ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՈՒՇԱՑԱԾ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿԻՐՔՈՎ

1

Կեանքը կը մեռնի հոն ուր հայեացքս բառ կ’ըլլայ

բայց ես կը մնամ անշարժ՝

վերջին քերթուա՞ծս է այս

թէ մէկ ուրիշ յետաձգում պարզապէս:

2

Երբեմն կիրք մը կ’այցելէ ինծի

երբ կը գրեմ ձանձրոյթի մասին

կամ կը գրեմ որովհետեւ կը ձանձրանամ

յիշելով

«- Hypocrite lecteur – mon semblable – mon frère! » – եւ չեմ ուզեր

տակաւին –

անձնասպան ըլլալ

ինչպէս կիրքը կը թելադրէ յանուն պատրանքին

որ այլեւս չեմ կրնար սահմանել

ու կը շարունակեմ ապրիլ:

3

Անունդ կորսնցուցի անանուն քերթուածին մէջ,

երազներս թաղեցի գալիք տառապանքի բառերուն մէջ.

պէտք էր մոռնալ սիրելը

ապրելու համար օրէնքներէն անդին

ազատ ու առանձին

մոռցուած շիրիմի մը նման

որուն այցելութեան թերեւս գաս

պատահաբար

միայն:

4

Ցաւ չկայ կեանքի մէջ

բառ է ամեն ինչ:

Ցաւերու վարժուած ու ցաւերու անտարբեր

ես գրելէն ալ յոգնեցայ,

ձանձրացայ ա՛լ բառերէն բոլոր

եւ մահէն առաջ

այս վերջին քերթուածին

ըսելիք չըսելիքին

անիմաստ մտածումէն:

Բայց միշտ կայ, կ’ըսենք, քերթուած մը, սիրոյ վերջին

պատմութիւն մը սկսելու համար…

… յուսահատ երգ մը միայն Neruda-էն:

Եւ այդպէս մեռաւ բառը.

երբ մնացին միայն

փողոցի անկապ հնչիւնները

զբօսնող ամբոխը

եւ մարդը մինակ

ու անկարող

որեւէ հաղորդակցութեան

քաղաքին

երեկոյեան

կամ ինքնիր հետ:

Թերեւս գրել վերջին անգամ մեկնումէս առաջ, թէեւ չեմ գիտեր

Ո՞ւր.

Բոլոր փողոցները նոյնն են գիշերէն առաջ:

Բայց դուն սպասէ նամակիս

Այս գիշեր

Եթէ պատահի որ չգամ:

Եւ սկսէ՛ սիրել զիս

Որ չկրցայ երբեք քերթուածը մոռնալ:

ՔԵՐԹՈՒԱԾԸ ԼԵԶՈՒԻ ՏԱՐԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՒ ԱՆԿԷ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ՓՈՐՁ ՄԸ

1

Երբեք պիտի չգտնես

այն ինչ որ բառերէն առաջ

– գիտե՛ս –

կար:

Քերթուածի մակերեսին է միայն

ճակատագիր մը

որ կրնաս շօշափել

եթէ մոռնաս հարցումը

թէ ի՛նչ իմաստ ունի այս բոլորը:

2

Կը փնտռես լեզուն

քերթուածին համար որ չէ գրուած:

Բառեր՝

շարժելու համար միտքը եւ նոյն ինքն լռութիւնը

կորսուած շշուկներու մէջ:

Բառեր կը փնտռեմ լեզուին համար,

բայց լեզուն

– որ այս քերթուածով կը գտնեմ –

խորթ է ինծի:

3

Կը վերադառնամ քերթուածին.

ո՞ւր է արդեօք մոռացումը՝

անոր ակունքներէն գրելու համար

յուշի մը մասին

որ թերեւս նոյնը չըլլայ:

Այնպէս ինչպէս պատահեցաւ

բառերով չըսուիր

երբ միայն մոռցուած բառերը

կրնան քերթուածը ստեղծել

նոյնքան անիմաստ

որքան պարզ բացատրութիւնը

իւրաքանչիւր բառի:

(Նախադասութիւններ՝

մոռնալու համար:)

Եւ կը շարունակեմ քերթուածին մէջ փնտռել

մոռացումը:

Բայց միայն ինքզինքս կը գտնեմ հոն,

մոռցուած գոյութեան մը նման:

ՔԵՐԹՈՒԱԾԸ, ՊԱՐԱՊԸ

1

Բառերուն ընդմէջէն կը շօշափեմ

իրերուն անիրականութիւնը

եւ կը նայիմ գոյութեան միւս երեսին։

Պարապը մէջս չէ

ալ շուրջը ամեն ինչի

որ կրնայ քերթուածի սահմաններուն անհետանալ

ինչպէս ես ինքս

Երբեմն նոյնիսկ կը փնտռեմ այդ ճշմարտութիւնը

զիս շրջապատող լռութեան մէջ

առանց ոչ մէկ վերացումի։

Ոչ իսկ անկում

իմս յարատեւում մըն է

ամեն ինչի ուշացումին։

Այդպէս միայն իրերուն հեռաւորութիւնը կրնամ չափել

իրենց նիւթականացման կէս ճամբուն վրայ

ուր ժամանակը հոլովոյթ չէ

այլ քարացած տեւողութիւն։

2

Մերկացնել քերթուածը

պատկերներէն բոլոր

ձգել բառերուն կմախք մը միայն

գրել ՝ ըսուելիքը չըսելու համար

եւ չըսուածին մասին

լռել։

Իմաստը՝ ոչինչ, բառը մոռացում է

պարապին հետ նոյնացում

եւ քերթուածը՝ կորուստ

ինքնիր մէջ եւ ինքնիրմով։

Կառոյցը կ’առաջնորդէ փլուզումէ փլուզում

կը յուշէ բացակայութիւնդ

շարժուն այնքան

որ երբեք ինքնացում չըլլար

ոչ ալ փնտռտուք

եւ կը մնայ անվերջ փախուստ։

3

Ըլլալ քերթուածը՝

հեռանալ ամեն բառի հետ

անհետացող լեզուի անորոշութեան մէջ

ժխտե՛լ քերթուածը

ու անոր լուսանցքին

դիտել կեանքը

ժամանակին ընթացքով

անցնիլ

վաղուան բոլոր անպէտք յուշերուն կողքէն

անցեալ ընել ամեն ինչ որ տակաւին

չէ թանցրացած բառով

եւ իմաստ ունի անոր մասին գրելը։

 

Your email address will not be published. Required fields are marked *