Յարութիւն Պէրպէրեան

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Վեհանոյշ Թեքեանի Աղօթքներ ուռկանի մէջ բանաստեղծութեան հատորը մեզ անմիջապէս կարգ մը մտածումներու կամ հաստատումներու կը մղէ:
     Առաջին՝ որոշ տարիներու լռութենէ ետք գրողին վերադարձն է բանաստեղծութեան: Իր Սնունդն ու անդունդը 2000 թուականին լոյս տեսած էր Նիւ Ճըրզի, իսկ նոյն տարին Հայաստան լոյս տեսած Հրագիրը ծաղկաքաղ մըն էր իր քերթողութեան: Այսպէս 15 տարուան բաց մը կայ նախորդ հատորներուն եւ այս մէկուն միջեւ եւ լռութեան նկատառելի ժամանակաշրջան մը:
     Երկրորդ՝ գրքին 33 էջերը «սաղմոսներ»ու շարք մըն է, շուրջ 45 տարի առաջ գրուած, վերցուած իր Ոստրէ հատորէն: Հեղինակը հատորի սկզբնաւորութեան կ’ըսէ, թէ ընթերցողը պիտի հասկնայ, թէ ինչո՞ւ այս քերթուածները ներառուած
են այստեղ:
     Երրորդ՝ երբ գրքի երեք մասերու խորագիրներուն նայինք՝ «Ուռկանի մէջ», «Աղօթքներ» եւ «Սաղմոսներ», առաւել՝ նկատի ունենանք որ գիրքը նուիրուած է «բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանին որ հաւատաց ու վկայագրեց» մակագրութեամբ, այսինքն՝ սփիւռքի բանաստեղծներէն անոր, որուն համար կրօնական հաւատքը ներշնչումի մնայուն աղբիւր է, կ’անդրադառնանք այս գործի հոգեկան-ոգեղէն ոլորտին, սակայն ո՛չ անպայման կրօնքը կամ հոգեկանը զուտ կրօնական կամ եկեղեցական հաստատութեան առանցքէն կամ շրջագիծի մէջ դիտուած:
     Ճիշդ հոս է որ կը սկսինք մտածել գործին խորագրէն իսկ մեկնած անոր տարբեր ուղղութիւններ առաջնորդող իմաստներուն մասին: Աղօթքը մարդու ամենէն խորունկ ու ներքին, նոյնիսկ՝ անձնական ապրումներն ու մտածումները
կը պարփակէ, իսկ անոնց ուռկանին մէջ ըլ լալը կրնայ տարբեր, նոյնիսկ հակասական մեկնաբանութիւններու առաջնորդել –- աղօթքները բռնուած-որսացուա՞ծ են հեղինակէն, թէ զայն խօսող «քնարական ձայն»ին պէս իրենք բռնուած են ուռկանին մէջ՝ տառապանքին կոչենք զայն, կամ՝ անհեթեթին …
     Վեհանոյշի Ոստրէն լոյս կը տեսնէր իր առաջին հատորէն՝ Կապոյտ ապրիլէն հինգ տարի ետք՝ 1974ին: Եթէ Թեքեան առաջին հատորին մէջ բանաստեղծական աւանդական ձեւերու կիրառումը որոշ չափով կը կատարէր կամ անոնց տիրապետումին փաստը կու տար՝ սահուն ու անմիջական տողերով գրաւելով այդ օրերու գրական շրջանակը՝ իր երկրորդ հատորով կը փաստէր, որ հինգ տարուան ընթացքին յաջողած էր իր քերթողութեան ամբողջովին ինքնուրոյն
նկարագիր տալ եւ ձերբազատուիլ աւանդական ձեւերէն:

Ոստրէն կը բերէր անձնական, ազգային
ու համամարդկային ցաւերով ու
տագնապներով տուայտող անձն ու
գրողը

     Գիրքը կը բացուէր «Աղօթք միւս Աստուածամօր» խորագրով բանաստեղծութեամբ, որ կամրջում մըն էր կամ անցումը մէկ յղացքէն միւսը, եւ կարծէք քնարական գեղեցիկ զրոյց մը կը ստեղծէր Մեծարենցի Աստուծամօր հետ եւ իր ստեղծած մթնոլորտով, շատ դիւրութեամբ, մաս կրնար կազմել այս հատորին նաեւ:
     Հետաքրքրականը այն է նաեւ, որ առաջին հատորի ներածականին մէջ, Գուրգէն Մահարի իր սովորական սրամտութեամբ բանաստեղծուհիին անունին վրայ բառախաղ մը կատարելով կ’ըսէր. «ե՛ւ վեհ, ե՛ւ անո՞յշ … Քիչ մը շատ չէ՞: Թող վեհ լինի Թեքեանի ճանապարհը: Իսկական բանաստեղծի ճանապարհը միշտ վեհ է եղել, գալով «անոյշ»ին …. Ո՞ր բանաստեղծի ճանապարհը անուշ է եղել» (Կապոյտ Ապրիլ, «Մուտք», էջ 7): Մահարի իր կեանքի դառն փորձով գիտէր, որ բանաստեղծի ճակատը յաճախ պիտի զարդարուի … փշապսակով:
     Ոստրէն կը բերէր անձնական, ազգային ու համամարդկային ցաւերով ու տագնապներով տուայտող անձն ու գրողը, որ կ’արձանագրէր.

Աղօթքներ ենք ուռկաններու մէջ:
Աղօթքներ ենք մենք ծակ ուռկաններու մէջ:
Մենք հասուն աղօթքներ ենք չոր ուռկաններու մէջ:
                                                                                           (Ոստրէ, էջ 61)

     Սաղմոսները այսպէս կը սկսէին եւ այսպէս ալ կը փակուէին, իբրեւ հասուն աղօթքներ ծակ ուռկաններու մէջ:
     Մի՛ մոռնաք որ ձուկը կամ ձուկերու վտառը կը բռնուի, կը թակարդուի ուռկանին մէջ, եւ Ոստրէի շրջանին մէջ ճիշդ է որ ուռկանը չոր է, այսինքն՝ կարծրութեան դաժան նկարագիրը ունի, սակայն ճեղք կամ ծակ ունի տակաւին, կարելիութիւնը կայ ատկէ ճողոպրելու, որոշ անձերու փրկութիւնը կայ: Նոյնիսկ այնտեղ, կարգ մը գերիրապաշտ պատկերներով, այդ անհեթեթ բայց դժուար կացութեան մէջ բանաստեղծուհին կրնայ գրել.

Այսօր ես ծովէն կէտ ձուկ պիտի գտնեմ
Պիտի վիզէն պարան մը կախեմ
Եւ պտըտիմ ցուցափեղկերուն առջեւէն
                                                     («Սաղմոս յետմիջօրէի», Աղօթքներ ուռկանի մէջ, էջ 97)

     Ինչպէս նշեցի արդէն, ասոնք յաճախ ընդհանրական կամ համամարդկային տագնապներ են, որոնց կ’արձագանգէ Վ. Թեքեան.

Մեծ քաղաքներու պզտիկ աղջիկները
                           որոնք ժամ չունին
Ցերեկները ցանկապատներ կը կրծեն
Իսկ գիշերները իրենց ձիւթահամ շրթները
                           կ’երթեւեկեն ծխամորճներու մէջ
Որոնք օր մը, օ՜ր մը միայն – մարդ էակին զարմանալի
                           թուելու չափ – ումպ մը զուտ սէր կը մուրան
Ոսկի աղջիկներ որոնց մարմնի գինին
                           Կը բխի արիւնի՛ նման
Որոնք անլի ձուկերու պէս լուռ ու մունջ
                            կը խարկուին արնաթոր ափերու միջեւ

                                                                (Սաղմոս Ք, Աղօթքներ ուռկանի մէջ, էջ 77)

     Այսպէս, խորհրդանշականօրէն, ձուկի եւ ուռկանի պատկերը յաճախ կը յայտնուէր գրութեան մէջ: Դեռ ինք պիտի փնտռէ «անէացումի լոյս քարայրները», պիտի բարձրանայ Հիրոշիմայի ցցուած ձորերէն, պիտի պարէ որ անձրեւէ չոր ու ճեղքուած հողին վրայ: Առաւել՝ պիտի կասկածի, պիտի հաստատէ եւ միշտ տագնապի, պիտի աւելցնէ. «Մեր ոգեղինացած էութիւնն էին մեր աստուածները …. Միլիոն դար է մենք մեր զոհն ենք ու աստուածը» (նոյն, էջ 76):

Իր ուռկանին ու աղօթքներուն մէջ
կ’իյնան իր ներաշխարհին սիրելի հայ
թէ օտար բանաստեղծները, որոնց
հետ զրոյցի մէջ է … անձնականէն
անդին՝ հայուն հաւաքական
տագնապները մաս պիտի կազմեն իր
ներաշխարհին:

     Ոստրէէն տարի մը ետք կը պայթէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ ինչ որ ընդհանրական տագնապ էր՝ կը դառնար անձնական, սեփական մաշկին վրայ ապրուած անձկութիւն ու տառապանք: Քաղաքացիական դաժան պատերազմի օրերուն` մասամբ կը հրկիզուէր ու կը կողոպտուէր բանաստեղծուհիին պապենական յարկը, կը սկսէր մեկնումներու շրջան մը, կը հաստատուէր Միացեալ Նահանգներ: Ամուսնութիւն մը կ’աւարտէր դժուար ապահարզանով, կ’աւելնար ծնողներու՝ հօր եւ մօր կորուստը եւ այլն:
     Թեքեանի արձակ թէ քերթողական ժառանգութեան հետեւողը գիտէ արդէն, որ չեմ ուզեր ըսել զանոնք ստեղծողը, որքան ալ անձնական ըլ լայ այդ ստեղծագործութեան նկարագիրը, հայաստանեան քերթողութեան սիրելի եզրով մը՝ ըսենք անոր քնարական հերոսը, հոս՝ հերոսուհին, շատոնց արդէն այդ չոր ուռկանին մէջ է: կը բաւէ վերադառնալ ու թերթատել Բազմածուփ աշխարհի, Տոհմածառի կամ Սնունդ եւ անդունդի էջերը հաստատելու համար այս տեսակէտը, եւ ես անձնապէս կը կարծեմ, որ այս ընդհանրական կացութենէն մեկնած հեղինակուհին ընտրած է իր խորագիրը, որովհետեւ այս հատորը շարունակական քերթողական արարումի մը մէկ մասնիկն է: Ճիշդ ասոր համարալ, երբ իր «Ինքնանկար»ը կ’ուզէ տալ այս գրքին մէջ՝ կ’արձագանգէ իր միւս բոլոր հատորներուն ըսելով.

Յանկարծ՝ անշարժ, քովէս քալող անծանօթը անհետացաւ
Երբ տեսաւ կապոյտ ապրիլի խեղդուիլը
Բայց ոստրէէն յառնող սաղմոսներու ծուխը
Կիզակիտուած ծառերը տարբեր անտառներու
Մանրանկարներ ու բրտութեամբ ճեղքուեցան
Յամառ ճառագայթը նշանագիրի
Բազմածուփ աշխարհի անքուն շոգեկառքը
Անպատմելի կեանքը տոհմածառի
Սնունդին անդունդն ու անդունդին սնունդը
Հրագիր բառերուն անձայն, անհատնելի պաշտամունքը
                                                                         (Աղօթքներ ուռկանի մէջ, էջ 16–17)

     Այս բոլորէն ետք աւելցնելու համար, որ ամէն գիշեր մոխիրներ կը հաւաքէ, ամէն առտու հայերէն գիրք ստեղծելու համար:
     Իր ուռկանին ու աղօթքներուն մէջ կ’իյնան իր ներաշխարհին սիրելի հայ թէ օտար բանաստեղծները, որոնց հետ զրոյցի մէջ է՝ Վարուժանը, Մեծարենցը, Տէրեանը, Էմիլի Տիքընսընը, այլ մեծ հայ արուեստագէտ մը՝ Արշիլ Կորքին, իսկ մէկ նախորդ հատորին մէջ հանդիպած ենք իր զրոյցին՝ Չարենցի հետ, Կարսէն անցած միջոցին:
     Բնականաբար անձնականէն անդին՝ հայուն հաւաքական տագնապները մաս պիտի կազմեն իր ներաշխարհին: Կորքին այդ ծիրին մէջ կու գայ արդէն, երբ Վանայ լիճէն, Ոստանիկի՛ աշխարհէն անցած ատեն քիւրտ մը կու գայ ըսելու, որ հոն հայեր կ’ապրէին …: «Թոռնուհին»ի մէջ կը տեսնենք մեծ մայրը, որուն ամուսինը թուրքերը մորթեր էին, երբ այդ կինը 17 տարեկան էր եւ մազերը մէկ տարուան մէջ ճերմկեր էին: Իսկ Վեհանոյշ, երբ Տէր-Զօրէն կ’անցնի՝ հետը ունի ողջակիզուած աղջիկներուն ճիչերը: Տակաւին, բոլորիս նման «Ընկերային հաւաքոյթ» կոչուած գործին մէջ քիչ մը զուարթախոհութեամբ, քիչ մը տխրութեամբ մեր ընկերային հանդիպումներուն տեղի ունեցող խօսակցութեան եղանակով պիտի ըսէ. «Է՜, Հայ Ժողովուրդին վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Պիտի յաղթէ, պիտի գաղթէ,/ պիտի շուարի, պիտի տուայտի: / Տունէն վտարուած՝ անկիւն մը ճարէ / տուն մնացողին հաց ապահովէ, / պիտի աղօտի, աղօթէ պիտի …. պիտի հառաչէ, պիտի շառաչէ, / պիտի չաղաչէ, այլ՝ աղաղակէ: /Ցեղասպանութիւն բառն ուրացողը / դատի դուռ կանչէ» եւայլն (էջ 49): Ինչպէս կը տեսնենք՝ սովորականը կամ առօրեականը՝ անսովորին հետ մաս կը կազմեն այս բանաստեղծութեան, եւ միշտ ալ առօրեայի ցաւը պիտի դիտուի հեգնանքով, հաւանաբար զայն թեթեւցնելու համար:
     Հոս, ինչպէս ուրիշ բանաստեղծական կամ արձակ կտորներու մէջ ծննդավայրի, այսինքն՝ Լիբանանի կորուստը, անոր կապուած ցաւալի, յաճախ ողբերգական փորձառութիւններով, ծանր կը կշռէ.

Կորսուած ճամբորդն եմ ես: Ան՝ որ անհետացող ծննդավայրի
Եւ յասմիկներու եւ ձիւնասպիտակ կարտինիաներու լոյսը հետը առած
Կ’երգէ ռեհանի բոյրը, կեանքի կաթն ու մեղրը, Փիւնիկէի հոգին։

                                                             («Բոյր», Աղօթքներ ուռկանի մէջ, էջ 44)

     Միշտ ալ Վեհանոյշի քերթողութիւնը խոստովանական շեշտ մը ունի եւ իր նախորդ հատորներուն գծով նախապէս արտայայտուած եմ այս առընչութեամբ: Երբեմն իր ամենէն անկեղծ, դաժան, կամ Օշականեան եզրով մը ‘իրաւ’ տողերը այս նկարագրի գրութիւններուն մէջ կը գտնենք: Ահա կարճ տաղի մը մէջ բանաստեղծուհին կ’ըսէ.

Հովուն ալիքներով եկուր
Մտքիս լուսամուտը բաց է
Լուսեղէն աչքերով եկուր
Սենեակս լման պարպած եմ
Փողոցէ փողոց պարելով
Երկինքը երկիրը մաղելով
Աշխարհս մերկացնելու եկուր
Բեհեզներ ու զմրուխտ չկայ
Կայ լեղի հրայրքը լացի։

                                                     (Աղօթքներ ուռկանի մէջ, էջ 36)

     Ինչպէս կը տեսնենք վերջին երկու տողերու հակադրութեան մէջ, նոյնիսկ ներշնչումի ամենազուարթ տրամադրութիւններով սկսող պահերը յաճախ կը զարնուին տառապանքի դաժան իրականութեան, իսկ Վեհանոյշ չի խուսափիր այդ կացութենէն, այլ կը փորձէ դիմագրաւել զայն:

Վեհանոյշ Թեքեան իր սերունդին
անհեթեթին ու մարդկային ցաւին
զարնուող աղօթքը կը բերէ մեզի:

     Ուրեմն այս հատորին մէջ ունինք ուռկանի մէջ բռնուած եւ երբեմն ուռկանի ճեղքէն փախած աղօթքը, անոր կողքին աւելի քան չորս տասնամեակներու հեռուէն անոր արձագանգող սաղմոսը, որ յունարէն օրհներգութիւն բառին թարգմանութիւնն է, եբրայերէն՝ թհիլլահին, ինչ որ կը նշանակէ, որ հոն ո՛չ միայն օրհներգութիւն կը տեսնենք, այլեւ ողբեր կամ օգնութեան կանչեր եւ այլն: Հետեւաբար, բանաստեղծուհին շարունակ զրոյցի, վէճի, կասկածի թէ աղաչանքի մէջ է թէ՛ իր Տիրոջ եւ թէ՛ իր սրբութիւններուն հետ:
     Այսպէս, ինչպէս աւելի քան դար մը առաջ Մեծարենց «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր …» ըսելով կը գրէր Արդի մարդուն Հայր Մերը, Ժագ Յակոբեան ամբողջ կեանք մը կը նուիրէր իր աղօթքները հիւսելու, Վեհանոյշ Թեքեան իր սերունդին անհեթեթին ու մարդկային ցաւին զարնուող աղօթքը կը բերէ մեզի:

ԾԸ. ՏԱՐԻ, 2019 ԹԻՒ 3 – 4