ԳՈՅՆԵՐ ՀԵՏՔԵՐ
Իգնա Սարըասլան
Խմբագիր՝ Ե.Փ. Թովմասեան
Արաս հրատարակչատուն, Պոլիս, 2023

Ստանպուլահայ արդի քերթողութեան լաւագոյն աւանդութիւններուն շարունակողն է բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան, որ ընթերցասէրներուն կը մատուցէ իր նոր՝ հինգերորդ ժողովածոն: Հատորը կողքի մը տակ կը խմբէ վերջին տարիներուն «Նոր Մարմարա» օրաթերթի գրական էջերուն վրայ հրատարակուած քերթուածները, ինչպէս նաեւ «Դարէ  դար Աղթամար» շարքն ու « Մայրամուտին Թոտորի» գործը: տաղանդաւոր բանաստեղծը կեանքի նկատմամբ սնուցած իր մշտավառ յոյսը խանդավառ տողերով կը փոխանցէ ընթերցողին՝ կեանքի կոչելով նաեւ հնօրեայ, բայց միշտ ներկայ քերթողներն ու այրերը: Իզնա Սարըասլանի գիրը ընթերցողը կ’առաջնորդէ հոգեւոր աննման ուղեւորութեան մը՝ անակնկալ հանդիպումներու  խոստումով աննուազ պահելով անոր հետաքրքրութիւնը:

Your email address will not be published. Required fields are marked *