«Հիմա ոչ միայն կարօտել եմ նախնիքներիս, այլ նաեւ ժամանակակիցներիս, մտավախելով, որ նրանք եւս մի օր նախնիք պիտի դառնան։ Հաստափոր հասցէագրքիս անունների մէկ քառորդը գնացել է։ Չեմ ջնջել, չեմ կարողացել ջնջել այդ անունները։ Միթէ՞ ապրանք են նրանք»։
«Մեր նախնիքների ստուերները» պատմուածքին այս պարբերութենէն եօթը տարի ետք, սփիւռքահայ գրականութեան վերջին յիսնամեակի ընտիր անուններէն մէկը՝ Յակոբ Կարապենցը (1925-1994), այլեւս չկար: Իր անժամանակ մահէն անցած է տասնվեց տարի, ու ան այլեւս դարձած է նախնիք, մնալով հանդերձ ժամանակակից։ Ու զինքը կը կարօտնանք այդ զոյգ հանգամանքներով։
Առաջին անգամ ես Յակոբ Կարապենցին հեռակայ ծանօթացայ երեք տասնամեակ առաջ։ Մեր ծանօթութիւնը, ափսոս, միշտ պիտի մնար հեռակայ։ Տասնվեց տարեկան պատանի էի «Բուէնոս Այրէս հսկայ քաղաքում», ինչպէս գրած էր երբեմնի արժանթինահայ Ալիսիա Կիրակոսեանը, ու սկսած էի մխրճուիլ հայ գրականութեան ինքնուրոյն ծանօթութեան մէջ՝ դպրոցական դասագրքային ծանօթութիւններէն անկախ։ Նոր կը սկսէի նաեւ հայերէնէ սպաներէն թարգմանական փորձերս։ Հայրս Բագին ամսագրի ամբողջական հաւաքածոն բերած էր Մոնթէվիտէոյէն, ու հոն էր, որ առաջին անդամ կարդացի Կարապենցէն պատմուածք մը՝ «Մի մարդ եւ երկու շիրիմ»։ Տպաւորութիւնը խոր էր. ահաւասիկ գրող մը, որուն ոճը մերօրեայ էր, որ նոյնիսկ երբ կը խօսէր երէկուան Չարենցի չգոյ գերեզմանին մասին, միշտ կր վերադառնար այսօրուան՝ Ճոն Քենետիի գերեզմանին։
Ծնած էր Պարսկաստան, ու 22 տարեկանին հաստատուած էր Ամերիկա։ Բայց ո՛չ պարսկահայ գրող էր, քանի որ… պարսկահայ գրականութիւնը հիմնականին բանաստեղծներու գրականութիւն եղած է, ո՛չ ալ ամերիկահայ, քանի որ… ամերիկահայ գրականութիւնը հիմնականին անցեալի պաշտամունքին մէջ սեւեռած էր (ու է՛, եթէ հաշուենք անգլիագիր հեղինակները եւ զանց ընենք Արամ Հայկազը)։
Ո՞վ էր ան։ Կարապենցը վարպետն էր պատմուածքին ու նորավէպին, բայց նաեւ ձեռք զարկած էր իր այսպէս կոչած «ժամանակակից վէպ»ին՝ Կարթագէնի դուստրը եւ Ադամի գիրքը։ Առաջինը «օտար» պատմութիւն մըն է՝ Վիեթնամի պատերազմի նիւթով, ուր նաեւ հայ կերպար մը ներկայ է։ Իսկ երկրորդը չափով մը նոյնպէս «օտար» նիւթ է, քանի որ ամերիկեան թերթերու խմբագիր հայ մըն է գլխաւոր տիպարը։ Ու թերեւս Ադամի գիրքը լաւագոյն պատասխանը կու տայ քիչ առաջուան հարցումին։ Յակոբ Կարապենցի աշխարհագրական վայրը տեղայնացում չէր ճանչնար։ Ան հիմնովին սփիւռքահայ գրող մըն էր, որ հայն ու ոչ-հայը, տոհմիկն ու օտարը ինքնատիպ համադրութեամբ կ՛ապրեցնէր իր գրականութեան մէջ։ Սփիւռքահայ գրողն էր, որ նաեւ կր ներկայացնէր այդ համադրութեան անհաշտ կողմը. Ադամի գիրքըի մէջ, շարունակելով Շահան Շահնուրէն սկսող աւանդութիւնթ, Ադամ Նուրեանի սիրուհին՝ օտար Զելտան (թերեւս ակնարկութիւն՝ Ֆրենսիս Սքոթ Ֆիցճերըլտի կնոջ ճակատագրին), ողբերգական ճակատագիր մը ունի։
Սփիւռքը վաւերականօրէն ընդունիլ կը նշանակէ ընդգրկել երկու աշխարհ։ Կարապենցի արձակին մէջ հետզհետէ երկու աշխարհներ իրենց հարազատ գոյակցութիւնը գտած էին՝ նիւթերու, հերոսներու, գաղափարներու, ոճի թէ մտածելակերպի առումով։ Ան, հաւանաբար, Միացեալ Նահանգներու հայագիր գրագէտներուն շարքին ամենէն աւելի «ամերիկացած»ն էր՝ բառի լաւագոյն իմաստով, իր նիւթերուն բազմազանութեամբ թէ հայկականէն անդին սեւեռուն ուշադրութեամբ։ Օր մը, անշուշտ, պիտի գտնուի գրականութեան հմուտ պատմաբան մը, որ խելամտօրէն կարդայ Կարապենցի արձակը ու, նոյն ատեն, անոր ընդմէջէն մեզի ներկայացնէ ամերիկեան գրականութեան ընթերցումներուն բաղդատական ուսումնասիրութիւնը։
Քայլ պահելով ամերիկեան ու համաշխարհային պատմութեան հետ, ան բնականաբար արդիապաշտ էր. իր փորձագրութիւններէն մէկուն մէջ ան ինքզինք իբրեւ «ծայրայեղ արդիապաշտ» տեղադրած է՝ Սփիւռքի գրականութեան երկու իսկական «ծայրայեղականներ» Վահէ Օշականի եւ Գրիգոր Պըլտեանի կողքին։ Սակայն, անոր արդիապաշտութիւնը աւելի կապուած էր գրական թեքնիքի ու նիւթի նորոգումին, քան աւանդութիւնը խախտելու ու քանդելու կեցուածքին, որ բնորոշ է այդ երկու հեղինակներուն։ Կարապենցի գրականութեան մէջ ներկայ են հայկական աւանդական յուզականութեան ու հռետորութեան տարրեր, թէեւ ո՛չ մեր գիտցած չափանիշներով. ու անոնց չափաւորութիւնը ընթերցողը չի նեղացներ, այլ յաւելեալ գոյն մը կու տայ անոր։
Արդիապաշտութեան գեղեցիկ օրինակ մըն էր յիշեալ «Մեր նախնիքների ստուերները»ի (ակնարկութիւն ու պատասխան Սերգէյ Փարաճանովի առաջին նշանաւոր ֆիլմի խորագրին «Մեր նախնիներու մոռցուած ստուերներ») մէջ մուտքը Աստղիկ ու Վահագն սիրահարներու զոյգին, որպէս Մանհաթըն ու Պրուքլին ապրող երիտասարդներ, որոնք կը բերեն անցեալի համանուն աստուածութիւններուն սիրաբանութեան ու առասպելին յուշը՝ յետարդիական ամերիկեան ներկային մէջ։ Կարճ հատուած մը,
Վահագնը չպատասխանեց։ Փոխարէն իր ծովագոյն աչքերը յառեց Աստղիկի սեւաթոյր խոշոր աչքերին, որոնց մէջ անակնկալօրէն իջեւանել էր գիշերը, ուր հազար վիշապներ էին թաքնուած, սպասելով ամպրոպին։ Այժմ Վահագնը տեսաւ Աստղիկին, կապոյտ ջինզի մէջ, կապոյտ ջինզից դուրս, սեւ վարսերի յարաշարժի ջրվէժը, այտերի անհպելի շուաքը, պարանոցի չերգուած բանաստեղծութիւնը, նրա կրծքերի անասելի խռովքը եւ յիշե՜ց, յիշե՜ց վաղնջական առաւօտները խաղողի յուռթի դաշտերում, Սուրբ լերան ստորոտում, երբ ինչ-որ նահապետ գինովցած փորձում էր ռաք-ըն-ռոլ պարել։
Ուշագրաւ կէտերէն մէկն է նաեւ, որ Կարապենցը Սփիւռքը որպէս հոգեբանութիւն ու հոգեվիճակ մարմնաւորող հազուագիւտ հեղինակներէն էր, որ արեւելահայերէն կը գրէր։ Այսինքն՝ եթէ Սփիւռքի երեւոյթը հիմնականին արեւմտահայ հանրութեան կրած 1915ի Աղէտին հետեւանքն էր, ահաւասիկ գրող մը, որ այդ փորձառութենէն ուղղակի անցած չըլլալով, կը յաջողէր ընդգրկել զայն ու իր գործին առանցքը դարձնել զայն՝ մեր լեզուի այն ճիւղով, ուր սփիւռքեան փորձառութիւնը (թէեւ ժխտելով Սփիւռքը) առաջին անգամ արձանագրած էր նախասփիւռքեան իրավիճակէն եկող ուրիշ ինքնատիպ գրող մը՝ Կոստան Զարեանը։
Գիտակից ըլլալով Սփիւռքի կարեւորութեան, Կարապենց նաեւ գիտակից էր Հայաստանի ներկայութեան, թէեւ անոր հրատարակչականներուն ու մամուլին դռները ամրօրէն փակ մնացին իր գրականութեան առջեւ մինչեւ 1990ական թուականներուն սկիզբը։ 1986-ի ինքնադատական գրութեան մէջ, ան կը գրէր.
Այդուհանդերձ, Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ, չի կարող լինել, թէեւ հասել է մի հանգրուանի, ուր սփիւռքահայ իրականութիւնը հետզհետէ ուրոյն դիմագիծ է ստանում որպէս քաղաքական ոյժ, տնտեսական մակարդակ ու մշակութային գործօն։ Թէ որքան պիտի դիմանայ, կախում ունի Հայաստանի դիրքից, հայրենի պետութեան ողջախոհ մօտեցումից։ Այլեւս ինքնայայտ ճշմարտութիւն է, որ Հայաստանը շարունակ ներկայ է մեր գիտակցութեան ու ենթագիտակցութեան մէջ։
Տարիներով կարդալէ ետք, 1992ին վերջապէս առիթը եղաւ Կարապենցէն գրութիւն մը սպաներէնի թարգմանելու։ Ընկերոջս՝ Յակոբ Կիւլլիւճեանի հետ (այժմ՝ Լոս Անճելըս) այդ տարի հրատարակեցինք կարճատեւ (երեք թիւ) սպաներէն պարբերաթերթ մը Պուէնոս Այրէսի մէջ՝ «Հարաւ» անունով։ Առաջին թիւին համար (Յունիս 1992), մտածած էինք քանի մը ցնցիչ գրութիւններ թարգմանել (ինքնագիր ցնցիչ շատ մը այլ բաներու կողքին)՝ մեր քիչ մը շատ պահպանողական ու հայ արդի աշխարհէն քիչ տեղեակ համայնքին աչքերը բանալու համար։ Այդպէս էր, որ «Մեր նախնիքների ստուերները»ի Աստղիկի ու Վահագնի սիրաբանութեան հատուածը լոյս տեսաւ իմ սպաներէն թարգմանութեամբ։ (Գրագէտին յօդուածներէն սպաներէն նմոյշներ արդէն լոյս տեսած էին ու լոյս տեսան հետագային, բայց ասիկա Կարապենցի գեղարուեստական արձակէն միակ թարգմանութիւնն է ցարդ)։ Հեղինակը, իմանալով այս թարգմանութեան մասին, նամակ մը գրեց։ Այդպէս սկսաւ աշխոյժ թղթակցութիւն մը, որ տեւեց մինչեւ 1993ի վերջերը, եթէ ճիշդ կը յիշեմ։ Վերջին նամակէս ետք, լռութիւն տիրեց։ Ու քանի մը ամիս ետք, մահուան բոլորովին անսպասելի ու անհաւատալի բօթը վրայ հասաւ։
Ան ինծի ղրկած էր Երկու աշխարհ խորագրուած փորձագրութիւններու ժողովածուն, զոր գրախօսած էի Յառաջ օրաթերթին մէջ, Փարիզ։ Այդ յօդուածներէն մէկուն մէջ գրածը կր մնայ գեղեցիկ մաղթանք մը, զոր կր կարծեմ, թէ ինք կրցաւ իրականացնել.
Հիմա ինչ էլ անելու լինենք, միեւնոյնն է, դարը մօտենում է իր վերջաւորութեան։ Լաւ կը լինի եթէ մեզ հետ մի բուռ իմաստութիւն տանենք, որպէսզի չասեն թէ սրանք թափառելուց բացի ուրիշ բան չեն առել իրենց կեանքում։ Ի վերջոյ պիտի գայ մի օր երբ պիտի ձերբազատուած լինենք հայրենական կարօտախտից եւ պիտի կարողանանք ուղղակի աշխարհի աչքերին նայել։
Որպէս եզրափակում, տեղին կը նկատեմ մէջբերել ուրիշ սիրելի հանգուցեալի մը՝ հայրենի տաղանդաւոր ու վաղամեռիկ գրականագէտ Գրիգոր Յակոբեանի մէկ հաստատումը, Կարապենցի մահէն երկու տարի ետք հրատարակուած, որ ըստ իս բաւական ճշգրիտ կերպով կը բնորոշէ գրագէտին տեղը մեր գրականութեան մէջ.-
Միանշանակ է, որ Կարապենցը արդի սփիւռքահայ գրականութեան համապատկերում է յատկանշւում առաջնային երկու իրողութիւններով. նրա գրականութիւնը Սփիւռքի գեղարուեստական արձակի պատմական ձեռքբերումների (Յ. Օշական, Մնձուրի, Համաստեղ, Հայկազ, Շուշանեան, Որբունի) ուրոյնացրած համադրութիւնն է, Կարապենցի արեւելահայերէնը։ Սփիւռքում հայերէնի այս դրսեւորման նուաճումն ու հանգրուանն է միաժամանակ, աւելին ընդհանրապէս սփիւռքահայ գրականութեան պատմութեան մէջ գրողի արեւելահայերէնն է, որ փարատեց արտերկրում արեւելահայերէնով ընտիր գրականութեան ստեղծման տարակոյսը։
Յակոբ Կարապենցի գրականութիւնը 20րդ դարու արտադրութիւն ու վկայութիւնն էր, սակայն ան նուաճած էր 21րդ դար մտնելու իրաւունքը, որ մեր գրականութեան մէջ շատերու տրուած չէ։ Վերադառնալ անոր հրատարակուած ու հրատարակելի գիրքերուն՝ հազուագիւտ հաճոյք մըն է, որ հայ ընթերցողը պէտք է շարունակէ փորձել ու ճաշակել առատօրէն։