ՍԵՒ ԱՆՏԱՌՆԵՐ

Ա.

Դիզուեցան գիշերները իրարու վրայ

Դարսուող դիակներու դժխեմութեամբ

Եւ իրենց մէջ լուծեցին լոյսը

 

Չապրած ժամանակներու կարօտը մնաց

Ու կը բզզայ անընդհատ

Պատմութեան լուսանքներուն վրայ

 

Սեւ լեռները պահեցին գաղտնիքը

Պահեցին իմաստը

Եւ լռեցին խռոված

 

Բ.

Ծովը կը կանչէ

Աւազները կը թրթռան

Ու ձայն կու տան

Սեւ լեռներուն

 

Եւ քաոսը իր սկիզբէն

Արարումի կը դրուի

 

Գ.

Քեզի՛    ընթերցողը տողերոււս

Եւ միտքերուս

Որ օր մը իրիկունով        անձրեւին տակ

Կը վերադառնաս

Տուն      հայրենիք  թէ

Կորսուած երազներու հովիտը

 

Կը վերադառնաս   ուսիդ

Աղաւնին

Երկրորդը     որ թռիչք առաւ Նոյի ափերէն

Չվերադարձաւ

 

Սպաննեցին նախ անմեղութիւնը

Փետտեցին թեւերը

Կուրցուցին նայուածքը

 

Թափառեցաւ փնտռելով հողը

Եւ հիմա                  ուսիդ

Կը վերադառնայ գրկած յոյսը

 

Կը վերադառնայ    ուսիդ

Կառչելով քայլերուդ հաստատամիտ

 

 

Դ. ՄՈՒՍԱ

 

Ուսիս էիր

Եւ ինծի հետ դիտեցիր

Էջերէն եւ թերթերէն

Ապա նաեւ պաստառներէն վեր յառնող

Բազմաբնոյթ եւ բազմացեղ ջարդերը

 

Մղձաւանջ չէր

 

Ու երկուքս

Սարսափահար լռեցինք

մինչ կարմիրը կը տեղար

Սեւ անտառներուն վրայ

 

 

Ե. ԴՐԱՍԱՆԳ

 

Դուռը չկար

Դրասանգը մնացեր էր որպէս պատկեր

Եւ բանալին մնացեր էր որպէս միջոց

Ուղիներու

Ետ դառնալու եւ փնտռելու

Եւ գտնելու

Դուռը արդէն լոկ յիշատակ

 

 

Զ. ԴԱՐՁ

 

Հասնիլ ցանկութեան

Փենելոփէ

              Փառանձեմ        

                                 Եւ Սափօ ըլլալու

Պայքարի ծովեզրին

Չափելու խորքեր

Եւ խիզախութիւն

Սըղնըխ հասնելու

Եւ ետ դառնալու

 

Ետ դարձեր կան

Տասը հարիւր հազար տարի առաջ են

Երբ ետեւէն կը դիտես քեզ

Մերժումները նետերու պէս քեզ կռնակէդ հարուածած

Արցունքի տիկը հսկայ

Ուսէդ կախ

Եւ մեղեդին բոլոր փշոտ բառերուն

Զինամթերք

Պաշտպանութիւն անտառներուն

 

Ետ դարձեր կան

Նոր գալուստներ կ’աւետե՞ն

 

Է.

Սեւ անտառներուն սարսափելի վիշտը

Հազար հազար անապատներ կտրեց

Ու հասաւ

Նորուց արմատ նետելու

 

Ծածկուեցան կածանները դրախտ տանող

Ու կանաչը կարմրեցաւ

եռացող ճչոցներով

 

խուլցեր էին անտառները

Լսող չկար

 

միայն վիշտը հսկայ

Փռեր էր լռութեան գոյնը

Ծածկեր կապոյտը

 

Վրանի պէս

Վիրակապի պէս

իմ ու սեւ անտառներուն

փուշերուն վրայ

 

հարուածող կարկուտէն փրկութիւն

որպէս

 

մինչեւ

 

մինչեւ անցնի անցողիկը

ու վերադառնանք

 

Ը. ՎԻՇՏ

 

Կարծես մեռած

Մարմինս հոս ու հոգիս

Հոն

 

Թափառական վշտահար

Քառասունքը սպասող

 

Կը յիշե՞ս սիրած աղջկադ աչքերը

«Այնքան կանաչ են

Որ կարծես սեւ են»

 

Բառերդ գողցան աչքերուս գոյնը

Մնացի անգոյն

 

Եւ հիմա անգոյն այս նայուածքով

Թափառական  վշտահար

 

Սեւ անտառներուն վերադարձը

Կը սպասեմ