Ծակ Պտուկը, առաջին ծաւալուն վէպը Յակոբ Օշականի, լայն պաստառի վրայ կը վերակենդանացնէ պոլսամերձ հայ գաւառը, որուն բնիկն էր գրագէտը: Այս հսկայ որմնանկարը, ժամանակի աւանդական մէկ ընկերութեան բնորոշ գիծերուն մէջէն եւ անոնցմէ անդին, անկրկնելի հարստութեամբ եւ ուժգնութեամբ մեր առջեւ կը բանայ ամբողջ հանդէս մը՝ մարդկային յորդ ապրումներու, կիրքերու, երջանկութեան յուսահատ որոնման եւ ճակատագրական բախումներու: