Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր նկարիչ, Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ՝ Արմէն Վահրամեանը ծագումով Հայաստանի Լոռի մարզի Արդուին գիւղէն է։
Աւարտած է Մարտիրոս Սարեանի անուան ուսումնարանի մանրանկարչութեան եւ Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի գծանկարչութեան բաժանմունքները։
Կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ Երեւանի մէջ։
Ցուցահանդէսներով հանդէս եկած է՝ Հայաստանի, Սպանիոյ, Հոլանտայի, Մալթայի, Ֆրանսայի եւ Լիբանանի, ԱՄՆի եւ Գանատայի մէջ։
2019 թուականին, Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեայ յեբելեանին առիթով,Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին ու ՀՀ նկարիչներու միութեան համատեղ ջանքերով, Հայաստանի Նկարիչներու միութենէն ներս ցուցադրուեցան Յովհաննէս Թումանեանէն եւ Լոռիի բնութենէն ներշնչուած Վահրամեանի պաստառները։
Աստուածաշնչեան թեմաները, ծննդավայր Լոռիի հրաշալի բնութիւնը եւ մարդոց բարի ու պարզ կերպարները իր պաստառներով վերստեղծող գեղանկարիչը, ունի նաեւ գոյնի եւ գիծի նուրբ հիւսուածքներով պաստառներ, որոնցմէ քանի մը նմոյշ կը ներկայացնենք Բագինի այս թիւին մէջ։