…Այս այն ժամն է, երբ ես նստած կ՚ըլլամ ու կը տխրիմ։ Մինչ հօրեղբայրս դէմը կ՚առնէ իր աղուէսը ու կը խօսի։ Ինծի՛ նայէ, պիտի ըսէ. ես քու գիտսած հայերէդ չեմ։ Պիտի զարնէ փաղաքշանքով աղուէսին դունչին ու քահ-քահը պայթեցնէ։ Մինչդեռ աղուէսը չ՚աւրեր ինքզինք։ Կը նայի աջ ու կը լռէ՝ միշտ քիթին տակ պահելով իր անուղղայ քմծիծաղը։ Վերջ տուր, հօրեղբա՛յր, կ’ըսեմ, հիմա սիրտս տեղը չէ. գիտե՞ս որքան…
Կարդալ աւելին
ԱՐՄԵՆԵԱՆ ԿԱՐՕ
«Ծնած եմ 1936ին՝ Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Դամասկոսի մէջ եւ վաղ մանկութեան տարիներուն, ընտանեօք փոխադրուած՝ Պէյրութ։
Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնս՝ Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի յարկին տակ, աւարտելով 1954ին։
Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ՝ Պոսթընի Համալսարանէն (Boston University) եւ ֆինանսագէտ՝ Փենսիլվանիոյ համալսարանի Ուորթընի Անուան Ֆինանսագիտութեան հիմնարկէն՝ միջազգային ֆինանսներու գծով (ԱՄՆ) (Wharton Graduate School of Finance, University of Pennsylvania)։
Վարած եմ շարք մը պատասխանատու պաշտօններ «Ուէսթինկհաուզ» (Westinghouse Electric Corporation) եւ «Սիմընս» (Siemens) ընկերութիւններու համաշխարհային ֆինանսական կառոյցներուն մէջ։ Նաև յաջորդաբար եղած եմ Պետական Ֆինանսներու Տնօրէ՛ն վերոյիշեալ երկու ընկերութիւններու՝ Ուաշինկթընի մէջ։ Ներկայիս՝ կոչուած եմ հանգստի։
Հանրային և կուսակցական աշխատանքներու գծով, պատասխանատւութիւններ վերցուցած եմ շարք մը մարմիններու մէջ յատկապէս Հայ Դատի հետապնդման ծրագիրներուն հետ առընչուող։ Եղած եմ Նախագահ՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին։ Անդամ ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Մաս կազմած եմ կուսակցութեան շարք մը մարմիններուն, մասնագիտական խորհուրդներուն եւ ՀՅԴ Բիւրոյին։
Գրել սկսած եմ իմ ճեմարանական տարիներուն` գրական և լրագրական նախափորձերով։ 1970ին և 1977ին լոյս տեսած են «Մարմին եւ Արիւն» խորագիրը կրող բանաստեղծութեան երկու գրքերս։ Արձակ և չափածոյ էջերով աշխատակցած եմ Պէյրութի «Ահեկան», «Սփիւռք», «Բագին» եւ «Ազդակ-գրական» եւ Մոնրէալի «Հորիզոն-գրական» պարբերականներուն, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի «Մենք»ին, Փարիզի «Յառաջ»ին, Երեւանի «Նորք»ին և «Գրական Թերթ»ին։
Քաղաքական և հասարակական վերլուծումներով յօդուածներ ստորագրած եմ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ին և ՀՅԴ շրջանային օրգաններուն եւ այլ թերթերու մէջ («Հայրենիք», «Ասպարէզ», «Հորիզոն», «Ազդակ», «Ազատ Օր», «Ալիք», «Յուսաբեր», «Արմենիա», «Ապառաժ», «Գանձասար»)։ Կը շարունակեմ աշխատակցիլ։
Ուսման և ասպարէզի բերումով ընտանեօք ժամանակաւոր կայք հաստատած ենք Պոսթըն, Ֆիլատելֆիա, Նիւ Եորք, Փիցպըրկ, Պէյրութ, Աթէնք, Լոնտոն և Ուաշինկթըն քաղաքներուն մէջ։ Ներկայիս կը բնակինք ԱՄՆ-ի մայրաքաղաքին մերձ Վիրճինիա նահանգի Մըքլէյն աւանը։ Վրէժուհին և ես բախտաւորուած ենք չորս զաւակներով և ութ թոռներով, ներառեալ՝ մեր միակ թոռնուհին»։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Քանի շէնշող վարպետորդի սիրոյ համբոյրը կեղծեց
    բեմին վրայ այս
վարձու
որպէսզի մենք
ահա այսպէս
առտուն կ՚երգէ ժիր հագագով
դիւցազնութիւնն այս անտառին
առտուն կ՚ապրի իր սխրանքով
դունչն իր խրած հողիդ ծալքին
կը համբուրէ թաց շրթունքով
ամէն պտուկ ամէն իգա…
Այս տողերը կը գրեմ, քառասնամեակ մը ետք այն օրէն, երբ մեր գրասենեակին մէջ յայտնուեցաւ Իզապէլը։ Ան ներս մտաւ ցնցիչ հրաշքի մը պէս եւ ամենէն սխալ վայրկեանին։ Կ՚աշխատէինք շինարարական մեծ ծրագրի մը վրայ, որ պիտի «յեղափոխէր Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներէն մէկուն կեանքը» եւ որուն ծրագրաւորման բարդ մեքենան զետեղուած էր հոս՝ Ամերիկայի…
Կարդալ աւելինԳԱՐՆԱՆԱՏԵՆՉ
թող ականջներդ լսեն վերջին շաչող մրրիկէն
քու ճանկերովդ խլուած
վերջին խռպոտ մեղեդին
որուն
Սիրելի Յարութիւն,
Նախ թոյլ տուր, որ դիմեմ քեզի եզակի խօսակցականով, խախտելով յոգնակի խօսելաձևի ընդունուած կարգը։ Պարզապէս դժուար է գործել յոգնակիի մշակոյթով, երբ զրուցակիցդ նաեւ ընկերդ է։
Հարցազրոյցի այս նախաձեռնութիւնը առիթ…
Ահա կրկին
նոյն ոտնձգութեան հետ դէմ յանդիման
երբ մեկնած են
տարիները իրենց
խուժդուժ աճապարանքով
քեզի կ՚ըսեմ
կանգ առ
Երբ մարմինդ պոռթկայ
լռին
այս իրիկուն
ու կողերդ հրճուանքէն
արիւնոտին
քու խորերէդ երդնուս պիտի
թէ մատներդ գիտեն երգել
Ծունկի եկուր
թող մարմինդ խոնարհի
թող մարմինդ հաւասարի այս հողին
թող մարմինդ իր հին կոչումը գտնէ
թող հիւլէներդ փխրին
թող մկաններդ պարպուին քինախնդիր պրկումէն
թող մատներդ պարուրէ անշարժութեան
Հիմա արդէն ամբողջ կեանքի մը բեռը նստած է յիշողութիւններուդ վրայ եւ դուն այլեւս ուրիշ մարդ մըն ես։ Կ’ապրիս վայրէջքի մէջ եւ գիրդ դուրս կու գայ պաղ հրաբուխի մը չկամ ելքով։ Գրելն ու չգրելը նոյն մաշեցնող կենսավիճակներն են։ Տարագրութիւննե՛ր՝ որոնք քեզ կը պարպեն քու մէջէդ եւ որոնցմէ բնաւ չես ազատուիր։ Գրե՛լ։ Ինքզինքդ վերածել գիրի։ Մէջդ նստած խոհը յայտնաբերել։ Ինքզինքդ յանձնել բառերուն։ Կամ չգրել եւ կեանք մը ամբողջ խուսափիլ ինքզինքէդ եւ քալել ականադաշտերու վրայէն, սիրտդ՝ դող։ Ո՜ր մէկն ես դուն։ Ճիշտ է. […]
Կարդալ աւելինարմատ մը նոր գիշերուան մէջ պիտի ծնի խենթ ու տկլոր արմատ մը նոր իր ոչինչէն առնէ մարմին հողերն են որ դարձած շրթունք ծծել կ’ուզեն հիւթն այս մաքուր գինովութեամբ կը փնտռեն ջուրն ամեհի երկինքներուն թող բոցավառ լեզուներուն ծարաւն անհուն քսուի երկրին մառախուղներն այս վիթխարի ծովեր դառնան ու հեղհեղուին տանիքներէն մինչեւ կողերն արգասաւոր իջէք շանթեր կայծեր տուէք ալեկոծուած այս անտառին իջէք գետեր ու լոգցուցէք խելագարած այս ծերունին ծիծերն ահեղ ու լեփլեցուն թող պատռուին ու կեանքն յորդի կաթիլներուն շոգեմշուշ սարսռանքէն ու բերկրանքէն մարմին […]
Կարդալ աւելինկը լսեմ երգը ջուրերուն որոնք կու գան ընդերքէն մեր առեղծուածին անոնք զտուած են անոնք մերուած են մեր հողերուն անոնք կ՚ապրին գերերկրային սնունդներով եւ կ՚երկնեն առաւօտը աշունը իր վերջին տերեւները կը թափէ եւ ջուրերը կը սարսռան օրուան վերջին շողերէն մենք պիտի ապրինք մենք պիտի ապրինք ի հեճուկս նախճիրին մենք հականախճիրն ենք որ ոտք դրած է դրախտէն ներս ուր մեր կեանքը վերջ չունի եւ ուր աշնան արեւը կը պատմէ մեր անմահութիւնը մահը մերն է որպէսզի մենք զայն փոխակերպենք ոսկիի կեանքը մերն է […]
Կարդալ աւելինմեր ուղիները յամառօրէն մերժեցին խաչաձեւուիլ ու մերուիլ մեր մարմինները լռեցին դարերով եւ աստուածները Նեմրութի որոնք գիտեն ամէն ինչ իրենք միայն կը կարդան ոտնահետքերը եւ կը լսեն քնքուշ ճողփիւնը ցեխին ներբաններուդ գրգանքով մեր համբոյրն էր որ լռութեամբ բաբախեց իր խենթ գրգիռը նետելով շողերուն հիմա այս նեղ արահետն է որ կը բերէ մեզ իրարու գարնան փխրուն խօսքերն են որոնք կ՚ապրին խոստովանանքը հողերուն եւ դուրս ժայթքող սուսամբարին սրտոտութիւնն այս պչրոտ ես կը զգամ քու երբեմնի պատանութիւնդ կապոյտ որ իր երգով կ՚առինքնէ քու մատներդ […]
Կարդալ աւելինԽմբ. Մեր գրական մամուլը միշտ ունեցած է նամականիի բաժին մը։ Այս թիւով կը վերադառնանք այդ գեղեցիկ սովորութեան։ Կը հաւատանք որ գրող եւ ընթերցող նոյն ոլորտին բաղկացուցիչ տարրերը կը հանդիսանան։ Գիրն ու գրականութիւնը կը կազմեն աշխարհին մէկ ծայրէն միւսը մեզ իրար կապող հիմնական տարրը, մեր օդն ու ջուրը։ Գրեցէ՛ք մեզի ձեր նախասիրութիւններուն, խնդրանքներուն եւ գրական բոլոր հարցերուն առնչութեամբ։ Հասցէ՝ [email protected]։ Ներքեւ կու տանք Կարօ Արմէնեանի գեղեցիկ գիրը, որուն համար աւելի քան շնորհակալ ենք։ 31 օգոստոս, 2025 Սիրելիներ՝ Րաֆֆի եւ Սոնիա, Հաճոյքով […]
Կարդալ աւելինՓօլ Քլօտէլի «Հոկտեմբեր»ը ջրվէժ մըն է, որ անպայման պիտի քակէ յիշողութիւններու այս շղթան գիշերուան այս ուշ ժամուն եւ զիս մղէ այս տողերուն։ Կ՚ուզեմ գրել առանց գիտնալու, թէ ո՞ւր կրնայ առաջնորդել տողերու խորհրդաւոր կածանը։ Յիսունականներու այդ հրաշալի, այդ անկասելի ջրհեղե՛ղը՝ որ մեր կեանքերն ու մտքերը դուրս կը բերէր ափերէն եւ մեզ կը տանէր անգուշակելի ուղղութիւններով։ Մենք գիւտեր կ՚ընէինք մեր ամէն մէկ քայլափոխին։ Մեծ եղելութիւններ կ՚ալեկոծէին մեր մտքերը այդ օրերուն։ Քուպան, Ալճերիան, Հունգարիան իրենց յեղափոխական հնոցներով կը խախտէին չափանիշները եւ մենք կը […]
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ




