոխութիւն կ’ըլլայ։
* * *
2010
Երեք ամիսէ ի վեր Ատրինէ իր նախկին ամուսնոյն գործընկեր Յարութ Աւետեանի տուած հայերէնի յառաջացած դասընթացքին կը հետեւէր (որուն մասին դեռ բան չէր ըսած Սօսէին), երբ Սօսէի հօր մահուան լուրը առաւ եւ որոշեց գեղեցիկ հայերէնով ցաւակցական նամակ մը գրել Սօսէի մօր։ Իր նպատակը յայտնեց Յարութին, որ առաջարկեց խմբագրել նամակը նախքան իր առաքելը։
Ատրինէ ուրախութեամբ գործի անցաւ, եւ այդ իսկ երեկոյ, աշխատանքէն վերադարձին, բառարանի օգնութեամբ աշխատեցաւ իր նամակին վրայ։ Քանի մը անգամ ջնջելէ եւ վերսկսելէ ետք, վերջապէս բաւական գեղեցիկ գտաւ իր գրածը եւ Յարութին
հեռաձայնելով կարդաց զայն։ Յարութ լռութեամբ մտիկ ընելէ ետ ըսաւ, թէ «գեղեցիկ» եւ գունեղ բառերէն աւելի կարեւոր է պարզ եւ խորապէս զգացուած բառերով արտայայտել ըսելիքը։
Եթէ ճիշտ նոյն բաները Սօսէն ըսած ըլլար, պիտի ընդդիմանար, նեղուէր, «ասքան է կրցածս» ըսէր եւ անցնէր։ Բայց որովհետեւ Յարութն էր ըսողը, որուն հետ անցեալ շաբաթ սուրճի ալ գացած էր, սիրով ընդունեց ընել հարկ եղած սրբագրական աշխատանքը։ Աւելին։ Առաջարկեց, որ յաջորդ օր իր մօտ ընթրիքի գայ Յարութ եւ իր նամակին նոր տարբերակը կարդայ։
Յարութ եկաւ, միասին ճաշեցին, եւ Chiantiի բաժակները ի ձեռին՝ ուղղուեցան Ատրինէի գրասենեակը, համակարգիչին վրայ իր գրած նամակը կարդալու։
Սիրելի տիկին …
Շատ ցաւեցայ լսելով ձեր կորուստին մասին։ Ես զինք աւելի լաւ ճանչցայ երբ քանի մը տարի առաջ Կաղանդին ձեր մօտ եկայ։ Կրնամ երեւակայել ինչ ծանր է սիրելի մը կորսնցնելը։ Գիտեմ որքան յարգուած եւ կարեւոր անձնաւորութիւն մըն էր պարոն ….ը գաղութէն ներս։ Վստահ եմ, որ իր յիշատակն ալ պիտի յարգուի զինք բոլոր ճանչցողներուն կողմէ։
Կը մաղթեմ որ մխիթարութիւն գտնէք շրջապատուած ձեր սիրելիներով։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։
Ատրինէ
Յարութ վայրկեան մը կեցաւ աչքերը սառած համակարգիչի պաստառին վրայ, յետոյ Ատրինէին դառնալով ժպտեցաւ եւ թեթեւ մը ձեռքը սեղմեց։ Առանց կարեւորութիւն տալու Ատրինէի կարմրած այտերուն, քանի մը սրբագրութիւն ըրաւ (օրինակ՝ յարգուի բոլոր զինք ճանչցողներուն կողմէ փոխանակ՝ յարգուի զինք բոլոր ճանչցողներուն կողմէ) եւ նամակը կատարեալ հռչակեց։
Ատրինէ ինքզինք հաւաքելով անմիջապէս առաքեց ե-նամակը Սօսէի հասցէին, որուն հօր մահէն արդէն երկու օր անցած էր։
