ՍՓԻՒՌՔ ԵՒ ԻՆՔՆԱՑՈՒՄ

ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՔՆԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

ՍՓԻՒՌՔ ԵՒ ԻՆՔՆԱՑՈՒՄ ՀԱՏՈՐԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Յարութիւն Քիւրքճեան
ՍՓԻՒՌՔ ԵՒ ԻՆՔՆԱՑՈՒՄ.
ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ)
Պէյրութ, «Բագին» մատենաշար, թիւ 1, 2022

 

Ա. ՄՈՒՏՔ

Տեղեակ էի, թէ Բագին պարբերականին առընթեր նախաձեռնութիւն մը կը պատրաստէ հրատարակութիւնը Յ. Քիւրքճեանէ հատորի մը: Եւ անհամբեր կը սպասէի: Ահա Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն լոյս տեսած է հատորը՝ որպէս առաջին թիւը «Բագին մատենաշար»ի, Սոնիա Քիլէճեանի եւ Րաֆֆի Աճէմեանի խմբագրութեամբ:

Հատորին բովանդակութիւնը զետեղուած է սկզբնաւորութեան: Կը հետեւի խմբագրութեան «Երկու Խօսք»ը: Հատորին վերջաւորութեան՝ Րաֆֆի Աճէմեանէ «Յետ-Գրութիւն» վերնագրով վկայութիւն մը (ճիշդ կ’ըլլար պահպանել գրաբարի կանոնը եւ «Յետ Գրութեան» վերնագրել), որ կը սկսի այսպէս. – Սփիւռքը կը սկսի գրութեամբ մը, որ կը կոչուի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւն անյայտներով»:  
    Յ. Քիւրքճեանի սոյն փորձագրութիւնը լոյս տեսած էր Ահեկան պարբերականի 1968ի թիւ 3-4-ին մէջ (ապա լոյս տեսած նաեւ հեղինակին Փորձ տարագրութեան մասին գիրքին մէջ, Փարիզ, «Հայ Սփիւռք» մատենաշար, թիւ 1, 1978): Ր. Աճէմեանի հաստատումը չափազանցող զեղում մը կը թուի, սակայն ինքս ալ կը ձայնակցիմ իրեն, ինչպէս մեր սերունդէն անոնք՝ որոնք կրկնուող, սպառած գաղափարներու ապայժմէութեան սկսած էին գիտակցիլ – ընթերցողներէ ոմանց պարագային, ինչպէս այն ատեն պատանի աշակերտիս, մինչեւ անոր վրայ հակիլս՝ տարտամօրէն: Փորձագրութեան հետ հանդիպումը «տակն-ու-վրայ» ընող փորձառութիւն մըն էր, շրջող մը՝ ընկալումներու, տեսողութեան: Անկասկած, Սփիւռքը սկսած էր անկէ առաջ, բայց Սփիւռքի մտածումը կը սկսէր անով: Ա’յս էր «զեղում»ին միտք բանին:
    Յարասելով Ր. Աճէմեանի խօսքը, փորձագրութիւնը ունէր զօրութիւն մը՝ որ քեզ կը պարուրէր, կ’առնէր իր զգայութեանց ու մտածումի յորձանքին մէջ, եւ կը խօսէր քեզի այնպէս՝ որ կարծես կու գար գիտակցութեանդ խորերէն: Անիկա քեզ դէմ յանդիման կը կեցնէր ինքնութիւնդ վերասահմանելու որպէս ժամանակակից հայ, որ կը փափաքի ստանձնել կամ կը ստանձնէ ինքնացումի ընթացք մը, այժմէացումի ընթացք մը:
    Ր. Աճէմեանի գրութեան այս անդրադարձը՝ որովհետեւ 1) մէկ խմբագրէն է. 2) անոր գլխաւոր տարրը փորձագրութիւնն է. 3) հմայքը փորձագրութեան՝ որ Յ. Քիւրքճեանէ անհաւասար եւ տարարժէք յօդուածներու այս ժողովածոյին կազմութեան եւ հրատարակութեան մղիչն է: (Նշանակալից որոշմամբ մը՝ փորձագրութիւնը հատորին կեդրոնը կը գրաւէ, «մագնիսի մը պէս կարծես իր շուրջ հաւաքելով… գրութիւններու ճոխ ընտրանի մը»):
    Հատորը ունի երեք մասեր. Ա. Ծնունդ նոր – 1, Բ. Հարցադրումներ, Գ. Ծնունդ նոր – 2:
    Ուշագրաւ է, որ թէ «Ծնունդ նոր – 1»ի եւ թէ «Ծնունդ նոր – 2»ի բնաբանները քաղուած են Նիկողոս Սարաֆեանի Միջերկրական քերթողագիրքէն: Առաջինին բնաբանն է. «…ի՜նչ խռովք՝ մնացորդաց համար դեռ՝ ծնունդն այս մեր…»: Երկրորդին՝ «…եւ նոր երկիր է, ծնունդ՝ ես կը յիշեմ նոյն ատեն…»:
    Ինչո՞ւ զոյգ բնաբանը: Եւ ինչո՞ւ Միջերկրականէն:

