Վարդան Մատթէոսեան

ՀԱՅՈՑ ԴԷՄ ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՖՐԷԶՆՈՅԻ ՄԷՋ ԵՒ ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ

Ուիլիըմ Սարոյեանի պատմուածքները, որոնք իր ծննդավայր Ֆրէզնոն ու հոն բնակող հայութիւնը կը նկարագրեն, հովուերգական միջավայրի մը տպաւորու­թիւնը եւ նոյնիսկ պատրանքը կը ստեղծեն։ Սակայն, Ֆրէզնոյի հայ համայնքի եւ ամերիկեան բնակչութեան փոխյարաբերութեան թռուցիկ ակնարկ մը ցոյց կու տայ, որ Սարոյեանի փոխանցած պատկերը դէմ յանդի ման կու գար այն անախորժ իրակա­նութեան հետ, որ տեղւոյն հայերը ստորակայ, մերձ սպիտակ ազգութիւն նկատուած են1։ «Մերձ-սպիտակ» (off-white) ըսելով, նկատի ունինք անգլօ-սաքսոն մեծամասնու­թեան չափանիշներուն չհամապատասխանող, հարաւային եւ արեւելեան Եւրոպայէն ու Արեւմտեան Ասիայէն ժամանած գաղթականութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներ հաս­տատուած է ԺԹ. դարու վերջերուն եւ Ի. դարու սկիզբներուն։

Ֆրէզնօ հրապուրած էր հայերը իր առողջարար կլիմայով եւ երկրագործական աշխատանքի հեռանկարով։ Անոնց թիւը տասնապատկուած է 1894-1904 շրջանին, 360էն հասնելով երեք հազարի։ Աշխատասիրութեան, խնայողութեան եւ վարչական ճիշտ աշխատանքի շնորհիւ, անոնք նկատառելի բաժին մը ունեցած են քաղաքի տնտեսութեան մէջ, եւ շուտով հողատէր դարձած։ 1900-1908ին անոնց կալուածերը եռապատկուած են։ 1920ին աշխատող հայերու 65 առ հարիւրը հողամշակութեամբ կը զբաղէր, իսկ հայկական ոչ-երկրագործական հաստատութիւններու թիւը գրեթէ հնգապատկուած է 1901-1915ին2։ Հայոց տնտեսական արագ աճը եւ ազգային ինքնահաստատումը տեղական բնակչութեան նախանձն ու ցասումը յարուցած են։

Սարոյեանի ծնունդէն տասը օր ետք (սեպտեմբեր 1908), Ասպարէզ կը գրէր ամերի­կացիներու վերապահ, երբեմն թշնամական վարմունքին մասին եւ թէ ինչպէս հայերը, «որ չափ ալ ունեւոր, զարգացած եւ լաւ դիրքերու հասած ըլլային, տա՛կաւին կը նկատուէին իբրեւ օտարական, իբրեւ «տէյկօ», իբրեւ ժողովուրդ մը որմէ խորշելու է»։ Բաւարար ապացոյց տուած չըլլալով ձուլուելու, ասիկա պատճառ էր, որ «ամերիկացին, իբ­րեւ ամերիկացի ազգասէր, չախորժիր հայէն»3։

Կարգ մը հայեր ամերիկեան եղբայրական կազմակերպութիւններու կը պատկանէին (Young Men’s Christian Association, Ma­sonic Order, Ancient Order Foresters), բայց անոնց անդամակցութիւնը քաջալերուած չէր4։

