Հիմա արդէն ամբողջ կեանքի մը բեռը նստած է յիշողութիւններուդ վրայ եւ դուն այլեւս ուրիշ մարդ մըն ես։ Կ’ապրիս վայրէջքի մէջ եւ գիրդ դուրս կու գայ պաղ հրաբուխի մը չկամ ելքով։ Գրելն ու չգրելը նոյն մաշեցնող կենսավիճակներն են։ Տարագրութիւննե՛ր՝ որոնք քեզ կը պարպեն քու մէջէդ եւ որոնցմէ բնաւ չես ազատուիր։ Գրե՛լ։ Ինքզինքդ վերածել գիրի։ Մէջդ նստած խոհը յայտնաբերել։ Ինքզինքդ յանձնել բառերուն։ Կամ չգրել եւ կեանք մը ամբողջ խուսափիլ ինքզինքէդ եւ քալել ականադաշտերու վրայէն, սիրտդ՝ դող։ Ո՜ր մէկն ես դուն։ Ճիշտ է. այս վէպը վաղուց դադրած է գոյութիւն ունենալէ։ Անոր մարդերը տարտղնուած են երկրէ երկիր եւ գրեթէ բոլորը՝ մահացա՛ծ։ Անոնք դուրս եկած են յիշողութեան սահմաններէն։ Բայց կայ օրագրի այս տետրակը, ուր դեռ կ’ապրին անոնք։ Զայն կը թերթեմ յուզումով։ Փնտռելով կորուսեա՛լը՝ իննսունի այս դռներուն։ Այդ կորուսեալը ես եմ, որ կէս դարով հեռացած է դէպքերու կիզակէտէն։ Հեռացած եմ ինքզինքէս։ Այն ինքզինքէս՝ որմով կ’ապրէի ու կը տագնապէի օր ու գիշեր։ Ասոնք պատառիկներ են «Մենախօսութիւններ» խորագրին տակ ամփոփուած իմ գրառումներէս, որոնք մեծ մասամբ կը մնան անտիպ։ Այս տետրակը տագնապահար կեանքի մը պատումն է, որ ոչինչ ունի վիպական։ Անոր տողերը իրական կեանքի մը ալեկոծութիւնները կը վկայագրեն։ Այդ բանը կ’ընեն օրը-օրին եւ ամեն գիշե՛ր։ Ես էջ առ էջ ինքզինքս է, որ կը գրեմ ճգնելով դուրս գալ օրերու տեղապտոյտէն, որ կը սպառնայ բոլոր հաւասարակշռութիւններուն։
Հիմա կ’անդրադառնամ, որ ես գրած եմ քաոսը, որ իմ շուրջս էր։ Եւ իմ մէջս։ Ես ահաւոր ճիգերով փորձեր եմ հաւասարակշռել անկայունը, որ կը սահէր ոտքերուս տակէն։ Գրելով մանրաշխարհս, ես նաեւ գրած եմ աշխարհակա՛րգը՝ որուն պատկանած եմ եւ որ պատկանած է ինծի։ Հիմա կ’անդրադառնամ, որ իմ ամեն մէկ տողով ես գրած եմ չգրուող պատմութիւնը։ Ի՛մ պատմութիւնս։ Ու նաեւ ձերը, մարդե՛ր, որ դեռ կ’ապրիք այս էջերուն մէջ։ Ես զայն ծնած եմ իմ ամենօրեայ մաքառումներովս եւ ինք ծնած է զիս եւ հասցուցած այս անդառնալի կէտին։
Կը յիշեմ — յիսուն տարուան խաւարը ետ հրելով — Թեհրանի այն տագնապալի գիշերը, որ ճամբայ հանեց զիս։
ԹԵՀՐԱՆ, ՀՈԿՏ. 2, 1976
Նոր է, որ կը սկսիմ հասկնալ, թէ գոյութեան հարցը ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ։ Մարդոց անմեղութիւնը կը զարմացնէ մեզ։ Մարդոց բարութիւնը կը յուզէ։ Յաճախ մեղաւոր կը զգանք իրենց հաշւոյն։ Կը կարեկցինք։ Նոյնիսկ կու լանք։ Մարդոց քաջութիւնը կ’ուրախացնէ մեզ։ Անոնց վեհանձնութիւնը յաճախ կը շշմեցնէ։ Քանի որ գիտենք, թէ անսպասելի, գրեթէ անկարելի յատկութիւն մը ունին այս բոլորը։ Գիտենք, թէ անոնք ժամանակաւոր վիճակներ են մեր առօրեայ կեանքերուն մէջ։ Անոնք պահերն են, երբ յանկարծ անգտանելին կը գտնենք մեր աչքերուն առջեւ եւ չենք հաւատար։ Հիմա նստած եմ գիշերուան այս ուշ ժամուն այս աթոռին վրայ եւ կը փորձեմ հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս հասայ հոս։ Ի՞նչ դարձդարձիկ արահետներէ անցնելով՝ կեանքս հասաւ այս կէտին։ Կը նմանիմ այն գնդակին, որ արձակուած է անորոշ ուղղութեամբ եւ ի վերջոյ այս մոլորակին ճակատագրով պիտի պայմանաւորուի իր ճակատագիրը։
Ետ նայելով կը տեսնեմ կեանքիս քառասուն տարիները։ Քառասուն սպասման տարիներ։ Միամիտ, երիտասարդ, հաւատաւոր։ Քառասուն տարի շարունակ սպասած եմ այսօրուան։ Միշտ խոստանալով ինքզինքիս՝ որ իսկական իրագործումը դեռ պիտի գայ։ Որ անխաբուսիկ չէ։ Ան իրական է եւ անվիճելի։ Անով է, որ պիտի ըլլայ ամեն բան։ Եւ ան յարիր է մեր գոյութեան հասարակաց դաշտին։ Այսօր սակայն կը զգամ ժամանակին ծանրութիւնը։ Այլեւս ան առիթ պիտի չտայ մտածելու։ Ես ու ան այլեւս կը պատկանինք հոսանքին եւ ես այլեւս չեմ գիտեր, թէ մեզմէ ո՞վ տեւաբար կը հրէ միւսը։
Սարսափելի առանձնութիւն մը պաշարած է զիս այլեւս։ Կ’ուզեմ ճեղքել ու անցնիլ զայն եւ վերստին գտնել հին սիրելիներս։ Կ’ուզեմ հասնիլ ընկերներուս։ Եւ սակայն կ’անդրադառնամ, թէ անհեթեթ է ամեն ճիգ։ Մարմնիս խորերուն մէջ արդէն օտարացած եմ։ Արդէն կը զգամ, որ հասած եմ ինքնութեանս այն սկզբնակէտին, ուր գոյութիւնը կը շփոթուի բնութեան հետ։ Ան կը մեռնի տարօրինակ ու լուռ մահով մը եւ ոչ ոք կը զգայ անոր տխուր ելքը։ Հիմա այլեւս ես կը տեսնեմ մարդերը իրենց անձերէն անդին։ Ես կը տեսնեմ գոյութեան ողբերգութիւնը, որ կը կապէ մեզ բոլորս։ Հայը, թուրքը, յոյնը, հրեան, ասորին յանկարծ չկան այլեւս։ Յանկարծ անտարբեր եմ եւ կ’անգիտանամ այն սնունդները, որոնք կը պառակտեն մեզ ներսէն, կ’ընեն եղբայր կամ թշնամի։
ԹԵՀՐԱՆ, ՀՈԿՏ. 3
Էս մարդը վախենում է ինքզինքից, կ’ըսէ Ֆրէնկեանը ու յետոյ կ’ընդվզի՝ ախր ինչի՜…Մեր խօսքին նիւթը Ռոպինն է։ Դեռ տարի մը առաջ, ան նստած կ’ըլլար իր գրասենեակին մէջ, երբ կու գայի Թեհրան, եւ վճռական կարգադրութիւններ կ’ընէր աջին ու ձախին։ Ես ջանացած եմ միշտ սիրալիր ըլլալ հետը։ Գիտեմ, թէ էապէս ազնիւ անձ մըն է. կրնայ կռուիլ ու յոխորտալ ու հայհոյել, բայց անատակ է չարութեան։ Իր անատակութիւնն է հաւանաբար, որ զինք կ’ընէ կռուազան եւ կոպիտ եւ զինք ի վերջոյ ծունկի կը բերէ։ Բազմիցս մօտեցած է ինծի խմիչքին բաժակը ձեռքին մէջ, մտած է թեւս եւ ըսած՝ «Զզուելի բաներ պէտք է ըսած ըլլամ այսօր, բայց մի մոռնար, որ մենք բարեկամներ ենք…» Ճիշտ է։ Ես կը վստահիմ իր բարեկամութեանը եւ սակայն մեր կռիւը կռիւ է եւ մենք միշտ ալ պիտի չվարանինք զիրար վիրաւորելէ։ Այժմ ան կորսնցուցած է կռիւը։ Ուրիշներն են, որոնք կոխկռտած են զինք եւ չէզոքացուցած։ Նստած ենք Ֆրէնկեանին տան հիւրասրահը եւ ան տեւաբար կը խմէ իր դառն ալքոլը եւ կը հայհոյէ։ Ու նաեւ կը հակաճառէ ամեն խօսքի։ Ֆրէնկեանը եւ ես կը համբերենք, քանի որ կը զգանք իր ցաւը։
Ֆրէնկեանը իր ստորադասն է ընկերութենէն ներս։ Ամուր եւ ջղուտ մարդ մը։ Ռուսաստանի՛ց, կ’ըսէ ու չ’ըսեր աւելին։ Իր կեանքը պէտք է եղած ըլլայ պայքարի կեանք մը։ Բնազդով վերապրող մըն է ան, սակայն՝ ոչ այն վերապրողներէն, որոնք կը սողան, այլ անոնցմէ՝ որոնք կը կառչին եւ ի վերջոյ կը մնան անընկճելի։ Ռոպինը աւելի մեծ է տարիքով, աւելի մարմնեղ եւ սակայն չունի Ֆրէնկեանին պողպատեայ ջիղերը եւ չունի անոր զինաթափող լաւատեսութիւնը։ Տե՛ս, կ’ըսէ ան, ոչինչ կրնայ զարմացնել զիս այլեւս։ Ես կրնամ վաղն իսկ դուրս քալել այս շէնքէն եւ կեանքս սկսիլ ծայրէն։ Ֆրէնկեանն է խօսողը իր խօսքը ուղղելով Ռոպինին։ Ես կը զգամ, որ Ռոպինը կ’ուզէ վերէն նայիլ Ֆրէնկեանին վրայ, զայն կը հեգնէ, կը քաշքշէ, կը քննադատէ, բայց նաեւ կը զգամ, որ ան կը յարգէ Ֆրէնկեանին անսասանելի ինքնավստահութիւնը։ Շուտով երկուքն ալ կը մեկնին Թեհրանէն եւ այս մեկնումը կը տխրեցնէ զիրենք։ Ռոպինը իր տխրութիւնը կը թաթխէ ալքոլին մէջ, իսկ Ֆրէնկեանը չի կրնար զսպել իր ընդվզումը, երբ մարդիկ այսպէս դիւրութեամբ կը յանձնուին ալքոլին եւ վախը կը պաշարէ զիրենք։ Բայց կը տեսնեմ, որ իր աչքերն ալ յանկարծ լեցուած են…կը զգամ, որ յանկարծ երկուքը հաւասարած են իրարու։ Հաւասարած են տխրութեա՛ն մը մէջ՝ որ անուն չունի այս պահուն։
ԹԵՀՐԱՆ, ՀՈԿՏ. 4
Ճիմը կուլ կու տայ ալքոլին վերջին ումպը եւ կը սկսի բամբասել Ճէք Հարիսը։ Ճիմը Ռոպինն է, որ երբեմն Ճիմ է մեզի համար, երբեմն Ռոպին. հազուադէպօրէն Ճէյմս։ Նրբերանգնե՛ր՝ որոնք կապ ունին մեր րոպէական բնազդներուն հետ։ Լսողը Ֆրէնկեանն է։ Ներկայ եմ նաեւ ես։ Ֆրէնկեանը կը լսէ ու բան չ’ըսեր։ Նոյնիսկ կը փորձէ համամիտ երեւալ։ Ինքն ալ ունի իր քանի մը ըսելիքները, բայց չ’ըսեր։ Ասիկա երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ։ Ստիպուեցայ կռնակս տալ աթոռին եւ մտիկ ընել Ճիմին բամբասանքը։ Նոյն մարդը այս առտու Հարիսին հետն է ու կը բամբասէ Ֆրէնկեանը։ Ընդհանրապէս անտեղի ու անկարեւոր բաներ են ըսուածները եւ սակայն կ’ըսուին այս մարդոց բերնով առանց դոյզն վարանումի։ Կազմակերպութիւնն է, որ իր մութ անկիւններուն մէջ կը հիւսէ այս արհամարհելի սարդոստայնները եւ որոնք կը հինցնեն անոր միջավայրը։ Ֆրէնկեանը գիտէ այս բոլորը եւ սակայն համբուրելի անկախութիւն մը ունի։ Հաւանաբար ինքն ալ տեղ-տեղ աղտոտած է իր ձեռքերը եւ հաշիւներ մաքրած։ Եւ սակայն կայ բան մը, որ զինք դեռ անխոցելի կ’ընէ, երբ Ճիմը կը զգայ իր խոցելիութիւնը եւ ինքնապաշտպանութեան բնազդներէն մղուելով կը յարձակի աջին ու ձախին։
Տարօրինակ չարութիւն մը կայ այս արարքին մէջ, որ կը պարունակէ սերմերը ներքին բարութեան մը։ Ճիմը կ’ուզէ վերապրիլ։ Կ’ուզէ վերապրիլ իրեն ընդունելի արժանավայելչութեամբ մը։ Կ’ուզէ ըլլալ իր կնոջ եւ զաւակներուն հերոսը։ Կ’ուզէ յարգուած ըլլալ իր համայնքին մէջ։ Կ’ուզէ իր գրասենեակէն ներս միշտ ստորադասներ ունենալ, որոնք տեւաբար երախտապարտ ըլլան իրեն։ Իր այս ճիգին մէջ ան յաճախ կը պարտուի եւ բարկութիւնը կը պարպէ իր ամենէն հարազատ անձերուն վրայ։ Պարտութիւնը զինք կը մղէ մանր դաւադրութիւններու եւ բամբասանքի, որոնք աւելի եւս կը ճնշեն իր հոգին եւ կը ճզմեն իր ներքին հպարտութիւնը։ Ասոր դէմ ինք գտած է իր դեղը։ Հարիսը Ֆրէնկեանին առջեւ բամբասելէ ետք՝ ան պէտք ունի Ֆրէնկեանը Հարիսին առջեւ բամբասելու, որպէսզի գտնէ իր ներքին քաւութիւնը…Այս բոլորէն ետք, ան վերստին կը լեցնէ իր բաժակը եւ ումպ առ ումպ կուլ կուտայ։ Օրուան մը խաղը խաղցուած կ’ըլլայ այդ պահուն եւ չարութիւնը կամաց-կամաց կը շփոթուի բարութեան հետ։ Անօթեցայ, պիտի ըսէ ան դառնալով Ֆրէնկեանին, երթանք ուտենք։
Ես կը ճանչնամ այս մարդերը իմ անձիս պէս։ Էապէս զիրենք անհանգստացնողը անապահովութեան զգացումն է։ Վա՛խը, որուն կ’ակնարկէ Ֆրէնկեանը, ծնած է անապահովութենէն։ Քանի-քանի անգամ գտնուած ենք ես եւ դուն անոր անանցանելի կիրճերուն մէջ։ Քանի-քանի անգամ մոլորած է մեր ճամբան եւ յանկարծ մենք զմեզ գտած ենք դէմ յանդիման իրարու։ Երէկ նեղ էր օրը եւ ես նորէն փնտռեցի այս տետրակին էջերը։ Վէճը մեզ տարաւ անելէ անել եւ մենք նորէն սկսանք հարուածել զիրար։ Ճիմ, ըսի, ես կ’ուզեմ քեզ հասկնալ. Կ’ուզեմ համբերել. բայց ժամանակ չունինք. գէթ ես ժամանակ չունիմ. դուն պարտական ես ինծի. դուն պէտք է կարենաս պատասխան տալ ինծի եւ պատասխաններդ պէտք է իմաստ ունենան։ Գործը գործ է եւ բարեկամութիւնը՝ բարեկամութի՛ւն. ես կրնամ անտեսել յոխորտանքդ, հայհոյանքդ, չկամութիւններդ, եթէ կարենաս մնացեալով արժեցնել գոյութիւնդ…Փոխարէնը դուն զիս հարուածեցիր բիրտ հարուածներով։ Ես դեռ չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ է, ըսիր, քու պաշտօնդ. ես դեռ չեմ գիտեր, թէ դուն ինչո՞ւ կու գաս հոս, թէ ինչո՞ւ քեզ կ’ուղարկեն Թեհրան, թէ ի՞նչ կը սարքես մեզմէ քաղած տեղեկութիւններովդ եւ թէ ովքե՞ր կեցած են քու ետիդ…Ասոնք, ըսի, իմ հարցումներուս պատասխանները չեն. ունի՞ս ըսելիք, թէ ոչ։ Այո՛, ըսիր, ունիմ ըսելիք, բայց զայն պիտի յղեմ քեզ հոս ուղարկող բոզորդիներուն եւ ոչ թէ քեզի։ Որոշումը, ըսի, քո՛ւկդ է. վաղը առաւօտ ես կը մեկնիմ եւ այնուհետեւ Աստուած օգնէ քեզի։ Լռեցինք։
Ճիշտ այս կէտին վրայ էր, որ Ֆրէնկեանը մտաւ ներս եւ դուն քու անօթութիւնդ յիշեցիր յանկարծ։
Ընթրիքը թուլցուց երեքիս ջիղերը։ Ալքոլը հալեցուց ամեն բան։ Կատակաբանութիւնը տիրող դարձաւ երեքիս միջեւ եւ յանկարծ զգացի, թէ անզգալաբար անցած ենք կիրճը։ Այս սատանային ձագը, կ’ըսէր Ճիմը դառնալով Ֆրէնկեանին, ամեն անգամ կու գայ եւ կը ծամէ ջիղերս եւ սակայն սրտիս խորքերուն մէջ գոհ եմ, որ ինքն է եւ ուրիշը չէ։ Յետոյ կը դառնայ ինծի ու կ’ըսէ՝ վաղը կը ստանաս պատասխաններդ. խոստո՛ւմ։ Ֆրէնկեանը կը դառնայ ինծի ու աչք կ’ընէ եւ բոլորով կը խնդանք լայն սիրտ։
ԱԹԷՆՔ, ՀՈԿՏ. 7
Թեհրանէն մեկնելէ առաջ, կարճ հանդիպում մը ունեցայ Ճէք Կայթլըրին հետ։ Ես գիտեմ, թէ Ճէքը եւ Ճիմը չեն կրնար ընդունիլ մէկզմէկու գոյութիւնը։ Տարի մը առաջ, Ճորճ Հէյկը վերադարձաւ կեդրոն եւ իր ետին ձգեց մարդերու այս քաոսը։ Որքան ատեն, որ ինք ներկայ էր Թեհրանի մէջ, բոլորը ընդուներ էին իրենց համար նախատեսուած դերերը եւ անիւը կը դառնար առանց բացառիկ միջադէպի։ Հէյկին փոխարինողը Կայթլըրը եղաւ։ Սառն դէ՛մք մը՝ որ կեցեր էր պատերուն ետին ու կը ծրագրէր վաղուան մակընթացութիւնը։ Իր պաշտօնի բարձրացումը ցնցեց բոլորը։ Պատերը փլան պատերու վրայ. գրասեղանները դիրք փոխեցին եւ մարդիկ վերստին սկսան մտածել իրենց վաղուան ըսելիքներուն մասին։ Ճիմը կուլ տուաւ դառն հեղուկը եւ դռնէ դուռ անցաւ իր զայրոյթը թափելով չորսդին։ Պահ մը թուեցաւ, որ համաձայն են բոլորը։ Ճէք Հարիսը, Ֆրէնկեանը, Ֆորթնըրը։ Նոյնիսկ կարծեցին իրենց կողքին ունեցած ըլլալ Ճորճ Հէյկը, որ այլեւս այս բոլորը կը դիտէր հեռուէն եւ իր նուրբ ու կարգապահ յուզումը կը բաժնէր մէկուն կամ միւսին հետ իր խիստ մտերիմ հեռաձայնային հանդիպումներով։ Այժմ Կայթլըրն է տէրը Թեհրանի այս կազմակերպութեան եւ վերջին խօսքը պիտի պատկանի իրեն։
Եթէ կ’ուզես, կ’ըսէ, Ճէրի Մըքլաքլընը կը դնենք քու տրամադրութեանդ տակ։ Կը մտածեմ պահ մը եւ չեմ համոզուիր։ Չի բաւեր զինք ունենալ իմ տրամադրութեանս տակ, կ’ըսեմ։ Փոփոխութիւնը պէտք է ըլլայ աւելի արմատական, որպէսզի իմաստ ունենայ։ Ըսել կ’ուզես, կ’ըսէ, Ճէրին պէտք է բոլորովին խզուի մեզմէ եւ մտնէ քու պիւտճէիդ մէջ։ Խզուիլը սխալ բառ է, կ’ըսեմ. իմ մօտս կամ քու մօտդ՝ Ճէրին պիտի ընէ նոյն բաները եւ պիտի ծառայէ նոյն նպատակին։ Նոր պայմանները նոր դասաւորում կը պահանջեն, կ’ըսեմ, եւ Ճէրին իմ թիմիս պէտք ունի իր գործը գլուխ հանելու համար։ Կը լռենք պահ մը եւ նիւթը կը փոխենք։ Քիչ ետք, ինք կը վերադառնայ նոյն հարցին եւ զիս անակնկալի կը բերէ։ Նայէ, կ’ըսէ, նորէն Ճէրիին խնդրով՝ տեսակէտդ խելքիս կը պառկի, միայն թէ փոխանցումը շուտով ամբողջացնենք։
Ճէքը ունի իր յետին հաշիւները, որոնց ծանօթ չեմ ես։ Ան կ’ուզէ դաշինքներ կապել իր կազմակերպութենէն դուրս, որպէսզի առանձին չմնայ Ռոպինին եւ իր նմաններուն առջեւ։ Ան կ’ուզէ իր գործերը առաջ տանիլ նուազագոյն միջոցնրով եւ համոզել վերին վարչամեքենան, որ ինք ի վիճակի է պիւտճէ խնայելու։ Ես ալ ունիմ իմ նպատակներս։
Ես այլեւս չեմ ուզեր սոսկ ստացող մը ըլլալ։ Ես կ’ուզեմ իմ բջիջս ստեղծել Թեհրանի մեր կառոյցին մէջ, որպէսզի կարենամ տիրաբար գործել այս ներքին քաոսին մէջ։ Կայ ուրիշ հաշիւ մըն ալ, զոր ես ըրած եմ ինքս ինծի։ Ճէրին աղբիւրն է հում տեղեկութեան։ Զայն գրաւել իմ կազմիս մէջ պիտի նշանակէ մեր կազմակերպութեան մնացեալ մասը պահել կախեալի դիրքին մէջ. կախեալ այս անգամ՝ ոչ թէ Ռոպինէն կամ Կայթլըրէն, այլ ինծմէ…Պիտի նշանակէ զիրենք բերել ինծի փոխանակ ես՝ ինքս երթալու իրենց եւ «ծախելու» ուրիշէն ստացուած տեղեկութիւնը։
Տեղեկութի՛ւնը։ Կանգ կ’առնեմ յաճախ անոր վրայ եւ կը մտածեմ։ Թանկագին, անգտանելի հումք է ճիշտ եւ նորագիւտ տեղեկութիւնը։ Բոլոր շահերը գրեթէ բնազդաբար
կը մղուին դէպի ան ։ Կը կռուին, կ’արիւնին անոր համար։ Եւ անոր սեփականութիւնը տեղի կու տայ յաճախ ճակատագրական տեղաշարժերու։ Իմ հաշուարկս ճիշտ է։ Այս կէտին վրայ, ոչ ոք կրնայ Ճէրին զլանալ ինծի։ Երկու տարի ետք, երբ ես ալ վերադառնամ կեդրոն, մեր կազմակերպութեան սանձը իր ձեռքերուն մէջ պահող Ճիմ Վէնտէմարքը համարձակութեամբ կրնայ լռել կանաչապատ սեղանին շուրջ եւ յետոյ ըսել զինք շրջապատող Տնօրէն Խորհուրդին՝ Պարոնա՛յք, մենք արդէն ունինք պատրաստ կազմ մը, որ ժամացոյցի ճշգրտութեամբ կը գործէ Լոնտոնէն մինչեւ Փարիզ, Թեհրան, Սէուտական Արաբիա եւ այլուր…Այն ատեն Տնօրէն Խորհուրդի գլուխները պիտի դառնան իրարու եւ յետոյ հարց տան՝ Ճի՛մ, Թեհրա՞ն ըսիր…Այո, Պարոններ, պիտի ըսէ, նաեւ Թեհրա՛ն…Տեղեկութի՛ւն մը՝ որ պիտի զարմացնէ բոլորը եւ րոպէն յղի պիտի ըլլայ Ճիմ Վէնտէմարքին համար։
Կարմիր գինին եւ յաջորդող Կռան Մառնիէն արդէն քաղցր թուլութեամբ մը պաշարած էին մարմինս օդանաւին մէջ, երբ ես անդրադարձայ, որ չէի կարդար այլեւս Թայմի վերջին թիւը, այլ կ’անցնէի միտքէ միտք եւ խոհերով կ’ուրախացնէի մարմինս պատող լռութիւնը։
Աթէնքի օդակայանին մէջ անակնկալօրէն անդրադարձայ, որ յաւելեալ բան մըն ալ կար այս բոլորէն բխող։ Ճէրիին մուտքը իմ կազմէս ներս վերջնական լուծարքի պիտի ենթարկէր Ռոպինեան ժառանգութիւնը։ Բա՛ն մը՝ որ այլեւս այդքան ալ վճռական չէր Ճիմ Ռոպինին համար, քանի որ ինք կը մեկնէր տուն եւ սակայն կացութեան այս «գաղտագողի» բնոյթը յանկարծ անհանգիստ ըրաւ զիս։
Աթէնքը վերստին կը յուզէ զիս։ Անիկա Պէյրութին կարօտն է։ Երբ կ’անցնիմ պտղավաճառներուն առջեւէն, պտուղներուն գունագեղ առատութիւնը կ’ուրախացնէ զիս։ Անոնց վրայ պահ մը կը զգամ մօրս ձեռքերը եւ լալս կու գայ։ Էնա քիլօ, կ’ըսեմ եւ կը կշռեն նուռը։ Էնա քիլօ, Կ’ըսեմ եւ կը կշռեն խաղողը, թուզը, դեղձը։ Ես ինչպէ՞ս պիտի ուտեմ այս բոլորը։ Ինչպէ՞ս պիտի տանիմ այս բեռը պանդոկի իմ սենեակս։ Բայց կը գնեմ հազուագիւտ հաճոյքով։ Այս քաղաքը իմս եղած է այլեւս։ Ան այլեւս իմ արիւնիս մէջն է։ Ես ալ իմ մէջս ունիմ Աթէնքի հուրը. Յոյնե՜ր…կը գոռամ ներսէս եւ միտքս կու գայ Ռազմիկին մէկ հին քերթուածը։ Յոյնե՜ր…մնացեալը չեմ յիշեր։
Նստած ենք Սինթակմայի մեր հին ծածքին տակ։ Պատմողը դարձեալ Պէթին է։ Ինք կը խօսի. ես չեմ լսեր… կը զգա՞յ։ Չեմ գիտեր։ Բայց պահը յղի է անխօս ապրումով։ Չ’ուզեր մեկնիլ Աւստրալիա։ Չ’ուզեր մնալ Աթէնք։ Պէյրութ վերադարձը անկարելի է։ Ես՝ ի՛նքս համոզեցի զինք, որ վազ անցնի Լոնտոնէն։ Պրիւքսէլի մէջ գէթ Նապիհը կայ, կ՛ըսէ։ Պիտի ամուսնանա՞ք, կը հարցնեմ։ Ինք չ’ուզեր ամուսնանալ, կ’ըսէ, բայց կ’ուզէ զիս անպայման ունենալ քովը…Նապիհն ալ Պէյրութէն է. հասուն տղամա՛րդ՝ որ չէ ամուսնացած դեռ եւ քաղաքէ քաղաք այժմ կը տանի ինքզինքը։ Իր կեանքին տիրողներ կայութիւնը եղած է մայրը, որ միշտ կը հետեւի իրեն։ Պէթի, կ’ըսեմ, Նապիհը ի՞նչ կը փնտռէ քու մէջդ…Կը լռէ։ Ես ալ կը լռեմ եւ պահ մը կը գրաւուիմ հրապարակին շէնշող
ձայներով։ Վերադարձի գիշերս է Աթէնքի մէջ եւ անպայման ասիկա ուրախ առիթ մը պէտք է ըլլայ։ Ես գիտեմ, որ Աթէնքը կը սպասէր իմ գալուս։ Շատ քիչ քաղաքներ կան, որոնք ինծի տուած են այդ զգացումը։ Պէյրութը, Երեւանը եւ հիմա Աթէ՛նքը։ Այս քաղաքները միշտ պիտի սպասեն ինծի. ես միշտ պիտի վերադառնամ անոնց։ Հայը, յոյնը, արաբը միշտ պիտի լեցնեն կեանքս իրենց անօրինակ գոռում-գոչումով։ Թերեւս, կ՛ըսէ դառնալով ինծի, կը սիրէ զիս…երեւի կը փնտռէ իմ քաոսս…Իսկ այդ պահուն ես հարց կու տամ ինքզինքիս։ Ինչո՞ւ նստած եմ հոս եւ թոյլ կու տամ, որ այս բոլորը շարժին իմ շուրջս անսպասելի ուղղութիւններով։ Երբ ան մեկնի, բան մը անպայման պիտի պակսի։ Սինթակման պիտի փնտռէ նաեւ անո՛ր փխրուն մարմինը։ Պիտի կարօտնայ եւ նորէն պիտի լացնէ զիս։ Աթէնքն ալ կարօտի քաղաք է։ Աթէնքն ալ իր որդիները կը սիրէ յանկարծ մայրացած Աստուածամօր մը պէս եւ արցունքով կը սպասէ։
Աթէնքի այս օրերը կ’անցնին արձակուրդային եռանդով։ Կը զգամ, թէ նորոգուած եմ արդէն։ կը զգամ, որ բուժուած եմ Թեհրանի տենդերէն։ Գրեթէ մոռցած եմ անոնց սառն եւ հիւանդ գրգիռը։ Լիւսին, Էֆին, Պէթին թեթեւ կ’ընեն գրասենեակի արեւոտ առօրեան եւ ես անհոգ մէկը կը դառնամ նորէն։ Որոշած եմ Աթէնքէն հետս տուն տանիլ մեղր, միրգեր եւ ձէթ։ Պիտի գնեմ նաեւ մեր օրհնարար սրճեփը, որ այժմ կը պակսի Լոնտոնի մեր նորահաստատ տան։
