Մարուշ Երամեան

ԱՆԴԻՆ (այրուող քաղաքիս)

Տխրութիւնը փճացաւ ինչպէս տան կարասիները
Յիշատակները
Եւ մնացեալ ամէն հաւատալիքները
Հրդեհուած տուներուն հետ

Արցունքները չորցան
Եւ մահը որ օրհնութիւն էր այն երանելի օրերուն
Բացաւ իր իսկական դէմքը
Սեւ կնգուղին տակ
Ուր դատարկութիւն չէր              ո՛չ
Այլ ագահութիւն
Անսրտութիւն
Շնութիւն

Գայլերը նոյնիսկ հեռացան այս վայրերէն
Ուր միայն թեւը կոտրած մէկ-երկու հրեշտակ մնացեր էր
Կապելու վէրքերը չսպիացող
Փորձելու կեցնել արիւնահոսութիւնը չդադրող

Բայց արիւն իսկ մնացած չէր
Ապրող երակներուն մէջ
Մարդերուն եւ քաղաքին

Պատմութիւնն ալ գլուխը առած փախաւ
Հեռացաւ հոն
Ուր աւելի հաճելի էր՝ ընտրական պայքար
Համագումարներ
Կամ դիմագիրքի էջերուն ապահովութիւնը

Հեռուէն դիտողներ կային
Ծովերով անջատուած
Որոնց հոգին յամառօրէն կը թռչէր հոն
Ուր կոտրած թեւերով հրեշտակները
Ժամանակ չունէին անոնց վերադարձը ապահովելու

Եւ ժամանակը կը թաւալէր
Կը թաւալէր
Մինչ կեանքը ուրիշ տեղ մը կ’ընթանար
անտարբեր

ԿԱ. տարի, 2022 թիւ 1