Վ. ԷԹԻՄԵԶԵԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԸ

 Ճիշտ է որ Վազգէն Էթիեմեզեանի ստեղծագործութիւնը, իր պատմուածքներով, գեղարուեստական էջերով, իմացական յօդուածներով, գրախօսականներով, նոյ­նիսկ՝ թարգմանական յօդուածներով ամբողջութիւն մըն է, որ զիրար լրացնող բաժիններով իւրայատուկ անհատականութեան, մտածողութեան մը տարբեր երեսնե­րը կը ներկայացնէ, սակայն այստեղ կեդրոնացումը իր գեղարուեստական արձակ գոր­ծերուն, պատմուածքներուն վրայ է1:

Երբ հատոր մը հեղինակին մահէն աւելի քան քառորդ դար ետք կը հրատարակուի, խմբագրին համար իսկապէս հարցեր կը ստեղծուին, ո՞ր պատմուածքները հեղի­նակը պիտի ուզէր հատորին մէջ նկատի ունենալ, ի՞նչ հերթականութեամբ եւ այլն:

Պատմուածքներու պարագային՝ այստեղ բոլորը ներառնուած են, հակառակ անոր, որ անոնցմէ առաջին հրատարակուածը՝ «Ճիւերս կ’ոյրա՜ն», Բագին ամսագրի 1962-ի թիւին մէջ լոյս տեսած, երբ Վազգէն տասնինը տարեկան էր, եւ հաւանաբար ամսագրի կողմէ տեղ տրուած երիտասարդ գրողներ քաջալերելու մղումով: Երկու-երեք տարի ետք կը տեսնենք իր պատմուածքները Սփիւռք շաբաթաթերթի մէջ (1964 փետրուարէն 1965 մայիս, եօթը գրութիւն), 1967-68՝ անոնք Ահեկանի մէջ լոյս կը տեսնեն (հինգ), իսկ տասնամեակ մը ետք, երբ Լիբանան վերադարձած է, 1978-էն-82, առաջին երկուքը՝ Սփիւռք շաբաթաթերթին, միւսները՝ Ազդակ օրաթերթին (Ա. Գարամանլեան ծածկա­նունով) եւ աւելի ուշ՝ Բագին ամսագրին մէջ (տասնչորս պատմուածք): Այս ձեւով, պատ­մուածքներու ընդհանուր գումարը կը հասնի 27-ի:

Այսպէս, 1962-էն 65 տարիները հեղինակին գրել սորվելու, կազմաւորման շրջանն է: «Երիտասարդի մը օրագրէն» պատմուածքը, ինչպէս խորագիրն իսկ կը մատնէ, օրագրութեան ձեւով գրուած տասնիննամեայ յոյն Անսուլայի պարագան է, որ իր կենցաղին ու փնտռտուքներուն մէջ, որոնք իր օրերուն համար համարձակ պէտք է նկատուին, կը յղանայ եւ ընկերային շրջապատին վերաբերումին պատճառաւ անձնասպան կ’ըլլայ, իրմով հետաքրքրուած պամող երիտասարդը հասցնելով խելագարութեան սահմաննե­րուն:

«Թուրքը» պատմուածքը, հաւանաբար իսկական դէպքէ մը մեկնած, նուիրուած է հեղինակին մօրեղբօր յիշատակին: Գէորգ, որ ֆրանսական բանակի տեղակալ է, երբ շոգեկառքէն ապրանքներ կ’իջեցնեն, երկաթուղիի գիծին միւս կողմը կ’անցնի, որպէս ­

զի բլուրի բարձունքէն աւելի լաւ հսկէ աշխատանքին, այս ձեւով թրքական սահմանը հատած կ’ըլլայ եւ թուրք զինուորներ կը ձերբակալեն զինք: Շաքիր պէյ անունով սպայ մը, որ Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ աղջկան մը հետ պսակուած էր, որ համաձայնած էր այս կարգադրութեան, պայմանով որ ան իր ծնողները ապահով Հալէպ հասցնէ, գերիներու փոխանակման ձեւով Գէորգը կը փրկէ այդ կամայական մահապատիժէն, իսկ աւելի ուշ …թրքական մամուլէն ի յայտ կու գայ, որ ինք գնդա­կահարութեան կ’ենթարկուի իր այս կարգադրութեան համար:

Հոս կայ «Շիրիմ» խորագրով պատմուածք մը, որ հետաքրքրականօրէն շիրիմի մը դիմաց ամբողջովին երկխօսութեան, զրոյցի ձեւով զարգանալով հանդերձ, անորոշ կացութեան մը դիմաց կը ձգէ ընթերցողը: Նման, շիրիմի մը հետ ա­ղերսուած «Յաղաքս ոտից եւ փրկութեան մերոյ» պատմուած­քը, փորձելով հանդերձ խորհրդանշական իմաստ մը զգենուլ, նոյնպէս անորոշ հարցականներ կը ստեղծէ: Սակայն ինչպէս կը տեսնենք, հեղինակին կողմէ միշտ փնտռտուքը կայ նոր խօսքի ու ձեւերու:

Ամեն պարագայի, Էթիեմեզեանի այս շրջանի թէ աւելի ուշ պատմուածքներուն մէջ, պատմող հերոսը շրջապատի արժէքներէն դժգոհ, ընդհանրապէս ըմբոստ կերպարէ: Հոն՝ կիները, Անսուլաները կամ Տաթեւիկները իրենց ընկերային պայմաններուն զո­հերն են եւ ատոր համարող բերգական վախճան կ’ունենան: Կան նաեւ Կիւլէնի նման անձեր, որոնք իրենց անմիջական հարազատներով, հեռացած են հայութենէ, այլասե­րած են, կ’ուզեն ծածկել իրենց ազգութիւնը, որ դարձեալ ընդվզումի կը մատնէ պատ­մող կերպարը: Իսկ «Քառասունութ ժամ՝ պատուոյ խօսք» արձակը, որ Ցեղասպանութեան յիսնամեակի նշման առթիւ գրուած է, կրկին դժգոհութեան արտայայտութիւն է եւ ցասում կը դրսեւորէ այս անգամ ազգային ղեկավարութեան դէմ, պահանջելով խօսքէն անդին, իսկական պայքարի անցնելու:

Շուրջ երկու տարի ետք Ահեկանի մէջ լոյս տեսած պատմուածքները արդէն շատ ա­ւելի հասուն աշխարհ մը կը բերեն եւ կը սկսին խորհրդանշական իմաստներ ստանալ (ինչպէս նշեցինք, նախապէս այս մէկը փորձուած էր «Յաղաքսոտից եւ փրկութեան մե­րոյ» պատմուածքին մէջ, սակայն հոս իսկապէս յաջող ամբողջութիւն մը կը կազմէ): «Մեղեդի երգիս համար» գրութեան պատմողը Սեւ Անտառին մէջէն պիտի անցնի հաս­նելու թողլքուած դղեակը, որուն ճարտարապետը իր ցեղին՝ գնչուներու պատմութիւնը գրած է, սակայն երբ պատմող անձը կը գտնէ գործը՝ արդէն ճարտարապետը այրած է զայն եւ միայն վերջաբանը պահած: Այսպէս կ’իմանանք, որ ան կ’ապրէր իր աղջկան՝ Մաշայի հետ, որ «խօսիլ չի սիրեր ու կը շարժէր: Շարժում եւ պար, եւ ա ւելի յաճախ՝ լռութիւն» (էջ 90): Արդէն կը տեսնենք որ ներկայով կը շարունակուի պատմուածքը, մեկնած ճարտարապետին պատմումէն: Աղջկան մայրը՝ Քսենիան, շատոնց ձգած է զիրենք եւ «շրջան մը միսի շուկաներուն թագուհին եղած է»: Ճարտարապետը, իր տարբեր ծրագիրներուն կողքին՝ ինքնաշարժի եւ խորհրդանշական քանդակի մը վրան կ’աշխատի: Մաշան կը խնդրէ իրմէ գտնել մայրը եւ տուն բերել. հայրը չի կրնար մերժել աղջկան: Քսենիան վեց ամիս մնալէ ետք՝ դարձեալ կը հեռանայ: Ատեն մը ետք, Մաշան դարձե­ալ կը պահանջէ, որ հայրը մօրը բերէ եւ կը տեսնենք, թէ աղջիկը գիտէ մօրը ուր ըլլա­լը: Քսենիան կու գայ եւ արդէն իր ամբողջ գեղեցկութիւնն ու հմայքը կորսնցուցած է: Ճարտարապետը պիտի գրէ.

Կ’ատեմ Քսենիան: Կ’ատեմ իր մէջ տարիքը եւ անոր միջոցաւ պարտադրուող տգեղութիւնը: Կ’ատեմ իր ծրագրին յաջողութիւնը: Նախ Մաշան ապահովեց, յետոյ տարիներ ետք, երբ յափրացած կեանքէն, կ’ուզէր հանգիստ կեանք մը վարել, դղեակի մը մենութեան մէջ ապահոված եղաւ նաեւ ինքզինք: Կ’ատեմ զինք տակաւին, որովհետեւ ես ծրագրով մը աշխատող չեմ կրցած ըլլալ: Իսկ իր ծրագիրները՝ վասն շնչառութեան մը, որ իմաստ չունի: Որովհետեւ վստահ եմ թէ իր կեանքին մեղեդին արդէն իսկ խորտակուած է: Իսկ Մաշա՞ն: Ոչինչով կը տարբերի ինձմէ: Պիտի ապրի մօտաւոր չափով, այնպէս ինչպէս ապրած եմ ես, պիտի զգայ եւ տառապի, սիրէ եւ լքուի, քաշկռտէ իր գոյութիւնը մինչեւ խոր ծե­րութիւն, երբ մահը գայ իր դուռը բախելու: Զինք ծեր վիճակի մէջ պատկերացնել արդէն ջիղերս թունդ կը հանէ: Կ’ուզեմ որ մնայ ճիշտ այնպէս ինչպէս որ է հիմա (էջ 93-94):

