ՀԱՅՔՈՒ-ԱՂԲԱՐ ՔԵԶ ԿԸ ՓՆՏՌԵՄ
Լեզուն անկողին
Բառերը համբոյր կիզիչ
Ծաղկումը հեռու
Կիրքը կ’ուշանայ
կը թափառի հասնելու
տեղը չի գտներ
Այս վերլուծման մէջ
Քերականը կը հեգենք
Նոր բացուող տողին
Կէտադրութիւն ոչ
Եկուր ընթերցէ ուշով
Այս գիրը արդի
Երակներուս մէջ
Կարմիր մելան կը հոսի
Քեզ կը գրէ վառ
Բառ համբոյրը կայ
Խորագիրը կը պակսի
Ըսէ ի՞նչ ընեմ
Մելանին մութը
Հմայիչ է տարօրէն
Եկուր գրել զիս
ՍԵՌ
Մայրամուտի մը համար
Այսքան շքեղ բոց շատ չէ՞
Կը բռնկի ցամաքամասը գաղտնի
Ուրկէ ակեր
Վաղուց արդէն ցամաքած
Նոր տարփանքով կը բխին
Եւ կ’ոռոգեն դաշտ ու հանդ
Ուր շունչ չկայ
Բայց կը փչեն քամիներ
Թէժ կիրքերու խանձ տալով
Հրդեհելով երկինքը
Եւ անձրեւներ բերելով
Մայրամուտին մէջ շքեղ
Ու բոցավառ հաճոյքով
Ձնծաղիկներ կը ծաղկին
Փրփուրի պէս փռուելով
Ափին վրայ տենչանքին
***
Մեզ յօրինեց
Որպէս երկու աններդաշնակ ու գեղեցիկ
Ձայն բնութեան
Եւ դրաւ մեզ սառցալիճին վրայ լոյսի
Եւ ուր ամեն քայլափոխի
Բիւրեղի պէս փշրուեցաւ բոցը լոյսին
ինքը ալիք ափիս եկող
փրփրադէզ աւազներուս վրայ փափուկ
ու խորտակուող
ես սառցալեռ ու ինք ցռուկ
գեղեցիկ ու աններդաշնակ երկու ձայնը
օրհներգ հեղուող
ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ
Ձայնդ
Կը սահի մորթիս վրայէն
Մուտքեր փնտռելով
Մինչ աղեղները մտածումին կը շոյեն ունկս
Կ’արթնցնեն երազ մը տամուկ
Կը թրթռան
Կը բեկբեկին
Կը մարին շնչասպառ սպառած
Գատանսի մը պէս որ կը ոլորուի ինքն իր
վրայ
Կը վերսկսի
Կը ծաղկի արշալոյսին հետ
Չի հոգար մոռացումները
Ինչպէս նօթաներուն մէջ մրափող մեղեդին
Որուն շունչը երեք օրէն աւելի կը տեւէ
Եւ միշտ յարութիւն կ’առնէ
Ամենափոքր շշունչին տակ
Նոյնիսկ եթէ միայն անունիդ մէկ տառը հնչէ
Ձայնիդ մէկ խազը թրթռայ
Բայց ո՞վ է որ մտաւ
Եւ ուրկէ՞
Գուրգուրալու մազերակներս
Արթնցնելու յուշեր որոնք կարծես իմս չեն
Օրօրելու երջանկութեան մը մէջ
ցանկացուած