Վազգէն էթիեմեզեանի գործերուն երկրորդ հատորն է այս՝ շարունակութիւնը հանդիսանալով առաջին հատորին՝ Շաբթուան Մտածումը, որ լոյս տեսած էր Պէյրութ 2023-ին։ Հատորին խմբագիրն է Յարութիւն Պէրպէրեան, որ Էթիեմեզեանի գրութիւնները դասակարգած է երեք ընդհանուր խորագիրներու տակ, առաջինը՝ «Պատմուածքներ եւ գեղարուեստական էջեր» (27 խորագիր), երկրորդը՝ «Յօդուածներ, գրախօսականներ մշակոյթի արմատներուն ընդմէջէն» (18 խորագիր), երրորդը՝ «Իմացական էջեր» (29 խորագիր): Խմբագիրը նաեւ որոշ յօդուածներու մէջ կատարած է «միջամտութիւններ», այսինքն՝ ընթերցողին (հաւանաբար) անծանօթ կամ նուազ ծանօթ հեղինակներու կամ գրական-պատմական-իմացական գործերու մասին տուած է տողատակի բացատրութիւններ։ Գիրքը կարելի է ստանալ Համազգայինի գրատարածներէն։