Յարութիւն Քիւրքճեան

ՓՈԽԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՍԵՓԱԿԱՆ ԱՌԱՍՊԵԼԻ ՍՊԱՍԻՆ

(ՄՕՏԵՑՈՒՄ ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆԻ ՔԵՐԹՈՂՈՒԹԵԱՆ)

Կը սիրեմ էութեանս մթին պահերը:
Միտքս կը խորանայ անոնց մէջ:
Կը գտնեմ հոն՝ հին նամակներու նման
օրերը կեանքիս, արդէն ապրուած,
դիմացած՝ առասպելի նման, եւ հասկցուած:

Յետոյ կը հասնի գիտնալու պահը – կրնամ բացուիլ
դէպի ուրիշ կեանք մը, որ ընդարձակ է եւ անժամանակ:

Ր. Մ. Րիլքէ
(Վ.Թ.ի ընտրած բնաբանը՝ իր Սնունդ եւ անդունդ
հատորին համար)

 

Բանաստեղծութեան մասին խօսիլ՝ ահա անհեթեթ ձեռնարկութիւն մը:
     Այն իմաստով՝ որ Բանաստեղծութիւնը ստեղծում է Բանի, ճիգ է ու փորձ վերադարձի մը՝ Խօսքի, Լեզուի նախնական, պայթուցիկ զօրութեան. ու այն չափով՝ որ կը մնայ այդպիսին առանց նահանջելու դէպի լեզուի ծառայական պաշտօնը՝ անմիջական ու արձակունակ նշանակութեան միտող,— այո՛ , անոր մասին խօսիլը միայն ու միայն անհեթեթ ձեռնարկութիւն է:
     Բանաստեղծութիւնը, այնպէս ինչպէս կը պատկերացուի հոս, այս տեսութեան մէջ, պիտի չհանդուրժէր զինք մեկնաբանող որեւէ կրթանք: Այդպիսի մեկնաբանութիւն՝ սոսկական բանա…սիրութիւն, իր անունի թելադրանքով իսկ դատապարտուած մնալու սիրողական,— խեղճ մակաբոյծն է Բանին, անոր հետքերով, մնացորդներով սնանող:
     Ահա ինչու, հաւանօրէն, պիտի արժէր վերապահութեամբ դիմաւորել ընդհանրապէս ամէն յածում քերթողական վաստակներու շուրջ, զանոնք դարպասող (ինքնին հասկնալի է՝ խօսքը վաւերական վաստակներու մասին է)։[1]Չեմ մոռնար գրական-վերլուծական փորձերու տեսակ մը, աւելի ճիշդ՝ ոճ մը, մօտեցում մը ամբողջ, որ՝ խուսափելով … Continue reading
     Ահա ինչո՛ւ, նաեւ, ներկայ փորձը ստորագրողը ինք եւս՝ խուսափեր է քերթողական վաստակներու այդպիսի ինքնանպատակ մեկնաբանութենէ. քերթողական գործերու «գրախօսում»։[2]Սխալ պիտի չըլլար նոյն պատճառական բացատրութիւնը տալ լռութեան, որմով անցեալին դիմաւորեր եմ Վեհանոյշ Թեքեանի … Continue reading

Երկերը բոլորն ալ կառուցուած են ո՛չ
անպայման իւրաքանչիւրը ուրոյն
թեմայի մը շուրջ, այլ աւելի՝
գոյացնելով մթնոլորտային միութիւն
մը, համապատասխան՝ կեանքի
տուեալ պահու մը տիրող
ներաշխարհային յատկանիշներուն։

     Միւս կողմէ, սակայն, պէ՛տք է խօսիլ բանաստեղծութեան մասին, գրական երկի մասին՝ առհասարակ: Ու ասիկա՝ յատկապէս՝ մեր իրականութեան մէջ, ուր կ’անգիտացուի բանաստեղծութեան դերը,[3]Հոս տեղը չէ, այս մատնանշումէն աւելի, անդրադառնալու արեւմտահայ-սփիւռքահայ մշակոյթի ահազանգային կացութեան ու … Continue reading գրական ստեղծագործութեան կենսական դերը՝ առհասարակ: Խօսիլ բանաստեղծութեան մասին՝ անհրաժեշտ է: Այդ «խօսիլ»ը նաեւ կրնայ դառնալ կարելի, զերծանիլ հետեւակ մակաբոյծի հոս նշուած ճակատագիրէն, եթէ մերժէ բաւարարուիլ, հեշտանա՜լ Բանաստեղծութեան հետքերուն, մնացորդներուն սպառումով: Եթէ դառնայ ճիգ՝ դիտարկելու, շողանկարելու ստեղծման արարքը, անոր սկզբնական ձգտումը, գրողական ծրագիրը…:
     Այսպիսի մօտեցում, այսինքն ստեղծագործութեան «հանգչած» արդիւնքին փոխարէն ճգնում՝ շողանկարելու ստեղծագործութեան արարքն ու արարողը, կարծես արդէն յարմարագոյնը պիտի ըլլար պարագրկելու համար արեւմտահայ նորագոյն՝ սփիւռքեան գրականութեան վերջին յիսնամեակի այն երեւոյթը, որ Վեհանոյշ Թեքեանի բերքն է: Նկատի առած մանաւանդ՝ քերթողական այս բերքին նկարագիրը — յորդուն, հոծ, կիսալուսային:
     Երեւոյթ եզրը հոս` չի գործածուիր ինչ-որ «արժեւորման» իմաստով: Սկիզբը ուրուագծուած առաջադրանքը՝ դիտարկելու, շողանկարելու ստեղծագործութիւն մը, գրողական ծրագիր մը՝ ինքնին կը բացառէ ատիկա. շողանկարողը կը զերծանէ արժեւորիչի, նիշ ու գնահատանք շռայլողի (կամ զլացողի…) հանգամանքէն: Արդէն անբաղձալի, անշահեկան հանգամանք՝ գոնէ մօտեցումի մը համար, որ կը մերժէ գրական վերլուծումը, կամ գրադատութիւնը, կամ ի՛նչ անունով որ կ’ուզուի կնքել այսպիսի յածում մը գրական արտադրութիւններու շուրջ, նկատել գրադատութիւն, այսինքն գործի մը արժեւորում դատական ատեանի առջեւ…: Աւելի՛ եւս, երբ կատարուածը յիսնամեայ, հաստատուած վաստակի մը դէմ՝ սոսկ «մօտեցում» մըն է, կրկնելու համար խորագրիս բնորոշումը: Վաստակէն կատարուած անխուսափելի ընտրութիւններն ալ՝ քննարկումի համար՝ թո՛ղ նկատուին այդ մօտեցումէն թելադրուած հարկադրական ընտրանքներ, նոյնիսկ եթէ կը ցոլացնեն սեփական… նախընտրութիւններ:
     Նման «կողմնակի» մեթոտային մօտեցում կրնայ թուիլ անբաւարար՝ երբ Թեքեանի բերքին մասին ցարդ գոյութիւն չունի համընդգրկուն վերլուծական աշխատանք մը, գոնէ ինծի մատչելի մատենագիտական տուեալներով։[4]Չեմ անտեսեր գրախօսականներ, նուիրուած Թեքեանի երկերէն մէկուն-միւսին, կամ երկու յաջորդականներու: Երբեմն … Continue reading Բացակայութիւն, որ առաջին հերթին անշուշտ «կը պարտինք» սփիւռքեան մեր կեանքի խզումին՝ սեփական գրականութենէն. մշակութային մեր ընդհանրական անտիրութեան (եւ ոչ՝ տուեալ վաստակի այս կամ այն մասնայատկութեան — հոծութեան, բարդութեան, բազմաձեւութեան…): Յամենայն դէպս հոս փորձուածը, ըսուեցաւ, կը հպատակի լրիւ տարբեր հակումի՝ դիտարկում ստեղծագործութեան մը ծրագրումին եւ ընթացքին, գրողական ծրագիրին —«երեւութաբանական» կարելի առարկայականութեամբ։[5]Այս «մօտեցում»ը, հասկնալի է, չ՛ընդգրկեր Թեքեանի արձակը՝ պատումային թէ փորձագրական: Նկատի կ՛առնուին … Continue reading
     Հոս, նախքան աւելի առաջ երթալը, անտեղի պիտի չըլ լային քանի մը «արտաքին» նշումներ, մեզ հետաքրքրող երկերու կառոյցին ու բովանդակութեան վերաբերող։

Թեքեանի բերքին բոլոր մասերէն կը
թելադրուի, գոնէ կ՛ընդզգացուի՝
ընդհանրական յատկանիշ մը —
լեզուի հանդէպ, գրականութեան եւ
գրական մշակոյթի հանդէպ խոր սէր
ու յափշտակութիւն:

     Անոնք, ըստ ծաւալի եւ ընդհանուր «շարժում»ի, կրնան բաժնուիլ մի քանի խումբերու.
     ա- ամբողջներ՝ համեմատաբար սահմանափակ ծաւալով, կառուցուած փոխաբերային տարրի գործարկումով, տեղ-տեղ չափաւոր-կշռութաւոր, յաճախ եւ չափ-կշռոյթի զանցումով, խախտումով — յայտնօրէն գիտակցուած, եթէ ոչ՝ ուզուած. ինչպէս օրինակ՝ Ոստրէ ժողովածուն բացող «Ներանձնութիւն» ենթաշարքը:
     բ- ամբողջներ՝ աւելի ծաւալուն՝ բազմախաւ-բազմալիք կառոյցով, միշտ հարուստ՝ փոխաբերային տարրով, երբեմն բազմածալ համափոխաբերութիւններով. երկարաշունչ, օրաթորիօ յիշեցնող կշռոյթով եւ այլ յատկանիշներով: Այս-
պիսին է «Մոխիրէ ծառ»ը, Նշանագիրի մուտքին ծառացող:
     գ- աւելի սահմանափակ ծաւալով կտորներ՝ խորհրդանշականի կամ այլաբանականի գերակշռութեամբ, փոխաբերային տարրի զգալի զեղչումով, փոխարինուած՝ ներածեալ գաղափարական պատգամով: Ինչպէս՝ նոյն Նշանագիրի մէջ տեղ գտած որոշ էջեր, նուիրուած՝ Մ. Գալշոյեանի, Յ. Կարապենցի կամ «Սփիւռքի բանաստեղծին»:
     դ- էջեր՝ չափով մը յիշեցնող` անմիջապէս նախորդող տիպը, բայց համախառն՝ տեղ-տեղ պատուաստուած լեզուա-բառախաղարկումով: Յաճախ եւ՝ բեմարկումով, մեծ մասամբ «առօրեայ» թեմաներով: Այսպէս կրնամ բնորոշել
Սնունդ եւ անդունդի սկզբնական կտորներէն ոմանք, կամ մէկ մասը «Աղօթքներ ուռկանի մէջ»ի «Աղօթքներ»ուն:
     ե- կտորներ՝ տեղ-տեղ սիստեմաթիկ կիրարկումով՝ աւանդական չափածոյի: Օրինակ՝ Կիզակէտի «Բառէ մոլորակներ»ը:
     Երկերը բոլորն ալ կառուցուած են ո՛չ անպայման իւրաքանչիւրը ուրոյն թեմայի մը շուրջ, այլ աւելի՝ գոյացնելով մթնոլորտային միութիւն մը, համապատասխան՝ կեանքի տուեալ պահու մը տիրող ներաշխարհային յատկանիշներուն:
Նոյնիսկ տուեալ գործի մը մէջ, առկայ մասերը յաճախ կը տարբերին, կը կազմեն ուրոյն ամբողջներ, սեփական կնիքով, երբեմն բաւական հեռացող՝ իրարմէ:

 

Ա.«ԳՐՈՂԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ»

Թեքեանի բերքին բոլոր մասերէն կը թելադրուի, գոնէ կ՚ընդզգացուի՝ ընդհանրական յատկանիշ մը — լեզուի հանդէպ, գրականութեան եւ գրական մշակոյթի հանդէպ խոր սէր ու յափշտակութիւն:
     Այս յատկանիշը պարզ «գաղափարաբանական» կեցուածք չէ, գոյութենական-գրողական ծրագիր է. եւ իբր այդ է՝ որ կը մատնանշուի հոս: Եւ իբր այդ՝ իր հետ կը բերէ շարք մը ածանցեալ յատկանիշներ, որոնցմէ կ՚արժէ առաջնահերթաբար հոս նշել երկուքը.
— հեշտալի մտերմութեան ապրում հանդէպ լեզուին, հանդէպ գրական արտադրութեան — արարք թէ արդիւնք.
— արտահայեաց դիրք եւ խոր ձգտում հաղորդակցութեան. հաղորդակցութիւն՝ սկսած անմիջական ընթերցողէն ու հասնող մինչեւ գրչեղբայրներ, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի սպասարկուներ — անվերջանալի զրոյց մը՝ կարծես ընտանեկան սեղանի շուրջ, հարազատներու հետ: Ուրկէ եւ՝ գործերու յաճախակի տռամային կառոյցը, բացայայտ կամ ներյայտ:

Այս յատկանիշը պարզ
«գաղափարաբանական» կեցուածք չէ,
գոյութենական-գրողական ծրագիր է

     Ուրեմն՝ գրելու արարքը սիրոյ արարք է նախ եւ առաջ. անսակարկ, անխզելի սիրոյ՝ հանդէպ լեզուին, եւ աւելի յատկապէս՝ հանդէպ սեփակա՛ն լեզուին. անով մշակուող գրականութեա՛ն: Հանդէպ հա՛յ լեզուի, հա՛յ գրականութեան։[6]Հոս փակագծեալ՝ հարկ է նշել նոյնացում մը, կամ փորձութիւնը նոյնացումի մը, որ կը յաճախէ Թեքեանի մտածողութիւնը: … Continue reading

Թեքեան չի գործածեր լեզուն՝
հայերէնը. ուղղակի ձուլուած է անոր
հետ՝ խրախճական, տարփական,
հեշտանքային յարաբերութեան մը
մէջ…

     Եւ սեփական լեզուի այս սէրը չ’ենթադրեր գրագէտին ենթակայումը անոր: Շատ աւելի՝ խորքային գիտակցութիւնն է մտերմութեան կապի մը լեզուին հետ, գրութեամբ ինքնադրսեւորման արարքին հետ. ամէնժամեայ գիտակցութիւն՝ ընտանութեան ե՛ւ միանգամայն տիրութեան: Իր մօտ լեզուին հարազատը ըլլալու, անոր պաշտպանն ու տէրը ըլլալու ապրումն ու դիրքորոշումը այնքա՛ն մնայուն են ու շեշտակի, որ կը փոխարինեն լեզուի ձեւային տիրապետման փոյթը…: Թեքեան չի գործածեր լեզուն՝ հայերէնը. ուղղակի ձուլուած է անոր հետ՝ խրախճական, տարփական, հեշտանքային յարաբերութեան մը մէջ (ասիկա՝ լրիւ անկախ՝ տուեալ գործի բովանդակութենէն, որ կրնայ ողբերգական թեմա շօշափել. խօսքս լեզուի՛ հետ կապի, մտերմութեան մասին է): Եթէ ֆրանսացի բանաստեղծին համար «բառերը իրար հետ կը սիրաբանին», հոս՝ յարաբերութիւնը լեզուին հետ կ’ենթադրէ աւելի ՛ն — գրողի անձնակա՛ն ներկայութիւնը բառերու այդ սիրաբանութեան մէջ ու հետ: Երեւի՝ մեր կեանքն ու լեզուն, մեր կեանքն ու գրականութիւնը իրարու աւելի՛ կը նոյնանան, պարտին նոյնանալ, քան շռայլօրէն լեզուէ զատ ու լեզուին վրայ ուրիշ շատ բաներ ունեցող ժողովուրդներուն մօտ…

… գրութեան արարքը Թեքեանի մօտ
անմիջական է, անմիջական կ՚երեւի:
Իր բնագիրը չի թուիր ենթակայ
մշակումի, գոնէ վերամշակումի, ու
առհասարակ հեռու կը մնայ ձեւի
մտասեւեռումէ, այդ
արտայայտութեան զանազան
իմաստներով ու աստիճաններով:

     Լեզուի հետ յարաբերութեան բնորոշ այս եղանակը կ’արժէր ընդգծել.[7]Որովհետեւ լեզուի հետ յարաբերութեան եղանակները բազմակի են, եւ ո՛չ անշուշտ՝ բացարձակօրէն դրական, հեշտալի: … Continue reading նշելու համար գոնէ, որ լեզուին եւ գիրին հետ յարաբերութեան պատմութիւնը, Թեքեանի պարագային՝ սիրոյ ու հեշտանքի պատմութիւն, պատճառական իր կապերը ունենալու է անպայման. անիկա կը յղուի անհատական «պատմութեան»՝ կենսագրութեան, սկսած հեռու անցեալէն, բնածին ու մանաւանդ ստացական տարրերու յօրինումով: Մեզմէ ամէն մէկը մանուկ եղած է օր մը, ապա ընկալուչ պատանի, կազմաւորուած՝ ընտանիք-բուսահողին, ապա դպրոց-բուսահողին վրայ, ենթակայ ասոնց յատուկ պայմաններուն: Բայց այս մասին՝ հոս այսքան միայն:
     Աւելի առաջ երթալով, մտերմութեան մէկ ուրիշ ձեւն է, կ’ըսէի, տիրութեան կեցուածքը: Որ կը ստանայ զանազան արտայայտութիւններ, պատնէշի վրայ պաշտպանական անխնայ պայքարէ մինչեւ «տնային» մտերմութիւն, երբեմն հասնելով լեզուական անփութութեան — միշտ՝ հարազատի կամ տանտիրոջ իրաւունքով…: Նոյնիսկ եթէ հակասական թուի թէկուզ նուազագոյն անփութութիւնը՝ այսքան պաշտուած սիրահարի մը հանդէպ — լեզուին հանդէպ…
     Լեզուի հետ կապի այս պատմութիւնը կ՚ընթանայ բխումի կշռոյթով, ոչ միշտ հակակշռելի, բայց հպատակող՝ սեփական օրէնքի, սեփական օրէնքով ընթացումի յաճախ զգացուող գիտակցութեան մը: Այդ մասին բաւարար չափով կը վկայեն թեմաթիք-կառուցային նոյնութիւններ, կամրջումներ, հաղորդակցութիւններ՝ էջէ էջ, երկէ երկ…:
     Գրութեան ծննդոցի այս քննարկումը աւելի կարծրատիպ բնորոշումով մը պիտի հարցադրէր ներշնչում կոչուած հոգեմտաւոր վիճակը: Հոս՝ խուսափելով այդ կարծրատիպէն, կը հակիմ աւելի՝ դէպի «բխում»ը: Ու կը բաւարարուիմ նշելով, որ գրութեան արարքը Թեքեանի մօտ անմիջական է, անմիջական կ՚երեւի: Իր բնագիրը չի թուիր ենթակայ մշակումի, գոնէ վերամշակումի, ու առհասարակ հեռու կը մնայ ձեւի մտասեւեռումէ, այդ արտայայտութեան զանազան իմաստներով ու աստիճաններով: Բայց պէտք է նշել, որ նոյնիսկ անսեթեւեթ, ձեւային խնամքի անտեսումով վիրաւոր էջեր կրուած են այնպիսի յուզական թափով, բխումով, որ հանածոյի իրենց վիճակին մէջ իսկ՝ յաճախ կ՚արձակեն փնտռուած թանկագին հանքանիւթին փայլը:
     Անշուշտ բխումը, ինքնա-բխութիւնը չի բացառեր նախնական խմորում մը, առաւել-նուազ երկարատեւ: Ընդհակառակը՝ հաւանօրէն կը կանչէ՛ մասամբ գիտակից, մասամբ եւ անգիտակից այդպիսի գործընթաց մը: Ապա, ինչպէս պիտի փորձեմ մատնանշել աւելի վար, յատկապէս «քաոսայինի փորձութեամբ» յաճախուած էջերու առջեւ, դժուա՛ր թէ կարելի ըլ լար ասոնց զուգորդել վերամշակումի, յղկումի, յղկումով փայլեցման աշխատանք եւ ատով ստացուած արդիւնք: Գիտակցութեան հակակշիռը, նաեւ վերամշակում-յղկումի՛ հակակշիռը՝ ի վերջոյ՝ մինչեւ տեղ մըն է…:

Թեքեանի գրութիւնը անպայման
կ՚ենթադրէ, ընթերցողէն անդին,
ունկնդիր-մասնակից մը՝ խօսակից մը
— բացայայտ կամ ներյայտ:

     Քննելով «գրողական ծրագիր»ին երկրորդ ածանցեալը՝ արտահայեցութեան կամ հաղորդակցութեան ձգտումը,— անոր անմիջական դրսեւորումը՝ խօսքի տեսակի մակարդակին, երկխօսութիւնն է: Թեքեանի գրութիւնը անպայման կ՚ենթադրէ, ընթերցողէն անդին, ունկնդիր-մասնակից մը՝ խօսակից մը — բացայայտ կամ ներյայտ: Որովհետեւ իր մօտ յաճախակի են, եթէ ոչ ամենաներկայ, ոճաձեւերը, որոնք այդ ունկնդիրը կը վերածեն զրուցակիցի, կ՚ընթանան անոր հակազդեցութիւնները նախատեսող կշռոյթով, զայն կը հարցապնդեն ուղղակի…:
     Այս ընթերցող-ունկնդիր-մասնակիցը կը թուի ըլ լալ իր Նմանը՝ Մարդը, ընդհանրապէս: Բայց եւ՝ որոշ տեղեր՝ զրոյցը կ՚ընթանայ անդրանցային էութեան մը հետ, այդ էութիւնը «աստուածային» բնորոշենք թէ այլապէս…: Իսկ աւելի յստակ հասցէագրուած էջեր են, ինչպէս վերը նշեցի, անոնք՝ որոնք կ՚ուղղուին գրչեղբայրներու, գրեթէ միշտ՝ հայ, ու բացառապէս՝ դրական կերպարներ, սրտագրաւ հոգիներ՝ Գալշոյեան, Կարապենց, Վարուժան, Մեծարենց, վերջինները՝ փորձագրական, կամ «տպաւորական» էջերու մէջ (մինչ միւս կողմէն՝ զգալի է խուսափումը ոչ-գեղեցիկ հոգիներու կամ գրական երեւոյթներու առջեւ «շուրթեր պղծելէ անէծքով»): Այլապէս յստակ հասցէ ունին դեռ կտորներ՝ նուիրուած անձնական-արենական հարազատներու — մայր, զաւակներ: Եւ զարմանալի չէ, որ՝ բոլոր այս պարագաներուն՝ զրոյցը ըլլայ հոգեխօսութիւն, հոգեզրոյց:
     Այսպիսի ընդհանրականութեամբ մը բեռնաւոր՝ հաղորդականութեան յատկանիշը — պիտի չզարմանանք — եթէ նոյնիսկ մենախօսութիւնները, ինքնախօսութիւնները զետեղէ զրոյցի, դրսեւորման, փոխանակումի նշանին տակ: Ասոնք իրենց կարգին, եւ շատ բնականօրէն, երկխօսութիւններ են — երբեմն նաեւ իբր այդպիսին ձեւաւորուած, ինչպէս կանուխ «Կազմալուծում եւ հոգեկայան»ի էջերէն մինչեւ նորագոյններ՝ «Ինքնանկար» մը, «Դիտանկիւն» մը, կամ «Հաշուեյարդար» մը,[8]Առաջինին համար՝ տե՛ս Կիզակէտ (1978, Պէյրութ). հետեւողներուն՝ «Աղօթքներ ուռկանի մէջ» (2016, Միաց. Նահանգներ): մանաւանդ իրենց աւարտներով…: Նոյն զրուցային հակումը այլապէս կը դրսեւորուի, երբ Ա. դէմքով պատումը կամ պարզ խորհրդածութիւնն իսկ՝ կը փոխարինուին Բ. դէմքով՝ «դուն»ով…: Երկխօս մենախօսութիւնը լսելի կ՚ըլլայ մինչեւ համանուագային բազմաձայնութեամբ բնորոշուող «Մոխիրէ ծառ»ի էջերուն [9]Տե՛ս Նշանագիր (1987, Միաց. Նահանգներ):

… ինքնանկարումի ենթադրած
ինքնադիտարկումը հեռու կը մնայ
ինքնահաճութեան դարանակալ
վտանգէն, հեռու՝ մտաւորական թէ
արուեստի աշխարհներու մեծաթի՜ւ
յաճախողներու եսակեդրոնութենէն —
շնորհիւ ինքնագիտակցութեան,
շնորհիւ նաեւ արտահայեցութեան
էական յատկութեան:

     Զրոյցը՝ երկխօսութիւն կամ բազմաձայնութիւն՝ անշուշտ կացութիւն է, բեմադրում: Եւ գրութեան տռամային կառոյցը յաճախ ալ բեռնաւոր է տռամով, ներքին լարումով: Եւ այդպիսին է յատկապէս, երբ առկայ է՝ ինչ որ կրնամ բնորոշել իբր քաոսի փորձութիւն: Այլ խօսքով, երբ իրականի պատկերումէն անդին՝ կը դիմագրաւուի գեր-իրական մը, հունաւորէն անդին՝ անհունի յաճախանք մը…: Բայց այս մասին եւս՝ աւելի վար: Առայժմ, խօսելով «բեմադրական»ի մասին, կարելի է ըսել, որ դէմյանդիման անձը տեղ-տեղ ստուեր է, երբեմն աննիւթ էութիւն մը, բայց միշտ՝ սիրուած, կանչուած — կարծես հեռու, անյայտ սէր մը…: Եւ ասքը կ՚երթեւեկէ, շատ խորհրդապահ ճօճումով մը, մենախօսութեան եւ երկխօսութեան միջեւ, կամ՝ երկուքէն ալ անդին:
     Երբեմն, բեմական տարրերու յաւելումով, կը գտնուինք կացութիւններու ներկայացման, յաճախ բեմանկարներու կենդանի նկարման, գոնէ ուրուագծման առջեւ. միշտ ալ հեռու՝ անանձնականութենէ, այս էջերը կ՚ուրուագծեն սեփական կացութիւններ, սեփական-ներքին «իրավիճակներու» արտաքնում, հեռարձակում: Այսպէս՝ շատ էջեր – «Անհետացած Կամար…»էն մինչեւ «Ժամացոյց»ը, անցնելով «Ճաշակեսցուք…» խոհագիրէն, անշուշտ նաեւ՝ «Իրավիճակ»էն ու «Ընկերային հաւաքոյթ»էն ու «Տէր Զօր»էն…։[10]Ասոնց համար, տե՛ս «Աղօթքներ…»: Առանց մոռնալու Նշանագիրը՝ իր կոյս-անտառային հոծութեամբ, որ թեմաթիք հարստութեան կողքին՝ կը շռայլէ նոյնպիսի՛ տեսողական-բեմական գրգիռներ…

Բ.«ԷՈՒԹԵԱՆ ՄԹԻՆ ՊԱՀԵՐԸ»