* * *
2015
Սիրելի Սօսէ,
Ինչե՜ր ունիմ քեզի պատմելիք, Սօսէ ճան։ Հայաստանէն վերադառնալէս ի վեր չեմ դադրած Երեւանի մասին խօսելէ ամեն ծանօթի որ հանդիպիմ։ Իրենք ալ Հայաստան գացած ըլլան կամ ոչ. հոգս չէ։
Ես անշուշտ քաղաքի աղջիկ ըլլալով Երեւանը աւելի հաւնեցայ, բայց Յարութը, որ գիւղէն կու գայ եւ արդէն քանի մը անգամ եղած է Երեւան, աւելի փոքր քաղաքները եւ գիւղերը կը նախըտրէր երթալ։ Հոն անշուշտ օդն ալ աւելի լաւ էր,
բնութիւնն ալ։ Յարութին հետ գիւղէն տուն մըն ալ գնեցինք։ Երեւանի օդը անտանելի է։ Կառավարութիւնը բան մը պէտք է ընէ այդ մասին։ Ես հայ եմ դիմացայ։ Բայց օտար զբօսաշրջիկը ո՞րքան կրնայ տանիլ այդ ապականած մթնոլորտը։
Դուն ալ գացած ես Հայաստան, գիտեմ։ So, աւելի երկար պիտի չխօսիմ այդ մասին։ Բայց ըսեմ, որ Չարենցի անուան տուն թանգարանը գացինք եւ հիացա՛յ։ Ի՛նչ խնամքով պահած են ամեն ինչ։ Ի՛նչ յարգանք եւ սէր իր հանդէպ։ Քեվընին համար իր գիրքը գնեցի. յուսամ հայերէն անձնական դասերը ամբողջացնելէ ետք կարենայ կարդալ եւ գնահատել։
Հէ՜յ, լաւ լուր մը ունիմ….։ Յղի՛ եմ նորէն! Woo! Ըստ երեւոյթի Հայաստանի մէջ յղացանք։ Դեռ չենք գիտեր աղջիկ է թէ տղայ, բայց ես աղջիկ կ‘ուզեմ։ Անուշիկ, քնքուշիկ աղջիկ մը։
Կարօտցած եմ քեզ։ Հոս քեզի պէս անկեղծ եւ մաքուր ընկերուհի չունիմ։ Ահա՛ նորէն սկսայ յուզուիլ։ Կարծեմ յղութիւնս է …։
Պաչիկներ,
Ատրինէ
Սիրելի Ատրինէ,
Այս ի՛նչ լաւ լուր։ Երանի կարենայի քանի մը ամիսով քովդ գալ եւ քեզի օգնել։ Բայց ինչպէս գիտես, մայրս ինծի հետ կ‘ապրի հիմա եւ շատ հանգիստ ալ չէ։ Իր առօրեայ պէտքերուն համար ինձմէ կախեալ է։ Իր ցուցմունքներով՝ հայկական ճաշերն ալ ես կ‘եփեմ հիմա։ Անցեալ շաբաթ միասին լոլիկի եւ կծու պղպեղի մածուկ պատրաստեցինք, հակառակ իր տկար վիճակին։ Ի՛նք ստիպեց։ Վերջին անգամն է ասիկա, աղջիկս, ըսաւ եւ սիրտս ծակեց։
Ես ալ պիտի փափաքէի, որ աղջիկ զաւակ ունենաս այս անգամ, Ատրինէ։ Պիտի տեսնես ինչ անուշ բան է մայր ու աղջկայ
տաքուկ մտերմութիւնը։ Դուն մայրդ կանուխ կորսնցուցիր եւ առիթը չունեցար։ Յուսամ աղջիկդ քեզի այդ առիթը կը շնորհէ։
