Յակոբ կիւլլիւճեան

     Բանաստեղծութիւնը կամ ընդհանրապէս գեղարուեստական գրականութիւնը կարելի՞ է սփիւռքի մէջ։

      Նախ եւ առաջ վերի հարցադրումին մէջ գործածուած եզրերուն առնչութեամբ հարկ է կատարել կարգ մը լրացումներ։ Սփիւռքը չէ գլխագրուած, որովհետեւ հարցումը կ՚ուզէ մտածել ընդհանրապէս սփիւռքներու, եւ ոչ՝ յատուկ անունին մասին այն կարողական երկրին, ուր կ՚ապրինք շատերս։ Կ՚ակնարկէ վայրի մը, ուր ծնած ըլլալու է գրողը, եւ որմէ առժամաբար պէտք է զանցառել միջինարեւելեան հայկական կեթթոները, այսինքն այն համայնքները, որոնք կ՚անգիտանային իրենց շրջակայ ընկերութիւնը եւ յաջողած էին իրենք զիրենք լեզուականօրէն եւ մշակութապէս փակել ցանկապատի մը ետին։
     «Սփիւռքի մէջ ստեղծել»ը գոնէ այս անգամուան համար կը սահմանափակուի անոնց, որոնք ծնած են կամ գոնէ մեծցած միջանցքային վայրերու մէջ, ուր մօրենական լեզուին ու շրջապատի՝ փողոցի, դպրոցի, համալսարանի, գործատեղիի եւ անշուշտ ընթերցումներու լեզուին միջեւ իրենց տարուբերումը հարցական չէ, այլամենօրեայ ու անխուսափելի փորձառութիւն։ Իսկապէս միջանցքային սփիւռքցիներ։ Միւս կողմէ, այս պարագային նախադրեալներէն մէկն ալ այն է, որ այդ
սփիւռքը աղէտի մը հետեւանքը եղած ըլլայ։ Եւ ուրեմն թերեւս հարկ ըլլայ ետ բերել գլխագիր Սփիւռքը։

Որդեգրում եւ հայրագրում

     Հայերէն գրող միջանցքային սփիւռքցիի սովորական ըմբռնումէն ընդհանրապէս դուրս մնացած են անոնք, որոնց համար հայերէնը ժամանակագրականօրէն առաջին՝ այսինքն կեանքի առաջին քանի մը տարիներու մայրենի լեզուն եղած չըլլայ։ Անձեր, որոնք որդեգրած ըլլան հայերէնը չափահաս տարիքին, երբեմն իրենց սահմանումով՝ «վերադարձած» հայերէնին, թէեւ առարկայականօրէն հայերէն սկիզբ մը չկայ իրենց կենսագրութեան մէջ ուր կարելի ըլլար «վերադառնալ»։ Որդեգրումը կը պատահի ընդհանրապէս համալսարանական տարիքին, քսան տարեկան հասակէն ետք, եւ բացառելով վերջերս քիչ մը տարածուած օգտապաշտ՝ ակադեմական կամ այլ միտումներով կատարուած իւրացումը լեզուին, ատիկա կատարողները իրենց հասկացողութեամբ վերադարձ մըն է որ կը կատարեն իրենց ծնողներու, նախնիներու կամ տոհմածառի ճիւղերէն սոսկ մէկը հանդիսացող հայկական աւանդութեան։ Այս ծիրին մէջ, որդեգրումը իրականութեան մէջ մայրագրում կամ հայրագրում մըն է։
     Կայ սակայն երկրորդ մակարդակ մը, ուր հայրագրումը ըստ էութեան ապագային հեռարձակուող նպատակ մը, ստեղծագործական միտում մը կ՚ենթադրէ։ Լեզուն իւրացնողը ատիկա կը կատարէ լեզուով գրելու, ստեղծելու թաքուն թէ բացայայտ նպատակով, որ արդէն եթէ ոչ որդեգրումի, այլ որդեծնութեան, մանկագործութեան գաղափարին է որ կը հակի։ Ենթական անցեալը չէ միայն որ կը հալածէ, այլ զայն իւրացնելով կ ուզէ սնել իր ներկան եւ հետք մը ուրուագրել դէպի ապագայ։
     Ցնորական թուի վստահաբար վերի պարագան։ «Օտար» ծնած հայու, կամ «կէս», «քառորդ»՝ նոյնիսկ «մէկ ութերորդ հայ»ու մասին շատ կը խօսուի վերջերս (չակերտները անհրաժեշտ են խնդրականացնելու համար կոտորակային ինքնութեան գաղափարը)։ Այդպիսի անձ մը ուրեմն նախ հայերէնին բարեկամանայ, յետոյ ալ հայերէն ստեղծէ՞։
     Ցնորակա՞ն։ Թերեւս այդպէս ըլլայ։ Բայց եթէ այդ կարելիութիւնը իբր ցնորք մերժուէր, տրամաբանական հետեւութիւնը պիտի ըլլար այն, որ հիմնովին ցնորական պիտի ըլլար նաեւ Սփիւռքի մը մասին մտածելը ասկէ երկու-երեք սերունդ ետք այնտեղ, ուր կը միտին յանգելու (եթէ ոչ հանգելու) գրեթէ բոլոր սփիւռքները, այսինքն Արեւմուտք։ Ասիկա՝ որովհետեւ առանց ստեղծագործ լեզուի պիտի չըլլայ այն, ինչ որ կայ. այսինքն պիտի ըլլայ, բայց միայն իբր յուշ, յիշատակ, ուսումնասիրելի ու պեղելի հնագիտութիւն։ Մեռեալ առարկայ։ Առաւելագոյն պարագային՝ Սփիւռքի մեծ հաստատութեան մը կողմէ այսպէս թէ այնպէս առաջադրուած
«Legacy Center» մը Երեւանի մէջ, այն ալ հաւանաբար անգլերէնով։
     Այնուամենայնիւ կան անձեր, որոնք կատարած են հայրագրումի եւ որդեգրումի աշխատանքը։ Անոնցմէ թերեւս ամենէն նշանակալից պարագան «Բագին»ի ներկայ թիւին մէջ լոյս տեսնող փունջ մը գրութիւններու հեղինակ Թենի Արլէնն է։

Արլէնին ու Առաքելեանին միջեւ

     Թենի դուստրն է Թիմ Արլէնի եւ Թէմմի Շօուալթէրի։ Մեծ հայրն է, որ Առաքելեան մականունը փոխած է Արլէնի։ Ծնած է ու մեծցած Գալիֆորնիա, հեռու հայկական շրջանակներէ, Ռիվըրսայտէն մինչեւ կեդրոնական Գա լիֆորնիոյ Սան Լուիս Օպիսփօ քաղաքը։ Հայերէնի բացարձակապէս անտեղեակ, քսան տարեկանին է միայն, որ կը տեղափոխուի Լոս Անճելըս, եւ UCLA համալսարանի մէջ կը սկսի արեւմտահայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասընթացքներու, հետեւելով իր զոյգ
աւագ եղբայրներու քայլերուն, բայց հիմնականին մէջ անհատական մղումով։ Արդէն իսկ բանաստեղծական բացառիկ տաղանդի տէր ըլլալով, շուտով կը սկսի գրել նաեւ հայերէնով եւ դէպի լեզու «վերադարձ»ը կ՚ըմբռնէ որպէս ստեղծագործական՝ արարումով ինքնացումի գործընթաց։
     Հրատարակուած քերթուածները, որոնք մէկ մասը կը կազմեն իր արտադրութեան, գրեթէ բոլորն ալ գրուած են հայերէնի ուսումնառութիւնը սկսելէն 15-20 ամիս ետք, ինչ որ անշուշտ ենթադրած է ժամանակի նշանակալից ներդրում, լուրջ կեդրոնացում լեզուի իւրացման եւ բառապաշարի նրբութիւններու վրայ, ու ի հարկէ սիրահարութիւն՝ լեզուի եւ գրականութեան։ Գրութիւնները թարգմանութիւններ չեն անգլերէնէ, ընդհակառակը, ստեղծուած են հայերէնով ու յետոյ թարգմանուած անգլերէնի՝ ստուգելու համար ըսել ուզուածին ճշգրտութիւնը։ Այդ իմաստով
ալ աննշան խմբագրութենէ անցած են ատենին։ Գրուած են օրը օրին, 2012-էն 2013, գլխաւորաբար դասարանային ընթերցումներու եւ վիճարկումներու ներշնչումով։ («Պատումը»՝ Գր. Պըլտեանի «Շեղուածք» գրութենէն ետք. «Գիշեր»ը՝ Սալվաթորէ Քուազիմոտոյի եւ Զուլալ Գազանճեանի «Գիշեր»ներէն եւ Սարաֆեանի շարք մը քերթուածներէ ետք. «Հայ լեզուի խնդիրը»՝ 1911-ին Ազատամարտի մէջ Դ. Վարուժանի նոյն վերնագրով գրութեան հետքով. Տեղատուութխն եւ մակընթացութիւնը պարզ է, Նիկողոս Սարաֆեանի համանուն գիրքի ընթերցումէն ետք)։ Քերթուածներու մէջ կայ հասուն մտածողութիւն եւ գաղափարներու նրբիմաստ խաղ։ Օրինակ մըն է միայն «Գիշեր» բանաստեղծութիւնը, ուր կ՚ակնարկուի գրողի անհատնում ճիգին՝ ըլլալու ինքզինք ու ըլլալու ինքնիր եւ իր լեզուին տէրը, ստեղծելու իսկապէս, ինչ որ կը պատահի հասնելէ ետք ստեղծագործական «գիշեր», այսինքն թօթափելէ ետք արտաքին այն բոլոր «լոյսերն» ու տուեալները, որոնք կ՚աղօտեն ու կը շփոթեն օրինակումին եւ արարումին միջեւ երերող սահմանները։
     Թենի Արլէն լեզուէն սկսելով է, որ ուղեւորութիւն մը կը կատարէ դէպի հայկական ինքնութիւն, այնպէս ինչպէս ինք պիտի հասկնար ու սահմանէր ատիկա։ Նախ՝ իր մերձարեւելեան եւ հիւսիսափրիկեան ուսմանց մասնագիտացումը լքելով կ՚անցնի բաղդատական գրականութեան, ուրկէ Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսով կ’աւարտէ UCLA-ի շրջանը 2013-ին։ Չի դադրիր սակայն որոնելէ իրեն համար ամենէն հարազատ վայրը։ Ֆրանսայի հարաւը եւ ամերիկեան Ինտիանա նահանգը տարբեր ձեռնարկներու մասնակցելէ ետք 2015-ի կիսուն կ՚ընդունուի դոկտորականի ծրագրին՝ Սիշիկընի համալսարանի (էնն Արպըր) բաղդատական գրականութեան բաժանմունքէն ներս, նպատակ ունենալով կեդրոնանալ ֆրանսական խորհրդապաշտ գրականութեան եւ այդ շարժման հայկական արտայայտութիւններու առնչութիւններուն վրայ։
     Ատկէ անմիջապէս առաջ, Նոթրը Տամ համալսարանի աստուածաբանական դասընթացքներուն իբր ունկնդիր հետեւելէ յետոյ, երկար մտորումներէ ետք կ՚որոշէ կրօնական իր պատկանելիութիւնն ալ շեղել դէպի Հայ Եկեղեցին, ուր մկրտուելով 2015-ի Յունիսին կ՚ընտրէ անուն մը եւս՝ Սողովմէ։
     Սողովմէ, Սալոմէ, Սուլամիթա կամ Շուլամիթ, Թենիի սիրած բանաստեղծական դարուն յայտնի դարձած էին տարբեր արուեստագէտներու գլխաւորաբար խորհրդապաշտ նկրտումներով գործերուն մէջ (յատկապէս ԺԹ . դարու երկրորդ կէս), ուր աստուածաշնչական այդ կերպարը կը վերածուէր ինքնանպատակ գեղեցկութիւն կամ աւելի ճիշդը՝ արուեստ մարմնացնող տիպարի։
1991-ին ծնած Թենիի կողմէ Սողովմէի որդեգրումը յարացուցական է, յատկապէս իր կողմէ հայերէնի եւ հայութեան պատկանելիութեան որդեգրման ընդհանուր հոլովոյթի շրջարկին մէջ։ Սողովմէի տիպարները գրեթէ ոչինչ ունին ի նկատի որպէս պարտք ու պարտաւորութիւն, ընկերային սեղմում, հարկադրութիւն եւ պարտականութիւն։ Կ’ուզեն առինքնել, զգլխել միայն գեղեցկութեամբ։ Հրաւէր մըն են յանձնուելու գեղեցիկի տիրութեան։ Հաճոյքի ու վայելքի խնդիր։ Այսինքն՝ ենթակայէն մեկնող ընտրութեան, որն էր Թենի Արլէնինը լեզուական, ստեղծագործական եւ այլ մարզերու մէջ։
     Ցնորականը իրականի կարելիութեան վերածելու հիմնական ձեւը, ըստ երեւոյթին, կը կայանայ հայերէնը՝ այսինքն հայերէնով մատուցուող լեզուական արտադրութիւնը ընտրելի ընծայելու մէջ։ Ընթերցողը լուրջի առնող մտածում, վերլուծութիւն, ստեղծագործութիւն, քերթողութիւն։ Լուրջի առնել կը նշանակէ լրջօրէն հրապուրել, ընտրելի առարկայի ներյատուկ արժէքին վրայ կեդրոնանալ, ատիկա ստեղծել այսօր։
     Թենի Արլէն՝ 1991-2015, դադրեցաւ ստեղծելէ Սողովմէն որդեգրելէ ամիս մը ետք, «քաղաքէ մ՚ուրիշ քաղաքի միջեւ» փոխադրութեան ճամբուն վրայ (*)։

 

(*) Ներկայ գրութեան մէջ դիմադրած եմ փորձութեան՝ ենթակայական զեղումներով միջամտելու եւ
մրոտելու իրաւունքը բացառիկ կարողութեան տէր գրողի մը եւ իր ընթերցողներուն որ զիրար ճանչնան միմիայն գրականութեան ընդմէջէն։ էջատակին միայն համարձակութիւնը կ’ունենամ խօսելու այն էական կորուստը, որ եղաւ պայծառագոյն մտքէ մը անդին՝ քաղցրագոյն հոգիի մը, որ իբրեւ ուսանող ամբողջովին յանձնուեցաւ, երկու տարի եւ ապա մինչեւ վերջ, առաջնորդուելու դասախօսի մը կողմէ որ պիտի այլայլէր պատասխանատուութեան առջեւ՝ ընդմէջ այդ վստահութեան եւ դիմացը բողբոջող, բացուող եւ արտադրող ապշեցուցիչ մտքին ու տաղանդին։

ԾԵ. Տարի, 2016 Թիւ 3