  1. Քանի որ Ն. Սարաֆեան սփիւռքցի վաւերական քերթողն էր: Իրմով է, որ Սփիւռքի փորձառութիւնը առաջին անգամ կ’ազատագրուէր «սոսկական հայապահպանում»ի եւ անգիտակից գաղափարաբանութեան ամլութենէն, եւ կը ստանձնէր «դրական ներկայութիւն»ը, «անմիջական տարաշխարհային տուեալ»ը: 
  2. Միջերկրականը «ամբողջ լայնքով կը դնէր հարցը անհատի գոյութեան Վայրին, հիմնաւորման»: Անիկա ո’չ թէ միայն «գոյութեան Վայրին» գիրքն է, այլեւ՝ «գոյութենական Վայրին»: Շրջումի գիրք մը, եւ շրջումը «սարաֆեանական ոլորտի խորութիւնն ու հարստութիւնը կը կազմէ»: Շրջումը անոր մօտ «գոյութենական ամբողջ արարք է», «ամբողջական յանձնառութիւն», որ կը զանցէ եւ «նոր տարազումով կը նուաճէ…ազգային եւ պատմա-մտածողական մակարդակները»: Այս էական արարքով՝ «առկախման վայր»ը կը վերածուի «շարժման նոր տարազի» (Միջերկրականի եւ ընդհանրապէս Ն. Սարաֆեանի վաստակին Յ. Քիւրքճեանի վերլուծումը նախապէս լոյս տեսած էր «Յետ-գրութիւն մը՝ Նիկողոս Սարաֆեանի համար» վերնագրութեամբ՝ Չափածոյ երկեր հատորին վերջաւորութեան, Անթիլիաս, 1982, էջեր 475-507: Վերլուծականը ներառնուած է Սփիւռք եւ ինքնացումին մէջ):

 

Բ. ՆԱԽԱ-«ՄԱԳՆԻՍ»Ը

«Շողանկարումներ Սփիւռքի առաջին սերունդէն» խորագրով (ենթավերնագիրը՝ «Կացութիւն-Զգայնութիւն-Գաղափարաբանութիւն») վերլուծական շարք մըն է, որ առաջադրութիւնը ունեցած է «հրապարակային «ընթերցում»ով» քննել «1925-էն 1975 երկարող կէս դարու տարածութենէն վերցուած» շուրջ երկու տասնեակ երկեր, «որոնք լոյս տեսած են՝ Սուրիոյ եւ հակոտնեայ Լատին Ամերիկայի միջեւ, եւ որոնք կը բխին հոգեբանական որոշ կառոյցի մը զանազան տարբերակումներէն»: Այս առաջադրութիւնը չէ իրականացած, դժբախտաբար: Բաւարար է յիշել քննուած երկերու հեղինակներուն անունները, տրուած կարգով. Համաստեղ (ԱՄՆ), Վազգէն Շուշանեան (Ֆրանսա), Շաւարշ Նարդունի (Ֆրանսա), Շահան Շահնուր (Ֆրանսա), Հրաչ Զարդարեան (Ֆրանսա), Զարեհ Որբունի (Ֆրանսա), Նիկողոս Սարաֆեան (Ֆրանսա): Համաստեղի եւ Վազգէն Շուշանեանի միջեւ՝ «Որբաշխարհ» վերնագրին ներքեւ «խոյզ» մը կատարած է «Սփիւռքի ծագման օրրան»էն (Սուրիա եւ Լիբանան) գրութիւններու, որոնք տպուած են Որբաշխարհի աստղին (Պէյրութ, 1925-1931. Յ. Քիւրքճեան իր տրամադրութեան տակ միայն ունեցած 1925-26 երկամեակի հաւաքածոն) մէջ:
    Շողանկարողը չէ հետաքրքրուած գրութիւններուն գեղարուեստական որակով, այլ ինչ որ ընտրած է՝ առած է լոկ թափանցելու անոնց  «գաղափարաբանութիւն»ներուն (հասկնալ՝ անգիտակից գաղափարաբանութիւնները) մէջ: Հոգեվերլուծական եզրերու կիրառումէ կ’ախորժի, սակայն ատոնք ախտաբանական-բուժական պաշտօն չունին, այլ կը ծառայեն ախտաբանականի տեսողութեան՝ վասն «գաղափարաբանական» քակտումին: Տեսողութիւն մը՝ որ կը միտի ըմբռնելու գաղափարներու հիւանդագին մթնոլորտը, հարց տալու համար՝ թէ ի՞նչ են անոնց յարաբերութիւնները թէ՛ իրենց եւ թէ՛ մեր «ներկայ Ժամանակին եւ ներկայ Վայրին հետ», այսինքն՝ անոնք «ո՞ր չափով (իրենց եւ մեր) «հիմա»ն եւ «հոս»ը» կ’արտայայտեն, աղերս ունին իրենց եւ մեր «հիմա»յին եւ «հոս»ին հետ: Յ. Քիւրքճեանի համար ի սկզբանէ պարզ է, թէ անոնք «խանգարուած»ութիւններ են, լռեցումներն են «հիմնական դէպքին»՝ Աղէտին, եւ՝ այլակերպ փախուստներ «հիմա»յէն եւ «հոս»էն: Նաեւ՝ իրեն համար պարզ է, թէ այդ «հոգեկազմ»ը յետագային որդեգրուած է, կապկուած է յաջորդ սերունդներուն կողմէ, ինչ որ «մերժելի, խոտելի» է: Արդ, «շողանկարում»ներուն միտումն է «գաղափարաբանութիւներ»ը կազմաքակել, որպէսզի «հիմա»ն եւ «հոս»ը կամ գոյութենական իրականութիւնը տեսնուին, ստանձնուին եւ ստեղծուին:
    Վ. Շուշանեան եւ Շ. Նարդունի գոյութենական Ժամանակն ու Վայրը տեսնելու, ստանձնելու եւ ստեղծելու հոգեբանական տարբերակ խափանումներու ենթակայ են (Յ. Քիւրքճեան նկատի չէ ունեցած գաղափարագիր Վ. Շուշանեանը եւ Շ. Նարդունին, այլ գեղարուեստական գրողները): 

Առաջինը՝
    «Նոր կեանք ստեղծող մարդ» մը չկրցաւ ըլլալ: Ան «ծայրագոյն շեշտումն է…բոլոր «գափաբարաբանական» պարագաներուն՝ Շահնուր-պարագային, Նարդունի-պարագային, Զարդարեան-պարագային, նուազ չափով մը՝ Որբունի-պարագային»:
    «Ծայրագոյն շեշտում»ով ի՞նչ է հասկցուածը:

  1. Անոր անձին երկհերձումը այնքան «ահաւոր» է, որ անդարմանելի վիճակ մը ունի: Ան կը գտնուի անցեալ/ներկայ երկուութեան մէջ. երկուութիւն մը՝ ուր ներկան իրականութեան մէջ չկայ, այլ լոկ մերժուած ժամանակ մըն է, տեղ մըն է լեցուած «գեղեցկացած մանկութիւն»ով, «բզկտուած, պառակտուած պատանութիւն»ով, «որոշ առահաւութիւն»ով, ժառանգական «որոշ խորք»ով: Սակայն այս երկուութիւնը դեռ «էական» հերձումը չէ:
  2. «Էական» հերձումը իր անհատականութեան «հիմնական խախտում»ն է, որ բարոյական հասկացողութիւններու «գլխապտոյտ տուող արագութեամբ» փոփոխումներ, հակասումներ, ինքնահերքումներ կը պատճառէ: Փոփոխումներ՝ որոնք հաւասարապէս անկեղծ են: Անոր «զգացական հաւասարակշռութիւն»ը եւ «դրական/բացասական արժէքներուն համակարգ»ը խախտած է:
  3. Ասոր կը հետեւի «Ուրիշ»ին կամ «Օտար»ին մերժումը (Յ. Քիւրքճեան այլ տեղեր նաեւ «Միւս» եւ «Այլ» եզրերը գործածած է: Կը կարծեմ որ «Ուրիշ», «Օտար» եւ «Միւս» եզրերու տարբերութիւններուն սահմանումներ անհրաժեշտ են): Վ. Շուշանեան չի գիտեր «առողջ ու բնական ձեւը» վարուելու «Ուրիշ»ին կամ «Օտար»ին հետ, հետեւաբար չի կրնար զայն ստանձնելով՝ ինքզինք ըլլալ: «Ուրիշ»ը կան «Օտար»ը միայն ֆրանսացին կամ ուրիշ ազգի անհատը չէ միայն, այլեւ է ընդհանրապէս «Այլ»ը: Այս անկարողութիւնը զինք կը զրկէ ինքնութեան զգացողութենէն, ուստի իր ամբողջ «գործ»ը (հասկնալ նաեւ՝ գործունէութիւնը) անվաւեր կը դարձնէ: 

Երկրորդը՝
   
    Շ. Նարդունի «բացարձակ» մերժողն է ներկային, «այսինքն՝ ներկայ Վայրին ու ներկայ Ժամանակին»: 
    Ան

  1. «խափուսիկ ստորոգութիւններու մէջ կը ձուլէ իր ներաշխարհային զարգացման ուղեգիծը». «երազաշխարհ»է կ’անցնի «զգայարանական գինովութեան փուլ», իսկ «իր գոյութեան երրորդ ու վերջնական հանգրուանին», որ որպէս բժիշկ գիտական հանգրուանն է, «մթութիւն հագած» իր սենեակէն կը դիտէ «լոյսի առուակի մը մէջ բռնուած մարդիկը»: Շ. Նարդունին ինքզինք կը ճանչնայ որպէս «առասպելի հանգամանք» մը, այլ խօսքով՝ իր ինքնութիւնը՝ ցնորքներու գերակայութեան ինքնութիւն մըն է:
  2. «Ունի միայն սուգը գիւղին, որբութիւնը իր անձին»: Այս սուգն ու որբութիւնը իր պարագային, ինչպէս իր ամբողջ սերունդին, հաշմումներու կ’երթայ, պիտի ըսէի՝ հաշմումներով կ’երթայ դէպի կատարեալ հաշմում:
  3. Ունի վախը Օտարին կամ Ուրիշին, Տարբերին, Տարաշխարհին, թէեւ՝ առանց հասնելու Շուշանեանական տագնապանքին խստութեան: Շ. Նարդունիի այս վախը խորապէս սեփական ինքնութեան հանդէպ վախ մըն է նաեւ, զայն չպղծելու վախ մը:
  4. Այս կրկնակ վախը զինք կը խեղդէ, եւ չի ձգեր որ «ներկայ անհատ» դառնայ, Ներկային եւ Վայրին մէջ անհատ դառնայ: Ուստի կը բացակայի իր գոյութենական Ժամանակէն եւ Վայրէն, եւ իր «գործ»ը (հասկնալ նաեւ՝ գործունէութիւնը) կը վկայեն մահուան մասին, եւ ոչ թէ՝ կեանքին:

Երրորդը՝
    Շահան Շահնուր յարաբերաբար Վ. Շուշանեանի եւ Շ. Նարդունիի «արտաշխարհին հետ», կամ Յ. Քիւրքճեանի միւս բառով՝ «տարաշխարհ»ին հետ «մնայուն ու հաւասարակշիռ յարաբերութիւն կը մշակէ»: Անոր խօսքը «բանական» է: Անոր «աշխարհը ներկայութիւն մըն է», թէ՛ Ժամանակի առումով եւ թէ՝ Վայրի: Շահնուրեան խօսքը «մինչեւ բաւական հեռուները կը պահէ պայծառատեսութիւն, ինքնագիտակցութիւն»: Ան գիտակից է, թէ Սփիւռքը «մինչեւ որոշ փուլ մը՝ կեանք չի կրնար տալ իր բնակիչին»: Բայց Շ. Շահնուրի մօտ եւս կայ «Օտար»ի խնդիրը: «Օտար»ին հետ իր յարաբերութիւնը «Օրէնք»ի չի վերածուիր, այլ կը փոխուի ապասերումի (
Նահանջը առանց երգի վէպին գլխաւոր կերպարը՝ Պետրոսը կ’ըլլայ Փիեռ, իսկ անոր Նէնէթի հետ յարաբերութիւնը «ոչինչ կը ծնի»): Անշուշտ ասիկա հանգրուան մըն է վիպագիրին պարագային: Հանգրուան մը՝ որ պիտի զանցուէր, երբ ան պիտի յայտնուէր որպէս Արմէն Լիւպէն ֆրանսագիր բանաստեղծ: Ֆրանսագրութեամբ ան կը զանցէր ամէն երկուութիւն (լեզուական, մշակութային եւայլն), ուստի նաեւ՝ մազոխական ազգայնականութեան եւ մերժելի օտարի հարցը, եւ կը ստանձներ գոյութենական իրականութիւնը՝ ո՛չ թէ նահանջելու համար, այլ անազատօրէն ազատութեամբ ինքզինք արարելու:

Չորրորդին՝
    Հրաչ Զարդարեանի կերպարներուն աշխարհը «մռայլ, յուսալքիչ, հեղձուցիչ» ոլորտ մը ունի: «…մահուան մէջ խեղդուող անգիտակից ճիչ» մը արձանագրողն է ան: Սակայն, այդ ճիչին մէջ զգալի է նաեւ «ազատագրեալ գոյութիւն»ի մը որակին ակնկալութիւնը: Ան, սակայն, մնացած է ակնկալութեան սահմանին մէջ:

Հինգերորդին՝
    Զարեհ Որբունիի հետ «կը թեւակոխենք սփիւռքահայ գրականութեան, բառին զօրաւոր իմաստով՝ սփիւռքեան տարիքին»: Զ. Որբունի «սփիւռքեան գոյութեան մը մեկնակէտ»ն է: Ան հայ «նոր ինքնութեան մը ստեղծման հրամայական»ը կը հնչեցնէ: Ան «փոխանակ վերարտադրելու զինքը ծնող ինչ որ կեանք մը, կեանք ու գոյութիւն կը ստեղծէ»:

Վեցերորդը՝
    Նիկողոս Սարաֆեան «կեանք եւ գոյութիւն» ստեղծող բանաստեղծն է: Իր օրինակը՝ «կեանք եւ գոյութիւն» ստեղծողի օրինակ է: Սկիզբէն՝ իր «
Անջրպետի մը գրաւումը» գիրքէն ան ելած էր հոգե-լեզուական ճամբորդութեան մը, ձեռնարկած էր գոյաստեղծման: Ան «նոր» աշխարհի մը արարիչն է, որ կը մօտենայ ինքնութեան սահմաններու փշրման, «Տարաշխարհի, «Միւս» ոլորտին նուաճման: Ան շարժում մըն է «հասարակաց արմատէ» այլացումի, որ կը վերածուի Միւսին, երբեք չ՚ըլլար նոյնը, ետ չի նայիր: Իր շարժումը՝ անցեալի Աւանդին մերժումը չէ, զայն ունի իր մէջ որպէս «էատարր», զոր, ըստ իր «սփիւռքեան վաւերական խառնուածք»ին, յարաբերութեան մէջ կը դնէ «անմիջական տարաշխարհային տուեալին վրայ», եւ ո՛չ թէ միայն յարաբերութեան մէջ կը դնէ, այլեւ վերջինին յենելով՝ այն յարաբերութիւնը կը կենսաւորէ: 
    Այս «խոյզ»երու յօդուածաշարքին առաջին գրողը՝ Համաստեղը կը գտնուի Շ. Շահնուր, Հ. Զարդարեան եւ Զ. Որբունի անուններու էն սկիզբը: Համաստեղի մէջ է, որ նախ եւ առաջ զարմանալիօրէն կը տեսնուին Ներկայի եւ Վայրի զգայնութիւնն ու գիտակցութիւնը: Ան Սփիւռքի նախատիպար հեղինակն է, որ մահէն անդին անցնելու ձեռնարկած է, վերստեղծելու այն՝ «ինչ որ Աղէտը մահացուցած էր»: Ան հաւատացած էր, որ «եթէ մահ է ամէն կողմ, եթէ չկայ կեանք՝ գրականութիւն ծնող, «բան» ստեղծող, ապա գիրը, «բան»ը ինքը կը դառնայ…ծնող կեանքի»:
    «Շողարկումն»ային յօդուածաշարքէն ետք վերլուծական յօդուած մը կայ, որուն վերնագրութիւնն է «Սփիւռքահայ հոգեբանական վէպը եւ ենթակային որոնումը»: Ասիկա գրուած է Զ. Որբունիի «Եւ եղեւ մարդ վէպին առիթով: Այս վերլուծումը ուզած է ըսել, թէ «Սփիւռքի տագնապը ենթակայական տագնապ է, ուրիշ որեւէ բան ըլլալէ առաջ»: Այն տագնապէն դուրս գալու համար է սփիւռքեան ենթակային որոնումը: Որոնում մը՝ մարդ ըլլալու համար, չափահաս մարդ ըլլալու համար, մարդ՝ որ իր «Կենսապայմանին խորագոյն մէկ ճանաչում»ով կ’ապրի:
    Կայ նաեւ գրականագիտական յօդուած մը՝ «Սփիւռքահայ գրականութիւնը ժառանգող արեւմտահայ գրականութեան» տիտղոսով: Ասիկա արձանագրում մըն է Սփիւռքի մէջ գրականութեան ամփոփ համապատկերին, եւ շարունակման, «հակառակ հայեցի մշակութային ոլորտի աղքատացման»:

 

