Վարդան Մատթէոսեան

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊԻ ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿԻ ՄԸ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

ԱՒԵԼԻ քան դարէ մը ի վեր, Գրիգոր Զօհրապի կեանքն ու գործունէութիւնը լայնօրէն լուսաբանուած են գրականութեան մէջ, բայց միշտ պէտք է պատրաստ ըլլալ անակնկալներու եւ նորութիւններու։
    Օսմանեան Սահմանադրութեան վերականգնումէն ետք (1908), Զօհրապի հանրային գործունէութիւնը թէ՛ իբրեւ Խորհրդարանի հայ երեսփոխան եւ թէ՛ իբրեւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամ նոր ընթացածիրի մը մէջ մտած էր։
    31 մարտի հակայեղափոխութենէն, Կիլիկիոյ ջարդերէն եւ Ապտիւլ Համիտի գահընկէց ըլլալէ ետք, իշխանութեան գլուխը վերստին անցած Երիտասարդ Թուրքերու վարչակարգը մայիս 1909ին ձեռնարկած էր հայ քաղաքացիներու ինքնութիւնը նորելուկ «գրիգորեան» ձեւով արձանագրել անցագրերու (թէզքէրէ) մէջ, փոխան «հայ» բառի։ Ասիկա կը յիշեցնէր  Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին «գրիգորեան» անուանումը ռուսական Պոլոժենիային մէջ (1836), որ կը միտէր նսեմացնել անոր առաքելական բնոյթը։ Այս պարագային, ազգային բնորոշումը կրօնական անուանումի տակ զետեղելու փորձը օսմանեան կառավարութեան ձուլողական ընթացքի քօղարկուած դրսեւորում մըն էր։
    Այս քայլը անմիջական հակազդեցութեան հանդիպած է։ Գ. Զօհրապ, որ ներքաշուած է Ազգային Ժողովի բանավէճերուն մէջ, Արեւելք օրաթերթի լրատուութեան առիթով խմբագրութեան ուղղած է նամակ մը, որ ցայսօր հետազօտողներու տեսադաշտէն դուրս մնացած է։
    19 մայիսին, Արեւելք կ՚արտատպէր «Հա՞յ թէ գրիգորեան» խորագրուած նիւթը, որ նոյն օրը լոյս տեսած էր իր պաշտօնակից Մանզումէի Էֆքեարի մէջ։ Վերջինիս խմբագրութիւնը երկու օր առաջ իմացած էր կառավարութեան մտադրութեան մասին՝ «գրիգորեան» անունով փոխարինել «հայ» անունը պաշտօնական արձանագրութիւններուն մէջ, ու կ՚աւելցնէր. «Ո՛րքան ալ վստահ ըլլայինք այս լուրին աղբիւրին վրայ, դարձեալ չուզեցինք հաւատալ, մտածելով որ թուրք սահմանադրական կառավարութիւնը բռնապետական ռէժիմի վայել անիմաստ հալածանքներով չպիտի խաղայ բառերու, անուններու կամ մականուններու հետ»։ Խմբագրութիւնը դիմած էր մարդահամարի վարչութեան, որ հերքած էր լուրը իբրեւ հնարովի։ Սակայն, յաջորդ օրը, կը գրէր թերթը, «մեր աչքովը տեսանք ՀԻՆԳ Օսմանիյէ թէզքէրէսիներ, որոնց մէջ ազգութիւնը նշանակուելիք խորշին մէջ փոխանակ Հայ արձանագրուելու գրուած է Գրիգորեան»[1]Խմբագրականի այս մասին քաղուածքը տե՛ս «Օրուան լուրեր», Կոչնակ, 12 յունիս 1909, էջ 565։ եւ որոնք տրուած էին 4/17 մայիսին։ Թերթը հարց կու տար, թէ «կառավարութիւնը նոր հալածա՞նք մը սկսիլ կ՚ուզէ՝ անգործածութեան դատապարտել ուզելով Հայ բառը, որով կը զանազանուի բազմադարեան գոյութիւն ունեցող ժողովուրդ մը՝ բոլոր ժողովուրդներուն մէջէն», ասիկա նկատելով նոր անարգանք մը՝ Կիլիկիոյ ջարդերուն «ահաւոր վէրքին սուր ցաւէն չբաժնուած»։ Կ՚աւելցնէր, թէ «մարդահամարի դիւանի տնօրէնը ի՛նքն ալ հասկցած ըլլալու է խնդրոյն ծանրակշիռ եւ յուզումնառիթ հանգամանքը որ փութացած է հերքել զայն եւ «ազգերու միջեւ թշնամութիւն սերմանել ուզող»ներու գործը նկատած»։ Թերթը կը պահանջէր, որ Պատրիարքական Տեղապահ Յովհաննէս արք. Արշարունի իր հրաժարականը յղէր կառավարութեան փոխան բողոքագրի, քանի որ ինք «գրիգորեան» անունով ազգ չի ճանչնար, իսկ կառավարութիւնը կը մերժէ հայը ճանչնալ[2]«Ազգային կեանքը», Արեւելք, 6/19 մայիս 1909, էջ 3։։ 
    Արեւելք ծանօթութիւն մը կցած է գրութեան, հետեւալ բուռն արտայայտութիւններով իր համաձայնութիւնը յայտնելով Տեղապահի հրաժարականին.
    «Այս եղելութիւնը ո՛չ միայն ցաւ, այլ եւ զայրոյթ կը պատճառէ մեզ։ Տակաւին ո՛չ մէկ երկրի մէջ ուր Հայը բնակեցաւ, ո՛չ մէկ րէժիմի մէջ ուր Հայը տառապեցաւ՝ այսօրինակ ոխերիմ ու անարգ յարձակում մը եղած է մեր ազգին անուանը դէմ։ Ատոր հնարիչը անարգութեան սիւնին կը կապենք, եւ կը թքնենք մեր ազգային նողկանքին թուքը անոր երեսին։ Հայ անունը ջնջե՞լ մի. Ապտիւլ-Համիտը չկրցաւ ընել ատիկա. ուրիշի՞ն է մնացեր, ո եւ է նորեկ խայտառակի՜ մը՝ հինգ հազար տարուան հնութիւն ունեցող պատմական անուն մը ջնջել պաշտօնական աշխարհէն»[3]Անդ։։
    Պոլսոյ Կէտիկ փաշայի թաղամասի Տ. Գալուստ քահանային 4/17 մայիսին յանձնուած էին չորս թէզքէրէներ, կը գրէր Ժամանակ չորս օր ետք, «ուր փոխանակ «Հայ» նշանակուելու՝ «Ղրիղօրիէն» նշանակուած է թէզքերէին տէրերուն կրօնքն ու ազգութիւնը»։ Ակնկալելով, որ նոյն օրուան Ազգային Ժողովի նիստը նիւթին անդրադառնար, թերթը այս տեղեկութիւնը մեկնաբանած է հետեւեալ կերպով.

Հայ անունը ջնջել եւ տեղը «Ղրիղօրիէն» չի լսուած մակդիրը դնելու գաղափարը պետական ո՞ր պաշտօնեան որ յղացած է՝ ապահովաբար մեծ չարիք մը գործած պիտի նկատուի, քանի որ ասանկ պիտակ անուն մը տալով մեզի ուղղակի մեր սրտին ձեռք նետած կ[՚]ըլլայ։ Կայսեր եւ Նախարարութեան Հայոց ներկայացուցիչներուն այնքան յուսալից խոստումներ տուած օրն իսկ[4]Տե՛ս «Հայ պատգամաւորութիւնը Տոլմա Պաղչէի պալատին մէջ», Ժամանակ, 4/17 մայիս 1909, էջ 3։ ասանկ նմանը չի տեսնուած որակումով մը Հայերը գրգռել ուզող պաշտօնեան պէտք է բացատրութեան հրաւիրել թէ որո՞ւ հրամանով ու թելադրութեամբ յղացած է իր այս նոր գիւտը։ Ներքին գործոց նախարարը որուն ազատամտութեան ներբողեանները հիւսեցին զանազան նամակագիրներ[5]Տե՛ս, օրինակ, Զարեհ Գավէզեան, «Ֆէրիտ փաշա եւ հայերը», Ժամանակ, 5/18 մայիս 1909, էջ 2։, պէտք է անմիջապէս դադրեցնէ այս գէշ սկսուած գործը եւ այդ Օսմանիյէ թէզքերէները ետ առնել տալով, Հայերը նշանակէ իրենց իսկ անուամբը, որմէ չի զրկուելու համար է որ 1500 տարիէ ի վեր այսքան զոհեր տուինք ու այսքան արիւն թափեցինք»[6]«Հայկական լուրեր», Ժամանակ, 8/21 մայիս 1909, էջ 3։։

    Ըստ Արեւելքի լրատուութեան, «աղմկալից ու տենդոտ վիճաբանութիւն մը բացուեցաւ այս խնդրին շուրջ, եւ որոշուեցաւ բողոքելով հանդերձ, ուրիշ քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն հետ ալ խորհրդակցիլ»[7]«Ազգային Երեսփ. Ժողովի երէկի նիստը», Արեւելք, 9/22 մայիս 1909, էջ 3։։ Դռնփակ նիստին տեղի ունեցած է անդամներու լրացուցիչ ընտրութիւն։ Զօհրապ, որ վերջին նիստերուն բացակայած էր եւ հրաժարելու տրամադրութիւն յայտնած, ժողովականներու ստիպողութեան տակ խոստացած է շարունակել իր պաշտօնը։ Օրակարգի հարցերու լուծումէն ետք, Միսաք Սուրեանի առաջարկով ժողովը զբաղած է անուանումի հարցով։ Ըստ Բիւզանդիոնի, վարչութիւնը յայտնած է, թէ պաշտօնապէս տեղեկութիւն չունի այս մասին։ Մինչ ըսողներ եղած են, թէ ընդհանուր սկզբունքի մը գործադրութիւնն է, «եկեղեցականներ դիտել տուին որ եթէ Յունաց Օրթոտոքս կամ Կաթոլիկներուն Կաթոլիկ կ՚գրեն, այս կերպով իրենց պատկանած կրօնքը կ՚որոշեն, մինչդեռ Հայերը Գրիգորեան չեն, մարդու անունով եկեղեցի չեն ընդունիր։ Հայը միայն Ազգին անունը չէ, այլ եւ Եկեղեցիին»։ Թերթը գրած է, թէ «մէկ քանի երեսփոխաններուն օրուան խնդիրներուն շուրջ ասոր երկրորդական կարեւորութիւն տուին», սակայն եկեղեցականները «Ազգին գոյութեան խնդիրն» համարած են, շեշտելով թէ «Հայ Եկեղեցիին այդպէս յորջորջումն անարգանք է նոյն իսկ Եկեղեցւոյն համար»։ Մեծամասնութիւնը պահանջած է, որ վարչութիւնը կառավարութեան դիմում ընէ այդ հարցին մասին[8]«49րդ տարեդարձ Ազգային Սահմանադրութեան», Բիւզանդիոն, 9/22 մայիս 1909, էջ 3։։
    Բիւզանդիոնի նոյն թիւին մէջ, այլ լրատուութիւն մը կ՚անդրադառնար Ազգային Սահմանադրութեան 49ամեակի նշումին Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին կողմէ, նշելով, թէ Սահմանադրութիւնը «բաւական իրաւունք մըն է (…) սահմանադրական Թուրքիոյ մէջ, որ դարերէ ի վեր ճանչցուած «Հայ եկեղեցին» «Գրիգորեան եկեղեցի»ի զեղչեց»[9]«49րդ տարեդարձ Ազգային Սահմանադրութեան», Բիւզանդիոն, 9/22 մայիս 1909, էջ 3։։
    Ի տարբերութիւն Բիւզանդիոնի, Արեւելքի թղթակցութիւնը անուններ տուած է։  Ժողովին նախագահող Հմայեակ եպս. Դիմաքսեան վերահաստատած էր Հայ Եկեղեցին Քրիստոսի կողմէ հիմնուած ըլլալը եւ «Հայաստանեայց Հայ Առաքելական Եկեղեցի» անուանումը, պահանջելով որ անունը արձանագրուի անցագրերուն մէջ։ Գրիգոր Զօհրապ կուռ բանախօսութիւն մը տուած է Ատանայի խնդրին շուրջ, որուն վերջին խօսքերը ներկաներու ջերմագին ծափահարութեան արժանացած են։ Սակայն, շարունակութիւնը բուռն վէճի տեղի տուած է.

Բայց իր բանախօսութեան վերջին մասը ժողովականներու հաւանութեան չարժանացաւ, երբ բանախօսը յայտնեց թէ ինք համամիտ էր որ օսմանիէ թէզքէրէներու մէջ «քրիստոնեայ» գրուի Հայերուն համար, առարկելով թէ Հայ Եկեղեցին Քրիստոսի կողմէ հիմնուած է եւ ուրիշ անունով պէտք չէ յորջորջուի։ Այս յայտարարութիւնը զայրոյթ պատճառեց ժողովականներուն, որոնք սկսան ազդուապէս բողոքել, մինչ Զօհրապ ա՛լ աւելի կը գոռացնէր ձայնը, լսելի ընել տալու համար իր բացատրութիւնները։ Նախագահ Հմայեակ Սրբազան քանիցս ընդմիջեց, Զօհրապ էֆ.ի դէմ բողոքելով, եւ ի վերջոյ, բարկացած, առաւ քալեց Ժողովէն, ըսելով թէ Զօհրապ էֆ. Հայ Եկեղեցւոյ շահերը չէր պաշտպաներ։ Ա. ատենադպիրը ժողովասրահէն դուրս ելլելով համոզեց Հմայեակ Սրբազանը որ ժողովասրահ դառնայ։ Նախագահը տրտնջալով վերադարձաւ ու միջադէպը այդպէս փակուեցաւ[10]«Ազգային Երեսփ. Ժողովի», էջ 3։ Կոչնակ իր քաղուածքին մէջ գրած է, թէ «Գր. Զօհրապ պերճախօս ու գոռ ատենախօսութեամբ … Continue reading։

    Գրականագէտ Ալբերտ Շարուրեան 21 մայիսի վիճաբանութիւնը ընդգրկած է Զօհրապի կեանքի ու գործունէութեան իր մանրակրկիտ տարեգրութեան մէջ, իբրեւ աղբիւր օգտագործելով Ազգ. Ժողովի ատենագրութիւնը, ուր գրուած է, թէ ան անհրաժեշտ նկատած է «հարկ եղած դիմում ընել այդ բառը ջնջել տալու համար» (այսինքն՝ կրէկորիէն բառը) եւ յուշած, որ «մեր կատարելիքը Ազգին ճակատագրով զբաղիլն է եւ ոչ թէ ճղճիմ խնդիրներով», իսկ այդ պահուն ուշադրութիւն պէտք է սեւեռել Ատանայի վրայ. «Այդ աղէտին վրայ Ազգը ո՛րքան խորհի, ո՛րքան միտք յոգնեցնէ, տեղին է…»[11]Ա. Ս. Շարուրեան, Գրիգոր Զօհրապի կեանքի եւ գործունէութեան տարեգրութիւն, Ս. Էջմիածին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի … Continue reading։
    Սակայն, վիճաբանութիւնը վերստին բորբոքած է, երբ Յարութիւն Շահրիկեան, Ատանայի  մասին խօսելէ ետք, յայտնած է, թէ «չէր արժեր որ Ժողովը վիճաբանի «Գրիգորեան» բառին վրայ եւ այդպիսի քցըբըռիկ [sic] խնդիրով մը զբաղի»։ Բոլոր երեսփոխանները բողոքած են, «յայտարարելով թէ յուզուած խնդիրը շատ կենսական էր Ազգին համար», որուն դիմաց Շահրիկեան ստիպուած էր լուսաբանել, թէ հարցը «քցըբռիկ» (այսինքն՝ չնչին) համարած էր ի բաղդատութիւն «Ատանայի ահաւոր աղէտին»[12]«Ազգային Երեսփ. Ժողովի», էջ 3։։
    Նոյն օրը, Արեւելք արձագանգած է թրքական Շանլը օրտու թերթի անդրադարձին. «Հաստատապէս կը յուսանք թէ մեր հայ յարգելի պաշտօնակիցներուն այդ առթիւ գրածները եւ ազատութեան ու Սահմանադրութեան սիրոյն համար երկար տարիներէ ի վեր մեր հայ հայրենակիցներուն ըրած նիւթական ու բարոյական ըրած զոհողութիւնները նկատողութեան առնուելով, թոյլ պիտի  չտրուի որ անոնց արժանապատուութեանը դպչելիք այդ տեսակ բաներ տեղի ունենան»[13]«Գրիգորեան խնդիրը», Արեւելք, 9/22 մայիս 1909, էջ 3։ Հմմտ. «Օրուան լուրեր», էջ 565։։
    24 մայիսին, թերթը նորէն լայն տեղ տուած է հարցին։ Առաջին հրապարակումին մէջ նշած է, թէ 22 մայիսին, Բաբգէն վրդ. Կիւլէսէրեան հանել տուած էր անցագիր մը Պրուսա ճամբորդելու համար, ուր ազգութիւնը «ղրէղօրիէն » նշուած էր.
    «Բնականաբար, անցագրատան մէջ ներհուն վարդապետը ըմբոստացումի շարժում մը ըրեր է ընդդէմ այն պաշտօնէին որ այս պիւռլեսք բառը կը գրէր անցագրին «ազգութիւն» բաժնին մէջ։ «Ես հայ եմ, կը դիմադրէ արմաշականը իր սեւ աչքերը պռստելէն, Հա՞յ ինչու չէք գրեր»։ – «Մեզի այսպէս գրել հրամայուած է, կը պատասխանէ պաշտօնեան, եպարքոսական Թէզքերէին համեմատ է որ կը շարժինք հոս»։ Եւ վարդապետը, համակերպած, կը գրպանէ անցագիրը։ Ղրէղօրիէն, բո՜ւհ, ինչ անտաշ ու բարբարիկ հնչում»[14]«Ազգային կեանքը», Արեւելք, 11/24 մայիս 1909, էջ 3։։ 
    Իսկ երկրորդ գրութիւնը դիտել տուած է, թէ նախապէս հայ կաթողիկէ համայնքին պատկանող հինգ անձեր, որոնք դիմած էին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծոցը ընդունուելու, բոլորովին փոխուած բովանդակութեամբ  նոր անցագրեր ստացած էին կառավարական պաշտօնատունէն։ Նախկին Մեսնեպի Ղրիստիանին տեղ գրուած էր Միլլեթի Ղրիղորիէն, «մինչդեռ աւելի բանաւոր եւ բնական կ՚ըլլար, եթէ ըսուէր Միլլեթի Օսմանլը-Էրմենի, եւ Մեսնեպի Խրիստիյան»։ Պատրիարքական Փոխանորդ Ղեւոնդ վրդ. Դուրեան այս առիթով բողոքած էր Ազգային Վարչութեան[15]Անդ։։
    Շարուրեան 1909ի առաջին կէսի տարեգրութիւնը կազմած է հիմնուելով առաւելաբար Բիւզանդիոն եւ նուազ չափով Ժամանակի լրատուութեան վրայ։ Կը թուի, որ Արեւելքը վրիպած է իր ուշադրութենէն, քանի որ խմբագրապետ Երուանդ Սրմաքէշխանլեանին (Երուխան) ուղղուած հետեւեալ նամակը Զօհրապի նամականիին մաս կազմած չէ[16]Հմմտ.  Գրիգոր Զօհրապ, Երկերի ժողովածու, հատոր Դ. Նամակներ, ընծայագրեր, օրագրութիւններ, աշխատասիրութեամբ … Continue reading.

    Յարգելի բարեկամս 
    Պ. Սրմաքէշխանլեան

  Արեւելքի շաբաթ օրուան թիւին[17]Շաբաթ, 22 մայիս 1909 (նոր տոմար)։ մէջ նախընթաց օրուան Ազգ. Ժողովի նիստին քաղուածքին առթիւ՝ ըսուած է որ ես՝ օսմ. թէզքէրէներուն մէջ «Հայ» բառին տեղ «Քրիստոնեայ» բառը գործածուելուն համամիտ գտնուած եմ։
    Այդ տեսակ համամտութիւն մը չյայտնեցի երբեք. ընդհակառակը, ըսի որ եթէ ասկից առաջ եղածին պէս, զմեզ ո՛չ թէ «Գրիգորեան» այլ նոյն իսկ «Քրիստոնեայ» յորջորջեն՝ նորէն գոհ չի պիտի ըլլայինք. վասն զի, զմեզ վիրաւորող բանը՝ «Գրիգորեան» յորջորջումին սխալ կամ ուղիղ ըլլալէն աւելի՝ մեր ազգին անունը չգործածելու անիմաստ ջանքն է։
    Իսկ ճառիս այն մասը, որուն դէմ Հմայեակ Սրբազան[18]Հմայեակ եպս. Դիմաքսեան (1841-1919), Կրօնական Ժողովի երկարամեայ անդամ։ Երզնկայի (1878-1886) եւ Ռոտոսթոյի (1889-1893) թեմերու … Continue reading եւ յարգելի պաշտօնակիցներէս ոմանք բողոքեցին, սա էր թէ ես կը կարծէի որ Քրիստոնեայ Եկեղեցին «ընդհանրական» ըլլալով, ինչ որ Հաւատամքի մէջէն միտքս մնացած էր, կրնար, առանց անպատեհութեան, ամէն քրիստոնեայ եկեղեցիներուն պատշաճիլ, Հայոց ինչպէս Յունաց եկեղեցիներուն։ Պարբերութիւնս ամբողջացնելու, գաղափարս լիովին յայտնելու ժամանակ չի ձգուելով՝ զանազան կողմերէ յայտնուած բողոքներէն հասկցայ որ սխալած ու թերեւս, բան մը որ անհամեմատ կերպով աւելի ծանրակշիռ է, Հաւատամքս մոռցած եմ[19]Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի (325) Հաւատամքը, որուն կը հետեւի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, կ՚ըսէ. «Հաւատամք … Continue reading։
    Ամէն պարագայի մէջ այդ կէտը մանրամասնութիւն մըն էր միայն. ես՝ հարցը, Հայ ազգի անունը ջնջելու հետամտութեան հարց, ջանացի ընկերական, քաղաքական եւ ազգային երրեակ տեսակէտներէ քննելով, իմ հայեացքս պարզել. բնաւ մտքէս չանցուցի ասանկ կենսական խնդրոյ մը մէջ բնազանցական աստուածաբանութիւն ընել։
    Կը խնդրեմ որ հաճիք այս նամակը Արեւելքի մէջ հրատարակել եւ ընդունիլ յարգանացս հաւաստիքը։

Գ. ԶՕՀՐԱՊ»[20]«Նամակ խմբագրութեան», Արեւելք, 12/25 մայիս, էջ 3։ Առաջին երկու պարբերութիւններէն քաղուածքի մը համար, տե՜ս … Continue reading

    Զօհրապ, տէր կանգնելով իր խոստումին, նամակի հրատարակութեան օրը՝ 25 մայիսին,  տեսակցութիւն մը ունեցած է Ապտիւլ Համիտ նախկին վարչապետ (1903-1908) եւ 31 մարտի յետադիմական յեղաշրջումէն ետք նոր վերահաստատուած վարչապետ Հիւսէյն Հիլմիի դահլիճին մէջ Ներքին Գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնած Ֆէրիտ փաշայի հետ[21]Տե՛ս Տօքթ Ա. Նագգաշեան, «Ո՞վ է Ներքին Գործոց նախարարը Ֆէրիտ փաշա», Ժամանակ, 1/14 մայիս 1909, էջ 1։։ Հայ երեսփոխանը այդ առիթով պարզած է «այն յոռի տպաւորութիւնը զոր կրած էր Հայ ազգը, վերջերս տեսնելով որ կառավարութիւնը փոխանակ «Հայ» բառին, կը գործածէ «Ղրէղօրիէն» խորթ բառը»։ Նախարարը խոստացած է «հարկ եղած տեղերը գրել՝ որպէս զի ասկէց ետք այդ բացատրութիւնը չգործածուի»[22]«Ղրէղօրիէն» բառը», Արեւելք, 13/26 մայիս 1909, էջ 3։ Հմմտ. «Զանազան լուրեր», Հայրենիք, 29 յունիս 1909, էջ 3։։
    Նոյն օրուան խառն ժողովին, Ազգային Ժողովի մայր դիւանը յանձնարարած է դիմել համապատասխան պաշտօնարանին «Ղրէղօրիէն» բացատրութեան համար եւ ջնջել տայ զայն եւ միշտ Հայ բառը գործածել, քանի որ Գրիգորեան անունով կրօն չկայ այլ Հայաստանեայց Եկեղեցի»[23]«Խառն Ժողովը», Արեւելք, 13/26 մայիս 1909, էջ 3։։ 26 մայիսին գրուած յօդուածով, ժողովի մասնակիցներէն Տիրայր վրդ. Մարգարեան Ձայն Հայրենեաց շաբաթաթերթին մէջ յիշած է որոշումը եւ արձանագրած, որ «արդէն «Հայ ազգ» բառը ջնջուած էր թէզքէրէներու մէջ, հիմակ ալ «Հայ Եկեղեցին» քմահաճօրէն Գրիգորեանի կը փոխուի Սահմանադրական վարչութեան օրով», կոչ ուղղելով «ազգովին եւ ուժեղօրէն» բողոքելու «այս բարոյական հարուածին դէմ, որքան ալ կարգ մը նորելուկ իմաստակներ «փցուն» գտնեն այս խնդիրը»[24]Տիրայր վարդապետ, «Օրուան խնդիրը. Հայ Եկեղեցին Գրիգորեան չէ», Ձայն Հայրենեաց, 15/28 մայիս 1909, էջ 299։, ակնարկութիւնը թերեւս ուղղելով Յ. Շահրիկեանին։
    27 մայիսին, Արեւելք գրած է, որ մարդահամարի տեսչութիւնը սկսած էր «Հայոց թէզքէրէներուն վրայ առաջուան պէս քրիստոնեայ գրել փոխանակ Ղրէղօրիէնի»[25]«Ազգային կեանքը», Արեւելք, 14/27 մայիս 1909, էջ 3։, իսկ յաջորդ օրը, Ազգային Վարչութիւնը որոշած է բողոքել Կրեկորիէն բառին դէմ եւ պահանջել Էրմենի բառի վերականգնումը[26]«Վարչութեան», Ժամանակ, 15/28 մայիս 1909, էջ 3։։ Նոյն օրուան նիստին, Քաղաքական Ժողովը, նկատելով, որ ներքին նախարարութիւնը սկսած էր Կրեկորիէնի տեղ Խրիսթիան գործածել, որոշած է անոր դիմել «խնդրելով որ խրիսթիան բառին տեղ Հայ. եկեղեցի գրուի ու այս մասին հարկ եղած կարգադրութիւնը ըլլայ»[27]«Քաղաք. Ժողովը», Ժամանակ, 16/29 մայիս 1909, էջ 3։։ Նիստին կարդացուած ու վաւերացուած էր Շահրիկեանի խմբագրուած պաշտօնագիրը, որ կ՚ըսէր թէ «կրօնքով Հայ է մեր Ազգն եւ այդ բացատրութիւնը գործածել աւելի նպատակայարմար է»[28]«Քրիստոնեա՞յ Եկեղեցի թէ Հայ Եկեղեցի», Բիւզանդիոն, 16/29 մայիս, էջ 3։։ Թաղական խորհուրդներուն ուղղուած Պատրիարքարանի շրջաբերականը թաղական խորհուրդներուն կը յայտնէր, թէ «պատկանեալ իշխանութեան կողմէ հրամայուած է հարկ եղած տեղը որ այլեւս թէզքէրէներուն մէջ Ղրիղօրիէն նորամուտ բառը չգործածուի»[29]«Ազգային կեանքը», Արեւելք, 15/28 մայիս 1909, էջ 3։ «Օրուան լուրեր», Ասպարէզ, 16 յունիս 1909, էջ 2։։
    Այս պատմութեան մեզի ծանօթ վերջին դրուագը կը մնայ Ազգային Ժողովի 26 յունիսի նիստին կարդացուած Համագումար Ժողովի տեղեկագիրը, ուր որոշուած էր դիմել սուլթանին եւ կառավարութեան հինգ խնդրանքներով, որոնց շարքին «մերժել ղրէղօրիէն նորամուտ բացատրութիւնը, պահանջելով կառավարութենէն որ ըստ առաջնոյն Հայ բառը գործածուի»[30]«Ազգ. Երեսփ. Ժողովի երէկի նիստը», Արեւելք, 13/26 յունիս 1909, էջ 3։ Հմմտ. «Ազգային լուրեր», Ծիածան, 14/27 յունիս 1909, էջ 1։։
    Սակայն, կը պարզուի, թէ գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկի տոաւորութիւն ձգող պատմութիւնը վերջակէտ ունեցած չէր, այլ միայն փակագիծ մը։ Թէեւ կրէկորիէն բառը «վարդի մը պէս եւ վարդերու կեանքն ունեցաւ, այսինքն շատ չանցած մէկդի դրուեցաւ ու մոռցուեցաւ բոլորովին»[31]«Կրէկորիէն»ի վերադարձը», Արեւ, 28 հոկտեմբեր 1935, էջ 1։, յարութիւն պիտի առնէր քառորդ դար ետք իբրեւ Երիտասարդ Թուրքերու ժառանգորդ քեմալականութեան ձուլողական քաղաքականութեան մասնիկ։ Հոկտեմբեր 1935ի թրքական մարդահամարի առիթով, ոչ-թուրք հանրութեան հրահանգ կը տրուէր, թէ «Էրմէնի կաթոլիկ», «էրմէնի փրոթէսթան» եւն. բացատրութիւնները երբեք չպիտի գործածուին, այլ միայն «կաթոլիկ», «փրոթէսթան» եւն., իսկ հայ լուսաւորչականներու համար՝ «կրէկորիէն» (Գրիգորեան)»[32]«Հայերը «կրէկօրիէն» կը կոչուին Թուրքիոյ մէջ», Յառաջ, 24 հոկտեմբեր 1935, էջ 1։ Հմմտ. «Թուրքիոյ մէջ հայերը հայ … Continue reading։ Ազդարար օրաթերթին լրատուութիւնը կ՚աւելցնէր, թէ Պէյօղլուի (Բերա) գայմագամ Պայ Տանիշ այս հրահանգը յայտարարած էր մարդահամարի պաշտօնէութեան 13 հոկտեմբերին[33]«Մարդահամարի ատեն», Արեւ, 26 հոկտեմբեր 1935, էջ 1։։
    Արեւի խմբագրականը կը կրկնէր 1909ին տրուած բացատրութիւնները եւ կ՚աւելցնէր, թէ հայ յարանուանութիւն մը ներկայ էր «աշխարհի գրեթէ ամէն մասերուն մէջ», եւ հետեւաբար կառավարութիւն մը չէր կրնար գործել «զայն քմահաճօրէն անջատելով իր ամբողջութենէն»։ Խօսք չէր ըներ «այն միւս հարցին որ կը հետապնդուի այս որոշումով եւ որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Թուրքիոյ մնացորդ հայութիւնը թրքացնել (…) չկնճռոտելու համար ներկայ խնդիրը, որքան ալ սերտ կապ ունենայ մէկը միւսին հետ»[34]««Կրէկորիէն»ի վերադարձը», էջ 1։։ 1936ի սկիզբը, Յառաջի մէկ խմբագրականը կը շեշտէր, թէ թուրք վարիչներն ու գրիչները, ինչպէս եւ «ոչ-թուրք խրտուիլակներ եւ գործակալներ» արդէն սերմերը ցանած էին «նոյն իսկ ազգութեանց անունները մոռացութեան տալու համար», յիշելով «լպրծուն բանաձեւեր», ինչպէս «Քրիստոնեայ Թուրք», «Թուրք Հայ», «Թուրք Կրէկորիէն», եւայլն։ Ձուլման քաղաքականութիւնը դրսեւորուած էր մարդահամարի ժամանակ՝ ըստ կրօնական դաւանանքի («Թիւրք Կրէկորիէն, փրոթէսթան, կաթոլիկ) արձանագրութեամբ[35]«Համաթրքական գիծը 1935-ին», Յառաջ, 10 յունուար 1936, էջ 1։։
    1978ին, Պոլսոյ հայոց պատրիարք Շնորհք արք. Գալուստեան այցելած է Անգարա եւ տեսակցութիւններ ունեցած պաշտօնական անձերու հետ ի պաշտպանութիւն համայնքի իրաւունքներու։ Ներքին Գործոց նախարար զօր. Իրֆան Էօթայտընլըրին ներկայացուցած պաշտօնագրին մէջ, ի միջի այլոց, խնդրած է ««կրէկորիէն» բառը երբեք չգործածել հայ յարանուանութեան համար։ Մեր յարանուանական անունը միշտ եղած է Թուրքիոյ մէջ «Էրմենի», ըլլայ օսմանեան եւ ըլլայ հանրապետական շրջաններուն»[36]«Շնորհք Պատրիարքին զեկոյցը իր Անքարա այցելութեան մասին», Արեւ, 30 մայիս 1978, էջ 1։։ Սակայն, «կրէկորէն» բառի գործածութիւնը շարունակուած է գէթ մինչեւ 1990ական թուականները, իսկ յետոյ փոխարինուած է «հրիստիան» («քրիստոնեայ») բառով։ Այսօր, թուային անձնաթուղթերը նշում չունին, երեւութապէս միայն։
    Զօհրապի նամակէն դար մը ետք, պատմութիւնը տարօրինակ, թէեւ այս պարագային՝ ո՛չ այնքան, կրկնութիւններու հանդէս մը ըլլալը ցոյց տուած է։    

ԿԱ. տարի, 2022 թիւ 4

 

References
1 Խմբագրականի այս մասին քաղուածքը տե՛ս «Օրուան լուրեր», Կոչնակ, 12 յունիս 1909, էջ 565։
2 «Ազգային կեանքը», Արեւելք, 6/19 մայիս 1909, էջ 3։
3, 15 Անդ։
4 Տե՛ս «Հայ պատգամաւորութիւնը Տոլմա Պաղչէի պալատին մէջ», Ժամանակ, 4/17 մայիս 1909, էջ 3։
5 Տե՛ս, օրինակ, Զարեհ Գավէզեան, «Ֆէրիտ փաշա եւ հայերը», Ժամանակ, 5/18 մայիս 1909, էջ 2։
6 «Հայկական լուրեր», Ժամանակ, 8/21 մայիս 1909, էջ 3։
7 «Ազգային Երեսփ. Ժողովի երէկի նիստը», Արեւելք, 9/22 մայիս 1909, էջ 3։
8, 9 «49րդ տարեդարձ Ազգային Սահմանադրութեան», Բիւզանդիոն, 9/22 մայիս 1909, էջ 3։
10 «Ազգային Երեսփ. Ժողովի», էջ 3։ Կոչնակ իր քաղուածքին մէջ գրած է, թէ «Գր. Զօհրապ պերճախօս ու գոռ ատենախօսութեամբ մը Հային արհամար[հ]անքը որակած է ատանկ նախատինքի մը դէմ։ Որոշուած է ամենայն դէպս պահել ազգութեան անունը» («Օրուան լուրեր», էջ 565։
11 Ա. Ս. Շարուրեան, Գրիգոր Զօհրապի կեանքի եւ գործունէութեան տարեգրութիւն, Ս. Էջմիածին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տպարան, 1996, էջ 207։
12 «Ազգային Երեսփ. Ժողովի», էջ 3։
13 «Գրիգորեան խնդիրը», Արեւելք, 9/22 մայիս 1909, էջ 3։ Հմմտ. «Օրուան լուրեր», էջ 565։
14 «Ազգային կեանքը», Արեւելք, 11/24 մայիս 1909, էջ 3։
16 Հմմտ.  Գրիգոր Զօհրապ, Երկերի ժողովածու, հատոր Դ. Նամակներ, ընծայագրեր, օրագրութիւններ, աշխատասիրութեամբ Ալբերտ Շարուրեանի, Երեւան, Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի հրատարակչութիւն, 2003։
17 Շաբաթ, 22 մայիս 1909 (նոր տոմար)։
18 Հմայեակ եպս. Դիմաքսեան (1841-1919), Կրօնական Ժողովի երկարամեայ անդամ։ Երզնկայի (1878-1886) եւ Ռոտոսթոյի (1889-1893) թեմերու նախկին առաջնորդ։
19 Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի (325) Հաւատամքը, որուն կը հետեւի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, կ՚ըսէ. «Հաւատամք եւ ի մի միայն ընդհանրական եւ յառաքելական սուրբ եկեղեցի, ի մի մկրտութիւն, յապաշխարութիւն, ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց»։
20 «Նամակ խմբագրութեան», Արեւելք, 12/25 մայիս, էջ 3։ Առաջին երկու պարբերութիւններէն քաղուածքի մը համար, տե՜ս «Օրուան լուրեր», էջ 565։
21 Տե՛ս Տօքթ Ա. Նագգաշեան, «Ո՞վ է Ներքին Գործոց նախարարը Ֆէրիտ փաշա», Ժամանակ, 1/14 մայիս 1909, էջ 1։
22 «Ղրէղօրիէն» բառը», Արեւելք, 13/26 մայիս 1909, էջ 3։ Հմմտ. «Զանազան լուրեր», Հայրենիք, 29 յունիս 1909, էջ 3։
23 «Խառն Ժողովը», Արեւելք, 13/26 մայիս 1909, էջ 3։
24 Տիրայր վարդապետ, «Օրուան խնդիրը. Հայ Եկեղեցին Գրիգորեան չէ», Ձայն Հայրենեաց, 15/28 մայիս 1909, էջ 299։
25 «Ազգային կեանքը», Արեւելք, 14/27 մայիս 1909, էջ 3։
26 «Վարչութեան», Ժամանակ, 15/28 մայիս 1909, էջ 3։
27 «Քաղաք. Ժողովը», Ժամանակ, 16/29 մայիս 1909, էջ 3։
28 «Քրիստոնեա՞յ Եկեղեցի թէ Հայ Եկեղեցի», Բիւզանդիոն, 16/29 մայիս, էջ 3։
29 «Ազգային կեանքը», Արեւելք, 15/28 մայիս 1909, էջ 3։ «Օրուան լուրեր», Ասպարէզ, 16 յունիս 1909, էջ 2։
30 «Ազգ. Երեսփ. Ժողովի երէկի նիստը», Արեւելք, 13/26 յունիս 1909, էջ 3։ Հմմտ. «Ազգային լուրեր», Ծիածան, 14/27 յունիս 1909, էջ 1։
31 «Կրէկորիէն»ի վերադարձը», Արեւ, 28 հոկտեմբեր 1935, էջ 1։
32 «Հայերը «կրէկօրիէն» կը կոչուին Թուրքիոյ մէջ», Յառաջ, 24 հոկտեմբեր 1935, էջ 1։ Հմմտ. «Թուրքիոյ մէջ հայերը հայ չպիտի կոչուին», Հայրենիք, 17 նոյեմբեր 1935, էջ 2։
33 «Մարդահամարի ատեն», Արեւ, 26 հոկտեմբեր 1935, էջ 1։
34 ««Կրէկորիէն»ի վերադարձը», էջ 1։
35 «Համաթրքական գիծը 1935-ին», Յառաջ, 10 յունուար 1936, էջ 1։
36 «Շնորհք Պատրիարքին զեկոյցը իր Անքարա այցելութեան մասին», Արեւ, 30 մայիս 1978, էջ 1։