Պատմեմ ինչ ըրաւ մայրս երէկ։ Կին մը կար, որ մօրս մասին սուտ վկայութիւն ըրեր էր տիկնանց միութեան կիներուն։ Կարեւոր չէ ինչ էր հարցը, կարեւորը մօրս պատասխանն էր։ Առանց տատամսելու՝ հեռաձայնեց այդ կնոջ եւ ըսաւ. Չեմ գիտեր ինչ բան քեզ դրդեց, որ իմ մասիս այդպէս խօսիս, բայց կը ներեմ քեզի, որովհետեւ հաւանաբար ըստ քեզի պատճառ մը ունէիր այդպէս ստելու, նոյնիսկ գիտնալով որ ճիշտ չէր ըրածդ։ Դո՛ւն ինքզինքդ եւ ըրածդ դատէ եւ որոշէ ի՛նչ պէտք է ընես հիմա։
Ըստ երեւոյթի կինը սկսաւ լալ, որովհետեւ մայրս սկսաւ զինք հանդարտեցնել։ Ինծի ներողութիւն մի ըսեր, ըսաւ իրեն։ Գնա՛ տիկնանց միութեան կիներուն ըսէ։
Կրնա՞ս երեւակայել…։ Վստահ եմ որ միայն ըսած բառերը չեն, որ տարօրինակ ազդեցութիւն ունին մարդոց վրայ. ըսած ձե՛ւն է. իր հեղինակաւոր կեցուածքը, անդորրութիւնը։
Երանի ես կարենամ իմ հարցերս այդպէս լուծել։
Մի մոռնար ինծի Հայաստանի նկարներէդ ղրկել։
Սիրով՝
Սօսէ
Սիրելի Սօսէ,
Ծնա՛ւ, ծնա՛ւ, ծնա՛ւ։ Աղջի՛կս ծնաւ։ Ախ, ի՜նչ երջանիկ եմ, Սօսէ ճան։ Յարութը խելքը կը թռցնէ կոր մեր աղջնակին վրայ։ Համալսարանէն ելլելուն պէս տուն կու գայ կոր որ Արեւիկը գրկէ, սիրէ, նոյնիսկ տակը փոխէ։ Հէչ ուրիշ հայ մարդոց չի նմանիր։ Շատ մօտերն է։ Խոհանոցէն մինչեւ Արեւիկին սենեակը ինչի որ պէտք ունենամ՝ ինծի կ‘օգնէ։ Այնպէս որ վնաս չունի եթէ չես կրնար գալ աղջիկս տեսնելու։ Քիչ մը թող մեծնայ՝ մենք կու գանք։
Գիտեմ մամադ տարիքը առած է, բայց նորէն ալ քաջ կին է. դեռ երկար քեզի հետ պիտի մնայ։ Մի՛ վախնար։ Առողջութիւն կը մաղթեմ իրեն եւ իմ կողմէս պաչիկներ իրեն։
Հա՛, քիչ մնաց պիտի մոռնայի։ Սօսէ ճան, քեզմէ խնդրանք մը ունիմ։ Մանաւանդ հիմա որ հայկական ճաշեր ալ կը պատրաստես կոր, հաճիս կրնա՞ս ինծի քանի մը հատին, գոնէ երեք հատ, recipe ղրկել։ Ես հոս քանի մը հայ կիներ հաւաքած եմ եւ ամսական հանդիպումներ կ‘ունենանք հայկական բաներու մասին խօսելու, կարդալու, դիտելու համար։ Այս կիները իմ քանի մը տարի առաջուան կացութեանս մէջ են։ Կ‘ուզեն աւելի լաւ գիտնալ հայկական բաներ եւ իրենց զաւակներուն սորվեցնել։ Ես ալ մտածեցի՝ որ լաւ կ‘ըլլայ հայկական, զո՛ւտ հայկական ճաշեր եփել եւ իրենց հրամցնել։ Լաւ կ‘ըլլայ, չէ՞։
Վերջացնելէ առաջ՝ ուրիշ որոշում մըն ալ ըսեմ քեզի։ Որոշեցի Արեւիկին սկիզբէն հայերէն սորվեցնել, նոյնիսկ անգլերենէն առաջ։ Անգլերէնը այսպէս թէ այնպէս պիտի սորվի։ Քեվընին դժուար եղաւ հայերէն սորվեցնելը, բայց ինչ որ է, քիչ մը կը խօսի կոր գոնէ, բայց շատ լաւ կը հասկնայ։ Յուսամ քրոջ խօսելէն ետք ինք ալ աւելի կը զարգացնէ իր հայերէնը։
