ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ
Հանգրուաններ

Խմբագրութիւնը եւ յառաջաբանը՝ Մարկ Նշանեանի,

Արաս, Պոլիս,
2024

Կը բաղկանայ չորս յաջորդական բաժիններէ։ Յակոբ Օշականի գրիչէն ելած տասնհինգ գրուածքներ կը հրամցուին, բոլորն ալ՝ քննադատական, փորձագրական, անդրադարձային եւ ինքնանդրադարձային բնոյթի։ Այս էջերուն մէջ գրականութիւնը կը խօսի ինքն իր մասին, գրող մը՝ ինքն իր մասին, Սփիւռքը՝ ինքն իր մասին։ Հատորի վերջաւորութեան՝ ընթերցողը պիտի գտնէ Մարկ Նշանեանի ստորագրութեամբ «Գեղագիտական սկզբունքը եւ վախճանական փորձընկալումը» վերնագրով հակիրճ աշխատասիրութիւն մը, որ Յակոբ Օշականի ստեղծագործական կեանքին հանգրուանները կը փորձէ պատկերացնել եւ այդ ձեւով՝ հրամցուած կտորներուն շրջածիրը վերստեղծել։

Հանգրուաններ հատորը 1926-էն ի վեր Պոլսոյ մէջ հրատարակուած առաջին հատորն է, որ կը կրէ Յակոբ Օշականի անունը իր տիտղոսաթերթին վրայ։

Your email address will not be published. Required fields are marked *