Տագնա՞պ։ Այո՛։
    Սա տասնամեակը՝ որ անցաւ, չունի իր նախընթացը։ Մտաւոր ճիգի պակա՞ս, թէ զգացումներու շփոթ,- ի՞նչ կ՚ուզէք ըսէք, պիտի չկրնաք բուն բառը գտնել։
   Տագնապը, որուն մասին կ՚ուզենք խօսիլ, գրականութեան մէկ ճիւղին կը պատկանի առաւելաբար,- հիմնականներէն մէկուն.- Վէպին։     Վրանաքաղաքները պատմութեան անցած են։ Սերունդ մը փոխուած է, Մնացորդացը դարձած անցեալ, ու, տակաւին, հայ գրողը (չենք համարձակիր ըսել՝ հայ վիպասանը) Կարդալ աւելին
Կարելի է ըսել, թէ ընդհանուր դժգոհութիւն կայ Սփիւռքի գրականութեան մասին: 
    Կան շատեր, որոնք ընդունելով հանդերձ մեր անհատ գրողներու նուաճումներն ու յաջողութիւնները, գոհ չեն երբեք մեր գրականութեան ընդհանուր վիճակէն: 
    Անշուշտ ունինք շնորհալի եւ տաղանդաւոր գրողներ, մէկէ աւելի: Սակայն, չենք կրնար մատնանշել գրական գործ մը, որ թուական բանար: Այսօր ապրող սերունդը, որ հին փորձառութիւնը չունի, Կարդալ աւելին
Տեղեակ էի, թէ Բագին պարբերականին առընթեր նախաձեռնութիւն մը կը պատրաստէ հրատարակութիւնը Յ. Քիւրքճեանէ հատորի մը: Եւ անհամբեր կը սպասէի: Ահա Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն լոյս տեսած է հատորը՝ որպէս առաջին թիւը «Բագին մատենաշար»ի, Սոնիա Քիլէճեանի եւ Րաֆֆի Կարդալ աւելին
 Գուրգէն Մահարի (1903-1969), հայ գրականութեան երկրորդ Ապրիլ 24ի՝ 1936-1938ի ստալինեան մաքրագործումներու թերեւս ամենէն կարկառուն վերապրողը գրականութեան դաշտին մէջ, եղած է թէ՛ բեղուն արտադրող մը (այդ արտադրութեան մէկ կարեւոր մասը լոյս տեսած է յետմահու) եւ թէ՛ անդադրում նամակագիր մը։ Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատունը... Կարդալ աւելին