Օ՛։ Կարծես լսեց իր մասին կը գրեմ կոր՝ արթնցաւ…։ Քովը երթամ։
Պաչիկներ՝
Ատրինէ
Սիրելի Ատրինէ,
Շնորհաւորութիւ՛ն քեզի եւ Յարութին եւ պաչիկներ Արեւիկին։ Իսկապէ՛ս ուրախ եմ որ մեր մաղթանքը իրականացաւ եւ աղջիկ ծնաւ մանուկդ։ Կ‘երեւի խանդավառութեանդ մէջ մոռցար ինծի իր նկարը ղրկել։ Հաճիս գալ անգամ կը սպասեմ։ Օ՜ ներողութիւն. հիմա տեսայ, վարը կցեր ես։ Ի՜նչ անուշիկ էք երեքդ։ Բայց ամենէն անուշիկը ինքն է, Արեւիկը։
Շատ լաւ եւ ճիշտ որոշում առած ես Արեւիկին սկիզբէն հայերէն սորվեցնելու։ Եւ վստահ եմ որ Քեվընն ալ իր հայերէնը կը բարելաւէ Արեւիկին շնորհիւ։
Ուրախութեամբ քեզի կը ղրկեմ հայկական ճաշերու երեք բաղադրատոմսեր այս ե-նամակին կցուած։ Աւելի ետք ուրիշ ալ կը ղրկեմ։
Հիմա մօրս քովն եմ, հիւանդանոցը։ Երէկ վիճակը վատթարացաւ եւ ստիպուած զինք հոս բերի, հակառակ որ չէր ուզեր գալ։ Բայց հիմա կարծեմ կը գիտակցի, որ ես չէի կրնար այս նոյն խնամքը տալ իրեն մեր տան մէջ։ Ես ալ կը մաղթեմ, որ օր առաջ լաւանայ եւ ետ տուն երթանք։
Ինծի համար օրհնութիւն եղան այս վերջին տարիները, որ մօրս հետ ապրեցայ։ Զինք իսկապէս աւելի լաւ ճանչցայ։ Կրցայ զինք տեսնել որպէս կին, եւ ոչ միայն որպէս մայր։ Կրցայ գնահատել իր էութիւնը, իր կեանքի իմաստութիւնը, որուն չէի գիտակցած երիտասարդութեանս, եւ նոյնիսկ քննադատած էի զինք։ Հաւատա՛, Ատրինէ, իմ կեանքս աւելի հարստացած է զինք ճանչնալով։ Ի՞նչ ըսեմ. ինքնութիւնս կարծես աւելի խորք ստացած է հիմա. արմատներս ամուր հաստատուած են հիմա… Հողս գտած եմ… Տեսակ մը խաղաղութիւն կը զգամ… Չեմ գիտեր ինչպէս բացատրել…։
Եւ կը խոստովանիմ, որ այն գորովը որ մօրս հանդէպ կը զգամ՝ չեմ զգացած ոեւէ անձի հանդէպ, նոյնիսկ հօրս, որուն այնքան մօտիկ էի։ Հօրս հանդէպ զգացածս աւելի ակնածանք էր։ Բայց մօրս հանդէպ զգացածս տարբեր խորք ունի։ Հիացում է իր բնազդային մաքրութեան, ինքնագիտակցութեան, մարդկայնութեան, իր բոլորին տարածուող սիրոյն եւ նուիրումին վրայ — իր համեստութեան մէջ իսկ մարդկային բարձր արժանիքներու տիրացումին վրայ։
Ես ինծի հետ ալ կը խօսիմ քեզի գրած ատենս, Ատրինէ։ Ներէ՛ եթէ երբեմն կը տարուիմ եւ մենախօսութեան կը վերածուի նամակս։
Մայրս արթնցաւ հիմա եւ իր օրհնութիւնը կը ղրկէ քեզի։
Պաչիկներ քեզի, Յարութին, Քեվընին եւ մանաւանդ՝ Արեւիկին։
Սիրով՝
Սօսէ
* * *
26 հոկտեմբեր 2016