Իրենց տնտեսական բարգաւաճումին զուգընթաց, հայերը փորձած են փոխադրուիլ քաղաքի աւելի բարեկեցիկ շրջաններ, դուրս ելլելով սկզբնական շրջանի համեստ բնակարաններէն քաղաքի հարաւ-արեւմտեան շրջանին մէջ։ Սակայն, անոնց դէմ կիրարկուած են այսպէս կոչուած «ցեղային սահմանափակող ուխտեր»ու (racial restrictive covenant) կիրարկումը 1911-1948 թուականին։ Այս փաստաթուղթերը օգտագործուած են կառուցապատողներու, շինարարներու եւ տանտէրերու կողմէ սահմանափակելու սեւամորթներու տեղաշարժը դէպի նոր կառուցապատումներ կամ գլխաւորաբար սպի­տակամորթերէ բնակուած շրջաններ։ Ամերիկեան կարգ մը քաղաքներու մէջ, անոնք թիրախաւորած են նաեւ յատուկ ազգային կամ կրօնական խմբաւորումներ, անոնց բնա­կութիւնը արգիլելով նման տուեալ թաղամասերու կամ կալուածներու մէջ։ Նման ուխտեր գրուած են Տիթրոյիթի կամ Ուաշինկթընի պէս քիչ թէ շատ հայաշատ քաղաքներու պարագային, բայց նաեւ աննշան թիւով հայեր ունեցող վայրերու մէջ, ինչպէս Քանզաս Սիթի, Սիաթլ կամ Փորթլանտ, օրինակ։ Անոնք գործի դրուած են մինչեւ 1948, երբ ԱՄՆի Գերագոյն Դատարանը զանոնք հակասահմանադրական հռչակած է։

Այս ուխտերը ձեւաւորած են հայութեան տեղաբաշխումը Ֆրէզնոյի մէջ։ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի գաղթականութեան յատուկ յանձնաժողովին զեկոյցը 1908ին արձանագրած է, որ Ֆրէզնոյի կալուածներու արժէքը ազդուած էր «աւելի նոր գաղթականներու դէմ տարածուած զգացումներու պատճառով»։ Ակնարկութիւնը հայերու ու ճափոնցիներու մասին էր, որոնք պարտադրուած էին ապրիլ «գաղութներ»ու մէջ5։ Զեկոյցը աւելցուցած է, ի միջի այլոց, թէ «յաջող հայեր կ’ուզեն բնակարաններ գնել քաղաքի լաւագոյն մա­սերուն մէջ եւ մէկ քանին ըրած են ատիկա, բայց ընդդիմութիւնը այնքան զօրաւոր է, որ բազմաթիւ տեղեր ո՛չ մէկ գինով անշարժ գոյք կը ծախուի իրենց»6։

1911ին, երբ նոր թաղամաս մը ծանուցուած է իբրեւ վայր մը, ուր «ո՛չ հայեր, ո՛չ ճափոնցիներ, ո՛չ չինացիներ, ո՛չ ալ որեւէ տեսակի ասիացիներ կրնան հողամաս ապահո­վել այս բնակարանային շրջանին մէջ յառաջիկայ քսանհինգ տարիներուն»7, Ասպարէզի խմբագրականը՝ «Ցեղամա՛րտ» խօսուն խորագրով, համայնքի ցնցումը արձանագրած է. «Ցեղամոլութեան աւերիչ հոսանքին առջեւ բարձրացած ճշմարիտ մարդկութեան թումբերէն մէկ քանին այսպէս քայքայուած ու ինկած են։ Ափ մը գաղթական հայերուս դէմ ժամանակէ մը ի վեր խլօրէն մռնչող վտանգաւոր հոսանքը կրնայ վտանգաւոր հե­ղեղ մը դառնալ երբ սառ անտարբերութեամբ կը նշմարենք մեր ազգային արժանապատուութիւնը վիրաւորող կծու ակնարկութիւններ»8։

1910ական թուականներուն, հայերը սկսած են տեղաշարժ մը քաղաքի հիւսիսային ուղղութեամբ, հաստատուելով “Armenian Town” (Հայաքաղաք) կոչուած շրջանը՝ Էմեր­սըն հանրային դպրոցին շուրջ, ուր Սարոյեան յաճախած է 1915-1920ին։

Ապագայ գրողը իր մորթին վրայ կրած է իր հայրենակիցները հարուածող նախա­պաշարման ալիքը։ Դպրոցին մէջ, բազմիցս հանդիպած է ուսուցիչներու թշնամական կեցուածքին, որ յաճախ կը բխէր անոր ազգային պատկանելիութենէն։

«Թուրքեր» եւ «սեւ թուրքեր» պիտակաւորումները կապուած էին հայերու թուխ կազ­մուածքին հետ, որ շեշտուած էր արեւուն տակ բուռն աշխատանքէն9։ Հանրային դպրոց­ներու մէջ, «աղտոտ սեւ հայեր» հայհոյանքը զիրենք զուգադրած է սեւամորթ երեխաներու հետ10։ Սարոյեանի առաջին պատմուածքը՝ «Բռնցքամարտ մը Հայաստանի հա­մար», Սիրաք Կորեան գրչանունով լոյս տեսած է Հայրենիք օրաթերթի անգլերէն էջին մէջ, 1933ին։ Անիկա մեկնած է խումբ մը դպրոցականներու դէմ «աղտոտ հայեր» պի­տակին հակազդեցութենէն, որ Գասպար անունով գլխաւոր կերպարը մղած է կռիւի ել­լելու ամերիկացի հայհոյողին դէմ11։

1961ին լոյս տեսած յուշագրութեան մէջ, Սարոյեան յիշած է թէ Էմերսըն դպրոցին մէջ սորված է գրել ու կարդալ, «բայց անիծուած ըլլամ եթէ լաւ կարծիք ունիմ դպրոցի, համակարգի, քաղաքի կամ նահանգի մասին այդ իմաստով, նոյնիսկ այսօր», եւ աւել­ցուցած է. «Հայերը ստորակայ կը համարուէին, զանոնք կը կոխկռտէին, կ’ատէին, եւ ես հայ էի։ Այդ ժամանակ մերժեցի մոռնալ եւ այժմ կը մերժեմ մոռնալ, բայց ո՛չ թէ որով­հետեւ հայ ըլլալը յատուկ նշանակութիւն ունէր կամ ունի։ Կը ցուցադրէի արհամարհուածներու ու ատելութեան արժանացածներու դասակարգին պատկանելիութիւնս։ Կ’ուզէի, որ արհամարհողներն ու ատողները վստահ ըլլային, որ յստակօրէն կ’արձա­նագրեն, թէ ով եմ, ինչ որ անշուշտ կատարեցին»12։

1969ին, Նամակներ ռիւ Թէպու 74էն յուշագրութեան մէջ, Սարոյեան աւելի հանգա­մանալից անդրադարձ մը ըրած է, գրելով, թէ «գաղթականներու երեխաները… շուտով իրազեկ կը դառնային ուրիշներու վարմունքէն իրենց դէմ, գլխաւորաբար՝ որ ամերիկացիներու համահաւասարը չէին»։ Ամէն խմբաւորման համար մակդիր մը կար, «որ նա­խատինքի համարժէք էր, ո՛չ այնքան մակդիրին, որքան այն արհամարհանքին համար, որով յաճախ կը նետուէր խմբաւորման մէկ անդամին դէմ, ո՛չ միայն այլ խմբաւորումնե­րու զայրացած անդամներու, այլեւ նոյնինքն չափահասներու եւ ուսուցիչներու կողմէ»։ Սարոյեան աւելցուցած է. «Այնքան վատ էր, որ պարզապէս տղայի մը անդրադառնալ իր ազգութեամբ, իբրեւ հայ օրինակ, համարժէք էր արհամարհանքի արտայայտութեան եւ, անշուշտ, նախատինք մըն էր։ …Շուտով այնքան անցանկալի կը դառնար ըլլալ ինչ որ էիր, որ բազմաթիւ տղաք եւ աղջիկներ Աստուծմէ կը խնդրէին ուրիշ բան ըլլալ եւ նոյ­նիսկ կը փորձէին ձեւացնել, որ իրօք հայ չէին, օրինակ, այլ պարսիկ։ Կամ չէին կրնար համբերել, որ դպրոցէն դուրս ըլլային, եւ քաղաքէն դուրս, որպէսզի կարենային մոռնալ, թէ ի՞նչ անբախտ բան էր ըլլալ ինչ որ էին»13։ Այստեղ կը գտնենք նաեւ յաւելեալ պատ­ճառ մը, որ Սարոյեանը մղած է Ֆրէզնոյէն դուրս գալու փորձեր ընելու 1925էն սկսեալ։

Երբեմն դասարանի գերազանց հայ աշակերտներուն արգիլուած է, իրենց ազգու­թեան պատճառով, որ շրջանաւարտից հանդիսութեան խօսք առնեն14։ 1920-1930ական թուականներուն, Ֆրէզնոյի նահանգային համալսարանը շրջանաւարտ հայ երիտասար­դուհիները գործ չէին գտներ իբրեւ ուսուցիչ. «Դպրոցի հոգաբարձութիւնները աշխա­տանքի կ’առնէին աղջիկ մը նորտիկ [անգլիական, գերմանական կամ սկանտինաւեան. Վ.Մ.] անունով, որ “C” [միջակ. Վ.Մ.] որակաւորում ունէր թէ՛ ուսման եւ թէ՛ ուսուցչական կարողութեան մէջ, փոխանակ հայ անունով աղջկան մը, որ հայկական անուն ունէր եւ “A” [գերազանց. Վ.Մ.] նիշեր վերոյիշեալ մարզերուն մէջ»15։

1919ին, The Fresno Morning Republican օրաթերթը կը գրէր, թէ «հայերու հանդէպ ար­համարհական գերակայութեան զգացողութիւն մը թերեւս ամենէն սովորական նախա­պաշարումն է մեր ամերիկեան բնակչութեան այն մասին կողմէ, որուն անձնական որակաւորումը նուազագոյն իրաւասութիւնը կու տայ իրեն նման բան ընելու»16։ 1920ի շուրջ, քաղաքէն յիսուն մղոն հեռաւորութենէն յայտնուած էին ցուցանակներ ագարակնե­րու եւ կողմնակի փողոցներու մէջ, որոնք կ’ազդարարէին. «Ո՛չ ճափոնցիներ եւ ո՛չ ալ հայեր կ’ուզուին»17։ Շարժանկարի հռչակաւոր բեմադրիչ Սէմ Փեքինփահի (1925-1984) մանկութեան մէկ ընկերը վկայած է, թէ «այն Ֆրէզնոն ուր մենք դաստիարակուեցանք պարզապէս սպիտակ ուղղութեամբ կամ սպիտակամորթներու տիրապետութեամբ ըն­կերութիւն մը չէր, այլ սպիտակ, անգլօ-սաքսոն, բողոքական (WASP) էր։ Այն թաղամասը, ուր ես մեծցայ, հայերու մուտքը թոյլ չէր տար։ Քանի մը հրեաներ կային։ Նախապաշարումը այնքան զօրաւոր էր, որ ո՛չ ոք վստահ էր թէ ո՞վ նախապաշարուած էր ինչի դէմ»18։

1928ին, ընկերաբան Էմորի Պոկարտըս հրատարակած է «ցեղային վարքագիծեր»ու վերաբերեալ իր հարցախոյզին արդիւնքները։ Ամբողջ երկրին մէջ ապրող 1725 ամերկացիներու պատասխանները ցոյց տուած են, որ մեծամասնութիւնը, երբեմն ճնշիչ համեմատութեամբ, հայերու հետ գոյակցելու տրամադրութիւն չունէր։ Այսպէս, 91,5 առ հարիւրը մերժած է խնամիական կապեր հաստատել՝ ամուսնութեան պարագային, 85,2 առ հարիւրը՝ իբրեւ անձնական բարեկամներ ընդունիլ իրենց ակումբներուն մէջ, 72,2 առ հարիւրը՝ իբրեւ դրացի ունենալ, իսկ 53,8 առ հարիւրը՝ իբրեւ աշխատանքային գոր­ծակից։ Այսուհանդերձ, կեցուածքը աւելի դրական էր, երբ հարցումները անձնական չէ­ին. 58,1 առ հարիւրը համաձայն էր, որ հայերը քաղաքացիութիւն ստանային, իսկ միայն 5 առ հարիւրը կ’ուզէր արգիլել անոնց Ամերիկա ներգաղթը19։

