Մենագրութiւնը նուիրուած է ֆրանսահայ բանաստեղծ, մտածող Նիկողոս Սարաֆեանի (1902-1972) ստեղծագործական ժառանգութեան։ Փիլիսոփայական, մշակութաբանական վերլուծութեան միջոցով ուրուագծուած է քսաներորդ դարասկզբի հայ... Կարդալ աւելին
«Մերինները…» գիրքի հրատարակութեամբ, Անահիտ Սարգիսեան չափահասներուն հետ պատումներու շարք մը կը բաժնէ։ Իր խօսքով հիւսած եւ թուղթին վրայ ներկած իր թելով՝ ընթերցողին միջոցային եւ ժամանակային ճկուն տարածքներու վրայ հին հանդիպումներու եւ նոր ծանօթութիւններու դաշտ մը կ՚ուրուագծէ։ «Մերինները…» ընթերցողին ենթագիտակցութեան մէջ կորսուած պատումներուն հետ հեռու մօտիկ կապեր կը ստեղծէ, յիշողութիւններ կը դրդէ կամ բոլորովին նոր պատուհան մը կը բանայ՝ Տիկին Պէաթրիսի, Հերիքնազի կամ Ղազարոսի դէմքի արտայայտութիւններով, մտմտումներով, շուքին տակ մնացած անոնց նիստուկացով։ Կարդալ աւելին
Աշխատասիրութեամբ Գրիգոր Պըլտեանի Ֆրանսահայ բանաստեղծ նիկողոս Սարաֆեան (1902-1972) սփիւռքահայ գրականութեան առաջին սերունդի ամենէն յանդուգն եւ ինքնատիպ բանաստեղծն է, նորոգող ու... Կարդալ աւելին
Աշխատասիրութեամբ Գրիգոր Պըլտեանի Այս ժողովածուն կ’ամփոփէ նիկողոս Սարաֆեան բանաստեղծի (1902-1972) փորձագրական էջերուն մեծ մասը. քննադատական էջեր, ուսումնասիրութիւններ, խոհական յօդուածներ հայ... Կարդալ աւելին
Աշխատասիրութեամբ Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի Կոստան Զարեանի (1885–1969) Արեւմուտք (1928) եւ Քաղաքներ (1930) վէպերը ինքնակենսագրական ենթաբնագիր ունեցող գիրքեր են եւ հիմնուած են... Կարդալ աւելին
Յառաջաբանը՝ Մարկ Նշանեանի Արաս հրատարակչատուն Պոլիս, 2022 Զապէլ Եսայեան 24 ապրիլ 1915ի վաղորդայնին շրջան մը ընդյատակ քաշուելէ ետք կ՚անցնի Պուլկարիա։... Կարդալ աւելին
Վահան Թէքէեանի խմբագրականները ժամանակի անցուդարձերու բաց տոմար մը կը կազմեն, որ կ՚անդրադառնայ համաշխարհային, ազգային, քաղաքական, կուսակցական, ու ընկերային բազմապիսի հարցերու։... Կարդալ աւելին
    Այս հատորին կազմութիւնը, խմբագրութիւնը եւ ծանօթագրութիւնը կատարած է Վարդան Մատթէոսեան, որու գրական վաստակին մէջ նկատառելի տեղ կը գրաւէ... Կարդալ աւելին
Վարդան Մատթէոսեան եւ Արծուի Բախչինեանի հեղինակած այս աշխատութիւնը արդիւնքն է երկու տասնամեակներու հետազօտութեան, որուն սկզբնական արդիւնքը լոյս տեսած էր հայերէն... Կարդալ աւելին
«Երկիր մոլորակին վրայ, մարդ արարածը միշտ ենթադրած էր թէ ինք աւելի խելացի էր քան դելփինները, որովհետեւ այնքան աւելի մեծ ձեռքբերումներ... Կարդալ աւելին
Հատորը լոյս տեսած է 2021ի դեկտեմբերին, Երեւան, ԱՐԻ Գրականութեան Հիմնադրամ հրատարակչութեան կողմէ, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ։ Բովանդակութիւնը կազմուած է բանաստեղծութիւններէ... Կարդալ աւելին
Կապոյտ երազը կը խմբէ ստանպուլահայ գրողներու՝ ծովու, կղզիի, նաւու ու նաւամատոյցի վերաբերող պատմուածքները, գրականութեան բաւիղներուն մէջ կը հետապնդէ Պոլսոյ ու... Կարդալ աւելին
Գրքոյկը հայերէն թարգմանութիւնն է Ջորջո Ագամբենի l’amico փիլիսոփայական փորձագրութեան, ուր Ագամբեն կը դիմէ Արիստոտէլին, պեղելու բարեկամութեան իմաստը։ Բարեկամը որպէս այլինք... Կարդալ աւելին
Գրքոյկը հայերէն թարգմանութիւնն է Ջորջո Ագամբենի Che cos’è il contemporano? դասախօսութեան, արտասանուած Վենետիկի ճարտարապետական համալսարանի 2005-2006 թուականներու տեսական փիլիսոփայութեան դասընթացքի... Կարդալ աւելին
Կին՝ Ատեան եւ Մատեան գիրքը լոյս տեսաւ փետրուար 2022ին «Զանգակ» հրատարակչատունէն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութեամբ, խմբագրութեամբ՝ Յարութիւն Պէրպէրեանի։ Կողքի նկարը՝... Կարդալ աւելին