Կարօ Արմենեան
1976
ՅԳ1/ Ո՛չ։ Այստեղ չի վեջանար պատումը։ Այստեղ չի կրնար վերջանալ։ Օրագրի տետրակս մնաց Աթէնք։ Ես կը փորձէի տուն հասնիլ եւ վերստին գրկել կինս եւ զաւակներս եւ պահ մը – գէթ քանի՜ մը օր – տեղ բանալ կեանքիս մէջ եւ մոռնալ ամեն ինչ։ Կը յուսայի, որ բոլորով կը քշէինք դէպի գեղավայրերը Անգլիոյ։ Կը յուսայի ժամեր անցընել աղջկանս հետ Օքսֆորտ՝ Պլաքուէլ՚ զի գրադարակներուն առջեւ ժամանակի զգայնութիւնը լրիւ թօթափելով վրայէս։ Եւ անշուշտ այդպէս չեղաւ։ Գիշերը, ուշ ատեն, երբ հասայ պանդոկ, հեռագիրը կը սպասէր ինծի պնդելով, որ առաջին թռիչքով փութայի Արաբիա։ Խմորումնե՛ր կային…որոնց ընթացքը կարելի չէր թողուլ «չվերահսկուած»։ Այս վերջին բառը՝ «unattended!» կրկնուած էր հեռագրին մէջ մնացեալը թողնելով երեւակայութեանս։ Իսկ երեւակայութիւնս յանկարծ կը գործէր բոլոր ուղղութիւններով։ Կասկածը մտած էր ներսս։ Յանկարծ զօրաշարժի մէջ էի։ Յստակ էր, որ պէտք էր անպայման հասնիլ Տահրան։ Հասնիլ առանց դանդաղելու։ Հասայ։ Եւ դիւրին չեղաւ։ Խճճուած կծիկը նախ պէտք էր քակել…Եւ յանկարծ ինչե՜ր կը բացայայտէի։ Եւ անխուսափելիօրէն, Արաբիայէն ետք, ես կանգ առի Ցիւրիխ, ուր մեր ֆինանսական կառոյցի վերին ժողովն էր։ Պէթին կարգադրած էր, որ Աթէնքի վրայով եկող գործընկերներս Ցիւրիխի մէջ յանձնէին ինծի Աթէնք մնացած թղթապանակս, ներառեա՛լ՝ օրագրի
տետրս։ Ես այդ գիշեր փակեցի դռներս եւ պանդոկի սենեակիս մէջ կրկին առանձնացայ այս տետրակին առջեւ ջանալով ազատուիլ Տահրանի կնճիռներէն, որոնք մոռցնել կու տային նոյնիսկ Թեհրանի ծանր առօրեան։ Դուրսը գիշերային անտառն էր։ Հրաշազան լռութիւնը ծառերուն։ Ահաւոր էր սակայն այն, ինչ տեղի կ’ունենար իմ ներսիդիս։
ՅԳ2/ Օրերը միշտ կը նետեն զիս մէկ մղձաւանջէն միւսը։ Միշտ ինքզինքս կը գտնեմ այս նողկալի երկընտրանքին առջեւ։ Փրկել մա՞րդը իմ մէջս, թէ փրկել կաշիս։ Ապրիլ արժանապատիւ կեանքո՞վ, թէ վերապրիլ ու խոյս տալ մնացեալէն։ Ես միշտ տարբեր եմ իրենցմէ։ Ես միշտ կը փնտռեմ ելքը ինքզինքս ըլլալու։ Ներաշխարհս չաղտոտելու։ Ապրելու՝ «անապական ստուգութեամբ», ինչպէս ըսած էր Ինտրան։ Այս գիւտը ես ըրեր էի Ճեմարանի վերջին տարիս։ Ես միշտ կը յիշեմ Ինտրան։ Զինք կը գտնեմ ամենուր։ Ան կ’ապրի բոլոր այն քաղաքներուն մէջ, ուրկէ կ’անցնիմ ես հեւքով ու աճապարանքով։ Կ’անցնիմ առանց շուրջս նայելու։ Խուսափելով հայերու հանդիպելէ։ Քանի որ ամեն հայ պահանջկոտ խղճմտանք մըն է։ Ամեն հայ իր մէջ կը պարփակէ Ինտրան, որ կրցեր էր զինք խոշտանգողներուն փրկութեան համար աղօթել։ Ես գիտեմ, թէ իմ վերին պարտականութիւնս է փրկել հոգին, որ իմ մէջս է։ Զոր Աստուած պահդրած է ամեն մարդու մէջ։ Ամեն գնով դուրս գալ այս ճանկլէն։ Դուրս գալ չաղաւաղուա՛ծ։ How do you say “unspoiled” in Armenian? հարցուցեր էր ընկերս՝ Ճէյսընը Գահիրէի մէջ։ «Չաղաւաղուա՛ծ»…ըսեր էի։ Փորձեր էր արտասանել բառը, բայց ի զուր։ Բառը կը մերժէր դառնալ բերնին մէջ։ You guys are full of angry consonants, եզրակացուցեր էր եւ խնդացեր էինք։ Այո՛, մենք բաղաձայններ ենք։ Ձայնաւորները խմորող, անոնց ձեւ ու կերպարանք տուող, զանոնք տեւաբար կրթող անխոնջ ջորիներն ենք մենք։ Այդպէս եղած է Ս. Մեսրոպի օրերէն։ Իսկ ես միշտ դրուած եմ սահմանին վրայ։ Միշտ նոյն Փորձութեան Լեռը։ Ես իմ ամբողջ օրս կ’ապրիմ ռազմաճակատի վախերով, ուր ամեն վայրկեան մարդեր զոհ կ’երթան։ Բարեմիտ մարդեր։ Լաւ մարդեր։ Այս մութ կեանքին դատապարտուած մարդեր։ Իմ աշխարհիս մէջ, այդ զոհերը տեղ չունին։ It’s their risk! Իրենց ռիսքն է, պիտի ըսենք մենք կանխելու համար ամեն անհարկի խղճահարութիւն, քանի որ խղճահարութիւնը՝ ի՛նք տեղ չունի հոս։ Մարդը իր ազատ կամքովն է, որ կ’ընտրէ իր ռիսքերը։ Tough! Կ’ըսենք։ Որո՞ւն հոգը։ Կեանքը կարճ է։ Կը սիրենք չխորանալ։ Կը սիրենք ազատ մնալ։ Բայց ի՞նչ ազատութիւն է ասիկա։ Յաճախ հարց կու տամ ինքզինքիս՝ ես իսկապէս կ’ուզե՞մ ըլլալ Ինտրան, որ ապրեցաւ Քրիստոսի բիւրեղութեամբ…Կրնա՞մ ըլլալ։ Որո՞ւն տրուած է այդ պերճանքը։ Մարդ ըլլալը բերկրա՞նք է, թէ տանջանք։ Եւ ես ո՞րն եմ։ Ո՞ր ճամբան է, որ ընտրած եմ ես։ Ընտրա՞ծ եմ։ Ունեցա՞ծ եմ այդ ընտրութիւնը։ Ի՜նչ պատրանք։
ՅԳ3/ Ես կ’ապրիմ մարդերու այս շփոթ, անխարիսխ, անպատսպար աշխարհին մէջ։ Դա՞րն է մեզ ըրած այսպէս, թէ մենք ենք, որ յամառօրէն կը ստեղծենք մեր լպիրշ դարը։ Կը ստեղծենք ամեն օր։ Ես կ’ապրիմ քորփորէյթ մար դու սառնասրտութեամբ։ Ան-
սրտութեամբ։ Յանձնապաստանութեամբ։ Կ’ապրիմ լարուած, ուշադիր, սեւեռո՛ւն։ Թիկունքդ չես վստահիր մարդերու այս աշխարհին։ Ապրելու այլ կերպ գոյութիւն չունի։ Կ’ապրիմ հայ եւ անհայ։ Բայց յստակ է մէկ բան։ Ես չեմ ներեր ինքզինքիս որեւէ պարտութիւն։ Այդ մէկը չեմ կրնար ներել ինքզինքիս։ Վերջին անգամ ես պարտուեցայ 1915-ին։ Այսինքն երբ դեռ երեխայ էր հայրս։ Ես այդ վիրաւորանքը չեմ ներած իմ նախորդներուս։ Ես պիտի չպարտուիմ։ Ես Արաբիայէն վերադարձայ ետիս թողած անարգ խաղը, որ կը խաղացուէր։ Ես շուտով հասկցայ, որ զիս Արաբի աղրկելով զիս ընտրած էին որպէս պատրաստի զոհը…Եւ ես այդ լկտի մեքենայութիւնը դարձուցի իրենց դէմ։ Ինչպէս միշտ, Ցիւրիխի օդակայանը կիրթ էր ու չոր։ Բայց իմ քայլափոխս, առտուան այդ պահուն, օդակայանի պսպղուն մակերեսներուն վրայ, մարտական էր եւ անտեղիտալի։ Երբ կը մտնէի Տոլտըր Կռանտ պանդոկի մեր ժողովասրահէն ներս սիրտս կը պայթէր հպարտութեամբ։ Յաղթո՛ղ մարդու հպարտութեամբ։ Ես զգետներ էի ամբողջ խումբ մը մարդիկ, որոնք իմ գործընկերներս էին – իմ զինակիցնե՜րս — եւ պիտի շարունակէ ին ըլլալ…Մարդի՛կ սակայն՝ որոնք լուռ եւ սմսեղուկ դաշինքով մը ընդուներ էին զիս նետել գազանին երախը իրենց կաշին փրկելու համար։ Եւ ես այդ խաղը տապալեցի։ Պէտք էր տեսնել, թէ ինչպէ՞ս ոտքի ցատկեցին բոլորը, երբ ներս մտայ։ Չտեսնուած ջերմութի՛ւն մը՝ որուն ետին կար յանցանքի վրայ բռնուած մարդու զգացումը։ Հիւանդ քրտի՛նքը՝ որ կը հոսէր ամեն մէկուն ողնաշարէն վար… Յանկարծ բոլորով — եւ լռելեա՛յն — կը փորձէին ծածկել ինծի դէմ լարուած դաւը, որմէ դուրս եկեր էի շրջանցելով իրենց լարած թակարդը։ Իրենք լուացեր էին իրենց ձեռքերը այս բանակցութենէն եւ հիմա պէտք էր, որ մէկը ճարուեր՝ որ այս ձախողութեան գինը վճարեր…Այդ մէկը ես պիտի ըլլայի։ Ես էի բոլորին կողմէ ընտրուած նոխազը։ Այս որոշումը առնուած էր անշշուկ, երբ ես իրենց աղտոտ շորերը կը լուայի Թեհրանի մէջ։ Եւ յանկարծ չարաշուք հրա՜շքը…Ես կրցայ վերականգնել մեր փուլ եկած բանակցային դիրքերը Ռիատի մէջ եւ մեծ յաղթանակ մը շնորհել մեր ընկերութեան միաժամանակ զիրենք թաղելով Ռիատի աւազներուն մէջ։ Այժմ իրենք ստիպուած էին իրենց ամօթը կուլ տալով «տօնե՜լ» այս յաղթանակը – «իրե՜նց» յաղթանակը, իմ կողմէ իրենց պարտադրուա՛ծ յաղթանակը… Եւ այժմ իրենք գիտէին, որ մեր գերադաս այս ժողովին օրակարգը ճշտողը ես պիտի ըլլայի։ Ի՜նչ անհեթեթ եւ ողորմելի վիճակ։ Ապրիլ յաղթանակի մը հետ, որպէս քո՛ւ յաղթանակդ, երբ գիտես, թէ նաեւ շառաչուն ապտակ մըն է ան քու երեսիդ…Յատենի ժողովոյ հնչեց անխուսափելի զանգը։ Ընկալուչին միւս կողմը Ճիմ Վէնտէմարքն էր։ Կը հեռաձայնէր շնորհաւորելու համար զիս Արաբիոյ մեր այս բացառիկ յաջողութեան համար…Յստակ էր, որ գիտէր պատահածը։ Գիտէր իմ գործընկերներուս կողմէ ինծի դէմ պատրաստուած դաւը։ Փորձե՞ր էր միջամտել։ Թէ՞ վստահելով իմ կարողութիւններուս՝ ուզեր էր ապահովել բանակցային սեղանի մեր յաղթանակը միաժամանակ խախտելով միւսներուն միասնականութիւնը…Անոնց ինքնավստահութի՛ւնը։ Ես գիտէի, թէ ինք չէր սիրեր ստորադասներու գերմիասնականութիւնը։ Եւ, անշուշտ, կը կռահէր իմ բարկութիւնս։ Եւ այն իրողութիւնը, որ ես այնուամենայնիւ կրցեր էի յաջողութեամբ վերականգնել անելներու մէջ բռնուած մեր բանակցութիւնը եւ «տուն գալ» յաղթական,
շա՜տ կարեւոր խաղաքարտ մը կը դնէր իր ձեռքերուն մէջ Ցիւրիխի այս ժողովը իր ուզած ուղղութեամբ տանելու…Անշուշտ, այս պարագային, ապաւինելով ի՛մ զէնքերուս։ Ես ջերմութեամբ ընդունեցի իր գնահատականը եւ քայլ մըն ալ առաջ գացի ըսելով, որ «այսպիսի յաջողութիւնները, Ճի՛մ, մէկ հոգիի գործը չեն կրնար ըլլալ»…եւ որ «ամբողջ խումբի մը ներդրումը կար այս բանին մէջ»…Խօսքե՛ր՝ որոնք մտան ժողովասրահի այս մարդոց կողերէն ներս դաշոյնի շեղբի մը պաղութեամբը։ Հիմա անշուշտ կրկին բարեկամներ ենք մենք բոլորս. գործընկերնե՛ր…Բարեկամութի՛ւն՝ որ ամրագրուած է զիրար «անշարժացնել» կարենալու ուժին վրայ։ Բոլորս ալ գիտենք, որ այս խաղը այսպէս միայն կը խաղացուի։ Գիտենք, թէ վաղը ուրիշ օր մըն է ըլլալու…Եւ մենք բոլորս ծայրէն պիտի սկսինք։ Պիտի սկսինք առանց յիշելու…Մեր լեզուին «անյիշաչար»ը նաեւ այսպէս մեկնեցէք։
Երբ կրկին սենեակ հասայ, զգացի, որ միտքս ազատուած է վերջին օրերու երկուութիւններէն։ Ի՜նչ հրաշալի զգացում էր յաղթանակը։ Իրակա՛ն յաղթանակը։ Յատկապէս՝ այս ոջիլներուն սարքած դաւը իր բոյնին մէջ խեղդած ըլլալու հոգեկան սխրանքո՛վ։ Ո՜չ, իմ գոյութիւնս չի կրնար շփոթուիլ բնութեան հետ։ Ոչ մէկ եղկելի իմ անզօր մարմինս պիտի չտանի իր քոսոտ ջորիին վրայ Տիարպեքիրի չէօլերուն մէջ։ Ինտրան վերջինն էր այդ հայերուն։ Հայը, թուրքը, յոյնը, հրեան, արաբը, ասորին չեն կրնար անտարբեր թողուլ զիս։ Ես կռուող մըն եմ։ Ես ծնած եմ յաղթելու համար։ Տեղքայլը խաղաղութիւն չէ։ Տեղքայլը մահ է։ Մարդը պիտի ապրի որպէս մարդ։ Ոչ որպէս սոսկ վերապրորդ։ Պիտի ապրի՝ ջարդելով քիթն ու բերանը սատանային, որուն մասին տեւաբար կը խօսուի Աւետարաններուն մէջ եւ որ պատրաստ է ամեն անկիւնադարձի քեզ խաղի բերելու։ Այդ փորձութիւններէն ամուր ողնայարով դուրս եկող մարդն է միայն, որ արժանի է ուրախութեան։ Ապրի՛լ ՝ յատկապէս ծունկի բերելու համար այդ գձուձը։ Եւ ոչ միայն մէկ անգամ։ Ամե՛ն անգամ։ Կրկին ու կրկին։ Քանի որ ան եւս անմահ է ինչպէս նոյնինքն տիեզերքի Հայրը։
Ի վերջոյ մէկ թշնամի գոյութիւն ունի կեանքիդ մէջ։ Այն վատորդի՛ն՝ որ կը պղտորէ մարդ արարածին արիւնը։ Եւ կրնա՛յ…Եւ աներեւակայելի հեշտութեամբ։ Դուն այդ պիղծն է, որ պատժեցիր Տահրանի, Ռիատի, Ցիւրիխի մէջ։ Նաեւ՝ քո՛ւ մէջդ…Խոստովանէ՛։ Խոստովանէ այս մէկն ալ։ Մաքրելով դաշտը՝ դուն մաքրեցիր Աստուծոյ այդ ներքին սենեակը նաեւ քու մէջդ…Մի յաւակնիր ազատութեան մինչեւ որ այդ սենեակը մաքրուի։ «Գոնէ հիմակուհիմա», պիտի ըսէր հայրս իր խոհուն նայուածքը սեւեռելով վրաս։ Այս պահուն դուն այդ փխրուն եւ ժամանակաւոր ուրախութիւնն է, որ կ’ապրիս։ Ապրէ՛։ Բայց գիտցիր, որ այս կռիւը վերջ չունի։
Կը յիշեմ հրաշալի արհամարհանքը, որ կար մէջս հանդէպ ժողոովասեղանին շուրջ նստողներուն, որոնք հիմա հազար կտոր կ’ըլլային իրենց կապերը պահպանելու ինծի հետ։ Հրաշք էր մանաւանդ կարենալ վերէն նայիլ Վէնտէմարքի հսկայ ուժին եւ վերին ոլորտի «անհպելի»ներուն եւ տեսակէտ պարտադրել։ Զգա՛լ՝ որ կրնաս քալել այս շէնքէն դուրս եւ կեանքդ ծայրէն սկսիլ։ Կեցցե՛ս Ֆրէնկեան, կը կրկնէի մտքէս՝ յիշելով Թեհրանի մեր երեկոն։ Զգա՛լ՝ որ կրնաս ազատութիւնդ նուաճել քու նախնական, բայց
աստուածատուր, զէնքերովդ։ Կրնաս վտարել կեանքէդ վհատութիւնը, անձնատւութիւնը, փոքրոգութիւնը, անզօրութիւնը եւ ի վերջոյ՝ ատելութի՛ւնը…Վերագտնել ինքդ քեզ։ Ողջ առողջ։ Վերագտնել Ինտրա՛դ։ Եւ մանաւանդ հասնիլ տուն առոյգ, կորովի, ուրախ, աներկմիտ եւ պերճօրէն յանձնապաստան եւ ուղիղ նայիլ աչքերուն մէջ սիրտդ թունդ հանող հոգեհատորներուդ։
Նոյն