Այդ օրը Ճարտարապետը իր պատրաստած ինքնաշարժը ամբողջովին կարմիր կը ներկէ, գնչու նուագողներ բերել կու տայ, ուրախ երեկոյ մը կ’անցընեն: Յաջորդ օրը, ճարտարապետը Քսենիան եւ Մաշան հետը առած այդ ինքնաշարժով զանոնք պտոյտի կը հանէ եւ անդունդէ մը վար կը վարէ զայն: Ճարտարապետին մտքին մէջ, հաւա­նաբար այս միակ ձեւն է Մաշան այդ տառապանքէն ու ձեւազերծումէն փրկելու:

Պատմուածքը բազմաթիւ հարցականներ կը ստեղծէ իր խորհրդանշաններով, ճար­տարապետին մօտեցումներով եւ ողբերգական լուծումով, որոնց հետ կրնանք համա­ձայն կամ տարակարծիք ըլլալ, սակայն կը զգանք, որ խորհրդաւոր ու հետաքրքրական աշխարհի մը մէջ մեզ քաշած է հեղինակը: Էթիեմեզեան, աւելի ուշ նաեւ, խորհրդանշական պատկերներով յատկանշուող պատմուածքներ պիտի տայ, ինչպէս՝ «Պաստա­ռը, որ չէր», «Հարալէզ» եւայլն:

Հետաքրքրականը այն է, որ խօսքէն աւելի պարով արայայտուելու նախընտրութիւ­նը աւելի ուշ դարձեալ կը շեշտուի «Պաստառը որ չէր» պատմուածքին մէջ: Հոս պատ­մող կերպարը գեղանկարիչ մըն է, որ Մոնթրէալի Place des Arts-ի մէջ «Քնացող գեղեցկուհին» դիտած ատեն կը հմայուի սեւեր հագած կախարդի դերը վերցուցած պարուհիով, որ պահ մը կարծես կ’անշարժանայ երկնքի եւ երկրի միջեւ: Յաջորդ օրը բարե­կամի մը միջոցաւ կը յաջողի ելոյթի փորձին ներկայ գտնուիլ եւ ծանօթանալ պարուհիին՝ Վագլավին հետ, որ հաւանաբար նոյնպէս գաղթական՝ ծագումով չեխ է, համր, սակայն խուլ չէ: Ծանօթութիւնը կը վերածուի մտերմութեան: Պատմողին համար աղջկան մէջ գրաւիչը այն է, որ քիչ շարժումներով կենսականը կ’արտայայտէ, մինչ իր նախկին ընկերուհին շատ կը խօսէր՝ առանց հիմնական մտքեր արտայայտելու կամ զինք

հասկնալու: Վասլավ կարծես կը սկսի լոյս, գոյն մտցնել իր պաստառին մէջ, սակայն աղջկան հարցը այն է, որ կ’ուզէ իւրովի մեկնաբանել իր պարի բաժինները, եւ հակա­ռակ անոր որ շատ գեղեցիկ են անոնք, բեմավարին հետ տարակարծութիւններ ունե­նալով գործէ կ’արձակուի, եւ չուզելով ընկերոջ վրայ բեռ ըլլալ՝ նկարիչէն կը հեռանայ, հաւանաբար մէկ այլ քաղաք կը մեկնի եւ այսպէս, արուեստագէտին մտքին մէջ ստեղ­ծուելիք պաստառը, որ այս պարին ու իրենց յարաբերութեան դրսեւորումը պիտի ըլլար՝ կը մնայ արարելի, անշուշտ եթէ կարելի ըլլայ զայն իրագործել:

Վազգէն, այս շրջանին եւ աւելի ուշ, գրելու տարբեր ոճեր պիտի փորձէ կամ գոր­ծածէ: Ընդհանրապէս պատմողական-նկարագրողական ձեւով կը զարգանան անոնք: Կը գործածուի նաեւ երկխօսութիւնը: Ինչպէս տեսանք՝ պատմուածքները խորհրդանշական տարողութիններ կը ստանան յաճախ, կը գործածուի օրագրայինը, այլուր՝ ինչ­պէս «Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն» պատմուածքին մէջ, նամակի ձեւով կ’ըն­թանայ գրութիւնը, որ կրնայ եւ չղրկուիլ. պարզապէս ներքին մենախօսութեան կը վերածուի, կամ՝ «Նամակ՝ գիւղացի բանաստեղծէն»ը: «Քերմէս» պատմուածքը կը սկսի հետեւեալ մուտքով. «Քերմէսը մէջս է» եւ կը շարունակուի առանձին խորագիրներու տակ ինկած բաժիններով՝ վայելք, մաղթանք, Աշխէն, նուիրում, անձկութիւն, հանդի­պում, ակամայ, պար, մրցում, առասպել, թագուհին, ելք:

Ահեկանի մէջ լոյս տեսած վերոյիշեալ գրութիւններուն եւ «Լոյծ յանգեր»ուն մէջ, կնոջ ու շրջապատին հետ շփուելու, փնտռտուքի, դժգոհութեան, գինովութեան եւ նման բազ­մաթիւ ապրումներու զգացումներ կան: Նիցչէն իր «Ողբերգութեան ծնունդը» գործին մէջ երկու յստակ ուժեր կ’առանձնացնէ՝ Ապողոնը, որ գեղեցկութիւնը, կարգն ու տրա­մաբանութիւնը կը ներկայացնէ, եւ Տայոնիսիւսը, որ նախնական ձեւի, գլխաւոր հակազդեցութիւնն է բարձրագոյնին, այս երկու կացութիւններուն կամ ուժերուն հանդիպումը, ըստ Նիցչէի, կը ստեղծէ ամենախռովիչ երաժշտութիւնը եւ ողբերգական թատրոնը, որ ոչ միայն կը բացայայտէ տառապանքի մասին ճշմարտութիւնը, այլեւ մխիթարութիւն կը բերէ: Էթիմեզեանի կերպարը նման հակասութիւններու մէջ կ’իյնայ: Գիտակցութիւնը թոյն մը կը նկատէ, որ զինք կարծես կ’անդամալուծէ, մինչ գինովութիւնը զինք որոշ չափով անիշխանական, ազատ, անկեղծ կը դարձնէ, մէջը «բարութեան եւ մշուշի մթնո­լորտ (էջ 112) կ’արթնցնէ: Սակայն հիմնականօրէն, պատմող կերպարը կամ իր «հերոս»ը առանձին անձ մըն է, որ իր ներքին տուայտանքները ունի, կ’որոնէ սովորականէն ան­դինը, աւելի՛ն: Այդ կերպարը իր հոգեկան տեղատուութիւններուն եւ մակընթացութիւն­ներուն ընթացքին պիտի ըսէ. «մէկ կողմնացոյց ունէի միայն: Տառապանքը: Տառապանքը եւ անոր գեղեցկութիւնը, ազնուացումը, փրկութիւնը» (էջ 101), ինչ որ Նիցչէի եզրա­կացութեան մէկ տարբերակը կամ արձագանգը չէ՞:

Այս շրջանին եւ աւելի ուշ նաեւ պատմողը յաճախ կը նշէ, որ ինք գրող է, ինչպէս «Վերջ եւ սկիզբ»ին մէջ, ուր հայութենէ հեռացած Կիւլէնը տեսանք «Տեղատուութեան ….» մէջ կամ «Լոյծ յանգեր»ուն, որ կը սկսի այսպէս. «Միանգամընդմիշտ ձերբազատուելու համար քեզմէ, գիշերներուս գիշեր գրութիւն, թող այս գրութիւնը (շեշտուած իմ կողմէ) օգնականս դառնայ» (էջ 106), ապա կը խօսի գրութիւն մը վերարտադրելու դժուարութեան մասին, կամ կը յիշէ. «Առաւօտուն այնքան լաւատես կերպով խոստացայ ես ին­ծի տալ պատմուածքս» (էջ 114) եւ այլն: Դեռ պիտի խոստովանի. «Ես Փիրանտելլոյի այն հերոսն եմ, որ հեղինակը կը փնտռէ եւ կը յուսահատի իր փնտռտուքին մէջ, որովհե­տեւ հեղինակը ինքն է» (էջ 111):

Այսպէս, Վազգէն Էթիեմեզեան, այս հանգրուանին, գրած ատեն գրողական արարքին միշտ գիտակից է եւ այս իրողութեան մասնակից կը դարձնէ ընթերցողը: «Քոմա»յի սկզբնաւորութեան, բնութիւնը նկարագրող գեղեցիկ բաժինէ մը ետք պիտի ըսէ.

Այն չէ կարեւորը որ դուք բաւարարութիւն պիտի զգա՞ք թէ ոչ: Կրնաք զգալ եւ նաեւ չզգալ: Այդ ձեր հարցն է: Ի վերջոյ կարելի չէ չգրուած կտորի մը մասին գա­ղափար յայտնել. եւ դուք տակաւին չէք կարդացած այդ կտորը: Որովհետեւ մար­դը, որ դուք էք, եւ գրողը, որ ես եմ, այնքան յարափոփոխ են որ իրենց մէկ վայրկեանի ապրումը կրնայ դարեր լեցնել եւ տարիներու կեանքը՝ ոչինչով նպաստել վայրկեաններու: Ըստ իս, այս պահուս, այս կտորը կը թուի, նոր բա­ռով մը, անգրելի: Բայց ո՞ր գրուած կտորը անգրելի կտորի մը գրուած արտա­յայտութիւնը չէ, եւ ո՞ր կտորը, որքան ալ գեղեցիկ ըլլայ իր կառոյցով, ոճով, լեզուով եւ մասամբ նորին, տակաւին չըսուած բաներ չունի իր մէջ …. Լեզուն շատ տկար, շատ խեղճ գործիք մըն է, ըսելու համար ամեն ինչ եւ ոչինչ (էջ 124-125):

Ուրեմն, ինչպէս հեղինակը կը խոստովանի, այս մէկը փորձ մըն է «վերածելու ան­գրելի կտոր մը՝ գրելիի» (էջ 125):