Ր.Մ. Րիլքէի տողերը, որոնք իբր մակագրում կը ներածեն քերթողագիրքերէն մէկը — ինչպէս եւ ներկայ վերլուծումի փորձս — չէին կրնար աւելի բնորոշ կիրարկում գտնել այլուր, քան Թեքեանի ո՛ղջ բերքի ծիրին մէջ, ու աւելի խտօրէն՝ անոր առաջին երեք կամ չորս ժողովածուներուն: Այս բերքի ամենահարազատ խաւերը իրօք կը կայացնեն բանաստեղծին «էութեան մթին պահերը […], օրերը կեանքի[ն], որոնք՝ դիմացած [են] առասպելի նման, եւ հասկցուած»: Ապա՝ ընդլայնումը «դէպի ուրիշ կեանք մը […], որ ընդարձակ է եւ անժամանակ»:
     Այս առասպելայինը, կամ գերիրականը՝ ինչպէս կը տեսնուի, շեշտօրէն անձնական է: Այլ խօսքով, անձի՛ առասպելին, անձի՛ միսթիքին կը վերաբերի. անձնակա՛ն-գերիրական մըն է: Ինչպէս փորձեր եմ այլապէս բնորոշել, յաճախանք է անհունի, եթէ ոչ՝ անձեւի, քաոսայինի: Փորձ ու փորձութիւն՝ անասելին լեզուէն անցընելու, ըսելու…
     Այդ անհուն-անասելին, քաոսայինը, լեզուի գեղարուեստական գործարկումով ասելի դարձող, ըսուող, մարտահրաւէրն է, որ բանաստեղծը կը վերցնէ՝ այդ երկերու գերխիտ, յաճախ եւ ծաւալուն փոխաբերութիւններու փայլատակումին մէջ: Փոխաբերութեան այս էական, բանալի՛ գործարկման կ՚արժէ անջատ անդրադառնալ, աւելի վար: Հոս շեշտուելիքը՝ առասպելային-անասելիի ոլորտին տռամային լիցքն է, որ իր ուժգնութեան մէջ կը համարկէ աճումի, ծաղկումի մնայո՛ւն ձգտում մը՝ ողբերգականի նոյնքան մնայուն խորքի մը վրայ: Եւ որ՝ ի յառաջագունէ արձանագրուած անձի գոյութենական ծրագիրին մէջ, կարծես ծննդաբանական գաղտնագիրի մը մէջ՝ կը յայտնուի աճում-ծաղկումի եւ կորուսումի զոյգ հակումներով, փոխնիփոխ մէկուն կամ միւսին տիրապետութեամբ։[11]Գիտենք, իրականը տռամային է, գեղեցիկի-տգեղի, դաշնութեան եւ բախումի, երջանկութեան եւ ողբերգականի անանջատելի … Continue reading
     Քերթուածը դարձնելով տեւական գրկախառնում մը լեզուին հետ, անով ըլլալու տենդ ու տենչ, լինելութիւն եւ կործանում միանգամայն…: Ու ինքզինք կը պարտադրէ փաստը՝ յարակարծային բայց իրական՝ որ անհուն-անասելիի այդ կնիքը կրող, անձի առասպելային խորքերուն մէջ ընկլուզուած էջերն են ու երկերը՝ բերքին մէջ, որ աւելի կ՚ըսեն, լաւագոյնս կը ցուցահանե՛ն Թեքեանի ճշմարտութիւնները, քան անհատին ու անոր կեանքին առաւել տեսանելի, առաւել «ասելի» երեսները բացայայտ եւ ուղղակի ըսող տողեր, թէկուզ քերթուածի կաղապարին հպատակող, բայց որոնք անխուսափելիօրէն պիտի դառնային աւելի արձակունակ:
     Տռամայինի կանխամուտ այս ներկայութիւնը ընդգծելէ ետք, անոր մէջ ու հետ սերտօրէն ագուցուած՝ կենսային ուժի բխումներու եւ Աղէտի մը զգայնութեան կողքին, ընդգծելի է ասոնցմով եղող ու ասոնց ժամանակակից, ուրեմն նոյնքան կանխահաս, լեզուա-ստեղծագործական դրսեւորումով հաղորդակցելու խոր ձգտումը: Եւ նոյնպէս՝ փաստ, որ շատ կանուխէն՝ ամենաբնորոշ էջեր կնքուած կ՚երեւին քաոսային աշխարհատեսիլքի մը յաճախանքով, անձեւ անհունի մը քաշողականութեամբ: Անհուն ժամանակի եւ անհուն անջրպետի, քաոսայինի փորձութիւն, որ հեւքոտ բխումով գրուած-կնքուած էջերէն կ՚արտահանէ տպաւորութիւնը՝ փոխնիփոխ՝ անբաւարար մշակումի եւ… ստեղծողէն ուզուած ե՛ւ ստանձնուած քաոսայինի ճի՛շդ ու հարազատ դրսեւորման: Եթէ ապրիլը կիրք է, երազ ու ձգտում խաղաղ, հաշտ գոյութեան մը,— բայց եւ լարուածութիւն է, հանդիպում Աղէտի հետ. հանդիպում՝ որ կրնայ դառնալ նաեւ մտասեւեռում: Բայց ապրիլը մանաւա՛նդ կիրք է դրսեւորուելու, գրելո՛ւ…Վերջին շեշտում մը. Բառերու, փոխաբերութիւններու շռայլ այս կոյս-անտառին մէջ, բանաստեղծը գիտէ կողմնորոշուիլ, գիտէ տիրապետել իր կառոյցներուն: Էջեր կրնան թուիլ առաջին բխումի արգասիք՝ անաւարտի տպաւորութեամբ մը, բայց աւելի յաճախ կառուցային ծածուկ գիծեր կը մատնեն նախամշակման ներքին գործընթաց մը, ու ամէն պարագայի՝ բացորոշ տիրապետում նիւթի եւ հումքերու…: Միւս կողմէ, ինքնանկարումի ենթադրած ինքնադիտարկումը հեռու կը մնայ ինքնահաճութեան դարանակալ վտանգէն, հեռու՝ մտաւորական թէ արուեստի աշխարհներու մեծաթի՜ւ յաճախողներու եսակեդրոնութենէն — շնորհիւ ինքնագիտակցութեան, շնորհիւ նաեւ արտահայեցութեան էական յատկութեան: Խորհրդապահութեան զարմանալի, յարակարծային կարողութիւն՝ ինքներգութեան մէջ ցուցանքէ խուսափելու…: Վաւերական գրագէտներու ինքնութեան կնիքը կայացնող յատկանիշը՝ ինքնագիտակցութիւնը, ինքզինք անքօղ ու անդիմակ տեսնելու ատակութիւնը, որ առաւելագոյնս կը զգացուի Թեքեանի տողերուն տակ՝ իր տեղին ու պատշաճ ձեւով…
     Ըստ հոս փորձած գնահատումի արժեչափերուս, իւրաքանչիւր երկի մէջ ներկայ սեփական առասպելի այս ասքը կը գրաւէ որոշ տեղ, որոշ մաս. այն մասը՝ որ գործին յաճախողը «կը բռնէ կոկորդէն»: Այդ մասերը գրեթէ միշտ ինքնասութիւններ են, այսինքն բանաստեղծին ներաշխարհին հետ աւելի ուղղակի եւ աւելի խոր առնչուող հատուածներ…: Անոնք, այդ հոծութիւնները, կը կազմեն գործերու կարծր կորիզը, միանգամայն վաւերական արտայայտութիւնը գրողական ծրագրին, հաւանօրէն աւելի՝ քան տուեալ գործերու մնացեալ էջերը, որոնք նուազ անձնաշեշտ են, երբեմն եւ արձագանգող՝ ազգային կամ համամարդկային ընդհանրութիւններու…:
     Այսպէս, Ոստրէն իր հոծ կորիզը ունի «Ներանձնութիւն» մասին մէջ, ինչպէս եւ՝ աւելի ցրուած՝ որոշ «Սաղմոս»ներու: Կիզակէտը այդ հոծութիւնը կը վերապահէ առաւելաբար «Կազմալուծում եւ Հոգեկայան»ի էջերուն: Նշանագիրի մէջ՝ առաւելաբար «Մոխիրի ծառ»ն է որ կու տայ ինծի «ինքնասական» հոծութեան տարրերը: «Բազմածուփ աշխարհ»էն՝ «Ասք արարման եւ երկիւղի»ն է որ կ՚առանձնացնեմ նոյն նկատառումով: «Սնունդ եւ անդունդ» ժողովածուին մէջ՝ անդնդային խտութիւնը, կրնամ ըսել, կը կրուի մանաւանդ «Քաղցրութիւն» խորագիրը կրող հիանալի էջէն: Իսկ «Աղօթքներ ուռկանի մէջ»էն՝ բացող կտորներն իսկ — «Ինքնանկար», «Անհետացած կամար», «Դիտանկիւն»..: Ասիկա՝ ո՛չ այլատիպ հատուածներ անպայման ասոնց ստորադասելու ենթադրութեամբ. չափանիշը հոս՝ նախ եւ առաջ՝ ինքնասութեան աստիճանն է, տուեալ հատուածներու առնչումը՝ իմ կողմէ «սեփական առասպել» կոչուած կեդրոնական ոլորտին հետ:

 

Գ. ՓՈԽԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՍԵՓԱԿԱՆ ԱՆԴՈՒՆԴԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑ…