 ­1927ին, ուրիշ ընկերաբան մը՝ Ռիչըրտ Լափիէր, 610 ամերիկացիներու հարցախոյզ մը կատարած էր Ֆրէզնոյի մէջ 1930ին ներկայացուած եւ անտիպ մնացած իր դոկտո­րական ատենախօսութեան համար, որուն արդիւնքները հետեւած են վերոյիշեալ մի­տումներուն։ Այսպէս, 92,5 առ հարիւրը մերժած է խնամիական կապեր ունենալ հայերու հետ, 84 առ հարիւրը՝ ընդունիլ զանոնք իրենց ակումբներուն մէջ, 64 առ հարիւրը՝ աշ­խատիլ անոնց հետ, 62 առ հարիւրը՝ ընդունիլ զանոնք իբրեւ դրացի, 61 առ հարիւրը՝ իբրեւ իրենց երեխաներու խաղընկեր։ Հետեւողականօրէն, 52,7 առ հարիւրը կ’ուզէր բացառել հայերու ներգաղթը Ամերիկա՝ ի տարբերութիւն Պոկարտըսի ստացած պատասխաններուն20։

Հայերը «հրեաներ» կամ «ստորին դասակարգի հրեաներ» կոչուած էին դարասկիզ­բին21։ Լափիէրի «Ո՞ր ցեղին աւելի կը նմանին հայերը» հարցումին տրուած պատաս­խանները խօսուն էին. ա) Հրեաներ, 50 առ հարիւր, բ) Ոչ մէկուն, 22 առ հարիւր, գ) Թուրքեր եւ այլ արեւելքցիներ, 16 առ հարիւր, դ) Իտալացիներ, մեքսիքացիներ, փորթուկա­լացիներ, ռուսեր կամ սեւամորթներ, 12 առ հարիւր22։

«Ֆրէզնոյի հնդկացիներ» (Fresno Indians) ուրիշ անուանում մըն է, որուն ծագումը կարելի է վերագրել այն իրողութեան, որ 1930էն ետք հայերը վարձուած են ամերիկա­ցի բնիկներու դերը խաղալու Հոլիվուտի շարժանկարներու մէջ23։ Սարոյեան այս անուանումին անդրադարձած է «Ռոք Վակրամ» վէպի (1951) երկխօսութեան մը ընթացքին։ Վէպին համանուն գլխաւոր կերպարը (բուն անունով՝ Արագ Վահրամեան) շարժա­պատկերի իր ասպարէզի սկզբնաւորութեան, 1933ի շուրջ, կը հանդիպի ֆիլմարտադրիչի մը, եւ իր ազգութեան հարցումին կը պատասխանէ հետեւեալ կերպով.

«Ֆրէզնոյի բոլոր հայ հրոսակները (hoodlum) իրենք զիրենք ամերիկեան հնդկացի­ներ կը կոչեն։ (…) Մենք մեծաւ մասամբ թուխ ենք եւ հնդկացիներու պէս կ’երեւինք ամէն պարագայի, ուրեմն կը կատակենք՝ մենք մեզ կոչելով ամերիկեան հնդկացիներ։ Ասկէ զատ, ճանչցած ենք զոյգ մը բարեկամներ Ֆրէզնոյէն, որոնք հնդկացիներու դեր կը խաղան շարժանկարներու մէջ։ Անոնց մէջ, անոնք աւելի նման են հնդկացիներու,

քան բուն հնդկացիները։ Ֆրէզնոյի շուրջ ձեր տեսած հնդկացիներուն մեծ մասը Tule ցե­ղախումբին կը պատկանին եւ շատ հնդկացի չեն երեւիր, ամէն պարագայի։ Առաջին հերթին՝ անոնց մարմինները փոքր են, բան մը կայ իրենց դէմքին վրայ եւ թուխ չեն, ինչպէս որ մենք ենք։ Մեր քիթերէն շատերը աւելի լաւ կ’երեւին նաեւ։ Պըլ Պետիկեան չերոքի ցեղախումբի Ռափափորթ պետի դերը խաղաց “The Indian Fighter” [«Հնդկացի մարտիկը»] շարժանկարին մէջ եւ զգայացունց բան մըն էր Ֆրէզնոյի մէջ։ (…) Մոռցած եմ պետին անունը ժապաւէնին մէջ, եւ ամէն անգամ, որ անուն մը կը մոռնանք, խնդա­լիք անուն մը կը դնենք»24։