Հեղինակը գրութիւնը պատրաստելէ ետք Գոգոյին կու տայ, որ զայն մեքենագրէ, իսկ այս վերջինը երբ կը մերժէ վճարում ստանալ՝ ինք գրութիւնը պատռելով, չորսի բաժնած աղբաման կը նետէ եւ ամբողջ գիշերը կը թափառի Պէյրութի ծովափնեայ փողոցներուն, կը խմէ, յիշատակներ իր մէջ կ’արթննան եղբօրմէ, ինքնաշարժի մրցումի մը մասնակցութիւնը կը յիշէ եւ տեղ մը ձախողած սիրոյ մը տագնապը կը պոռթկայ. «Զիս այս օրին հասցուցիր, շան աղջիկ» (էջ 133): Փաստօրէն իրականութիւնն ու գրութիւնը իրենց սահմանները կորսնցուցած են, ինչպէս գրելու առիթ տուած փորձառութիւնն ու գրելու արարքը: Առաւօտուն, երբ սենեակ կը վերադառնայ, կը տեսնէ որ Գոգոն պատռուած էջերը փակցուցած եւ մեքենագրած է: Անշուշտ կարելի է հարց տալ ու մտածել, թէ ինչո՞ւ «ուրիշ» մը պիտի հաւաքէր զայն: Իսկ թերեւս՝ այդ ուրիշը ինքը չէ՞, որ որոշ հե­ռաւորութենէ մը, այնքան անձնական փորձառութիւններու միաձուլուած փունջ մը առարկայականօրէն ի մի պիտի բերէ, քանի գիշերը չնկարագրուած գրութեան սկզբնաւորու­թեան «գիշերներուս գիշեր» գրութեան մասին կը գրէ:

Տասնամեակի մը լռութիւնը կայ վերոգրեալ պատմուածքին եւ յաջորդին միջեւ՝ “Viva la Muerte”, որ հեղինակի Գանատա անցուցած ժամանակաշրջանն է: Այս եւ յաջորդ կարճ պատմուածքը՝ «Առանց բացատրութեան», ընդհանրապէս օտարին կամ այլին հետ յարաբերելու դժուարութիւն կը մատնէ: Առաջինին պարագային՝ հակառակ իրենց կենակ­ցութեան, տեղացին կը փորձէ դուրսէն եկած կողակիցը ոչնչացնել: Երկրորդ գրութեան մէջ, ուր օտար աղջկան մը հետ յարաբերութիւն մը կը նկարագրէ, կինը կը խօսի թէ կը

հասկնայ զինք, գիտէ ինչ կը նշանակէ օտար ըլլալ, գիտէ թէ ինչ է ցեղասպանութիւնը, կարդացած է Աննա Ֆրանքը եւայլն, մտերիմ ֆիզիքական յարաբերութիւն կ’ունենան, սակայն պատմողը կը մտածէ, թէ ինչո՞ւ նորէն այս թակարդին մէջ ինկաւ, անկողինին մէջ երկարած կը զգայ այնպէս, որ գործածուած է, ինչպէս աշխատանքի ատեն կը գործածուի. կը զգայ նաեւ այնպէս. «որովհետեւ յարաբերութիւն մշակելու նախապայման՝ հաւասարութեան տուեալը չունիս: Կամ վա՛րն ես, կամ վերը» (էջ 148): Այսպէս, չ’ուզեր այդ գեղեցիկ կինը դարձեալ տեսնել: Այս մէկը առաջին պարագան չէ, սակայն ինք եւս բացատրութիւն չունի: Թերեւս այս «օտար» կոչուածին հետ յարաբերութեան անկարե­լիութիւնն է իրեն համար: Զարմանալի չէ, որ ինչպէս ֆրանսահայ գրողներու մեծամաս­նութեան մօտ տեսած ենք, հոս եւս միւսին, այլին, Էթիեմեզեանի բառով՝ օտարին հետ ընկերային, հոգեբանական, նոյնիսկ ֆիզիքական մակարդակներու վրայ յարաբերելու դժուարութիւններ կը ստեղծուին: Ամեն պարագայի, ասոնք բարեբախտաբար միատե­սակ յարաբերութիւններ չեն, բարդ են, վերաբերումն ալ միշտ ժխտական չէ, թերեւս այն պատճառով, որ Հիւսիսային Ամերիկեան, եւ հեղինակին ապրած գանատական ընկերութիւնը ինքնին գաղթականներէ կազմուած հաւաքականութիւն մըն է, որքան ալ այն­տեղ Անկլօ-Սաքսոն կամ ֆրանսական տիրական մեծամասնութիւններ ըլլան:

Այս շրջանի գործերուն մէջ բնականաբար տեսնուող անձնաւորութիւնները գանա­տացիներ կամ պատմող կերպարին նման գաղթականներն են, ինչպէս՝ «Մասանկօ» պատմուածքի նախկին բանակային ու կռփամարտիկ, Էքուատօրէն աքսորական Մա­սանկօն, որուն առօրեայ դժուարութիւնները խեղճացուցած են զինք, չկարենալ վերա­դառնալու կացութիւնը՝ յուսահատութեան մատնած, եւ նախկին բարեկամը ըլլալով Վիվին, ատեն մը կ’ընդունին որ իրենց հետ բնակի, որովհետեւ պատմողը եւս աքսորա­կան զգալով կը հասկնայ Մասանկոյի հոգեվիճակը, իսկ այս վերջինը, ատեն մը ետք, երբ դանակը ձեռքին իրենց սենեակը կը մտնէ եւ պատմող կերպարը կը յաջողի ձեռքէն առնել դանակը, կ’ըսէ այսպէս. «պարտութեան այնպիսի նայուածք մը նետեցիր վրաս, որ ես, նոյնացած քեզի, քու պարտութեանդ մէջ ի՛մ պարտութիւնս տեսայ» (էջ 178):

Ներգաղթածներու աշխարհին մէկ ուրիշ զոհն է Լարիսա Կորուքը, որ ինքզինք ուք­րանացի կը կարծէ, սակայն չի գիտեր որ թրքական ցեղի մը կը պատկանի եւ ինքզինք նուիրագործելու, ազնիւ դատերու նուիրելու ճիգերուն մէջ՝ միշտ կը չարաշահուի («Արեան կանչ»):

«Կոտտանք» պատմուածքի Հրաչ Պետիկեանը նոյն այս համարկումի դժուարութիւ­նը կ’ապրի: Հոլանտական ծագումով Ճոյսին հետ յարաբերութիւնը որոշ կէտէ մը ան­դին՝ յանձնառութեան աստիճանի չի հասնիր, քանի Հրաչ իր ազատութիւն պահելը առաջնահերթ կը նկատէ կամ կը պատրուակէ, իսկ Ֆավէն՝ այն կանաչ VW ինքնաշար­ժը, որ Ճոյսին հետ միասնաբար գնած էին, իրենց քայքայուող յարաբերութեան խորհրդանիշին կը վերածուի, թողլքուած, անոր բոլոր մասերը ուրիշներէ կը տարուին, վեր­ջաւորութեան՝ ճզմուելով թափօնի վերածուելու համար: Իսկ Հրաչ, որ հակասութիւննե­րու, զիրար խաչաձեւող զգացումներու աշխարհի մը մէջ ինկած է, արձակուրդին ճամբայ կ’ելլէ Մոնթրէալէն Պէյրութ երթալու եւ հարազատները տեսնելու համար, երբ կը հասնի Պէյրութի օդակայանը, կ’անդրադառնայ որ իր կացութենէն փախուստ կու տայ, եւ քանի մը օր պանդոկի մը մէջ մնալէ ետք՝ հաւանաբար առանց ընտանիքը տեսնելու Գանատա կը վերադառնայ: Փաստօրէն, ան այլեւս տուեալ երկու աշխարհներէն ոչ մէկուն կը պատկանի:

Նոյնիսկ իսկապէս հայ գրականութեան մէջ ինքնուրոյն նիւթով «Կրկէս»ի Խաչիկեանը, որ ամուսնացած է Քէթիին հետ եւ Արի անունով զաւակ մը ունին, երբ ինքնշար­ժի մրցումի մը մասնակցելուն համար վիճաբանութեան մը կը բռնուին, «ինքզինքդ ի՞նչ կը կարծես» կը բացագանչէ կինը, ձայնակցելով այն բոլորին, որոնք զինք ամբարտաւան նկատած էին եւ զայրացած, թէ դուրսէն եկած «օտար մը կը համարձակէր ոչ միայն գալ հաստատուիլ երկրէն ներս, այլեւ՝ մասնակցիլ ազնուական մրցումի մը» (էջ 17): Այդ գիշեր, առաջին անգամ ըլլալով Խաչիկեան կը հայհոյէ կնոջ անկլօ-սաքսոն ցեղին, իսկ Քէթին փոխադարձելով, «անծանօթ շանլակոտին մէկը» կը նկատէ զինք եւ կ’աւելցնէ, թէ «կամչնայ զինք իր բարեկամներուն ծանօթացնելու» (էջ 17): Ինքնաշարժներու մրցումը շահիլը Խաչիկեանի յաղթանակն է այս մտածողութեան դէմ եւ զաւկին՝ հպար­տութիւն պատճառելու եւ իր արժանապատւութիւնը դրսեւորելու ձեւ մը, սակայն  ամուս­նութեան, անձնական մակարդակի վրայ, դիւրաբեկ կապ մը կը մատնէ:

Հաւանաբար, Էթիեմեզեանի հերոսին համար իտէալականը պարուհի Վասլավին պէս մէկ այլ գաղթականի հետ յարաբերութիւնն է, կին մը որ խորքային է, կ’ապրի ինչ որ կը կատարէ, անկախ է: Իսկ առաւօտ մը, կենակցելէ, երանաւէտ գիշեր մը անցնելէ ետք, նկարիչը պիտի ըսէ. «Եւ դուն տրուեցար իրեն, ճիշտ այնպէս՝ ինչպէս ինք տրուե­ցաւ քեզի առանց սակարկութեան, առանց վէճի, առանց մտահոգութեան, առանց ա­պագայի հանդէպ որեւէ երկիւղի» (էջ 159): Սակայն այս մէկն ալ մնայուն յարաբերութեան չի վերածուիր: Թերեւս Էթիեմեզեանի հերոսին համար ասիկա անկարելիու­թիւն մը կը մատնէ:

Այս հանգրուանին Էթիեմեզեանի մէկ այլ գրութիւնը կը կոչուի «Սէր» եւ ձեւով մը կ’արձագանգէ «Պաստառը, որ չէր» պատմուածքին եւ աւելի անդին կ’երթայ: Կերպար­ներու ազգութիւնը չի նշուիր եւ կարեւոր չէ. գաղթականի ընկերային խնդիրներ չկան: Չորս թելադրական էջերու մէջ այր մարդու եւ կնոջ հասուն, ֆիզիքական ու հոգեկան յարաբերութիւն մը կը ներկայացուի իր մութ ու լոյս կողմերով, տարբեր երեսներով: Վերջաւորութեան, այր ու կին, ցնցուղին տակ զիրար կ’օճառեն: Էթիեմեզեանի համար, հաւանաբար այս է իտէալական կապը:

Վ. Էթիեմեզեանի 1980-ին գրած մէկ պատմուածքը կը կոչուի «Յարալէզ», որ բաւական ազատ կառոյցով, տարբեր ժամանակաշրջաններու փորձառութիւններով հարուստ, համապարփակ աշխարհ մը կը բերէ, տեղ-տեղ խորհրդանշական տարողութիւններ ստանալով: Քիչ մը ընդարձակ մէջբերումներով պիտի ներկայացնեմ գործը:

Օտար ափեր ինկած յարալէզ։ Քի՞չ խոցուեցար։

Այլամերժութեամբ, արհամարհանքով եւ չարութեամբ, կճո՛ղ չարութեամբ, չըսուեցա՞ւ քեզի, որ վերադառնաս «հոն՝ ուրկէ եկած ես»…։ Աշխարհի ծայրը

տեղ մը, որուն ուր ըլլալը կարեւոր իսկ չէ։ Չհարցուցի՞ր դուն քեզի. «Ո՞ւր վերա­դառնամ… ո՞ւր է հողս… ուրկէ՞ կու գամ ես…։

Չդրուեցա՞ն առջեւդ աշխատանքի արգելքներ։ Փողոցներու մէջէն կճատներ չհաւաքեցի՞ր։ Անունիդ եւ դիմագիծիդ պատճառով խտրական վերաբերումի չարժանացա՞ր։

Եւ ի՞նչ տիեզերական երազով ուզեցիր քանդել կապանքները, խօսիլ, շաղուիլ, հասկնալ, հասկցուիլ։ Պոռալ անարդարութեանց, բոլո՛ր տեսակի անար­դարութեանց դէմ։

Հաղորդակցիլ։ Հաղորդուիլ: Քեզ դիմագրաւեցին անողոք պատեր։

Տագնապեցար եւ պայքարի տարբեր միջոցներ փնտռեցիր (էջ 201-202)։

Իր ըմբոստացման այդ օրերուն կը հանդիպինք Ինկրիտին, իր պայքարի մէկ ընկե­րուհիին, որ նոյնպէս այն քանի մը օտար կիներէն է, որ դրական լոյսի տակ կը ներկա­յացուի:

Սակայն վերադարձին, իրեն ծանօթ շրջապատն ու աշխարհն ալ օտարացած կը գտնէ. փոխուած էինք եւ փոխուած է շրջապատը, փոխուած են շրջապատի արժէքները:

Եւ պատահեցաւ անխուսափելին։

Վերադարձաւ հոն՝ ուրկէ եկած էր…։

Քիչ մը ամեն տեղ հանդիպեցաւ «արդէն իսկ բազմիցս տեսնուած» երեւոյթ­ներու։

Կը խօսուէր ինքնացման, օտարումի, այլասերումի, յեղափոխութեան, կու­սութեան, ճակատագրապաշտութեան, անէծքի եւ կարօտի մասին։

Մշակոյթի, ըմբռնման եղանակի եւ աշխարհահայեացքի տարբերութիւններ կը նետուէին հրապարակ։ «Դուն մեզ չես հասկնար», կը լսէր ամեն կողմէ։ Եւ իսկապէս կ’անդրադառնար, որ չէր հասկնար։ Ասոր մէջ դեր կը կատարէր այ­լեւս հասկնալու չկամութիւնը։ Ինքն ալ ունէր իր մշակոյթը, ըմբռնման եղանա­կը, աշխարհահայեացքը։

Յարալիզեանը։

….. Մինակ էր եւ օտար նոյնիսկ հարազատներու մէջ։ Ինչպէս միշտ։

Կա՛մ ինք օտարացած, այլասերած էր, կա՛մ հարազատները։

Ինք կը հաւատա՛ր անէծքի, յիշատակի, յիշողութեան եւ դատապարտութեան։

Պարզապէս ընդունեց զանոնք։

Պիտի երթար եւ Արտաւազդի ու Փոքր Մհերի նման փակուէր քարանձաւի մը մէջ։

Քարանձաւը պէտք է սակայն ըլլար օտար մէկ տեղ, որպէսզի չսրբապըղծուէին նախնիները (էջ 203-204)։