Այսօր կը սկսիմ կեանքս առանց մօրս. առանց իրեն՝ ֆիզիքապէս, հողի վրայ։
Այսօր՝ կը սկսիմ իմ կեանքս՝ ունենալով զինք իմ մէջ, փոխանակ իմ կողքիս, ջանալով իւրացնել իր սէրն ու համբերութիւնը բոլորին հանդէպ, իր ներողամտութիւնը, իր քաջութիւնը, եւ իր հանդուրժողութիւնը մարդոց թերութիւններուն եւ սխալներուն։
Այսօր փոխակերպութեան օր է, Մայր։ Դուն որ քու երկրային կեանքով անխառն սիրոյ հրաշալի օրինակը եղար ինծի՝ այսօր քու եթերային կեանքի նախամուտիդ՝ քու բիւրեղային յատկութիւններդ փոխանցէ ինծի։
Կը հիանամ իմաստութեանդ վրայ։ Հարցերը ճիշտ դատելու կարողութեանդ վրայ։ Հակառակ որ չափազանց համեստութիւնդ կը նեղացնէր զիս յաճախ, հիմա գիտեմ, որ քու մեծագոյն ոյժդ քու փափկութեանդ մէջ էր։ Քու ապրած երկար տարիներու հոգերդ ու յոգնութիւններդ, ցաւերդ ու տխրութիւններդ կը փշրուէին քու արեւափայլ դէմքիդ վրայ՝ վերածուելով գեղեցիկ, անմեղունակ ժպիտի մը։
Փոխանցէ ինծի փափկութիւնդ, Մայր։ Ժպիտդ մաքուր…
* * *
Երկու ընկերուհիները անխօս կը նայէին իրենց սուրճի գաւաթներուն։ Սօսէ մեղմօրէն կը շոյէր գաւաթին եզերքը, մեքենայական շարժումով մը։ Ատրինէ ձեռքը ընկերուհիին ուսին դրած՝ կը սպասէր որ Սօսէ ինք խօսէր նախ։ Քիչ առաջ այս սրճարանը եկած էին յուղարկաւորութենէն եւ ընդունելութենէն ետք։ Ատրինէ քանի մը ժամէն պիտի վերադառնար Վանքուվըր եւ երկու ընկերուհիները ուզած էին միասին ըլլալ մինչեւ Ատրինէի թռիչքի ժամը։
Սօսէին տխրութիւնը դէմքին վրայ տանտէրի պէս հանգչած էր հանդարտ եւ լուռ։ Փխրուն գեղեցկութիւն մը կար իր դէմքին, որ կարծես պիտի տատանուէր եթէ աչքերը վերցնէր գաւաթին վրայէն։ Եւ կարծես ինք ալ զգոյշ, որ յանկարծ ապակիի պէս չփշրուի, առանց շարժելու ըսաւ.
— Չեմ կարծեր մայրս կրնայ երբեւէ ինձմէ հեռանալ… ոչ ալ ես իրմէ։ Մեր որոշումն է եթէ կ’ուզենք զիրար լքել եւ հեռանալ… բայց ոչ ես, եւ ոչ ալ ինք նման բան կրնանք մտածել անգամ։
— Յուղարկաւորութեան ատեն կարդացածդ շատ ազդեցիկ էր,— Ատրի նէ ը սաւ։ — Ի՛նչպէս դիմացար մինչեւ վերջին տողերը, չեմ գիտեր։
— Սենեակիդ մէջ գրած ատենդ զգացածդ աւելի դժուար է տանիլ, քան կարդացած ատենդ։ Դեռ շատ դժուար պահեր պիտի անցնեմ, բայց միշտ պէտք է յիշեմ, որ այլեւս բան չկայ մեզ իրարմէ բաժնող. ո՛չ իսկ մահը։
— Դուն զօրաւօր կին ես, Սօսէ։ Պիտի տանիս այս ամենը։ Պիտի նոյնիսկ գեղեցկացնես այս դառն զգացումը, ինչպէս արդէն ըրիր կարդացած տողերովդ։ Բայց կ’ուզեմ որ ատենուայ մը համար Վանքուվըր գաս եւ մեր մօտ մնաս։ Երկուշաբաթէն
Հայաստանէն կը վերադառնանք Արեւիկին կնունքը ընելէ ետք։ Խնդրեմ, արձակուրդ տուր դուն քեզի եւ եկուր։ Արդէն դեռ Արեւիկս ալ չես տեսած։
— Կու գամ։ Բայց ինչո՞ւ Հայաստան պիտի ընէք կնունքը։
— Գիտեմ, հիմա մօտա դարձած է հարսանիք-կնունք Հայաստան ընելը։ Բայց իմ պատճառս բոլորովին տարբեր է։ Ես իր մայրենի հողին հետ կ’ուզեմ որ կապուի աղջիկս առաջին օրէն։ Գիտեմ, հիմակուհիմա Վանքուվըր պիտի մեծնայ, բայց նախ՝ հոն յղացայ զինք եւ յետոյ՝ հայ ու հողին եւ ջուրին հետ իր կապը կ’ուզեմ ստեղծել։ Կը յիշե՞ս ինչ կ’ըսէիր մայրդ աւելի մօտէն ճանչնալէ ետք։ Ես ալ այդ ամենը կրնամ ըսել հայերէնին աւելի մօտենալէ ետք։ Իմ ալ կեանքս աւելի հարստացած եւ խորք ստացած է հիմա։ Ես ալ արմատներս եւ հողս գտած եմ։ Չեմ գիտեր տարիքի՞ պատճառաւ է արդեօք—բան մը փոխուած է մէջս։ Հանգչած եմ հիմա, գիտնալով թէ ուրկէ կու գամ։
Ընկերուհիները քիչ մը եւս զրուցեցին եւ երբ Ատրինէի թռիչքի ժամը մօտեցաւ, ողջագուրուեցան, քանի մը շաբաթէն դարձեալ տեսնուելու որոշումով։
Բաժնուելէ առաջ, Ատրինէ Սօսէէն խնդրեց, որ յուղարկաւորութեան կարդացած իր բանաստեղծութիւնը իրեն տայ, որպէսզի անգամ մը եւս կարդայ։ Սօսէ պայուսակէն թուղթ մը հանեց եւ իրեն տուաւ։
* * *
Օդանաւին մէջ իր աթոռին վրայ հաստատուելէ ետք, Ատրինէ բացաւ Սօսէին տուած թուղթը եւ կարդաց.
Ներէ՛ ինծի, մայր,
այն բոլոր վայրկեաններուն համար, երբ
իմ պատճառաւ դէմքդ մթագնեց։
Ներէ, որ մերթ-մերթ
սիրտդ խոցեցի ակամայ,
մինչ դուն՝ անխառն սիրով
իմաստուն ժպիտով՝
համբերեցիր։
Ես ուշ հասկցայ, որ
պատառ-պատառ, կաթիլ-կաթիլ,
ամեն հացի ու շոյանքի հետ,
անզգալաբար, լոկ պահուած քովդ՝
մաքուր արժէքներու, գեղեցիկին
զգայնութիւնը սրսկած ես
երակներուս մէջ։
Ես ուշ հասկցայ, որ
քու նուրբ հոգւոյդ վեհութիւնը
աւելի բարձր է քան
բարձրագոյն սուրբերն,
իսկ դուն՝ աւելի խորը իմաստուն
քան վկայեալ սողոմոններն։
Քու սէրդ ջինջ է
յորդ աղբիւրի պէս.
քու ժպիտդ՝ ցոլքը բարութեան, որ
հոգին կ’ողողէ
յոյսով կապոյտ։
Հիմա դուն չկաս,
բայց եւ միշտ կ’ապրիս իմ մէջ,
ինչպէս լեզուիս կպչած Մայրենին,
ինչպէս Հողին բուրմունքը ռունգերուս։
Արմատներս են զօրացած քեզմով
եւ զիս վերադարձուցած՝
սկիզբին։
Հիմա դուն չկաս,
բայց կը մնաս
միշտ