«Ֆրէզնոյի հնդկացիներ» անուանումը անմեղ ինքնանուանում մը ըլլալէ հեռու էր եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, Սարոյեան կատակ մը ստեղծած է իբրեւ անուղղակի բողոքի ձեւ։ 1932-1941ին, գրագէտը մտերիմ յարաբերութիւն հաստատած է վիպա­գիր Սանորա Պապի (1907-2005), որ անպատասխան սիրոյ պատմութեան վերածուած է 25։ Պապ աշխատած է իբրեւ համայնքային կազմակերպիչ 1939ին եւ գրի առած՝ Dust Bowlի (1930ական թուականներուն Գանատայէն մինչեւ Թեքսասի մեծ դաշտերը ասպա­տակող փոշիի մրրիկներ) հետեւանքով տեղահանուած աղէտահար բնակչութեան դժ­բախտ վիճակի արձագանգները։ Փախստականներէն մէկը, որ ապաստան գտած էր կեդրոնական Գալիֆորնիոյ գաղթակայաններուն մէջ, Ս. Պապին յայտնած է, թէ «ինչ­պէս կ’ատէր օքլահոմացիները, բոլոր գինովները, կռուողները եւ գողերը. փաստօրէն, թէ ինչպէս կ’ատէր Ֆրէզնոյի հնդկացիները (հայեր), Googoo-ները (ֆիլիփինցիներ), սե­ւամորթները, մեքսիքացիները, Rag-Head-երը (հնդիկներ), Eye-talian-ները (իտալացիներ), Jap-երը (ճափոնցիներ), Chink-երը (չինացիներ)26։

1945ին, Hairenik Weeklyի մէկ խմբագրականը կ’անդրադառնար խտրականութեան հարցին Ֆրէզնոյի մէջ. «Պարտադրուած արտաքսումներուն մատնած կազմակերպուած անհանդուրժողութիւնը, անշարժ գոյքի գնումներու մերժումները, հաստատուած ընտանիքներու պարտադրուած վտարումները իրենց տուներէն, կեանքի թշուառակա­նացումը եւ հայ ծագումով ամերիկացիներու դէմ նետուած բացորոշ հայհոյանքները այնքան խորապէս արմատաւորուած է նախապաշարման մէջ եւ այնքան լաւ ծրագրուած, որ բացատրութիւններ կամ ներողութեան խնդրանքներ ընդունելի չեն»27։ Երեք տարի ետք, յօդուածագիր մը կ’արձանագրէր, թէ Ֆրէզնոյի կարգ մը թաղամասեր տա­կաւին բաց չէին հայերու, սեւամորթներու եւ մեքսիքացիներու առջեւ, իսկ մանուկներուն

արգիլուած էր հայ խաղընկեր ունենալ։ Հայերը մուտք չունէին կարգ մը աշխատան­քային ճիւղերու, ինչպէս եւ կարգ մը ամերիկեան կազմակերպութիւններու մէջ։ Հայ ծագումով ուսուցիչները կամ ընկերային աշխատողները քիչ էին, իսկ երկու մեծագոյն բաժնեխանութները (department store) եւ դրամատուները վերջերս սկսած էին հայեր գործի ընդունիլ, գլխաւորաբար անոնք, որոնց անունները «եան»ով չէին վերջանար կամ «տիպական հայ դիմագիծ» չունէին։ Յօդուածագիրը իր վրդովմունքը յայտնած է խտրականութեան դէմ հայերու հակազդեցութեան չգոյութեան ի տես, հակառակ անոր, որ անոնք կը կազմէին քաղաքի բնակչութեան 15 առ հարիւրը28։

«Ֆրէզնոյի հնդկացի» բանաստեղծութեան մէջ, ֆրէզնոյաբնակ բանաստեղծ Ճէյմս Պալոյեան խտացուցած է 1950ական թուականներու իր փորձառութիւնը.

[…] կեանքը կը դողայ դանդաղ շարժով

գաղթականի մը համար որուն անտեսանելիութիւնը տեսանելի է

թագաւորութեան մէջ ուր խնդրագրերը կը խօսին

պէյսպոլի ձողերու շրթներէն

սպառնալով սպիտակացնել անոնց թուխ մաշկերը

Անոնք կոչեցին հայերը «Ֆրէզնոյի հնդկացիներ»

տխրութեամբ փորուած մեր աչքերով ու սխտորի հոտով

բայց մեծ մայրս

ըսաւ թէ մեզ կոչեցին «անօթի սեւ հայեր նախապէս»

խոստանալով ոչինչ

հողի մը մէջ որ ցեղասպանեց հնդկացիները

առանց վերապահութեան29։

1950-60-ական թուականներուն քաղաքացիական իրաւունքներու ի խնդիր պայքարը պսակուած է շարք մը օրէնսդրական յաղթանակներով Ամերիկայի մէջ, որոնք ամ­րագրած են իրաւունքներու հաւասարութիւնը բնակչութեան տարբեր խաւերուն միջեւ։ Ասիկա նպաստած է, որ խտրականութեան մթնոլորտը հայերու դէմ կտրուկ շրջադարձ մը արձանագրէ Ֆրէզնոյի մէջ, ուր անոնց աշխատանքային եւ կենցաղային իրաւունք­ները սկսած են յարգուիլ, զանոնք վերածելով լիիրաւ քաղաքացիներու։

Այդ մթնոլորտի կիսադարեան տխուր պատմութիւնը սկսած է վերարծարծուիլ 2020ին։ Ուիլիըմ Սարոյեանի գեղարուեստական եւ յուշագրական վկայութիւնները կր­նան օգնել լուսաբանել այդ պատմութեան կարգ մը էջերը, ինչպէս եւ անոր գրականու­թեան որոշ տարրերու ակունքները։

 

1 Սոյն յօդուածը իբրեւ զեկուցում ներկայացուած է «Սարոյեան եւ արուեստը» գիտաժողովին, ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի ինստիտուտի եւ «Ուիլիըմ Սարոյեան» հիմնադրամի (Սան Ֆրանսիսկօ) կազմակերպութեամբ (Երեւան, 17-18 նոյեմբեր 2023)։ Ֆրէզնոյի հայութեան իրավիճակին մասին, տե՛ս Berge Bulbulian, The Fresno Armenians: History of a Diaspora Community, Fresno, 2000, p. 106-120. Յասմիկ Մ. Եսայեան, «Հայերի իրաւական կարգա­վիճակը Ֆրէզնոյի շրջանում (1880-1920-ա կան թթ.), Վէմ համահայկական հանդէս, 4, 2016, էջ 172-179։

2 Reports of the Immigration Commission: Immigrants in Industries, part 25, Washington, 1911, p. 635. Richard Tracy LaPiere, The Armenian Colony in Fresno County, California: A Study in Social Psychology, Ph.D. dissertation, Stanford University, 1930, p. 179-180. David Zenian, “Fresno: A Home Away From Home,” AGBU News, November 1996, p. 10.

3 Ա. Կ. Ս. [Աբրահամ Կ. Սէքլէմեան], «Օսմ. Սահմանադրութիւնը եւ Ֆրէզնոյի հայը», Ասպարէզ, 11 սեպտեմ­բեր 1908։

4 Reports of the Immigration Commission, pp. 659, 666։

5 Idem, p. 643.

6 Idem, p. 666.

7 Ծանուցումը տե՛ս The Fresno Morning Republican, March 16, 1911.

8 Յ. Գ. [Յովհաննէս Գապատայեան], «Ցեղամա՛րտ», Ասպարէզ, 24 մարտ 1911։

9 Bulbulian, The Fresno Armenians, p. 108.

10 LaPiere, The Armenian Colony of Fresno County, pp. 394-395։ Ըստ հաղորդումի մը, հայերը կոչուած են «Ֆրէզ­նոյի սեւամորթներ» (Fresno Niggers) (Michael Bobelian, Children of Armenia: A Forgotten Genocide and the Cen­tury-Long Struggle for Justice, New York, 2009, p. 110), սակայն չենք կրցած ստուգել բուն աղբիւրը։

11 Sirak Goryan, “A Fist Fight for Armenia”, Հայրենիք օրաթերթ, 9 եւ 10 մայիս 1933։ Պատմուածքի առաջին ան­գամ գիրքով հրատարակութեան համար, տե՛ս William Saroyan, My Name is Saroyan: A Collection, New York, 1984, pp. 39-44։

12 William Saroyan, Here Comes There Goes You Know Who: An Autobiography, New York, 1989, p. 177-178.

13 William Saroyan, Letters from 74 Rue Taitbout or Don’t Go But If You Must Say Hello To Everybody, New York, 1969, pp. 84-85.

14 Doug Hoagland, “Armenians Recall Valley Prejudice,” The Fresno Bee, May 25, 2009.

15 Hubert Phillips, “The Armenians of Fresno County,” Ararat, Autumn 1963, p. 42.

16 “Armenian Culture,” The Fresno Morning Republican, July 14, 1919.

17 Walter B. Pitkin, Must We Fight Japan?, New York, 1921, pp. 250-251.

18 Marshall Fine, Bloody Sam: The Life and Films of Sam Peckinpah, New York, 1991, p. 17.

19 Emory S. Bogardus, Immigration and Race Attitudes, Boston, 1928, p. 25.

20 LaPiere, The Armenian Colony of Fresno County, pp. 352-353.

21 Robert Mirak, Torn Between Two Lands: Armenians in America 1890 to 1914, Cambridge (Ma.), 1983, p. 145.

22 LaPiere, The Armenian Colony of Fresno County, p. 362.

23 Bulbulian, The Fresno Armenians, p. 108.

24 William Saroyan, Rock Wagram, Garden City (NY), 1951, pp. 3-4։ Անցողակի նշենք, որ “The Indian Fighter” անունով շարժանկարը թողարկուած է 1955ին, նշանաւոր դերասաններ Քըրք Տակլըսի եւ Ուոլթըր Մաթոյի դերա­կատարութեամբ։ Վերջինս 1959ին պիտի ամուսնանար Սարոյեանի նախկին կնոջ՝ Գարոլ Մարքըսի (1924-2003) հետ։ Արձակագիր Ռոպըրթ Սթոնի մէկ պատմուածքը կը նկարագրէ Լիւսի անունով հայ դերասանուհի մը Ֆրէզնոյէն, որ հնդկացի կնոջ դերը կը խաղայ հոլիվուտեան շարժանկարի մը մէջ եւ կը յիշէ «Ֆրէզնոյի հնդկացի» պիտակաւորումը գլխաւոր կերպարին հետ հպանցիկ սիրաբանութեան մը ընթացքին (Robert Stone, Fun With Problems, New York, 2010, p. 131)։ Ի դէպ, Լիւսի Սարոյեան (1946-2003)՝ գրողին դուստրը, դե­րասանուհի էր։

25 Nora Balakian, The World of William Saroyan, Cranbury (NJ), 1998, p. 273-275.

26 Sanora Babb, On the Dirty Plate Trail: Remembering the Dust Bowl Refugee Camps, Austin, 2007, p. 119.

27 “Fresno Needs a House Cleaning”, Hairenik Weekly, November 1, 1945.

28 Armena Russian, “Former Columnist Gets Taste of Prejudice in Fresno; Holds Indifference Main Factor,” The Ar­menian Mirror-Spectator, April 24, 1948.

29 James Baloian, “Fresno Indian,” Ararat, Autumn 1997, p. 63։ “Fresno Indian” պիտակաւորումը դեռ կը գործա­ծուէր 1960ական թուականներուն (Mark Arax, The Dreamt Land: Chasing Water and Dust Across California, New York, 2019, p. 124)։