Էթիեմեզեան, գրած ատեն այս տողերը, տարբեր տարիքային ժամանակաշրջաններու, տարբեր միջավայրերու փորձառութեանց աշխարհ մը ունի իր ետին, եթէ օտա­րումը սկիզբը այդ նոր, Հիւսիս Ամերիկեան միջավայրին մէջ էր, վերադարձին՝

օտարումը իրեն «ծանօթ», Արեւելեան աշխարհին մէջ է, եւ յարալէզը ի՞նչքան կրնայ դար­մանել իր հոգեկան կամ այլ վէրքերը: Հեղինակը պարզապէս այդ փորձառութիւններու իմաստութեան աշխարհէն բան մը կարծես կ’ուզէ փոխանցել ըսելով. «Ի՞նչ ձեւով կարե­լի է թարմացնել յիշատակդ եւ սերունդներ յուզել անով: Կարելի՞ է ենթադրել, որ օրինակելի բան մը կը գտնուի յիշատակիդ մէջ» (էջ 204):

Էթիեմեզեանի վերջին պատմուածքներէն մէկը, հրատարակուած 1981-ին, կը կոչուի «Մահուան բաղձանք»: Գրութիւնը կը բացուի հայ գրականութեան անհեթեթի գլխաւոր վարպետին՝ Վահէ Օշականի մէկ մէջբերումով, որ կարծես բեմը կը ստեղծէ դի­պաշարին: Պատմողը կը սպասէ կնոջ ծննդաբերութեան եւ կը յուսայ որ կինը մեռնի, եւ յուսախաբ կ’ըլլայ, երբ կինը ողջ կը մնայ եւ զաւակը կը ծնի: Սակայն միւս կողմէ, առօրեայէն միշտ դժգոհ, սովորականէն տարբեր բան մը փնտռող պատմող կերպարը, ատեն մը նորածին զաւակը այդ նորութիւնը կը նկատէ, կը սիրէ մանուկը մինչեւ այն ատեն, երբ կ’անդրադառնայ որ երեխային ցուցաբերած «սիրոյն մէջ իսկ պահանջկոտութիւն կար, անհանդարտ, ջղային, քմայքոտ պահանջկոտութիւն մը» (էջ 187): Աւելի ուշ պի­տի ըսէ. «այս մանուկը ես եմ», սակայն այս գիտակցումը չ’ուրախացներ զինք. կը տխրի որ երեխան իրենպէս «դժբախտ ու դժգոհ պիտի ըլ­լայ» (էջ 187): Խռովայոյզ վի­ճակը կը շարունակուի եւ ինք տակաւին կեանքին մէջ նորու­թիւն կը փնտռէ եւ քաֆքայա­կան մթնոլորտ մը կը ստեղծուի՝ անորոշ պայմաններու տակ կը ձերբակալուի, կը բանտարկուի, նոյնիսկ ռումբ մը կը պայթի դրան դիմաց, եւ երեխան շալկած սարսափա­հար կնոջ կողքին՝ իր դէմքին ժպիտ կ’ուրուագծուի, իսկ գրութեան աւարտին, երբ դրան դիմաց կը տեսնէ զինք ահաբեկելու եկած անձը՝ կ’անդրադառնայ որ փնտռած նորութիւնը ոչ թէ կնոջ մահն էր, այլ՝ իր սեփական մահը: Կեանքի առօրեականին ու անհե­թեթին դէմ դժգոհութիւնը, ինչպէս տասնչորս տարի առաջ գրուած «Մեղեդի երգիս համար» պատմուածքին մէջ, մահուան մթնոլորտին մէջ կը փակուի:

Այս ձեւով մէկ համադրումը կատարած կ’ըլլանք Վազգէն Էթիեմեզեանի գեղարուեստական արձակին, որ երեք յստակ հանգրուաններէ կ’անցնի իր արծարծած թեմաներով ու հասունութեամբ, անկեղծ է իր ստեղծագործութեան հանդէպ, գրական ար­տայայտութեան տարբեր ձեւեր կը փորձէ, իր հորիզոնները շարունակ կ’ընդարձակէ, կեղծ բարոյական դատումներ չի կատարեր եւ չի խուսափիր մարդու աշխարհին մութ երեսները եւս պեղելէ:

Վազգէն Էթիեմեզեան անկեղծ է իր ստեղծագործութեան հանդէպ, գրական արտայայտութեան տարբեր ձեւեր կը փորձէ, իր հորիզոնները շարունակ կընդարձակէ, կեղծբարոյական դատումներ չի կատարեր եւ չի խուսափիր մարդու աշխարհին մութ երեսները եւս պեղելէ:

 

1 Բոլոր մէջբերումները իր Գրական եւ իմացական էջեր հատորէն են, 524 էջ, Համազգային Գանատայի Օշա­կան մատենաշար, 2024, Թորոնթօ, Գանատա, խմբագիր՝ Յարութիւն Պէրպէրեան:

 

Your email address will not be published. Required fields are marked *