Այս հոծ կորիզներու սեւեռումը առիթ է բանալու փոխաբերութեան բանալի-գործառոյթը Թեքեանի գրութեան մէջ:
     Թեքեանի մօտ, փոխաբերութիւնը առհասարակ չի կրեր երկարաշունչ մշակումի մը կնիքը, կը ծնի փայլատակումի արագութեամբ, կը թուի — գոնէ կը թուի — րոպէական բխումի արգասիք: Ի դէպ. ատոր համար տեղ-տեղ դժուար ընկալելի է, ըլլա՛յ պատկերումի գերխտութեան, ըլլայ չափազանց ենթակայականութեան պատճառով: Այս վերջին պարագային, ուրեմն, ընթերցողին կը դրուի ընկալելիութեան, «պատկերելիութեան» խնդիր։[12]Պատկերակերտման չափանիշներու յարաբերականութիւնը յաճախ ընդգծուեր է, յաճախ ալ առիթ ու նիւթ է տուած բանավէճի: … Continue reading Յամենայն դէպս, եթէ պատկերակերտման գործընթացը իր ինքնեկութեամբ մէկ կողմէ տպաւորութիւնը կը ձգէ հեշտութեան (հեշտութիւն՝ հոմանիշ դիւրութեան, եւ ազգական՝ հեշտանքի), միւս կողմէ՝ անիկա անկասկած դիւրութիւն ըլլալու չէ բնաւ: Պարզապէս, պատկերակերտման այսպիսի ընթացք ու կերպ՝ հազուադէպ տեսակի են մեր գրականութեան մէջ, նոր թէ նորագոյն։[13]Պատկերակերտական այս զգայնութեան դրացի տարրեր պիտի գտնենք արեւելահայ ժամանակակիցներու մօտ, ինչպէս Պարոյր … Continue reading Թեքեանի մօտ, փոխաբերութիւնը կրնայ յղուիլ ամբողջ պատկերային կառոյցի մը, զգայարանական ե՛ւ զգացական բնոյթի, որ անպայման չի ներկայանար յստակ գիծերով, կը մնայ ներյայտ, գերխիտ եւ ենթակայական՝ մանրամասնային գիծերուն մէջ երբեմն բանականօրէն դժուարընկալելի դառնալու աստիճան, ինչպէս արդէն նշեցի: Բայց պատկերային լայն կառոյցները կրուած են այնպիսի համակարգային ենթակայականութեամբ մը, որ տեղ-տեղ կը բանայ, կը ցուցնէ, գոնէ կը թելադրէ իր ճարտարապետական համակառոյցը, եւ որ՝ ամենակարեւորը՝ միշտ ալ ստանձնուած-գիտակցուած է լրիւ:

Թեքեանի մօտ, փոխաբերութիւնը
առհասարակ չի կրեր երկարաշունչ
մշակումի մը կնիքը, կը ծնի
փայլատակումի արագութեամբ, կը
թուի — գոնէ կը թուի — րոպէական
բխումի արգասիք:

     Կը տեսնուի, որ փոխաբերութիւններու կերտումը, առհասարակ զգայարանքներու եւ երեւակայութեան յղացում, Թեքեանի մօտ կը ստանայ տարբեր ընթացք. նշուած այդ պաշտօններուն կողքին, անիկա կը գործարկէ յուզական-
զգացական ուժեղ, պայթուցիկ միջամտութիւններ: Լեզուի հետ կապը, սիրայի՛ն կապ ու կենակցում, անշուշտ որ գործի պիտի լծէր ամբողջ քնարական-զգացական խորք մը:
     Այս է, որ շեշտօրէն կը տարբերէ Թեքեանի ոլորտը գերիրապաշտականէ, անոր մասին մտածել տալով հանդերձ: Գրական տուեալ հոսանքի մը ենթարկուելէ հեռու, գերիրապաշտական որոշ յատկանիշներու ոչ-սիստեմաթիկ, ազատ-
անկաշկանդ որդեգրումը իր մօտ կը թելադրուի շատ աւելի ընդոծին, խառնուածքային մղումներէ, հանդիպած՝ գրա մշակութային ընդհանուր մթնոլորտի մը:

     Պատկերակերտական սարքը, չենք մոռնար, սերտօրէն կ՚առնչուէր արդէն նշուած «քաոսայինի փորձութեան», անոր գրեթէ մնայուն յաճախանքին: Իբրեւ յարմարագոյն արտայայտամիջոցը, նաեւ, Թեքեանի գրողական ծրագիրին՝ սեփական առասպելի, մտերիմ-խոր առասպելի ասումին:
     Կ՚ըսէի նաեւ, որ՝ գնահատումի հոս կիրարկուած չափանիշներով՝ յատուկ սեւեռման արժանի են ամէն մէկ երկի կորիզային այն մասը կամ մասերը, որոնք առաւելագոյն հոծութեամբ կը ներփակեն սեփական առասպելի ասքը, ըլլալով միանգամայն վաւերական արտայայտութիւնը գրողական ծրագրին, ի տարբերութիւն ազգային կամ համամարդկային ընդհանրացումներ բովանդակող էջերու, նուազ անձնակնիք:
     Քանի մը հպանցուած մէջբերումներ միայն կարելի են հոս, այսպիսի հատուածներու բնոյթը լուսաբանելու համար, միանգամայն ընթերցողը յղելով ամբողջ էջին ու շրջագրութեան: Այսպէս, Ոստրէն բացող «Ներանձնութիւն»ը՝ թուելով զրուցել «միւս աստուածամօր» հետ՝ իրօք քերթողի սեփական գողգոթայի պատումը կը մենախօսէ. «Կանգնած եմ արդ անդունդեզրին գահավիժող / մէկէն սառած ջրվէժի պէս». ու աւելի վար՝ «Ա՛լ յանձնուի՜մ,/ հեկեկամ թող, / Ներսը՝ հալած մոմերուս պէս, (…) Անտես վէրքէ մը / դուրս խուժող արիւնի պէս, / Քանի որ ես / Ես սրբեցի՜ խունկ ու աղօթք / կապոյտ սրտէս»: Նոյն ժողովածուին մէջ, քիչ անդին՝ ինքներգակ բանաստեղծը «Տրտմահար գնչուհի»ի դաշնալարերով է որ պիտի ցնցէ խօսակից-ընթերցողը: Կիզակէտը այդ հոծութիւնը կը վերապահէ «Կազմալուծում եւ հոգեկայան»ի էջերուն, յատկապէս՝ սկզբնականներուն, որոնք «Լինելութեան ինքնակերտման» ճիգը կը սահմանեն՝ «Հող եմ ես ջուր եմ կրակ եմ եւ օդ (…) կաւահողն հնապատում…» եզրերով: Կամ՝ «Կազմալուծում»ի փուլին՝ «Զիս այսքան բազմանդամ չէի զգացած / ոտքերս կը գրկեն առաստաղէն մինչեւ սալայատակ բոլոր առարկաները / թեւերս կը հանգչին սեղանի մը վրայ / իսկ միւս ձեռքերս կը յափշտակեն ինքնաբոյս մտածումները / հոն ուր շունչդ կայ / կը կառչին անդամներս…»: Նշանագիրի մէջ՝ առաւելաբար «Մոխիրի ծառ»ն է որ ինծի կու տայ հոծութեան այդպիսի տարրեր, այս անգամ՝ ուղղակի քանդումի տեսարաններու ուրուագծման մէջէն, ինչպէս՝ «Ես որ աղօթել չեմ սորված / ու մերկացած եմ ամենայն սրբութենէ / անծայր ճամբայ ունիմ քալելու / աղօթեցէ՛ք ինծի համար». կամ՝ «Պիտի այս արիւնը որ ծովուն մէջ սահած է (…) / առնեմ քսեմ լեզուիս վրայ (…) / պիտի սպիտակ աչքերուս բոլորակին մէջ / (…) եռանկիւն քառանկիւն անանկիւն / որմազդներ փակցնեմ / Ու (…) խրիմ ծանրացող ճիչին մէջ / Միջերկրականի երկաթէ անկողինին վրայ»: Ու քիչ մը աւելի անդին՝ «կախեցի նայուածքս պարաններու ծառին (…) / Բառին լոյսը իջաւ աչքերուս / որոշեց յայտնուիլ / իր յայտնումով թերեւս անցեալդ ամբողջանար / Յիշողութիւնս սկսաւ ուռիլ / եւ գանկիս մէջ երերածուփ հասաւ բառը / այդ բառը որ չկա՜ր…»: Անցնելով «Բազմածուփ աշխարհ»ին, հոն եւս, նոյն նկատառումով, կ՚առանձնացնեմ «Ասք արարման եւ երկիւղի»ն, որուն հնադարեան գծագիրներու տեսիլքին կիսալոյսին մէջէն եւս կարելի է վերհանել ամբողջ գրողական ծրագիր-առաջադրանք մը՝ բազմածալ ու բազմերանգ, յայտնուող առաջին իսկ տողերէն. «Մարմնիս համը քարին մէջ / թաղանթիս վրայ աղը կակուղ (…) / դողը մտաւ ձեռքի անսկիզբ շարժման մէջ / դողը դարձաւ գիծ ու երանգ / Անասելի պատում է սա…»:
     Ու վերջապէս, նախքան ընդհատելը մէջբերումներու այս շարքը, արդէն կիսատ-կրճատ, պիտի դիմեմ Սնունդ եւ անդունդին, ու ժողովածուն փակող «Քաղցրութիւն» աղօթք-զրոյցին, որ՝ միանգամայն յետադարձ եւ ապագահայեաց կանչով մը՝ հիանալի պատում-աղերս մը կ՚ուղղէ իր յաւերժական խօսակիցին. «Հինգ տասնամեայ արեւներու պատեաններէն (…) / թռչներգեցի, մոխ-մոխ-մոխրացայ / ու վերջապէս / մատենացա՜յ: / Բարձրացո՜ւր զիս աչքերուդ, / որ պարապին մէջ ձեռքդ մինակ չմնայ, / որ անձայնութեան / այս մահագոյժ անդո՜ւնդին / հեղեղ մը լո՜յս ծնանիմ»: Ապա եւ՝ «Աղօթքներ…»ուն, որուն «Ինքնանկար»ը, արդէն յիշատակուած, խորապէս ինքնագիտակից պատկերում մըն է: Հոս՝ քանի մը տող միայն. «Ամէն առտու կ՚ելլեմ լոյսեր հաւաքելու (…) Մանկութիւնս՝ գորգի վրայ լուռ փոշի Պատանեկութիւնս՝ փայլքը տաք փուռի (…) Հիմա զանգի նման պահաջկոտ է կեանքը, / Եւ չեմ գիտեր՝ ի՛նչ կ՚ուզէ հետս քալող անծանօթը:» Ու աւելի վար՝ գրողական արարքը ուղղակի մօտէն սեղմող՝ «Համեմներն ալ բառերու պէս իրար խառնել / ամէն անգամ տարբեր համ տալ կը սիրեմ. (…) Սեփական մարմնի տաք մոխիրներէն կը ծնին բառերը, արիւնլուայ ու սուրբ. (…) Ամէն գիշեր մոխիրները կը հաւաքեմ / Ամէն առտու հայերէն գիրք շինած կ՚ըլլամ: / Հիմա որ ա՛լ գաղտնիքներս յայտներ եմ / պիտի մտնեմ անտառին հին տնակէն…»:
     Մէջբերուած այս մասերը, իրենց շրջագրութեամբ՝ ի հարկէ, առանց անպայման լրիւ անջատուելու ուրիշ տիպի էջերէ, շատ զգալի այդ ինքնասական յատկութեան կողքին կը զանազանուին մանաւանդ իրենց արտայայտակերպով՝ թեքեանական փոխաբերա-պատկերումի գործիքով, իր առաւելագոյն ճոխութեան մէջ, գերիրականի հակող գիծերով գոյներով, բոլոր նշաններովը՝ Լեզու-սիրահարին հետ հեշտանքային-պաշտամունքային յարաբերութեան մը —
անկաշկանդ ու անսանձ՝ մինչեւ յախուռն յեղումներ…: Փոխաբերա-պատկերումը սիրեցեալ լեզուի բառերով, արտաշխարհէն փոխ առնուած, կ՚անուանէ, կ՚ոգէ սեփական յետնաշխարհը, սեփական անդունդ-աշխարհը, անոր ձեւերը, գոյները, բոյրերը. նաեւ ասոնցմէ բխած զգայնութիւններ, անոնց բռնկեցուցած կամ ալեկոծած յուզական տռամային աշխարհը, որ յաճախ ողբերգական ալ է, անկախ՝ լեզուի գործարկման հեշտական շունչէն — ճշդեմ անգամ մը եւս…:

     Ուրիշ տիպի հատուածներ կրնան այլապէս գրական արժանիքի տէր ու հետաքրքրութեան առարկայ ըլ լալ — ա՛յլ չափանիշներով: Ինծի գոնէ կը թուի, որ երբ ինքնասութեան ձգտումը՝ թերեւս պահ մը սպառելով զանոնք կրողին ուժերը՝ կը նոսրանայ, կամ կը բացակայի, գործ կ՚ունենանք ընթացիկ ասքի հետ, միշտ բանաստեղծական, բայց ուր գերիրականը կը զեղչուի յօգուտ գիտակցական-իրականին, անդնդային տեսիլքը կը փոխարինուի սոսկական «նկարագեղ»ով. կամ ողբերգա-քաոսայինը կը դառնայ եղերերգական՝ դաշն բայց ի վերջոյ աւելի արձակունակ. մինչ տռամայինը կը նոսրանայ դէպի տրամախօսական-բեմադրական: Եւ՝ խոր-սեփականը կը հանրայնանայ, կը ստանայ կնիքը հաւաքական մտահոգութիւնններու, փորձագրականի կամ բանավիճայինի շեշտերով, բայց ա՛լ համապատասխանող միայն ընթացիկ «բանաստեղծութեան» եզրով ընկալուած յղացքի յատկանիշներու, ընկերակցուող բոլոր համապատասխան զիջումներով…:
     Ինքնասութեան հրաշքը երբեմն կ՚իրագործուի նաեւ անջատ, նկարագրապատումային էջերու մէջ, երեւութապէս պարագայական, կեանքի իրադարձութիւններու կամ դէմքերու առնչուող: Այս պարագային՝ անիկա կ՚իրագործուի արագ, խիտ փայլատակումներով: Էջեր, ինչպէս «Վեցամեայ Լիզային», «Հօրս աթոռը», «Ապահարզանը», «Ամուսնալուծումէն ետք», «Պայտած ձի», «Անյուսութիւն»,[14]Առաջինները տե՛ս՝ Բազմածուփ աշխարհ: Վերջինը՝ Սնունդ եւ անդունդ: իբր այլապէ՛ս բիւրեղացեալ յեղումներ, նոյնպէս կը մասնակցին սեփա-կան առասպելի ասումին: Ի տարբերութիւն երբեմն երեւութապէս նոյնօրինակ էջերու, ինչպէս՝ «Քնացաւ քամին ցանկութիւններուդ», «Դուն զիս մի՛ տանջեր…», «Տարիներու ընթացքին», «Աշնան եղանակներ», «Նիւ Եորք, Նիւ Եորք», «Տաճարացում, «Ջրվէժներ» եւն.»։[15]Առաջին երկուքը՝ յաջորդաբար՝ Ոստրէ եւ Կիզակէտ: Հետեւող չորսը՝ Բազմածուփ աշխարհ: Վերջինը՝ Սնունդ եւ անդունդ: Այս վերջիններու շահեկանութիւնը կրնայ գտնուիլ այլուր, բայց ոչ քերթողական-պատկերային խտութեան մէջ…:

     Բերքի՝ «սեփական անդունդ»էն դուրս մնացող մասերը, հայրենասիրական թէ առօրեայ ասքի առարկայ, անպայման որ ունին շահեկանութիւն՝ քերթողական-գրական ընդհանրական մեր գանձարանին համար: Անոնք անկասկած արժէքաւոր երանգներ կ՚աւելցնեն Պարոյր Սեւակներու, Հենրիկ Էդոյեաններու, Յովհաննէս Շիրազներու նմանաշեշտ տողերուն վրայ, յատկապէս՝ արեւմտահա՛յ լեզուի զգայնութեամբ առլցուն ու զայն վերա-կենսաւորող: Անոնք՝ դեռ՝ կ՚արժեւորուին իրենց կաշառիչ անմիջականութեամբ, առօրեայի նկարային արտայայտչականութեամբ, յաճախ՝ նուրբ հիւմորով: Բայց ըստ հոս կիրարկուող չափանիշին, իրադարձութիւններու կամ դէմքերու առնչուող կամ զանոնք բեմադրող այդպիսի էջեր չեն զանցած իրենք զիրենք, իրենց պարագայականութիւնը, կը մնան ենթակայ պատկերային «նոսրացման», խորհրդածական փորձութեան, որոշ «արձակացում»ի, ու չեն հասնիր անձնականացման անդունդին. չեն մասնակցիր այն հսկայ գործընթացին, որ գրողական ծրագիր կոչեցի. Պարզապէս, կը թուի, խոր աշխարհին ծիրէն ներս է աւելի, որ բանաստեղծը կը յաջողցնէ անոր անդնդային ասքը:
     Եւ զարմանալի կերպով՝ կառոյցի ուժեղ բնազդը լաւապէս կը գործէ՛ բարձր այդ ջերմաստիճանին. եւ յուզաշխարհի բուռն մասնակցութեամբ է որ մանաւանդ կու գայ բիւրեղացումի պահը, ինքնեկ ընթացքով, առանց կոչ ընելու մշակումի փոյթին, որուն պակասն ու կարիքը պիտի զգացուին աւելի՝ երբ անցած է այս օրհնեալ պահը…
     Ինքնաբեր անդնդայինի բերրիութեան այս կենսական դերը հակառակի փաստով կ՚ապացուցուի, ի մէջ այլոց, երբ կը հանդիպինք քերթողական այս կամ այն կանոնաւոր ձեւին, կիրարկուած՝ կարծես զուտ «փորձարկային» դրդումով եւ նուազ յաջող արդիւնքով: Այս է պարագան Կիզակէտի երկրորդ՝ «Բառէ մոլորակներ» բաժինին, գրուած կանոնաւոր ոտանաւորումով։[16]Այլ տեղեր, առանձին կտորներու մէջ եւս, ոտանաւոր կշռոյթի որդեգրումը կ՛երեւի ի վերջոյ ոչ նպատակայարմար, … Continue reading

Փակելու համար այս այցը Վեհանոյշ Թեքեանի քերթողութեան ոլորտին, այց մը՝ հապճեպ ու անխուսափելիօրէն թերի, կ՚արժէ անգամ մը եւս շեշտել անոր գրողական ծրագիրի եւ գործառոյթի հիմնական արժանիքն ու արժէքը – լեզուի ստեղծագործ կիրարկումը: Էական փաստը՝ սիրուած, իբրեւ գրականութեան լեզու գործածուած, տեւաբար վերստեղծուող լեզուի կիրարկումին:
     Եւ գրողական այս ծրագիրը, ինչպէս անոր կիրարկումը, կ՚ըսէի, կը յատկանշուին միանգամայն բխումի ոճով ու գրեթէ մնայուն տիրապետումով: Բխում, ինքնաբխութիւն՝ չի նշանակեր անկարգ-անկառոյց յղացում եւ ստեղծում: Կառոյցը, նիւթի ներքին միութիւնը առկայ են գրեթէ միշտ՝ նախամշակումի եւ արտադրութեան փուլերուն: Պարզապէս՝ Թեքեան արհեստաւորը չէ մանրամասնային խնամքի, կրկնուող յղկումներու…: Իր մօտ՝ այդպիսի վերադարձներ, մանրամասնային խնամքներ, թերեւս դրական արդիւնք ալ չտային. ու կը մերժուին: Փոյթ չէ թէ, տեղ-տեղ, այս զանցումին գինը կ՚ըլ լայ տիրապետման նուազումը…
     Արեւմտահայերէնով ապրելու, անով՝ բաբախուն ամբողջ աշխարհ մը ապրեցնելու կէսդարեայ այս սիրելի, պատկառելի՛ ճիգը միայն քերթողական գործով չէ որ կը կատարուի Թեքեանի մօտ: Հոս չեմ առաջադրած, չեմ առաջադրեր անդրադառնալ իր արձակ ստեղծագործութիւններուն՝ այլապէս շահեկան, այլապէս համակիչ — յատկապէս՝ ինչ կը վերաբերի 80ականներէն ասդին արտադրուած գործերուն։[17]Թեքեանի արձակ բերքը ճամբայ կ՚ելլէ Ճեղքուած մանրանկար պատմուածքներու հատորով (Պէյրութ, 1977), շարունակուելու … Continue reading Բայց պարզ յիշատակում մը փորձագրական իր որոշ էջերուն՝ անհրաժեշտ է.[18]Փորձագրական գործերը, բացի Նշանագիրի բ. մասէն՝ ամփոփուած են Խօսող լեռան պատմութիւնը հատորին մէջ (2015): Այս … Continue reading անո՛նց յատկապէս, որոնք կը հարցադրեն, կ՚ընդգծեն լեզուի եւ գրական ստեղծագործութեան խոր առնչութիւնը, կը կրկնեն լեզուի վերապրումի եւ զարգացումի գործընթացին համար՝ գրական ստեղծագործութեան կենսական դերը: «Խօսող լերան պատմութիւնը» պատմութիւնն է հիւծուող, հիւծուած լեզուի. անձկութիւնն է՝ ի տես ստեղծագործ գրականութեան այդ կենսական դերը ողբերգականօրէն անտեսող կարճատես հաւաքականութեան՝ Սփիւռքին: Անոր՝ որ կը կործանէ խօսող լեռը, անփոյթ՝ անլեզու մնալու, արեւմտահայերէնը «անժողովուրդ լեզու»[19]Բնորոշումը՝ Գր. Պըլտեանէն: դարձնելու վերահաս վտանգին…

«Խօսող լերան պատմութիւնը»
պատմութիւնն է հիւծուող, հիւծուած
լեզուի. անձկութիւնն է՝ ի տես
ստեղծագործ գրականութեան այդ
կենսական դերը ողբերգականօրէն
անտեսող կարճատես
հաւաքականութեան՝ Սփիւռքին:

     Թեքեանի բերքը բնորոշ է 20րդ դարու բ. կէսի հայախօս մնացած միջին-արեւելեան Սփիւռքի արշաւարանին, անոր բնորոշ անկայունութեամբ, բացակայութիւններով, շրջապատի ծաւալող պարապով, շարունակուող գաղթերով…: Անիկա իր փթթումը կը նշէր՝ մինչ արդէն աղօտած էր Եղեռնէ վերապրած նահապետներու ստուերն ու յուշը. մինչ՝ դեռ ներկայ էր (սակայն անբաւարար, եթէ ոչ բացասական ներկայութեամբ մը) հիներու արձագանգով ատեն մը թրթռացած, պատնէշ պահելով զանոնք կրկնող սփիւռքեան առաջին սերունդը…: Նորեկները կը գտնուէին պարապի մը առջեւ, որ կրնար ըլլալ բարերար, ըլլալ «քաոս մը բերրի» [20]Բնորոշումը՝ Նիկողոս Սարաֆեանէն: անոնք կրնային օգտուիլ Սփիւռքի արշաւարանի բացուածքին տրամադրած առաւելութիւններէն, միւս կողմէ կրելով անոր յեղյեղուկ, անկայուն դիմագծութեան կնիքը…:
     Այս բերքը, սկզբնապէս արմատաւորուած՝ լիբանահայ գրա-մշակութային իրականութեան մէջ, հաւանօրէն լաւագոյնս կը ներկայացնէ Սփիւռքի երրորդ սերունդը՝ բնորոշ այդ գիծերով, իբր անոր ամենէն անխառն, հարազատ բխումը (բխում մը, գիտենք, կը զանցէ իր աղբիւրը՝ զայն արտայայտելով հանդերձ)։[21]Ասիկա ըսուած՝ աչքի առաջ ունենալով սերնդակիցներ, ներառած մինչեւ տասնամեակ մը ետ ու առաջ անուններ ալ, որոնք … Continue reading Անիկա, ինծի կը թուի, աւելի՛ ինքնաբոյս է, մեկնակէտէն արդէն նուա՛զ ենթակայ՝ արտաքին ճառագայթումներու (արեւմտեան, նոյնիսկ՝ հայրենական…), թերեւս նուազ ձեւաւորուած, բայց աւելի ինքնուրոյն, քան ուրիշներ — նոյնիսկ յետագային շատ ուշագրաւ ծաղկումի հասած անուններ…
     Արեւմտահայերէնի այս հրավառութիւնը՝ Վեհանոյշ Թեքեանի գործը, 21րդ դարասկիզբի հորիզոնին վրայ ուրուագծուող՝ իր շլացուցիչ փայլատակումներով, տեղ-տեղ յաճախուած անիշխանական անմիջականութեան փորձութեամբ, առկայծո՞ւմ մըն է, մայրամտային շքեղութի՞ւն մը՝ աշխարհասփիւռ լեզուաճիւղի մը կեանքի օրուան աւարտին, թէ՞ այդ լեզու-մշակոյթի ներուժ ինքնանորոգման, նո՛ր սերնդափոխներու կարելիութեան փաստն ու կանխիկ գրաւականը,— հարցումը կը մնայ բաց՝ ապագային դէմ…

ԾԸ. ՏԱՐԻ, ԹԻՒ 3 – 4

References
1 Չեմ մոռնար գրական-վերլուծական փորձերու տեսակ մը, աւելի ճիշդ՝ ոճ մը, մօտեցում մը ամբողջ, որ՝ խուսափելով հանդերձ կրկնաբան մեկնաբանութիւններու հետեւակութենէն՝ միւս կողմէն լրիւ «կը շեղի նիւթէն»՝ զինք արտայայտութեան մղող գրական գործէն ու վաստակէն, զայն դարձնելով սոսկ պատրուակ՝ հասնելու ուրիշ տեղ, ըսելու ուրիշ խօսք՝ ի՛ր խօսքը, գրա-տեսական կամ գրա-իմաստասիրական «տեսութիւն»ը — սեփական ճամարտակումով, կամ՝ աւելի յաճախ՝ փոխառեալ:
2 Սխալ պիտի չըլլար նոյն պատճառական բացատրութիւնը տալ լռութեան, որմով անցեալին դիմաւորեր եմ Վեհանոյշ Թեքեանի այսօր գրեթէ յիսնամեայ ասպարէզն ու տասնեակի հասնող հրատարակութիւնները՝ քերթողական սեռի տիրապետող ու առաւել բնորոշ համեմատութեամբ:
3 Հոս տեղը չէ, այս մատնանշումէն աւելի, անդրադառնալու արեւմտահայ-սփիւռքահայ մշակոյթի ահազանգային կացութեան ու նոյնքան ահազանգային համատարած անտարբերութեան, անգիտակցութեան՝ գրականութեամբ լեզու կենսագործելու, ու լեզուով ինքնութիւն վերստեղծելու հրամայականներուն հանդէպ: Աւելին՝ թերեւս աւելի վար…
4 Չեմ անտեսեր գրախօսականներ, նուիրուած Թեքեանի երկերէն մէկուն-միւսին, կամ երկու յաջորդականներու: Երբեմն շահեկան, եւ որոշ ընդհանրացումներու յանգող, անոնք սակայն ի վերջոյ կը մնան սահմանափակ՝ իրենց մասնաւոր գրախօսականի հանգամանքով իսկ:
5 Այս «մօտեցում»ը, հասկնալի է, չ՛ընդգրկեր Թեքեանի արձակը՝ պատումային թէ փորձագրական: Նկատի կ՛առնուին քերթողական գործեր, թիւով վեց (պարզ կեդրոնացման մտահոգութեամբ մը՝ կը բացառուի սկզբնական Կապոյտ Ապրիլը. ապա՝ նաեւ, անշուշտ, Նշանագիր հատորի արձակ-պատումային երկրորդ մասը): Յղումներ միայն պիտի ըլլան փորձագրական էջերու՝ այն չափով, որ անոնք կը լուսաբանեն քերթողութիւնը, ասոր պատկերացման զանազան իր երեսները:
6 Հոս փակագծեալ՝ հարկ է նշել նոյնացում մը, կամ փորձութիւնը նոյնացումի մը, որ կը յաճախէ Թեքեանի մտածողութիւնը: Սեփական, ազգային լեզուի հանդէպ մտերմութեան այս ապրումը իր մօտ, ինքնաբերաբար կրնամ ըսել, կը փոխանցուի, կը փոխադրուի… այդ լեզուն խօսող ժողովուրդին վրայ: Փորձագրական էջերու կամ զրոյցներու մէջ, ան ուղղակի՛ կը բանաձեւէ գրագէտին՝ լեզուին հետ «սիրաբանելու» հրամայականը. ու միանգամայն՝ հաւասարութեան նշան կը դնէ ժողովուրդին հետ նոյնօրինակ յարաբերութիւն մշակելու հրամայականին միջեւ…: Մինչդեռ, այսպիսի «սահում» մը ինքնին հասկնալի չէ բնաւ: Գրագէտը ի՛նք ուրիշ տեղ, մոռցած սայթաքումը՝ նոյնացման այս որոգայթին մէջ, կ՛աւաղէ ան-տիրութիւնը, որուն մէջ թողուած են լեզու, գրականութիւն եւ գրագէտներ՝
սեփական ժողովուրդին իսկ կողմէ…:
7 Որովհետեւ լեզուի հետ յարաբերութեան եղանակները բազմակի են, եւ ո՛չ անշուշտ՝ բացարձակօրէն դրական, հեշտալի: Այսպէս, ուրիշ գրագէտի մը յարաբերութիւնը լեզուին հետ՝ կրնայ կենաց-մահու ամէնօրեայ պայքար մը ըլլալ, համր մանկութիւններու, կենսական բացակայութիւններու ստուերով յաճախուած…
8 Առաջինին համար՝ տե՛ս Կիզակէտ (1978, Պէյրութ). հետեւողներուն՝ «Աղօթքներ ուռկանի մէջ» (2016, Միաց. Նահանգներ):
9 Տե՛ս Նշանագիր (1987, Միաց. Նահանգներ):
10 Ասոնց համար, տե՛ս «Աղօթքներ…»:
11 Գիտենք, իրականը տռամային է, գեղեցիկի-տգեղի, դաշնութեան եւ բախումի, երջանկութեան եւ ողբերգականի անանջատելի խառնուրդ: Թեքեանի մօտ ատիկա փաստ է յաճախ, ողբերգականի գերակշռութեամբ, թէեւ ոչ տիրապետումով: Տռամայինը, հնոցն է, ուր խառն են, համաձոյլ՝ կենսային ձգտումը՝ աճելու, տեւելու, եւ Աղէտի մը ողբերգական ներյայտնումը — սէր եւ պայքար՝ սուգին հետ շաղուած: Ու չեմ զիջիր աժանկեկ «կենսագրական» բացատրութեան մը՝ այս զգայնութիւնը կապելու բացառապէս «կեանքի փորձառութեան», նկատելու գոյութեան դաժան պայմաններու «դասը»: Այդպէս չէ բնաւ. տռամայինը էական, խառնուածքային սկզբնակա՛ն ներկայութիւն է, Թեքեանի շատ կանուխ արտադրութիւններուն մէջ արդէն առկայ, կանխահաս լրջութեան մը, ծանրութեան մը ձեւին տակ (մարդ կը դժուարանայ հաւատալ, որ Ոստրէն դեռատի, քսանհինգամեայ բխում մըն է – խօսք չենք ըներ հոս՝ յամեցող անհարթութիւններու մասին…): Եւ ի տես այսքա՛ն ներհայեցական լրջութեան՝ հարց կու տամ՝ արդեօք նախասահմանուած-գրուած չէ՞ր տեղ մը «կապոյտ ապրիլին խեղդուիլը» («Ինքնանկար», «Աղօթքներ…»):
12 Պատկերակերտման չափանիշներու յարաբերականութիւնը յաճախ ընդգծուեր է, յաճախ ալ առիթ ու նիւթ է տուած բանավէճի: Ծանօթ են Մեծարենցին ուղղուած հետեւակ-արձակունակ քննադատութիւնը՝ իր «կապոյտ յածումներ» կամ «հոգիէն անցնող մանուկներ» տիպի պատկերներուն առթիւ, նաեւ իր բացատրութիւնները՝ բութ աշակերտներու առջեւ հարկադրաբար վարժապետի շեշտ ընդունած…: Բայց հոս, պէտք է նշել, պատկերներու ենթակայականութեան աստիճանը կ՛երթայ աւելի հեռու: Եթէ Թեքեանի զգայարանական-զգացական ոլորտը մէկ կողմէ կը նուիրէ փոխաբերութիւններու բիւրեղային յստակութեամբ աստղահոյլեր ամբողջ, ինչպէս՝ «ձիւնահամ զեփիւռ»ն է, «Մոխիրէ ծառ» մը, «լուսացնցուղ՝ Նայիրիին» մը»,- կամ՝ նուազ ուղղափառ բայց նոյնքան սքանչելի՝ «երակներս պարզել դէպի աշուն», «… բառի տողի ոստին վրայ թառած…», «ջարդուած հայելին [եմ] զիս կրող պատկերներուն»,- միւս կողմէ՝ բռնադատեալ ճիգի կարօտ կրնայ ըլլալ ընկալումը պատկերներու, ինչպիսին են «աղօթքներ ուռկանի մէջ», «խաչուած բիբեր», «ծանրացող փոսեր», «Երակներս դրի անսկիզբ […]քարերու վրայ» : Հաւանօրէն անարդար չէ նման առարկութիւն. երբեմն կը գտնուինք «թերյղկումի» մեղքի մը առջեւ, անխուսափելի շրջօնը շեշտակի ենթակայականութեան, եթէ ոչ՝ աճապարանքի, կամ —ըսուեցաւ սկիզբը— ինքնավստահ հեշտութեան մը…: Ամէն պարագայի, գործին պատկերա փոխաբերական ոլորտը շա՜տ աւելի յաճախ ինքզինք կը հաստատէ, լայնօրէն կը փրկէ՝ գերիրա(պաշտա)կանի հետ ինքնաբուխ, ընդոծին հարազատութեան մը փաստով…
13 Պատկերակերտական այս զգայնութեան դրացի տարրեր պիտի գտնենք արեւելահայ ժամանակակիցներու մօտ, ինչպէս Պարոյր Սեւակի, Հենրիկ Էդոյեանի: Փոխաբերական սարքի այս ազգականութիւնը՝ շատ հաւանօրէն անոր կու գայ բանաստեղծութեան ժամանակակից զգայնութիւններու ընդհանուր մթնոլորտէն, որ Թեքեան շնչած է միւսներուն հետ միասին, եթէ ոչ՝ միաժամանակ, եւ ոչ՝ ստացած անոնցմէ:
14 Առաջինները տե՛ս՝ Բազմածուփ աշխարհ: Վերջինը՝ Սնունդ եւ անդունդ:
15 Առաջին երկուքը՝ յաջորդաբար՝ Ոստրէ եւ Կիզակէտ: Հետեւող չորսը՝ Բազմածուփ աշխարհ: Վերջինը՝ Սնունդ եւ անդունդ:
16 Այլ տեղեր, առանձին կտորներու մէջ եւս, ոտանաւոր կշռոյթի որդեգրումը կ՛երեւի ի վերջոյ ոչ նպատակայարմար, պարզապէս որովհետեւ տեղիք պիտի տայ երբեմնակի խախտումներու եւ կաղացումի, հետեւանք՝ լսողականի հանդէպ անտարբերութեան, կամ անբաւարար մշակումի (օրինակ մը տե՛ս՝ «Լուսաշթում», Բազմածուփ աշխարհ):
17 Թեքեանի արձակ բերքը ճամբայ կ՚ելլէ Ճեղքուած մանրանկար պատմուածքներու հատորով (Պէյրութ, 1977), շարունակուելու համար Նշանագիրի բ. մասի փորձագրութիւններով, յանգելու համար Տոհմածառին (Միաց. Նահանգներ, 1997):
18 Փորձագրական գործերը, բացի Նշանագիրի բ. մասէն՝ ամփոփուած են Խօսող լեռան պատմութիւնը հատորին մէջ (2015): Այս էջերէն ոմանք, յատկապէս գրադատականները՝ գրիչի հարազատներու նուիրուած, եթէ չեն զգացներ պարագայական պարտքի մը բեռը, գոնէ աւելի դիւրահաճ կը թուին որակային արժեւորման իմաստով, աշխարհագրակա՞ն, թէ՞ ժամանակային հեռաւորութեան բերմամբ (երբեմն եւ վերագրելի թեթեւ կարօտախտի՞ մը՝ դեռատի տարիքի վերյիշումներու հաշուին…): Կամ՝ Սփիւռքի իրավիճակի քննութեան մէջ՝ կը նախընտրեն ախտը սահմանափակել անոր մարմնին մէկ որոշ մասին վրայ, խուսափելով խորքային, ամբողջական ախտաճանաչումներէ: Բայց նոյն գործը նաեւ կը յորդի դիտողութիւններով, որոնք նշդրակը կը հասցնեն ուղիղ վէրքին, վէրքերուն, բարդոյթներու կոյտին, հայապահպանումի բանտին. ասոր այլազան դրսեւորումներուն:
19 Բնորոշումը՝ Գր. Պըլտեանէն:
20 Բնորոշումը՝ Նիկողոս Սարաֆեանէն:
21 Ասիկա ըսուած՝ աչքի առաջ ունենալով սերնդակիցներ, ներառած մինչեւ տասնամեակ մը ետ ու առաջ անուններ ալ, որոնք կա՛մ իրենց վաստակով ու գրական գործունէութեամբ նուազ յանձնառու են եղած, կա՛մ մնացած են աւելի հեռու՝ իրենց բնավայրի գրական այժմէութենէն, մշակոյթի հաւաքական գրաւներէ: Թեքեանի վաստակին սկիզբը շեշտուած արտահայեցութիւնը, անոր կանչի, կոչի էական յատկանիշը՝ օտար ըլ լալու չէ այս գնահատումին: