Մարուշ Երամեան

10 ՀԱՐՑՈՒՄ ՄԱՐՈՒՇԻՆ՝ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԷՆ

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ ԽՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏՆ Է

ՍԻՐԵԼԻ Մարուշ, արուեստի հիմնական պատրաստութիւնդ երաժշտութիւնը եղած է, եւ բնականաբար երբեմն երաժշտական եզրեր կը գտնենք բանաստեղծութիւններուդ մէջ, ինչպէ՞ս կատարուեցաւ անցումդ բանաստեղծութեան:

ԽՈՐՔԻՆ մէջ բնաւ անցում եղած չէ. երկուքը միաժամանակ կ’ընէի, պարզապէս մէկը կ՚երեւէր, միւսը՝ ոչ: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ կ’ամչնայի ըսելու որ կը գրեմ: Կը գրէի թէ՛ բանաստեղծութիւն, թէ՛ քերթուած: Յետոյ, երբ նուագելը ա՛լ դժուար էր, որովհետեւ ամուսնացեր էի, զաւակներ ունեցեր, եւ միակ ժամանակը փորձ ընելու գիշերն էր՝ շատ անյարմար յարկաբաժինի մը մէջ՝ ուշ գիշերին փիանոյի փորձ ընելու համար, աւելի եւ աւելի սկսայ գրել, որովհետեւ գրելը … անաղմուկ աշխատանք է: Յետոյ կար նաեւ աշխատանքին արդիւնքը, որ երբ կատարող ես, գրեթէ չ՚երեւիր, մինչ գրական աշխատանք մը անպայմա՛ն արդիւնք կու տայ՝ յօդուած, ուսումնասիրութիւն, գեղարուեստական գրականութիւն եւ ի վերջոյ՝ հատոր, հատորներ, մինչ ժամեր ու ժամեր կատարուած փորձերէն գրեթէ ոչինչ կը մնայ: Այսպէս է որ կամացուկ մը գրականութեան նժարը սկսաւ աւելի ծանր կշռել:

ՈՐՈ՞ՆՔ են այն հայ թէ օտար հեղինակները, որոնք ազդած են կազմաւորմանդ, մասնաւորաբար՝ քերթողութեանդ վրայ, իսկ կա՞ն գրողներ կամ մտաւորականներ, որոնք քաջալերած են քեզ եւ կարեւոր դեր խաղցած գրական կեանքիդ մէջ:

ՎԱՀԷ Օշականը թէ՛ տարօրէն ազդած է վրաս, թէ՛ մեծ քաջալերանք ցուցաբերած, իր քրոնիկներէն մէկուն մէջ անդրադառնալով քերթողութեանս՝ «Թարմ հով մը կը փչէ Սուրիոյ աւազներուն վրայէն»: Նախապէս Յակոբ Օշականն էր, յետոյ եկաւ Պըլտեանը: Այսօր սակայն կը կարծեմ թէ թօթափած եմ բոլորին ալ ազդեցութիւնը, բայց կը շարունակեմ սիրել անոնց քերթողութիւնը կամ գրականութիւնը Յ. Օշականի պարագային: Ի դէպ ըսեմ նաեւ, որ մեր գրագէտները ներաշխարհիս մէջ զարմանալիօրէն կը կապուին համաշխարհային երաժշտութեան. Օրինակ Մեծարենցը մի՛շտ Մոցարթին հետ կու գայ ինծի – գտած եմ նմանութեան եզրեր եւ ներկայասցուցած յօդուած-ուսումնասիրութեան մը մէջ – իսկ Յակոբ Օշականը կը կապուի Պախին. Ո՛չ ժամանակով, ո՛չ ալ ոճով նման են այս երկուքը, բայց ինծի համար հաւասար բարձունքի վրայ կը կենան եւ ներքին, շատ խորունկ տեղ մը նման է իրենց երկը: Ասոնցմէ զատ անգլիական արդի բանաստեղծութիւնը շատ սիրած եմ եւ թարգմանած (Բագինի հին թիւերէն մէկուն մէջ պիտի ըլլայ): Լաւ գրուած բանաստեղծութիւն մը մի՛շտ ալ կ՚ազդէ վրաս, կը յուզէ տարօրէն, նոյնիսկ եթէ յուզիչ չըլլայ ինք: Նման օրինակ մըն է Պիլի Գոլինզի «Ճաբոն» փոքրիկ քերթուածը:


ԴԻՄԱՏԵՏՐԻԴ վրայ նման արտայայտութիւն մը զետեղած ես. «Այնքան ճնշուած էր, որ գիրով պայթեցաւ, այնքան օրինաւոր էր, որ անօրինաբար սկսաւ ստեղծագործել, եւ այնքան հաւատքով լեցուն էր, որ անհաւատ դարձաւ». կրնա՞ս բացատրել այս կեցուածքդ: 

Մ. ԲՈԼՈՐ արուեստներն ալ ու մանաւանդ քերթողութիւնը պոռթկում կ՚ենթադրեն, իսկ պոռթկումը յաճախ նաեւ ըմբոստութեան հագուստ կը հագնի. ասիկա անշուշտ առաջին յեղումին համար է որ կ՚ըսեմ: Իսկ խօսքիս շարունակութիւնը այլ վիճակներու յղում ունի. օրինակ երբ մեծ հաւատք ունիս որեւէ բանի հանդէպ, կը նշանակէ թէ հարցադրում չունիս – հաւատալ առանց հարցադրելու կ՚ըսուի – կը հասնիս տեղ մը, ուր եթէ մտածելու ունակութիւն ունիս, չես կրնար չմտածել, իսկ մտածումը կը տանի մեծագոյն եւ խորագոյն հարցադրումներու, որոնք հաւատքը կը խախտեն, փոխարէնը պեղումի սքանչելի տարածքներ բանալով: Այլ խօսքով՝ ինչ որ գրած եմ ոչ միայն ժխտական չէ, այլ գեղեցկօրէն դրական է եւ ամէն անգամ որ կը կարդամ, վերանորոգ խանդով եւ պեղելու քաջութեամբ կը լեցուիմ: Իսկ ստեղծագործելը, պարզ չէ՞, պէտք է միշտ ձգտի օրէնքն ու օրինաւորը անտեսելու, շրջանցէ զանոնք, ըմբոստանայ անոնց դէմ:


ՅԱ՛ՏԿԱՊԷՍ
Հալոց եւ Գիշերներ հատորներուդ մէջ սէրն ու սեռը, ֆիզիքական ու հոգեկան առումներով, մասնաւոր շեշտադրում կը ստանան, ինչ որ շահեկան է նաեւ իրենց թելադրականութեամբ եւ համարձակութեամբ. ճի՞շդ է այս մատնանշումս: Ի՞նչ կը խորհիս այս մասին:

ՄԻՇՏ ալ նեղացեր եմ, որ սէրն ու սեռը մեր գրականութեան մէջ ընդհանրապէս ներկայացուած են արական դիտանկիւնով, իսկ գրագիտուհիները իրենց խօսքը չեն ըսած, ոչ թէ որովհետեւ խօսք չունէին, այլ «հայ կնոջ ամօթխածութիւնը» հաւանաբար արգելք հանդիսացած է իրենց: Համոզուած եմ, որ գոնէ սէր-սեռին մէջ գրագիտուհիները այլ դիտանկիւն ունին, այլ բառապաշար եւ անշուշտ այլ ապրումներ: Երկրորդ, սեռի մասին գրելը միշտ մարտահրաւէր մը եղած է ինծի համար՝ խօսիլ սեռը, գրել զայն, առանց իյնալու սովորականին, գռեհիկին թակարդին մէջ, գտնելով այն գեղեցիկ շղարշը, որուն ընդմէջէն սեռը կը գտնէ իր գեղեցկագոյն արտայայտութիւնը: Տակաւին՝ գտնել լեզուն, գտնել բառերը, որոնք կարենան արտայայտել այն աստուածային կայծը, որ սկզբնաղբիւրն է ամենայնի:  
    Եւ ի վերջոյ գտնել եւ բացայայտել կապը ֆիզիքական-հոգեկանին, ինչպէս կ՚ըսես:
    Այս բոլորը խորունկ աշխատանք կ՚ենթադրեն, աւելին քան կ՚երեւի Հալոցին կամ Գիշերներուն կարճ տողերուն եւ սեղմ բաժիններուն մէջ:
    Այս ալ մէկն է իմ ձգտումներէս, բանաստեղծութեան մէջ. որովհետեւ բանաստեղծութիւնը խտութեան արուեստն է եւ շատախօսութիւն չի սիրեր, միշտ ուզած եմ գրել խիտ ձեւով, միաժամանակ առիթ տալով ընթերցողին, բանալու տողերը եւ իր մեկնաբանութիւնը տեղադրելու այնտեղ:


ՔԵՐԹՈՂՈՒԹԵԱՆԴ կողքին՝ մասնաւորաբար
Մօր գոգնոցը եւ Տաճարացում հատորներուդ մէջ, անշուշտ ոչ նոյն տարողութեամբ, արձակը կը սկսի իր տեղը գտնել: Անշուշտ այս մէկը նորութիւն չէ սփիւռքահայ բանաստեղծներուն մօտ, Վեհանոյշ Թեքեան ստեղծագործութեան իր առաջին շրջանէն սկսաւ այս մէկը կիրարկել, յաճախ նոյնիսկ նոյն հատորին մէջ արձակն ու բանաստեղծութիւնը հրատարակելով, իսկ Գրիգոր Պըլտեանի մօտ իր Գիշերադարձ շարքով, արձակ պատումը կը սկսի հետզհետէ աւելի լայն տեղ գրաւել: Ան նոյնիսկ իր զրոյցներուն մէջ տեղ մը կ՚ըսէ. «Առայժմ տարուած եմ արձակով: Բանաստեղծութեան բոլոր հնարաւորութիւնները կարելի կը թուին ինծի այնտեղ»: Ուրկէ՞ ծնունդ կ՚առնէ արձակով նաեւ արտայայտուելու այս մղումը՝ քու մօտդ եւ ընդհանրապէս:

ԻՆԾԻ համար սկիզբէն իսկ քերթողութիւնը եղած է խտութեան արուեստը, համոզուած եմ որ բնաստեղծութիւնը շատախօսութիւն չի սիրեր եւ յաճախ ջուրով խառնուած գինիի համ կու տայ, երբ բառերու առատութիւնը սկսի ծածկել քերողութեան խորհրդաւորութիւնը: Թերեւս այս է պատճառը, որ երբ ուզած եմ «պատմել», անցեր եմ արձակի, մինչ քերթողութեան մէջ ապրումն է, յաճախ նաեւ՝ մտածուած ապրումը, որ շատ տարբեր է արձակի պատումէն: Ասիկա՝ ինծի համար: 
    Իսկ ընդհանրապէս, ինչպէս կ՚ըսես Վեհանոյշին կամ Գրիգորին պարագային, իւրաքանչիւրին մօտ տարբեր է արձակով արտայայտուելու մղումը. Գրիգորինը չըսուելիք բաները ըսելու ձեւի որոնումն է, միաժամանակ՝ լեզուին սահմանները հրելու, լեզուն ճկելու, նայելու թէ որքա՞ն կրնայ հետեւիլ իրեն, ծառայել կամ տիրապետուիլ. ասիկա շատերու համար կրնայ մատչելի չըլլալ, ինչպէս է պարագան իր քերթողութեան: Վեհանոյշը անմիջականօրէն կը պատմէ, յաճախ իր քերթողութիւնը կը դառնայ պատումային, միաժամանակ անցած-գացած ժամանակներ, վայրեր, մարդիկ վերապրեցնելով: Դարձեալ՝ ասիկա շատ ենթակայական կարծիք է եւ կրնամ լրիւ սխալած ըլլալ:


ՀԱԼԷՊԸ մասնաւոր տեղ մը ունի քեզի եւ հալէպահայ գրողներու համար, ինչպէս Պէյրութը՝ լիբանանահայերու եւ այս քաղաքներու հետ կապուած կեանքն ու աղէտը իր տեղը ունին սփիւռքահայ գրականութեան մէջ: Կրնա՞ս մեզի բացատրել Հալէպի իմաստն ու կարեւորութիւնը քեզի համար:

ՆԱԽ՝ ծննդավայրս է: Երկրորդ՝ վայր մըն է, կամ քաղաք մը, կամ գաղութ մը, ուր ամենէն աւեի հարազատօրէն կը վերապրէինք այն բոլորը, զոր բերած էին Արեւմտահայաստանէն, այսինքն աւանդութիւնները, լեզուն (բազմաթիւ հայրենակցական միութիւններ կային եւ շատ-շատեր, որոնք կը շարունակէին բարբառով խօսիլ իրենց տուներուն մէջ). Իսկ ամենէն կարեւորը, գոնէ ինծի համար, Հալէպը կը հայթայթէր ա՛յն մթնոլորտը, որուն դէմ կրնայի ըմբոստանալ, կրնայի չգոհանալ եղածով եւ ձգտիլ աւելիին: Կը կարծեմ որ ասիկա շատ կարեւոր առաւելութիւն մըն է նորելուկ ստեղծագործողի մը համար, թէեւ աւելի ուշ կրնայ նոյն այդ մթնոլորտը պատճառ դառնալ, որ մարդ ուզէ դուրս գալ աւանդականէն, կամ կաշկանդումէն: Բայց սկիզբին համար շատ կարեւոր է:  
    Յետոյ կար Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը, ուր թրծուեցաւ իմ սերունդս: Այնտեղ մեզի թխմելով չէր որ ջամբուեցաւ ոգին, այլ՝ ինքնաբերաբար, ուսուցիչներուն եւ ամբողջ կազմին նուիրումով: Երբ սկսաւ արծարծուիլ Եղեռնի դասաւանդումին հարցը եւ ո՞ր դասարանէն սկսիլ դասաւանդումը, պահ մը մտածեցի, թէ մենք նման դաս ունէի՞նք: Չունէինք, բայց իմացանք մեծերուն լռութենէն, ծանր տխրութենէն, մեծ-մայրերուն պատմութիւններէն եւ անշուշտ՝ հսկումի երեկոներէն: Այս բոլորը Հալէպը կը դարձնեն այլ քաղաքներէ շա՜տ տարբեր: Երբ ականատես եղայ քանդումին, որովհետեւ պատերազմի առաջին երեք տարիներուն տակաւին Հալէպ կ՚ապրէի, իւրաքանչիւր ինկած ռումբի հետ կարծես սիւն մը կը քանդուէր մէջս, որովհետեւ գիտէի որ Հալէպը կրնայ կորսնցնել իր «Մայր գաղութ» ըլլալու կարգավիճակը. Ասիկա կ՚ըսեմ առանց յոխորտալու. պարզապէս Պէյրութի քանդումէն ետք մնացեր էր Հալէպը. Ու եթէ Հալէպն ալ չըլլար … Բարեբախտաբար ամէն ճիգ կը գործադրուի, Հալէպը պահելու համար ինչպէս որ էր, այնքան որ կարելի է այդ ճիգը, նման պայմաններու մէջ: 


ՄԵՐ գրականութեան մէջ կը նշուի դերասանուհիի մը արտայայտութիւնը, որ ծնունդ տուած է Պ. Դուրեանի «Լճակ»ին, կամ Կիլիկեան ջարդերուն կապուած պատումներ, որոնք ծնունդ տուած են Սիամանթոյի
Կարմիր լուրեր բարեկամէս  հատորին: Կա՞ն յատուկ դէպքեր կամ փորձառութիւններ, որոնք պատճառ դարձած են մէկ բանաստեղծութեանդ ծնունդին: 

ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒՍ պարագային լսուած դէպք մը, ընտանեկան պատումի պատառիկ մը կամ փողոցը լսուած խօսք մը կրնայ կորիզը դառնալ պատմուածքի մը: Բայց քերթուածներուս պարագային տարբեր է, ընդհանրապէս ոչ թէ խօսք մըն է սկզբնակէտը, այլ չըսուածը, լռութիւնը, առանձնութենէն ծնած ապրում-մտորումները. «Հալոց»ը, «Լռութիւններ»ը, «Սպիտակ տարածքներ»ը այսպէս է որ ծներ են: Իսկ վերջին շրջանին Հալէպի քանդումը անշուշտ ծնունդ տուաւ տասնեակ մը քերթուածներու: Սակայն Արցախի դէպքերը եւ սփիւռքահայուն ապրած հոգեկան տուայտանքը այնքան ծանր են ինծի համար, որ ճի՛շդ Ջարդին պէս, չեմ կրնար խօսիլ. որքան ալ գրես, կը զգաս որ բառերը ցաւիդ կէսն իսկ չեն արտայայտած: 


ՅԱՃԱԽ գտնուած ես նաեւ Հայաստան, ինչ որ առիթ կը ստեղծէ հայրենի ժողովուրդին եւ մտաւորականութեան հետ կենդանի կապ հաստատելու: Առաւել, անկախութենէն ի վեր շատ մը սփիւռքահայ գրողներ հոն կը տպագրեն իրենց գիրքերը, իսկ վերջին տասնամեակին սուրիահայերու եւ լիբանանահայերու նկատառելի թիւ մը Հայաստան հաստատուած է, կը կարծե՞ս որ պետութեան թէ մտաւորականութեան կողմէ բաւարար ուշադրութիւն կը դարձուի կամ կարեւորութիւն կը տրուի արեւմտահայերէնին եւ արեւմտահայ գրականութեան. աւելին՝ կը կարծե՞ս որ կը հասկնան Ն. Սարաֆեանէն մինչեւ Վ. Օշական կամ Գրիգոր Պըլտեան երկարող քերթողութիւնը:  

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ մէջ վերջին տասնամեակին, հակառակ սփիւռքահայ գրողներու առատութեան եւ անոնց Երեւան տպուած գիրքերուն, արեւմտահայերէնն ու սփիւռքահայ գրողը կը մնան, դժբախտաբար, քիչ մը արտասովոր երեւոյթներ կամ էակներ, «չենք հասկանում»ին ետին պահուած: Բացի հայաստանցի քանի մը գրողներէ, որոնք իրապէ՛ս ճիգ կ՚ընեն հասկնալու, թէ ի՛նչ կ՚ընէ սփիւռքահայ գրողը եւ ինչպէ՛ս կը մտածէ – որովհետեւ անոր մտածողութիւնը լրիւ տարբեր է – մենք կը մնանք «երկրորդ կարգի» քաղաքացիներ եւ գրողներ: Պըլտեանը այսօր նորոյթ է Հայաստանի մէջ, մարդիկ իրենց լսածը կը կրկնեն, բայց շատ փոքր տոկոսն է միայն, որ իրապէս եւ խորապէս կարդացած է անոր գրականութիւնը եւ կը հետեւի իւրաքանչիւր նոր հրատարակութեան: Շատ ծանօթ բանաստեղծուհի մը, գրական հաւաքի մը ընթացքին առանց տատամսելու երբ ձայն առաւ խօսելու գիրքի մը մասին, իր խօսքը սկսաւ՝ «Ես դեռ չեմ կարդացել էս գիրքը, շուտով կարդալու եմ, բայց կարող եմ ասել թէ …» եւ տուաւ իր «հանգամանալի» կարծիքը: Այսպէ՛ս է: Բայց մենք ալ կարծես վարժուեր ենք, չենք նեղանար եւ կը շարունակենք մեր աշխատանքը, գոհանալով այն քանի մը մտաւորականներով, որոնք իրապէս լրջութեամբ կը մօտենան սփիւռքահայ գրագէտ կոչուած էկզոթիք «կենդանիին» (ապրող իմաստով անշուշտ):


ՏԱՐԲԵՐ դասարաններու եւ մակարդակներու վրայ՝ զբաղած ես նաեւ մանկավարժութեամբ: Հիմնական ի՞նչ մտահոգութիւններ ունիս այս առնչութեամբ:

ԳԼԽԱՒՈՐ եւ մեծագոյն մտահոգութիւնս սերունդին անտարբերութիւնն է ամէն բանի հանդէպ, եւ այդ ամէն բանին մէջ կ՚իյնան հայերէնն ու հայ մշակոյթը: Այսինքն՝ ա՛յս տարածքին վրայ ալ յաղթուեր ենք կարծես: Բայց երբ ուսուցիչը կամ դասախօսը կը փորձէ հասկնալ աշակերտին վիճակը, կը փորձէ «հին» դասանիւթ մը, ինչպէս են հայերէնն ու հայ մշակոյթը սփիւռքահայ աշակերտին համար, նոր ձեւերով ներկայացնել, երբեմն կը զգայ որ կայծեր կը սկսին պլպլալ. կարեւորը այդ կայծերը կրակի վերածելն է, անշէջ կրակի: Բարեբախտաբար, Սփիւռքի հայերէնաւանդ ուսուցիչ-դասախօսներու մեծամասնութիւնը ունի կայծերը կրակի վերածելու  յատկութիւնը:


ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ու տնտեսական պատճառներով՝ Արեւելեան Սփիւռքի դէպի Արեւմուտք տեղաշարժով արեւմտահայերէնը իր հիմնական բնավայրերը կը կորսնցնէ եւ կենդանի, ապրող ու աճող լեզու ըլլալու կացութենեն կը նահանջէ: Նոյնիսկ կարգ մը մտաւորականներ զայն վտանգուած լեզուներու շարքին կը սկսին դասել: Իբրեւ արեւմտահայերէնով արտայայտուող գրող՝ ի՞նչ կը խորհիս այս մասին: Կը կարծե՞ս որ արեւմտահայերէնով ստեղծագործուող գրականութիւնը վտանգուած է նաեւ:
 

ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ այս ժամանակներուն համար կրնայ շատ «հին» նկատուիլ, եթէ բաղդատենք թուային բազմատեսակ միջոցներուն գտած տարածումին հետ. Ասիկա նոյնն է բոլոր լեզուներուն պարագային եւ բոլոր երկիրներուն մէջ, կը կարծեմ: Բայց արեւմտեան Սփիւռքին մէջ սկսած է տարածուիլ երեւոյթ մը, որ զիս զարմանքով եւ ուրախութեամբ կը լեցնէ՝ օտարախօս հայերու ոչ միայն հետաքրքրութիւնը հայերէնին՝ արեւմտահայերէնին հանդէպ, այլ սորվելու եւ անով ստեղծագործելու փափաքը:   
    Առաւել՝ ընկերային ցանցերուն մէջ երեւցած «գրականութիւնը», որ կրնայ մեզ չգոհացնել – երբեմն նաեւ հաճելիօրէն գոհացնել – բայց ինքնաբեր է, եւ ըստ այդ՝ յուսադրող. Ճիշդ է որ գրեթէ մի՛շտ լեզուն սարսափելիօրէն կը կաղայ այնտեղ, բայց կը յուսամ, որ յարատեւելու պարագային, նաեւ լեզուն պիտի արժանանայ արդար ուշադրութեան:
    Թերեւս իմ լաւատես խառնուածքս կը խանգարէ տեսնել դժխեմ իրականութիւնը, բայց կը նախընտրեմ լոյսի փոքրիկ ճառագայթ մը տեսնել, քան մութը իյնալէ առաջ ողբալ անոր սեւութիւնը:

ԿԱ. տարի, 2022 թիւ 1