Գ.- «ՄԱԳՆԻՍ»Ը

Այս բաժինը առնուած է «Հարցադրումներ» ընդհանուր վերնագրին տակ:   
    «Հարցադրումներ»էն առաջինը «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» (ԵՀԲԱ) գրափորձն է: Հեղինակը զայն գրած է կարդալէ յետոյ Վարդգէս Պետրոսեանի մէկ խորհրդածութիւնը, որ լոյս տեսած էր Գարուն ամսագրի 1968ի թիւ 3ին մէջ: Հայրենի գրողը կը մտածէր «իր գոյութենական կացութիւնը», եւ անոր «մէկ նոր սահմանումը» կու տար: Կու տար այնպէս՝ որ «պայծառատես բանականութեան եւ ուժին» տարրը յստակօրէն կ’երեւար: Ըստ Յ. Քիւրքճեանի, անոր մտքերուն եւ սփիւռքեան իր սերունդին մտքերուն միջեւ «հսկայ տարբերութիւններ» կային, սակայն անոնք «խորքին մէջ նոյն տեսակի հարցեր» կը դնէին: Անշուշտ, այստեղ Վ. Պետրոսեանի միտքերուն քաղուածքը պիտի չընեմ. ընթերցողը յօդուածը կրնայ գտնել համացանցի վրայ, եւ լաւ կ’ըլլայ՝ եթէ կարդայ: Եւ կ’անցնիմ ԵՀԲԱյի հիմնական «հացադրումներ»ուն, որոնք, ըստ էութեան, խնդրականացումներ են՝ միտող սեփական կացութեան «նոր սահմանում»ի մը:
    Ինչպիսի՞ն է սփիւռքեան կացութիւնը:»
    Բարդ: Կարելի է, օրինակ, նմանցնել Լիւքսամպուրկեան պարտէզին, ուր կարդացուած է Վ. Պետրոսեանի «Հաւասարում»ը, եւ պատճառած գրափորձին ձեռնարկումը: Հոնկէ, այդ «քառուղի»էն «կը մեկնին զանազան ուղղութիւններ», եւ ոչ թէ՝ մէկ ու միակ ուղղութիւն: (Անկասկած, սփիւռքեան բոլոր տեղերը «պարտէզ»ներ չէին, եւ չեն. ոմանք ալ մինչեւ մեր օրերը թշուառութիւններէ պիտի փոխուէին դժոխքներու: Այնուհանդերձ, «քառուղի»ներ, եւ առաւել քան «քառուղի»ներ էին): 
    Սփիւռքը ինքզինք հասկցած էր մէկ ու միակ ուղղութիւնով մը (անուղղութիւնով մը՝ կարելի է ըսել), եւ անոր եզրերով: Այդ ուղղութիւնը՝ «անել պարզութիւն» մըն էր, «տագնապահար սերունդէ մը մեզի գէշ կտակուած» հայեցիութիւն մը: Անիկա այլեւս «ջախջախող պաթոս» մը ունէր, «մակաբոյծ յուզականութիւններ»ու մթնոլորտ մը, որուն մէջ հայու ինքնութեան սահմանումը բռնուած էր «մահուան խուճապ»ին եւ «նահանջի խուճապ»ին միջեւ, որ թարգմանուած էր իբրեւ պայքար պահպանումի համար եւ ձուլման դէմ: 
    Ի՞նչ էր մանկավարժութիւնը ուղղութեան:
    Յ. Քիւրքճեան իր իսկ փորձառութիւնը գրի առած է: Յիշելով իր եւ տարեկիցներուն պատանութիւնը, ըսած է. «Հայերէնի ուսուցչին Վարդանանցի կամ Ապրիլ 24-ի մասին տուած շարադրութիւնը յանձնելէ ետք, կ’իջնէինք Քափիթոլ կամ Ալ-Համրա՝ Ալէն Տըլոնը կամ Մարլին Մոնրոն տեսնելու պաստառին վրայ: Հայերէնը կը խժժար մեր ուղեղին մէջ, մինչ սրահին բարձրախօսները անգլերէն կամ ֆրանսերէն կը խօսէին եւ կը ճչային ու կը համբուրուէին: Քովի աթոռներուն վրայ՝ մեզի կիսով հասկնալի արաբերէն մը կը խօսուէր: Եւ մենք կորսուած էինք այս բոլորին մէջ, ու քիչ մըն ալ յանցաւոր՝ մեր տարբերութեամբը: Ապօրինի բան մըն էր մեր հայութիւնը, կէս բան մը, որմով երբեմն կը յաջողէինք «հպարտ ըլլալ» անշուշտ, ինչպէս պատգամուեր էր մեզի բառերու յամառ մրճահարումով տարիներու երկայնքին. սկսած մանկապարտէզէն»: Իրենք սերունդ մըն էին, որ իր «վայելած առաւելութիւններուն» համար եւս խառնաշփոթ «զգացական աշխարհ»ի մը մատնուած էր: Ուրեմն, կիրարկուող մանկավարժութիւնը կը ծնէր ապօրինի ինքնութիւն մը: Իրենց փոխանցուածը «վերացականօրէն…խախուտ խանդավառութեան մը խողովակ»ով «արժէքներ»ու սարք մըն էր: Անոնք զիրենք կանխող որբերու սերունդին իրականութեան մէջ չէին, ա’յլ իրականութիւն մըն էր իրենց ապրածը: Իրականութիւն մը՝ ուր սակայն «այդ իրականութեան անհաղորդ վերացական աւանդութիւն մը» կը պարտադրուէր»: «Անհաւատալի այլուրութիւն» մը զիրենք կը շրջապատէր, հաշմութիւն կը պատճառէր: Եւ հաշմութիւնը այլեւս ֆիզիքական կամ տնտեսական չէր, այլ մշակութային-քաղաքակրթական: «…մեր դաստիարակութեան մէջ հայ աւանդական արժէքները կը տրուէին հակադրուած այժմէական արժէքներուն, մեր շրջապատի իրականութիւններուն», ըսած է: Ինչ որ կը տրուէր՝ իր մէջ կը կրէր մահալից «Սուրիոյ անապատներ»ուն «կենսապահպանումի մղումները», որ կը փոխակերպուէր «ձուլումի սարսափ»ին, «պահպանումի խուճապ»ին, «այժմէականի մերժում»ին եւ «անցեալի ապօրինի, եւ գրեթէ ամօթահար պահպանում»ին: Դաստիարակութեան «տնտեսութիւն»ը գոց էր, եւ կը ձգտէր «արեւմտեան քաղաքակրթութեան արժէքներէն» հեռու պահել աշակերտները, նոյնիսկ զանոնք հեռու պահելու «բարձրագոյն կրթութիւն»է:
    Իր սերունդը «բուսած» էր «հայկական ջերմանոցի մը արուեստական մթնոլորտին մէջ»: Գոյութենական կացութիւն մը ըմբռնելու եւ փոխակերպելու համար «միակ զէնքը», որ կը վստահուէր իրենց «նախնական պաթոս մը»ն էր: Պաթոս մը՝ փոխանակ «մտաւոր գործիքի», «վերլուծումի եւ համադրումի տեսական զէնքի»:
    Իրականութիւնը սակայն, որ արդէն տարտամօրէն արթննալ սկսած էր իր սերունդի զգայնութեան մէջ, իրեն հետ պիտի բերէր զգացումը կարիքին «օրինականացնելու» անցեալի մը եւ ներկայի մը «համակեցութիւն»ը: Սկզբնական վարանքը տեղի պիտի տար, եւ «օտարեալ կեանք»ը պիտի նահանջէր գէթ անոնց պարագային, որոնք մշակութային-քաղաքակրթական այժմէականին պիտի հանդիպէին, պիտի համարկուէին անոր: Առանց երկարելու՝ մէջբերեմ Յ. Քիւրքճեանի միտք բանին. «Ստեղծել, եւ ո’չ պահպանել. ստեղծումը արդէն կը պահպանէ: Իսկ պահպանումը…բա’ն չի պահպաներ պահպանումը. ո’չ իսկ ինքզինք»: 
    Արդ, ո՞վ է հայը: Ո’չ թէ ան՝ որ կ’ապրի բրածոյացած անցեալի մը մէջ, այլ ան՝ որ ստեղծելով կ’արարէ ինքզինք, «յաւերժական ինքնապահպանման ձգտող համակարգերէն անդին»՝ փնտռող «Ներկան, կենդանի, բարդ, մարդկային Ներկան»: Այս փնտռտուքին մէջ «գոյութեան բարդ տուեալներ»ը գիտակցաբար կը ստանձնուին, «անձնական համադրութիւն մը» կ’իրագործեն, սփիւռքեան գոյավիճակներուն ներդաշնակ: Առանց «գոյութենական օտարում»է ելքին՝ սփիւռքահայ անհատը այժմը չի կրնար ապրիլ, ատակ չ’ըլլար ««Միւս»ը ընդունելու…«Օտար»ը հարազատելու» եւ «մշակութային սեփական ինքնութիւն վերակերտել-ապրեցնելու»: Այժմէութեան մէջ է, որ կարելի կ’ըլլայ հանդիպիլ թէ’ այլ ազգի «Միւս»ին, եւ թէ՝ հայաստանցի «Միւս»ին:
    Այս գրափորձին անդրադարձ մըն է «Չորս տասնամեակ ետք. հանգրուանի նոթեր»ը, որ անմիջապէս կը հետեւի, եւ կը պատասխանէ Մարկ Նշանեանի մէկ հարցումին. «Եւ մենք ի՞նչ կրցանք ընել. մենք որ ճամբայ ելած էինք մեր երէցներէն տարբեր գործելու, Սփիւռքը իր քայքայումէն դուրս բերելու առաջադրանքով»: Պատասխանը՝ հարցումը բաց ձգող պատասխան մըն է: Թելադրանք մը, պատգամ մը «մնայուն ինքնահարցադրումի»:
    Անդրադարձը բացուած է Պէյրութ հանդիպման մը առիթով Մ. Նշանեանի «ժամանակամիջոցներ»ու հարցականօրէն դրուած համեմատութեամբ մը: Յ. Քիւրքճեանի վաղեմի ընկերը, որ է «Սփիւռքի արեւմտեան կողմանց ծնունդ, անոր ուղիներու մենաւոր ճամբորդ, խոպանացող հողերու վրայ հայ նոր մշակոյթի հերկը ընող հազուագիւտներէն», սա հարցումը ըրած էր. «Կը պատկերացնե՞ս, քառասո’ւն տարի. քառասուն տարի կ’ընէ 68-ի օրերէն մինչեւ այսօր: Այսինքն այնքան՝ որքան այն օրերու հեռաւորութիւնը «Նահանջ»ի, «Փորձ»ի, «Անջրպետ»ի ժամանակէն, 20-ականներու աւարտէն…»: Ուրեմն, Մ. Նշանեան համեմատութիւնը կատարած էր իրենց սերունդին եւ Շ. Շահնուրի, Զ. Որբունիի եւ Ն. Սարաֆեանի սերունդին միջեւ: 
    Յ. Քիւրքճեան անդրադառնալով 60ականներու Սփիւռքին, գրած է՝ թէ անիկա «կայուն, պատհէնահանուած» Սփիւռք մըն էր: «Կայուն» իր «լճացում»ով, «գաղափարային ճահիճի» իրականութեամբ, որ «թշուառութիւն» եւ «սնանկութիւն» էր: Այն ատեն իրենք արդէն կ’ապրէին «ներիմացումը նոր տեսիլքի մը», որով կ’ուրուագծուէր «մերժումը Արեւելք/Արեւմուտք, հայապահպանում/ձուլում մանիքէական երկուութեան»: Մերժում՝ վասն այժմէական ինքնագիտակցութեան, հաւաքական նոր կացութիւններու եւ նոր պայմաններու մէջ աճող ինքնագիտակցութեան: 
    Ի՞նչ եղած էր իրենց երազած, սպասած, իրենցմէ կանչուած Սփիւռքը: Կայացա՞ծ էր որպէս «իր Ներկային հետ հաշտ, օտարումէ ձերբազատ…ցրօնքը յաղթահարած Սփիւռք»: Ո’չ: Բայց Յ. Քիւրքճեան չէ հրաժարած «ներիմացում»էն, թէ «ինքնանորոգման» գաղափարներու սերմերը անխուսափելիօրէն կ’ունենան «հեռաւոր ծլարձակում», թէեւ «դանդաղ ու մասնակի»:
    Էականը սակայն՝ պահպանելն է ինքնահարցադրումը: 
    «Հարցադրումներ» մասի յաջորդ գրութիւններէն մէկը «Հայ գրականութիւն եւ «միջազգայնացում»» տիտղոսով զեկոյց մըն է, որ Յ. Քիւրքճեան ներկայացուցած է համահայկական գրական խորհրդաժողովին, գումարուած Անթիլիաս՝ 2006-ին: Զեկոյցը իր եզրակացութեան մէջ հետեւեալ կոչը ըրած է. «Ներկայ սերունդին, սերունդներուն կ’իյնայ շարունակել համարկումի ընթացքը, միակը՝ որ ազգային գրականութիւնը կրնայ օժտել միջազգային բացուածքով, այսինքն՝ կարելիութեամբը, թերեւս օր մը տալու ուրի՛շ չափանիշի գործեր: Առաջ տանիլ հայեցիութեան մնայուն ինքնասահմանումը՝ բոլոր ոլորտներուն մէջ – գոյութենական մտածումի, զգայնութեան ու արուեստի տեսիլքի: Մնայուն՝ որովհետեւ այդ ինքնասահմանումը եւ անոր գործարկած համարկումը կեա’նքն իսկ են»:
    Ապա՝ «Սփիւռքահայը եւ իր «մայրենի» լեզուն» տիտղոսով գրութիւն մը: Ասիկա նախ կարդացուած է ֆրանսերէնով, որպէս զեկոյց «Սփիւռքներ» միջազգային գիտաժողովի մը, գումարուած Աթէնքի մէջ, 2001ին: Հայերէնի վերածման առիթով, զեկուցողը ընդլայնած է զայն: Կը բովանդակէ անդրադարձ արեւմտահայերէնին: Անոր «նախատիպ»ին՝ որ Կ. Պոլսականն է: Սփիւռքեան արեւմտահայերէնը Կ. Պոլսէն ժառանգած է «որոշ ձեւապաշտութիւն մը», գաւառաբարբառներու (Սփիւռքի մէջ մնացածը Քեսապի եւ Մուսա-Տաղի բարբառներն են) բացարկում մը, «աղքատութիւն ասութային խաւերու, շեղալեզումներու (արկօ)», միջամտութիւն օտար լեզուներու կամ խառնում տեղական կամ այլ լեզուական տարրերու: Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնը «դադրած է, կամ դադրելու վրայ է՝ ըլլալէ «առաջին լեզու»: Անոր «կենսունակութիւն»ը դանդաղած է, եւ անկենսունակ լեզու մը՝ կը փոխուի «հոգեմտաւոր թերաճութեան լեզուի մը», ուստի՝ կը զրկուի կարողութենէն իր կացութիւնը «վերլուծական մտածում»ով բանաձեւելու: 
    Զեկոյցը նաեւ ակնարկած է «մայրենի լեզուի» մասին «սփիւռքեան համայնքներու անանուն զանգուածներու զանազան կեցուածքները». 1) «Տիպական կեցուածք»ը, որուն «բաւական լաւ» խտացումն է Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութիւնը: Ասիկա լեզուին փառաբանական կեցուածք մըն է՝ ընդդիմացող «դուրս»ին, «օտար»ին, 2) Առանց ուզելու հրաժարող կեցուածքը՝ որ «հետեւանք (է) առարկայական պայմաններու». սա ուրացում մը չէ լեզուին, այլ ունի անոր կարօտը եւ «անորոշ հպարտութեամբ» մը կը նայի անոր, 3) Ուրացող «բուռն շեշտ» առնող կեցուածքը, եւ 4) «Գիտակից ընտրութեամբ ստանձնուած» կեցուածքը. Սփիւռքի մէջ ասիկա «բաւական հազուադէպ կեցուածք» է «ե՛ւ գրական մշակոյթի, ե՛ւ առօրեայի մէջ, հաւատցող «դարաւոր» լեզուին «գոյատեւման, վերանորոգման կարելիութիւններուն»:
    Եւ՝ հատորին երրորդ մասը. «Ծնունդ նոր – 2»:
    Կ’ընդգրկէ դասախօսութիւն մը Վահէ Օշականի մասին («Մօտեցում Վ. Օշականի՝ մտաւորականին եւ գրագէտին»), որ ցոյց կու տայ անոր «քերթողական արուեստ»ին հոլովոյթը: Յետոյ՝ զրոյց մը Վ. Օշականի հետ, որ չէ եղած «բառացիօրէն», այլ տարածուն ժամանակի մը մէջ Յ. Քիւրքճեանի մտաւոր խօսակցութիւն մըն է, որ փափաքած է «մեկնած բայց յաւէտ կենդանի» Վ. Օշականեան «ձայն»ին ու «շունչ»ին հետ հանդիպումները փոխանցել: Վ. Օշական սփիւռքեան չափահաս ենթակայի տիպար մըն է: Յ. Քիւրքճեանի բառերով՝ «ամէն բանէ առաջ… յանձնառութիւն է ուրոյն դիրքաւորման, աշխարհի մէջ մարդոց միջեւ ինքնագիտակից, զգաստ, ի’ր ճշմարտութեան սպասարկու մնայուն, անզիջող կեցուածքի» ենթակայ մը:
    Կը հետեւին գրախօսական մը Գրիգոր Պըլտեանի Յիսուն տարի ֆրանսահայ գրականութիւն ֆրանսերէն հատորին: Ետքը՝ վերլուծական մը անոր վիպական արձակին՝ որ սեւեռուած է Սեմեր, Հարուածը եւ Նշան պատումներուն վրայ: Ապա դասախօսութիւն-զեկոյց մը անոր Կրկնագիր մարդը պատումին:
    Ուշագրաւ է, որ գրախօսականին վերնագիրն է «Յանուն վաւերագրումի» (ենթավերնագիր՝ «Յիսուն տարի ֆրանսահայ գրականութիւն – Գր. Պըլտեան), եւ վերլուծականին վերնագիրն է «Վաւերագրումներու ժամանակը» (ենթավերնագիրը՝ «Գր. Պըլտեանի վիպակին արձակին առջեւ»):
    Ի՞նչ է ըսել ուզուածը «վաւերագրում»ով:
    Նախ, ըստ բառարանային բացատրութեան՝ «վաւերագրել» կը նշանակէ «վաւերացնել», այսինքն՝ հաստատել, նաեւ՝ հաւաստել: Բայց այս բացատրութիւնը կը զեղչէ «գրել» բայը: «Վաւերագրել»ը հաստատել, հաւաստելն է գրելով: «Վաւերագրել» բային մէջ՝ հաստատելուն եւ հաւաստելուն չափ կարեւոր է «գրել»ն ալ: Եւ Յ. Քիւրքճեանի քով, «գրել»ը հաստատումին եւ հաւաստումին միայն գիրով տալը չէ, այլ զանոնք արարելը: «Գրել»ը հաստատումը եւ հաւաստումը կը բերէ Ներկայի փորձառութեան մէջ՝ ճանչնալու Ներկան, զայն վերածելու հորիզոնի մը:
    Արդ, ըստ Յ. Քիւրքճեանի, «Սփիւռքի մշակոյթի ու գրականութեան գլխաւոր ճակատներէն մէկուն մասին.. .ամբողջական հաշուեկշիռ»ով ի՞նչ ըրած է Գր. Պըլտեան:

  1. «Հսկայ ձգտում»ով մը 1920-1970 ֆրանսահայ «վաւերական արժէքներուն» գրականութիւնը բարձրացուցած է «այլ մակարդակի մը վրայ»: Այդ մակարդակը Այլութեան փորձընկալումի խորաթափանց ընթերցում մըն է՝ «յաղթահարել»ու համար Աղէտը, «ձեւ տալ»ու համար Տրասփռումին, եւ «իմաստաւորել»ու համար Տարագրութիւնը:
  2. Սփիւռքի առաջին յիսնամեակի «ամենաբաց ու օտարահաղորդ գրական ճակատ»ին՝ ֆրանսահայ գրականութեան մէջ տեսած է ո՛չ թէ միայն «գոյաստեղծ առաքելութեան մը» յանձնառութիւնը, այլեւ յանձնառութիւններուն յանձնառութիւնը:
  3. Ֆրանսահայ գրականութեան «հաշուեկշիռ»ը՝ գրելու այն արարքն է, որ կը հրաւիրէ «մտնելու վաւերականութեան ժամանակէն ներս… ապրելու (համար) զայն: Ապրելու՝ արժէքի ու արժանաւորութեան նոր գիտակցութեամբ, մեզի’ իսկ հանդէպ՝ լրջութեամբ: Սփիւռքի առաջին կէս կամ երեք-քառորդ դարը սերտելու, ճանչնալու, ընկալելու իբր հիմ ու արմատ, իբր նո՛ր աւանդութիւն (թանձրագրումը Յ. Քիւրքճեանէ): Անով՝ աւելի ինքնավստահ ու աւելի յաջող դիմագրաւելու համար մարտահրաւէրը՝ մեզի պարտադրուած սփիւռքեան գոյութեան. զայն արժանավայելչօրէն ամրապնդելով, զայն ստեղծագործականօրէն շարունակել սորվելով: Մասնակցելով վաւերականութեան գիտակցութեան ու վաւերագրումի գործին»:

    Գր. Պըլտեանի պատումնագրութիւնը (նկատի ունեցած է առաջին երեք պատումները. սովորական լեզուով պիտի ըսուէր՝ վէպերը), այսինքն՝ Սեմեր, «Հարուածը եւ Նշան, վաւերականութեան ժամանակին մէջ մուտք մըն է, ուր Ներկան ու Վայրը ստանձնուած են գիտակցութեամբ, եւ անոնց բարդութիւնը արտայայտութեան բերուած կամ կայացուած է ստեղծագործ բծախնդիր լեզուով մը, որ կը յորդի մինչեւ ապագայ: Ներկան եւ Վայրը գիւտարարական արարքի կը կարօտին, այնպիսիին՝ որպիսին ունեցաւ Մեսրոպ Մաշտոց, որ «յաճախանքի մը ուժգնութեամբ, ճնշումով, բռնութեամբ կ’իշխէ» Գր. Պըլտեանի վրայ: Մաշտոց «գիտնական-գիւտարար»ն է, «ծրարուած խորհուրդով, որոնումի, հիմնումի անդադրում հերոս(ն է)»: Հերոս մը սակայն, որ «ճգնութեան իր քարայրներուն խորը» անհետացաւ: Անկէ մնացածը՝ նոր աւանդութիւն ստեղծելու պատգամն է:
    Հատորի աւարտին երկու վերլուծում կայ. մին նուիրուած է Վեհանոյշ Թեքեանի («Փոխաբերութիւնը սեփական առասպելի սպասին. մօտեցում Վ. Թեքեանի քերթողութեան»), միւսը՝ Մարուշ Երամեանի («Արձակ եւ…բանի ստեղծում. Մարուշի արուեստանոցի սեմին»: Երկուքը օրինակներ են «բան»ի ստեղծման: Օրինակներ՝ անկարելիութեան մէջ իսկ սփիւռքահայ գրականութեան կարելիութեան, ուստի՝ վաւերագրումին:

ՎԵՐՋԱԲԱՆ

«Սփիւռք Եւ ինքնացում» հատորը գրականութիւնը մանաւանդ կը տեսնէ որպէս միջոց ինքնացման: Արդարեւ, հաւաքականութիւն մը կ’ապրի, կը վերապրի միայն սեփական մշակոյթով, այդ մշակոյթի որակով»: Առաւել՝ «հաւաքականութիւն մը կ’ապրի սեփական գրականութեամբ»: Իսկ գիտենք, որ «արեւմտահայութեան մնացորդաց սփիւռքահայութիւնը շատ քիչ կը կարդայ, չի՛ կարդար գրականութիւն. չի կարդար մանաւանդ հայալեզու գրականութիւն»: Ուրեմն, սեփական լեզուին եւ գրականութեան այս անգիտացումը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ ինքզինք արարել, ինքնանալ: Պիտի կարենա՞յ…: Անգիտացումը նոր ծնունդի չի հասնիր, որովհետեւ չի յիշեր՝ կարենալ նոր երկիրը արարելու:

ԿԱ. տարի, 2022 թիւ 3