ՎԱՀԷ Օշականը (1921–2000) ծնուել է Բուլղարիայի Ֆիլիպէ (այժմ՝ Պլովդիվ) քաղաքում՝ արեւմտահայ անուանի գրող, գրականագէտ եւ մանկավարժ Յակոբ Օշականի (1883-1948) ընտանիքում: Աւարտելով Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը՝ կրթութիւնը շարունակել է Սորբոնի համալսարանում, հետեւել է գրականութեան եւ դոկտորի գիտական աստիճան ստացել որպէս բաղդատական գրականութեան մասնագէտ: Վահէ Օշականը երկար տարիներ զբաղուել է ուսուցչական գործունէութեամբ, հրատարակել չափածոյ եւ արձակ գործերի ժողովածուներ, կատարել գիտական ուսումնասիրութիւններ՝ նուիրուած արեւմտահայ գրականութեան, նրա միջազգային առնչութիւններին, եւ այլ նիւթերի:
Հրապարակուող նամակներում, որ գտնւում են Հայաստանի ազգային արխիւի թիւ 875 ֆոնդի տարբեր ցուցակներում պահվող գործերում[1]Նամակ Ա.–ֆ. 875, ց. 8, գ. 72, թ. 1, յաջորդները՝ ց. 9, գ. 72-ի մէջ համապատասխանաբար զբաղեցնում են՝ Բ.- թ. 10, Գ.- թթ. 19-22, Դ.-թ. 18, … Continue reading, Օշականն ինքը եւս զգալի տեղեկութիւններ է հաղորդում իր կեանքի եւ գործունէութեան մասին:
Ֆրանսահայ գրականագէտ, հայագէտ եւ թարգմանիչ Մարկ Նշանեանի դիտարկմամբ,
«Վահէն շարունակած է հօր գործը՝ սփիւռքի հայութեան տագնապները ունենալով իր մտահոգութիւններու կիզակէտին մէջ»[2]Հրայր Անմահունու (Էօլմեսեքեան) ,,Վահէ Օշական. միջնարար,, վաւերագրական շարժանկարից (1994)::
Իսկ ըստ գրող, բանասէր Գրիգոր Պըլտեանի՝
«Օշականի աշխարհը կը յատկանշուի բազմաթիւ ինչուներով եւ անպայման չէ, որ այս ինչուները տողերու ընդմէջէն ստանան ընկալեալ պատասխաններ: Թերեւս Օշականի գրականութիւնը կը յատկանշուի բազմաթիւ ինչուներ առաջադրելու իր խիզախութեամբ նաեւ»[3]Նոյն տեղում։:
Հետեւենք, ուրեմն, Վահէ Օշական խիզախ մարդու եւ մտաւորականի գրառումներին:
Ա.
24-01-77
Պրն. Համազասպեան[4]Նամակն ուղղուած է Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանին (1911–1992): … Continue reading,
Տիկին Գոհար Ազնաւուրեանի[5]Գոհար Ազնաւուրեան (1906–1983), բանասէր, բնագրագէտ: թելադրանքով է, որ ձեզ կը գրեմ այս նամակը: Երբ Տիկինը Միացեալ Նահանգներ եկած էր, ինձ խոստացաւ, որ վերադարձին Հայաստան կը խօսի ձեզի՝ որպէսզի ղրկէք մեր համալսարանը Հայաստանի մէջ հրատարակուած գրական ու բանասիրական պարբերաթերթերն ու գիրքերը: Չորս տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի Սարգիս Թերզեան հայագիտական համանուն կեդրոնը Փենսիլվանիոյ համալսարանին մէջ, բայց ցարդ ոչ մէկ գիրք, հրատարակութիւն կամ հանդէս ստացած ենք ձեզմէ: Դժուար է հասկնալ ձեր Կոմիտէին կողմէ այս անտեսումը, որ անկասկած ակամայ է:
Ուրախ կ’ըլլամ, ուստի, եթէ բարեհաճիք հետեւեալ պարբերական հրատարակութիւնները կանոնաւոր կերպով ղրկել մեր համալսարանի հասցէին՝ սկսեալ 1978-էն.
Armenian Section
Van Pelt library
University of Pennsylvania
Philadelphia, Pa. 1917
U. S. A.
1. Սովետական Գրականութիւն, 2. Պատմաբանասիրական Հանդէս, 3. Բանբեր Երեւանի համալսարանի, 4. Լրաբեր Հասարակական Գիտութիւնների, 5. Սովետական Արուեստ, 6. Սովետական Հայաստան, 7. Գարուն, 8. Գրական Թերթ:
Պիտի ուզէինք նաեւ, որ մեր հայագիտական կեդրոնը ստանայ մէկական օրինակ հատոր այն գիրքերէն (գրական, պատմական, լեզուական, քննադատական, ընկերային…) որոնք կը հրատարակուին Հայաստանի մէջ: Ֆիլատելֆիոյ քաղաքի հայկական գաղութը հին ու զարգացած գաղութ է ու օրըստօրէ կ՚աճի: Անհրաժեշտ է, որ հայագիտական այս կարեւոր կեդրոնը, ուր կ’աւանդուի հայոց պատմութիւն, գրականութիւն ու լեզու՝ կարենայ մտային սնունդ հայթայթել այս 20.000ի հասնող հայութեան: Փոխարէնը մենք ալ կրնանք հոսկէ ձեզի ուղարկել հրատարակութիւններ, որոնք դուք չունիք Հայաստանի մէջ:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ
Վահէ Օշական
վարիչ Ս. Թերզեան հայագիտական ամպիոնի
Բ.
22-12-1979
Պրն. Վ. Համազասպեան,
Ընդհանուր Տնօրէն Արտասահմանի հետ Մշակութային կապի Վարչութեան,
Երեւան:
Յարգելի Պրն. Համազասպեան,
Այս նամակը գրողը Վահէ Օշականն է, Բենսիլվանիոյ Համալսարանի Սարգիս Թերզեան Հայագիտական Ամպիոնի դասախօս: Ցարդ զիրար անունով կը ճանչնանք եւ յուսով եմ, որ օր մը անձնական ծանօթութիւն ալ կը հաստատենք: Այսօր ձեզի շատ կարեւոր խնդրանք մը ունիմ ներկայացնելիք ու յանուն Հայ ժողովուրդի ու մշակոյթի միջազգային վարկին՝ կը յուսամ, որ ձեր բարեացակամ վերաբերմունքը չէք զլանար խնդրանքիս:
Նիւ Եորքի Սէնթ Ճոնզ Համալսարանը Ազգային Գրականութեանց Խորհուրդ անուն կեդրոն մը հաստատած է տարիներէ ի վեր, որ Ազգային Գրականութեանց Հանդէս կոչուած Տարեգիրքը կը հրատարակէ[6]Հանդէսի անգլերէն անունը “Review of National Literatures” էր։ Լոյս է տեսել 1970-2001 թթ.։: Ասիկա բանասիրական շատ բարձր մակարդակով հատոր մըն է ու գնահատուած Ամերիկեան գրական շրջանակներու կողմէ: Ցարդ լոյս տեսած հատորներուն մէջէն յիշեմ Ռուսիոյ, Պարսկաստանի, Թուրքիոյ, Գերմանիոյ, Ափրիկէի թիւերը: 1979ի թիւը նուիրուած է Հնդկաստանի գրականութեան, 1980ի թիւը՝ Աւստրալիոյ, 1981ը՝ Նորվեկիոյ: Այս հրատարակութեանց ամբողջ ծախսը կը հոգան խնդրոյ առարկայ երկիրն կամ Պետութիւնը, կամ Կրթական ու այլ մշակութային Հաստատութիւններ, եւ կամ ալ այդ ազգի բարերարներ: Ամէն թիւ իրեն յատուկ Խմբագիրը կ’ունենայ, զոր կը նշանակէ Ազգային Գրականութեանց Խորհուրդը եւ որուն կը յանձնուի բարձրորակ մտաւորականներու աջակցութիւնը ապահովելու, հատորին բովանդակութեան ծրագիրը պատրաստելու ու խմբագրելու, ինչպէս եւ նիւթական միջոցները գտնելու պաշտօնը: Վերջին մանրամասնութիւն – նիւթական ոչ մէկ վարձատրութիւն կ’ըլլայ այս աշխատանքին մէջ ոչ խմբագրին եւ ոչ ալ աշխատակիցներուն:
Ուրախ եմ ձեզի յայտնելու, թէ երկար թղթակցութենէ ետք, կարելի եղաւ համաձայնիլ Խորհուրդի քարտուղար Փրոֆ. Աննա Բաոլուչչիի[7]Աննա Բաոլուչչի (1926–2012), իտալա–ամերիկեան գրող եւ հետազօտող: հետ, որ 1982-ի թիւը նուիրուի Հայ Գրականութեան: Խմբագրութեան պատասխանատուութիւնը յանձնուած է ինծի, ու արդէն Փրոֆ. Բաոլուչչիի ներկայացուցած եմ բովանդակութեան նախածրագիրը, զոր ընդունած է: Ապահոված եմ նաեւ Սփիւռքի կարեւոր մտաւորականներու աշխատակցութիւնը – Փրոֆ. Ա. Սանճեան[8]Աւետիս Սանճեան (1921–1995), ամերիկահայ բանասէր, հայագէտ:, Պրն. Լ. Սիւրմէլեան[9]Լեւոն –Զաւէն Սիւրմէլեան (1905–1995), ամերիկահայ գրող, բանասէր:: Գրած եմ Փրոֆ. Գ. Պարտաքճեանին[10]Գէորգ Պարտաքճեան (ծն. 1942), ամերիկահայ գրականագէտ, հայագէտ:: Եւրոպայէն կը մասնակցին Փրոֆ. Գ. Պըլըտեան[11]Գրիգոր Պըլտեան (ծն. 1945), ֆրանսահայ գրաքննադատ, բանաստեղծ, վիպագիր։ (sic), Պրն. Մ. Նշանեան եւ այլք: Բայց առանց Հայաստանի մտաւորականութեան գործօն մասնակցութեան, հատորը կիսատ կ’ըլլայ, ու ահա այդ նպատակով է, որ Ձեզի կը գրեմ:
Ձեզմէ կը խնդրեմ, որ առնուազն երկու ականաւոր գրականագէտ աշխատակցին այս ձեռնարկին: Ծանօթ չեմ ձեր վարչական օրէնքներուն, սակայն եթէ կ’արտօնէք ինծի ընտրութիւն մը ընել՝ պիտի ուզէի, որ Պրնյք. Ալպերտ Կոստանդեան[12]Գրիգոր Պըլտեան (ծն. 1945), ֆրանսահայ գրաքննադատ, բանաստեղծ, վիպագիր։ (sic) եւ Աղեքսանդր Թոփճեան[13]Ալեքսանդր Թոփչեան (1939–2021), գրող, գրականագէտ,թարգմանիչ: (sic) ըլլային այդ երկուքը: Սակայն եթէ չեմ կրնար ես ընտրութիւնը ընել՝ ուրախ պիտի ըլլայի, եթէ դուք նշանակէիք յարմար անձերը, ու, կամ անոնց հաղորդէիք ուղղակի իմ ցանկութիւնը կամ ալ ինծի առիթը տայիք, որ ես իրենց անձամբ գրեմ այդ մասին: Ինչ որ ըլլայ պատշաճ եղանակը, կենսական կը գտնեմ, որ երկու կամ նոյնիսկ երեք ծանօթ բանասէր մասնակցին Հայաստանի խօսքը բերելու այս հատորին: Միջազգային վարկ վայելող հատոր մըն է Ռիվիու օվ Նաշընըլ Լիթըրըչըրզը ու կը զբաղի գլխաւորաբար բաղդատական գրականութեանց հարցերով: Փրոֆ. Բաոլուչչի շատ խանդավառ է Հայաստանեան մտաւորականութեան մասնակցութեան հեռանկարով: Սա ալ աւելցնեմ, որ Հայաստանեան գրողներուն կարելի է բացառութիւն ընել ու վարձատրել ընդունուած սակով: Գրական այս հարցերու կապակցութեամբ կ’ուզէի նաեւ ձեզի հաղորդել, որ Հ.Բ.Ը. Միութեան Նիւ Եորքի մէջ հրատարակած Արարատ անգլիագիր պարբերականի[14]“Ararat” եռամսեան հանդէսը լոյս է տեսել Նիւ Եորքում 1960-2006 թթ.։ յառաջիկայ թիւերէն մին նուիրուած պիտի ըլլայ Յակոբ Օշականի ու ատոր պատրաստութեան մէջ ալ պէտք պիտի ունենամ Պրնյք. Կոստանդեանի ու Թոփճեանի գործակցութեան: Ուրեմն վարչական մեքենայի նոյն հարցը հոս ալ կը ծագի -կրնամ ուղղակի իրենց հետ կապ հաստատել՝ թէ ձեր միջոցաւ է, որ այդ կ’ըլլայ: Ես քանիցս գրած եմ Պրն. Ա. Թոփճեանին, սակայն պատասխան չեմ ստացած: Դուք կրնաք միջնորդել այս խնդրին մէջ ու օգնել ինծի, որ հաղորդակցութեան ճամբաները բացուին իմ ու անոնց միջեւ: Այս գործի պարագային – որուն խմբագիրը նորէն ես եմ – 100 տոլարի պատուավճար մը կայ նախատեսուած աշխատակիցներուն: Եթէ ու երբ ստանամ ձեր սկզբունքային համաձայնութիւնը այս երկու գործակցութիւններուն՝ կը հաղորդեմ անոնց մասնաւոր նիւթերը, որ պիտի մշակուին Օշականի թուին համար:
Գալով Ազգային Գրականութեանց Հանդէսին, կը ներփակեմ հատորին բովանդակութեան նախածրագիրը, որպէսզի ձեզի ու հաւանական աշխատակիցներուն ծանօթ ըլլայ գործին բնոյթը: Հայաստանեան գրականագէտներուն համար նկատի ունիմ թիւ 3, 6, 8 նիւթերը; Մենագրութեանց երկարութիւնը 20 էջը պէտք չէ անցնի ու գրութեան ժամկէտը 1980ի աշունն է. այսինքն՝8-էն 9 ամիս: Ուրախ պիտի ըլլայի, եթէ այս հարցին տայիք ձեր ջերմագոյն հետաքրքրութիւնը, որմէ միայն մեր ժողովուրդը կրնայ շահիլ:
Շնորհաւորելով ձեզի ու ձեր պարագաներուն տօնական օրերը ու մաղթելով բեղմնաւոր, երջանիկ ու յաջող տարի մը, մնամ ակնդէտ ձեր պատասխանին սպասող ձերդ յարգանօք՝
Վահէ Օշական
V. Oshagan
424 Meadowcroft RD
Radnor PA 1908
U. S. A.
Գ.
06-03- 1980
Յարգելի Պրն. Վ. Համազասպեան,
Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի Կոմիտէի Նախագահ,
Երեւան:
Սիրելի Պրն. Համազասպեան,
Նոր ստացայ ձեր 15 Փետրուար թուակիր նամակը ու կը փութամ պատասխանել:
Նախ՝ խորին շնորհակալութիւնս, որ բարեհաճեցաք ձեր ժամանակը եւ ուշադրութիւնը տրամադրել ձեռնարկիս: Ինչպէս կը նշէք, այս ծանր պարտականութեան մէջ բոլորովին առանձին եմ: Չունիմ նիւթական կամ այլ ակնկալութիւն, սրտի ծանր հիւանդութիւն մը կը սպառէ ուժերս ու ձեր աջակցութիւնը բարոյական մեծ նպաստ է ինծի: Կը զգամ, որ մէկ ու նոյն պատնէշին վրայ կը կռուինք բոլորս, ի սէր մեր մշակոյթին ու ազգին: Վստահ եմ նոյն զգացումները կը վառին Փրոֆ. Ե. Ջրբաշեանի[15]Էդուարդ Ջրբաշեան (1923–1999), գրականագէտ, ակադեմիկոս: ու Փրոֆ. Հ. Թամրազեանի[16]Հրանտ Թամրազեան (1926–2001), գրականագէտ, ակադեմիկոս մէջ եւս, ու անոնց հետաքրքրութիւնը ձեռնարկիս յաջողութեամբ զիս մեծապէս կը քաջալերէ:
Արտօնեցէք նախ, որ քանի մը խօսք ըսեմ հատորին նկարագրին մասին: Այս տարեգիրքին բնոյթը բաղդատական գրականութիւնն է, կալուած մը, որ դժբախտաբար շատ քիչ մշակուած է մեր մէջ: 1935-ի Ա. Չոպանեանի մենագրութիւնը[17]Archag Tchobanian, Victor Hugo, Chateaubriand et Lamartine dans la littérature arménienne, Paris, 1935. , Փրոֆ. Էթմէքճեանի հատորը Ֆրանսական ազդեցութեան մասին[18]James Etmekjian, The French Influence on the Western Armenian Renaissance 1843–1915, New York, 1964., Հայաստանէ Հիւկոյի, Շիլէրի ու այլոց մասին մենագրութիւնները կան լոկ: Կայ նաեւ իմ Սորպոն համալսարանը ներկայացուցած տոքթորայի թէզս՝ Արեւմտահայ Վէպը ու իր կրած օտար ազդեցութիւնները, որ անտիպ է տակաւին: Կա՞յ ասոնցմէ զատ ուրիշ ուսումնասիրութիւն՝ նուիրուած ազդեցութիւններու կարեւոր հարցին: Եւ սակայն Աստուած գիտէ՝ որքան ազդուած ենք օտարներէն ու մենք ալ մեր կարգին ազդած անոնց: Չկայ նոյնիսկ Հ. Թորոսեանի[19]H[rant] Thorossian, Histoire de la littérature arménienne: des origines jusqu’à nos jours, Paris, 1951. Ֆրանսերէն հապճեպ հատորէն զատ (1951, Փարիզ) լուրջ ու համապարփակ հատոր մը օտար լեզուով՝ նուիրուած մեր գրականութեան: Ներկայ գործիս նպատակը այդ բացը մասամբ գոցելն է: Նկատեցէք, որ ոչ-Հայ մտաւորականներէն շատ քիչերուն ծանօթ է մեր գրականութիւնը ու միակ ձեւը, որ անոնք ունին զայն հասկնալու եւ գնահատելու՝ զայն բաղդատելն է Ֆրանսացի, Ռուս կամ Անգլիացի ծանօթ գործերու եւ անձերու: Ասկէ՝ կը բխի այն կարեւորութիւնը, որ բաղդատական մեթոտը ունի այս պարագային: Մեր ազգային գրականութիւնը եղածին պէս ներկայացնելով շատ բան չենք շահիր: Սակայն եթէ զայն դնենք իր միջազգային շրջափակին, կոնտեքստին մէջ՝ այն ատեն կը յաջողինք:
Կու գամ հիմա ձեր յարուցած հարցերուն:
1. Իմ ցանկիս 3-րդ ու 10-րդ կէտերը բոլորովին տարբեր բաներ են: Օտար ազդեցութիւնները մեր վրայ՝ սա զուտ բանասիրական նիւթ է, իսկ Հայերու ներկայութիւնը օտար մշակոյթներու մէջ՝ սա նուազ ակադեմական է: Ասիկա հրատապ հարց է այս երկրին մէջ յատկապէս, տրուած ըլլալով Սարոյեանի[20]Ուիլեամ Սարոյեան (1908–1981), ամերիկահայ արձակագիր, դրամատուրգ:, Սիւրմէլեանի ու այլոց պարագաները: Թիւ 10-ը տեղական բնոյթ կը կրէ ու կը միտի հայկական գրական աւանդութիւնները միջին զարգացած ամերիկացիին հասկացողութեան պարունակին մէջ զետեղել շատ աւելի անմիջական կերպով: Մէջը կը մտնեն հարցազրոյց, թարգմանութիւն եւ այլն:
2. Օշականի ու Թէքէեանի[21]Վահան Թէքէեան (1878–1945), բանաստեղծ: պարագաները: Սովորութիւն է հոս նման առիթներու ազգային գրականութեան մը ուշագրաւ մէկ երկու դէմքերու վրայ որոշ կեդրոնացում կատարել՝ անոնց երկին վերլուծումին մէջէն երեւան բերելով այդ գրականութեան իւրայատուկ արժանիքները: Օշականը ընտրեցի որպէս բարձրակէտը Արեւմտահայ վէպին ու Թէքէեանը՝ Արեւմտահայ քերթողութեան, Վարուժանի[22]Դանիէլ Վարուժան (1884–1915), բանաստեղծ: հետ: Երկուքն ալ մեծապէս ազդուած օտար աղբիւրներէ: Նոյն նկատումներով ընտրած եմ Չարենցը[23] Եղիշէ Չարենց (1897–1937), բանաստեղծ, գրող եւ թարգմանիչ:, որ սերտ կապեր ունի Մայաքովսքիի[24]Վլադիմիր Մայակովսկի (1893–1930), ռուս բանաստեղծ, դրամատուրգ: ու Ռուսական Յեղափոխութեան հետ: Ինչ կը վերաբերի Արեւելահայ վէպին՝ կարծեմ Աւանդութիւն եւ Վերանորոգում ֆորմիւլը իր մէջ կ’առնէ Աբովեանէն[25]Խաչատուր Աբովեան (1809–անյայտ), գրող, մանկավարժ, արեւելահայ աշխարհաբար գրականութեան հիմնադիր: մինչեւ Խեչումեան[26]Վիգէն Խեչումեան (1916–1975), արձակագիր:, Մաթեւոսեան[27]Հրանտ Մաթեւոսեան (1935–2002), արձակագիր։ ու Գալշոյեան[28]Մուշեղ Գալշոյեան (1933–1980), արձակագիր, լրագրող: կատարուածը ու երեւան կը հանէ սեռին լայն կարելիութիւնները մեր գրականութեան պարագային:
3. Հայ դասական թատերգութիւնը: Յարմար նիւթ է, սակայն Սփիւռքի մէջ մասնագէտ չունինք, որ հանգամանօրէն գրէ այդ մասին: Մի՛ մոռնաք, որ իմ ու Փրոֆ. Բաոլուչչիի համաձայնութեան մէկ կարեւոր կէտը այն է, որ ամէն աշխատակից առաջնակարգ գիտուն պէտք է ըլլայ իր կալուածին մէջ ու հեղինակութեան խօսք ըսէ:
4. Ինչ կը վերաբերի Միջնադարեան մեր Տաղերգութեան, սկզբունքով դէմ չեմ պայմանաւ, որ կարճ ըլլայ- 2000 բառը չանցնի ու ինքնագիր ըլլայ: Դէմ եմ որեւէ արտատպումի, սղումի, թարգմանութեան կամ վերահրատարակութեան: Վալերի Պրիւսովի[29]Վալերի Բրիւսով (1873–1924), ռուս բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ, գրականագէտ: գրութիւնը ծանօթ է ինծի, սակայն այս պարագային նորութիւն չի բերեր: Եթէ այսօր Հայաստանի մէջ կայ հեղինակութիւն մը այդ նիւթին մասին, որ ծանօթ ըլլայ նաեւ միջազգային գրական իրողութեանց՝ սիրով կ’ընդառաջեմ Ձեր առաջարկին ու սեղմ յօդուածի մը տեղ կու տամ:
Կը տեսնէք, որ այս ձեռնարկը շատ մասնագիտական բնոյթ ունի ու վստահ եմ Հայաստանի մէջ առաջնակարգ բանասէրներ ունինք, աւելի հմուտ, քան էր Պրիւսով իր ատենին…: Ես շատ պիտի ուզէի, որ Պրն. Ա. Թոփճեանի, Պրն. Ա. Կոստանդեանի կամ ձեր յարմար նկատած ականաւոր մտաւորականներու՝ ինչպիսին են Փրոֆ. Ջրբաշեան եւ Փրոֆ. Թամրազեան՝ բաժնէիք հետեւեալ նիւթերը անյապաղ.
Չարենց եւ Ռուսական Յեղափոխութիւնը
Աւանդութիւն ու Վերանորոգում Արեւելահայ վէպին մէջ
Հայ Դասական թատերգութիւնը եւ իր միջազգային կոնտէքստը։
Միջնադարեան Հայ Տաղերգութիւնը ու իր արտաքին յարակցութիւնները:
Աւելցնեմ, որ ցանկիս 12 նիւթերէն ամէնէն կարեւորը թիւ 11-ն է, որ Մատենագիտական Սպէկտրում կը կոչուի եւ ուր կը քննուին, կը վերլուծուին ու կ’արժեւորուին Եւրոպական լեզուներով հրատարակուած բոլոր լուրջ ուսումնասիրութիւնները՝ նուիրուած հայ գրականութեան: Ամէնէն ծանրակշիռ բաժինն է այս ու չուզեցի ձեր ուսերուն բեռցնել զայն: Սակայն եթէ մէկը չգտնեմ Արեւմտեան կողմն աշխարհի՝ ձեզի պիտի յղեմ, ստիպուած, մանաւանդ, որ դուք Ռուսական աղբիւրներու ալ ծանօթ էք: Յօդուածները լոյս կը տեսնեն Անգլերէն լեզուով – եթէ դժուարութիւն ունիք՝ մենք հոս կը թարգմանենք: Ժամկէտը կարելի է մինչեւ 1980-ի վերջը երկարաձգել ու բովանդակութիւնը՝ մինչեւ 6000 բառ, սակայն անհրաժեշտ է, որ հիմակուընէ գիտնամ՝ ո±վ պիտի գրէ, ի±նչ նիւթի մասին, որպէսզի պաշտօնական թռուցիկները պատրաստուին Փրոֆ. Բաոլուչչիի կողմէ:
Այսօր իսկ օդային թղթատարով ձեր հասցէին կը ղրկեմ օրինակ մը Ռիվիու օվ Նաշընըլ Լիթըրըչըրզէն, որպէսզի յստակ գաղափար մը կազմէք հրատարակութեան բնոյթի մասին։ Ուրախ եմ յայտնելու, որ Սփիւռքի մտաւորականութիւնն ալ իր օժանդակութիւնը չսակարկեց: Բարի եղեք իմ խորին շնորհակալութիւններս փոխանցել մեր ականաւոր մտաւորականներուն՝ Փրոֆ. Ջրբաշեանին ու Փրոֆ. Թամրազեանին, որոնց աջակցութիւնը շատ յարգի կը նկատեմ ձեռնարկին յաջողութեան համար: Եթէ դուք կամ անոնք ունիք որեւէ յաւելեալ թելադրանքներ հատորին բովանդակութեան մասին, խնդրեմ ազատ զգացէք դուք ձեզ ու յղեցէք զանոնք ինծի:
Սիրայօժար կը փոխանցեմ ձեր ողջոյնները Փրոֆ. Բաոլուչչիին, որ վստահ եմ շատ պիտի ուրախանայ՝ իմանալով Հայաստանի մտաւորականութեան մասնակցութեան լուրը:
Ակնդէտ կը սպասեմ ձեր պատասխանին, որ յուսամ շատ չուշանար: Բարի եղէք անկեղծ բարեւներս փոխանցել Փրոֆ. Գ. Ջահուկեանին[30]Գէորգ Ջահուկեան (1920-2005), լեզուաբան, ակադեմիկոս։ ու Փրոֆ. Է. Աղայեանին[31] Էդուարդ Աղայեան (1913-1991), լեզուաբան, ակադեմիկոս։:
Անկեղծ զգացումներով ՝Վահէ Օշական
Յ. Գ. Կարելի± է արդեօք հօրս՝ Յակոբ Օշականի նոր լոյս տեսած հատորէն[32]Յակոբ Օշականի Երկեր ժողովածուն 1979 թ. լոյս է տեսել Երեւանում: օրինակ մը ղրկէիք ինծի: Վ. Օ.
Դ.
17-05-1980
Պրն. Վ. Համազասպեան,
Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի Կոմիտէի Նախագահ,
Երեւան:
Յարգելի Պրն. Համազասպեան,
Մարտի 6ին ձեզի երկար նամակ մը գրեցի,՝յայտնելով ուրախութիւնս Հայաստանի ականաւոր մտաւորականներէն շատեր պատրաստակամութիւն ցոյց տուած շնորհիւ ձեր միջամտութեան՝ աշխատակցելու Ռիվիու օվ Նաշընըլ Լիթըրըչըրզի 1982ի Հայ Գրականութեան նուիրուած թուին: Ատկէ ի վեր Փրոֆ. Բաոլուչչի ձեր հասցէով վերոյիշեալ հանդէսէն բազմաթիւ օրինակներ ուղարկած էր Փրոֆ. Ե. Ջրբաշեանին, Փրոֆ. Հ. Թամրազեանին ու ձեզի: Յուսամ՝ ստացած էք: Սակայն մօտ երկուքուկէս ամիս կ’ընէ ու ձեզմէ պատասխան չեմ ստացած Մարտ 6-ի նամակով յղուած հարցերուն: Գիտէք անկասկած, որ նման հրատարակութեան մը պարագային, որ միջազգային տարողութիւն ու վարկ ունի, յստակ ժամկէտներ կան որոնք պէտք է յարգուին իմ կողմէ ու նաեւ աշխատակիցներուն կողմէ: Ուստի ուրախ կ’ըլլամ, եթէ կարելի եղածին չափ շուտ ինծի հաղորդէք, թէ իմ առաջարկած 4 նիւթերը ինչպէ±ս բաժնուած են, ո±ր չափով կը համապատասխանեն ձեր ակնկալութեանց ու մօտաւորապէս ո±ր թուականին կը կարծէք, թէ ատոնք պատրաստ կ’ըլլան ու ձեռքս կը հասնին: Փրոֆ. Բաոլուչչի գովազդներով կ’ուզէ հատորին բովանդակութիւնը տարածել տեղական ու միջազգային մամուլին սակայն ոչինչ կրնանք ընել, մինչեւ որ ձեզմէ յստակ լուր մը չ’առնենք:
Անկեղծ զգացումներով՝ Վ. Օշական
Յ. Գ. Ստացած եմ հօրս հատորը՝ «Երկեր»: Շնորհակալութիւններս:
Ե.
08-07-1980
Պրն. Վ. Համազասպեան,
Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի Կոմիտէի Նախագահ,
Երեւան:
Յարգելի Պրն. Համազասպեան,
Երէկ ստացայ ձեր 24 Յունիս նամակին բնագիրը, զոր ղրկած էիք ձեռամբ Լոս Անճելըսի Հայկական Ռատիոժամի տնօրէնին: Ժամանակին ատոր պատճէնը ստացած էի Պրն. Էթմէքճեանէն:
Խորապէս շնորհապարտ եմ ձեզ, որ ձեր սուղ ժամանակէն ու միջոցներէն չզլացաք որոշ մաս մը յատկացնելու իմ կարեւոր ձեռնարկիս իրականացման: Անմիջապէս ձեր նամակին բովանդակութիւնը հաղորդեցի Փրոֆ. Բաոլուչչիին ու վստահ եմ, ան ալ ինձ նման պիտի հրճուի ի տես Հայաստանի մտաւորականներուն մասնակցութեան: Շատ ուրախ կ’ըլլամ, եթէ իմ շնորհակալութիւններս յայտնէք Փրոֆ. Հ. Թամրազեանին, Տոքթ. Վ. Ներսիսեանին[33]Վարագ Ներսիսեան (1937–2012), գրականագէտ: ու Տոքթ. Լ. Հախվերդեանին[34]Լեւոն Հախվերդեան (1924–2003), գրականագէտ, թատերագէտ:: Ձեր վերոյիշեալ նամակը սակայն լուռ է «19-րդ դարու Հայկական ռէալիզմը եւ անոր միջազգային կապերը» նիւթին հեղինակի ինքնութեան մասին: Ուրախ կ’ըլլամ, եթէ այդ պարոնին անունն ալ ինձ հաղորդէք ու անոր եւս փոխանցէք շնորհակալութեան զգացումներս:
Ուրեմն, ըստ ձեր հաւաստումին, գրութիւնները կ’աւարտին մինչեւ այս տարուայ վերջը: Շատ պիտի խնդրէի, որ աւելի չուշանան, որովհետեւ ատոնք հոս Անգլերէնի թարգմանելու դժուար խնդիրը կայ, որ յաւելեալ ժամանակ պիտի խլէ ինձմէ: Պէտք ունիմ նաեւ իւրաքանչիւր աշխատակցի մասին 100-120 բառանոց հակիրճ կենսագրական-մատենագիտական նոթի մը, որ պիտի զետեղուի հատորին սկիզբը: Յուսամ՝ ստացած էք արդէն Փրոֆ. Բաոլուչչիի ղրկած Ռիվիու օվ Նաշընըլ Լիթըրըչըրզի բազմաթիւ օրինակները ու հատ մը փոխանցած Տոքթ. Վ. Ներսիսեանին, որպէսզի ան ալ յստակ գաղափար մը կազմէ հրատարակիչներուն պարտադրած պայմաններուն եւ ուղեգիծներուն մասին: Մօտ օրէն ձեզի կը ղրկեմ հատորին բովանդակութեան վերջնական ծրագիրը:
Յարգելի Պրն. Համազասպեան, կարելի չէ՞ արդեօք բաժանորդագրուիլ Հայաստանի գրական-բանասիրական կարեւոր հանդէսներուն, որպէսզի կարենամ մօտէն հետեւիլ մեր մտաւորականութեան իրագործումներուն: Ես կը ստանամ Հայրենիքի Ձայն ու Սովետական Հայաստան հանդէսները որոնց համար երախտապարտ եմ: Սակայն ինծի պէտք են նաեւ Գարուն, Գրական Թերթ, Պատմաբանասիրական Հանդէս, Սովետական Գրականութիւն եւ Լրաբեր Հասարակական Գիտութիւնների հանդէսները. եթէ բոլորը կարելի չեն՝ գէթ մաս մը: Պէտք ունիմ նաեւ Համայնագիտարանի 5-րդ հատորին[35]Նկատի ունի Հայկական Սովետական Հանրագիտարանը (Երեւան, 1974-1987)։, ինչպէս եւ գրական, գեղարուեստական ու պատմագիտական հատորներուն, որոնք կը հրատարակուին Հայաստանի մէջ: Անշուշտ, պատրաստ եմ այս բոլորին համար անհրաժեշտ վճարումը կատարելու: Կը սպասեմ ձեր պատասխանին:
Անկեղծ զգացումով՝Վ. Օշական
V. Oshagan
424 Meadowcroft RD
Radnor PA 1908
U. S. A.
Զ.
09-12-1980
Պրն. Հրայր Բաբայեան,
Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի Կոմիտէ,
Բաժնի վարիչ,
Երեւան:
Յարգելի Պրն. Բաբայեան,
Ժամանակին ստացայ ձեր 30 Սեպտեմբեր նամակը ու ներփակուած կենսագրական էջերը: Շնորհակալութիւն ձեզ ու ձեր գործակիցներուն: Այդ նամակով խոստացած էիք, որ Տոքթ. Հրանտ Թամրազեան կենսագրականը պիտի ղրկէիք, երբ քաղաք վերադառնար: Յուսամ՝ վերադարձած է ու այժմ ի վիճակի էք վերոյիշեալ գրութիւնը ուղարկելու: Ակնդէտ կը սպասեմ:
Առիթը կ’օգտագործեմ ձեզ յիշեցնելու թէ չորս մենագրութիւններուն առաքման պայմանաժամը ամէնաուշը՝ 1981 Փետրուար ամիսն է եւ ուրախ կ’ըլլամ, եթէ սոյն պարագան Փրոֆք. Ներսիսեանի, Հախվերդեանի, Թամրազեանի եւ Ալեքսանեանի[36]Ելենա Ալեքսանեան (1933-2008), գրականագէտ: ուշադրութեան յանձնէք: Անշուշտ, եթէ Յունուարին հասնին ձեռքս՝ շատ աւելի գոհ կ’ըլլամ՝ նկատելով, որ ատոնք դեռ պէտք է Անգլերէն լեզուի թարգմանուին. բան մը, որ այդքան դիւրին չէ:
Ուրախ եմ ձեզի յայտնելու, թէ հատորին հրատարակման անհրաժեշտ նիւթական միջոցները մեծ մասով ապահովուած են շնորհիւ անհատներու եւ մշակութային հաստատութիւններու զոհաբերութեան:
Կը շնորհաւորեմ ձեզ Սուրբ Ծնունդի տօնը ու կը մաղթեմ առողջ ու երջանիկ 1981 տարի մը: Հաճեցէք փոխանցել այս զգացումներս նաեւ Պրն. Վ. Համազասպեանին:
Անկեղծ զգացումներով՝ Վահէ Օշական
Է.
12-03-1981
Ռէտնըր
Պրն. Հրայր Բաբայեան,
Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի Կոմիտէ,
Երեւան:
Յարգելի Պրն. Բաբայեան,
Երէկ ձեռքս հասաւ ձեր Փետրուար 3 թուակիր նամակը ու կը փութամ պատասխանել:
Ժամանակին ստացայ Փրոֆ. Հ. Թամրազեանի[37]Տե՛ս Hrand Tamrazian, “Yeghishe Charents and the Socialist Revolution”, Review of National Literatures, vol. 13, Armenia, 1984, p. 150-173։ ու Փրոֆ. Ալեքսանեանի[38]Տե՛ս Elena Alexanian, “19th Century Armenian Realism and Its International Relations », Review of National Literatures, vol. 13, Armenia, p. 45-63։ մենագրութիւնները: Խորին շնորհակալութիւններս: Արդէն ձեռնարկած եմ անոնց թարգմանութեան:
Փետրուար ամսուայ ժամկէտի վերաբերմամբ ուրախ կ’ըլլամ, եթէ Փրոֆ. Հախվերդեանի ու Ներսիսեանի յիշեցնէք, թէ որքան շուտ հասցնեն իրենց մենագրութիւնները, այնքան կը դիւրացնեն թարգմանական աշխատանքս, նիւթական աղբիւրներու օգտագործումը ու հատորին հրատարակութիւնը: Հիմա, որ Մարտ ամիսը մտած ենք, յուսամ մինչեւ գարուն անոնց ձեռագիրները ինծի հասած կ’ըլլան:
Անկեղծ զգացումներով՝ Վահէ Օշական
Յ. Գ. Եթէ ձեր նամակները հետեւեալ հասցէին ղրկէք (որ բնակարանիս հասցէն է), շատ ժամանակ կը շահինք՝
V. Oshagan
424 Meadowcroft RD
Radnor PA 19087
U. S. A.
Ը.
28-05-1981
Պրն. Հրայր Բաբայեան,
Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի Կոմիտէ,
Երեւան:
Յարգելի Պրն. Բաբայեան,
Քանի մը օր առաջ ստացայ ձեր 12 Մայիս նամակը ուր կը տեղեկացնէիք թէ Փրոֆ. Հախվերդեանի ու Մովսիսեանի[39]Վրիպում է, պէտք է հասկնալ Ներսիսեան։ մենագրութիւնները[40]Տե՛ս Levon Hakhverdian, “Armenian Classical Drama and Its International Context”, Review of National Literatures, vol. 13, Armenia, 1984, p. 174-193. Varak Nersisian, “Modern Armenian … Continue reading ուղարկած էք իմ տանս հասցէով: Արդ այսօր ձեռքս հասան ատոնք, Պրն. Վահրամ Մավեանի[41]Վահրամ Մավեան (1926–1983), սփիւռքահայ գրող, հասարակական գործիչ: կողմէ ղրկուած, օդային ճամբով, Փարիզէն: Խորին շնորհակալութիւններս ձեզի, ձեր գրասենեակին՝ իր սպասարկութեան արդիւնաւէտ նկարագրին համար ու նաեւ այն պատուարժան բանասէրներուն, որոնք յանձն առին այս յոգնեցուցիչ աշխատանքը, յանուն մեր մշակոյթին: Կը մնայ այդ մենագրութիւնները Անգլերէնի թարգմանելու գործը, գովազդային աշխատանքը – անմիջապէս, որ հրապարակ հանենք թռուցիկները՝ ձեզ կ’ուղարկեմ մի քանի նմոյշ – խոստացուած գումարները հաւաքելը, նոր գումարներ ճարելը ու հատորը գալ տարի տպելու համար պատրաստելը:
Կը մնայ նաեւ մանրամասնութիւն մը, որ սակայն խիստ կարեւոր է – Փրոֆ. Հ. Թամրազեանի կենսագրական-մատենագիտական տեղեկութիւններու էջը, որ չեմ ստացած տակաւին: Բարի եղէք տեղեկացնելու այս Փրոֆ. Թամրազեանին:
Ձեզի տեղեակ կը պահեմ դէպքերու ընթացքի մասին:
Անկեղծ զգացումներով՝ Վահէ Օշական
V. Oshagan
424 Meadowcroft RD, Radnor PA 19087 U. S. A.
Թ.
20-08-1981
Պրն. Հր. Բաբայեան,
Բաժնի վարիչ,
Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի Կոմիտէ,
Երեւան:
Յարգելի Պրն. Բաբայեան,
Ստացած եմ ձեր 20 Յուլիս, 1981-ի նամակը, որ սակայն չէր պարունակեր Փրոֆ. Հրանտ Թամրազեանի կենսագրական տուեալները՝ հակառակ ձեր հաւաստիքին, թէ կը ներփակէիք զանոնք: Կ’ենթադրեմ, թէ փոքր վրէպի մը արդիւնք է այս անտեսումը: Ուրախ եմ յայտնել, թէ ձեր բոլոր ղրկած յօդուածները արդէն առաջին թարգմանութեան մը արժանացած են քրոջս՝ Տիկին Անահիտ Ոսկերիչեանի[42]Անահիտ Օշական-Ոսկերիչեան (1919-2005), մանկավարժ։ կողմէ: Կը ներփակեմ օրինակ մը թռուցիկէն՝ որմէ հազարաւորներ պիտի ղրկուին անհատներու, կազմակերպութիւններու եւ թերթերու:
Անկեղծ զգացումներով՝ Վահէ Օշական
V. Oshagan
424 Meadowcroft RD
Radnor PA 19087
U. S. A.
Ժ.
29-10-1981
Պրն. Հ. Բաբայեան,
Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի Կոմիտէ,
Երեւան:
Յարգելի Պրն. Բաբայեան,
Երէկ ստացայ ձեր թիւ 899 Հոկտեմբեր 13 թուակիր նամակը ու անոր մէջ` Պրն. Հրանտ Թամրազեանի կենսագրական գրութիւնը: Շնորհակալութիւն ձեզի եւ Պրն. Թամրազեանին:
Յարգանօք՝ Վահէ Օշական
ԺԱ.
10-01-1983
Պրն. Վ. Համազասպեան,
Տնօրէն Արտասահմանի հետ Մշակութային կապերու Կոմիտէի,
Երեւան:
Յարգելի Տիար Համազասպեան,
Այս նամակը կը գրեմ իմ նախկին աշակերտներէս Պրն. Գոնրատ Նագգաշեանի խնդրանքին վրայ: Քանի մը ամիս առաջ այդ երիտասարդը, որուն Հայ լեզուի ու գրականութեան դասատուն եղած էի 1982ի ամրան ընթացքին, մեծ ցանկութիւն յայտնեց Հայաստան գալու եւ ոչ միայն կատարելագործելու իր մայրենի լեզուն այլ փնտռելու եւ ապրելու իր արմատները, իր պատմական ինքնութիւնը: Բնականաբար քաջալերեցի, ձեր հասցէն տուի ու այլ անհրաժեշտ թելադրանքներ: Ատոր վրայ ան պաշտօնական դիմում ըրաւ ձեր գրասենեակը սակայն ցարդ ոչ մէկ պատասխան ստացած է ձեզմէ: Հաւանաբար շատ կ’աճապարէ – ամէն պարագայի, քիչ մը անձկալի՝ ինձ դիմեց, որ գրեմ ձեզ:
Պրն. Նագգաշեանը լուրջ երիտասարդ մըն է ու իր փափաքը ետ՝ իր արմատները երթալու՝ բացառիկ երեւոյթ է այս երկրին մէջ: Իմացական կարողութեամբ արթուն, աշխատունակ ու խելացի է, մօտ է գիր գրականութեան եւ արուեստագիտական անհերքելի արժանիքներով օժտեալ է: Շատ մը կողմերով ինքնատիպ ու բացառիկ անձ կը նկատուի եւ վստահ եմ, եթէ ստանայ Հայաստանի մտային ու հոգեկան հաղորդութիւնը՝ խոստումնալից ուժ մը կը դառնայ ԱՄՆ-ի ապագայ սերունդներու հայապահպանման պայքարին մէջ: Ջերմօրէն կը յանձնարարեմ որ, կարելիութեանց սահմաններուն մէջ, ընթացք տաք իր անկեղծ դիմումին: Արժանի է ամէն օժանդակութեան ու քաջալերանքի:
Անկեղծ շնորհակալութեամբ՝ Վահէ Օշական
V. Oshagan
424 Meadowcroft RD, Radnor PA 19087 U. S. A.
ԺԲ.
06-01-1984
Մեծայարգ Տիար Վարդգէս Համազասպեան,
Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապիԿոմիտէ,
Երեւան:
Յարգարժան Տիար Հանազասպեան,
Այսու պատիւ ունիմ դիմելու ձեզի, որպէսզի հնարաւորութիւն ստեղծէք ինծի Հայաստան գալու վեց ամսով, 1984ի ձմեռէն մինչեւ 1984ի գարունը, գրական ուսումնասիրութիւն մը կատարելու համար:
Մենագրութեանս նիւթն է «Արեւելահայ եւ Արեւմտահայ Գրական Կապերը 1850էն մինչեւ 1915»: Գիտէք անշուշտ, որ այս նիւթը ցարդ միայն մասնակի ու միակողմանի ուսումնասիրութեան առարկայ եղած է ու ոչ ոք քննած է Արեւմտահայ ազդեցութեան մը գոյութիւնը Արեւելահայ գրական կեանքին վրայ, մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտ: Ընդհանուր կապերու առնչութեամբ, Արեւելահայ ու Սովետահայ բանասէրները նշանակալից գործ տեսած են սակայն Սփիւռքէն ոչ ոք առաջ եկած ու իր մասնակցութիւնը բերած է այս յոյժ կարեւոր հարցին վերծանումին: Ես այս բացը կ’ուզեմ գոցել, գոնէ մասամբ:
Անհրաժեշտ է, որ մանրակրկիտ կերպով քննուին այն միջոցները – հրատարակութեանց փոխանակում, մամուլ, նամակագրութիւն, մտաւորականներու ճամբորդութիւններ, արուեստագէտներու եւ թատերական ու այլ խումբերու այցեր եւ այլն – որոնց շնորհիւ Հայութեան երկու հատուածները գրական կապեր հաստատեցին ու մշակեցին: Յաւելեալ, գիրքերու, յօդուածներու, թարգմանութեանց ու գրական այլ արտայայտութեանց վերլուծումով յոյս ունիմ ի յայտ բերել ոչ միայն ազդեցութիւններ, որ երկու գրականութիւնները կրած են դուրսի աշխարհէ – Ֆրանսական, Ռուսական, Գերմանական, Անգլիական, Իտալական ու նոյնիսկ Թրքական – այլ նաեւ այն գրական յարակցութիւնները, թէմաներն ու սեռերը՝ որոնք հասարակաց են երկու գրականութեանց: Բաղդատական գրականութեան մէջ իմ մասնագիտութիւնս շատ օգտակար կրնայ ըլլալ այս պարագային: 19-րդ դարու ականաւոր Հայ մտաւորականներէն[43]Միքայէլ Նալբանդեան (1829–1866), գրող եւ բանաստեղծ, Յարութիւն Սվաճեան (1831–1874), մտաւորական, Կոստանդնուպոլսում … Continue reading Մ. Նալպանտեանի, Յ. Սվաճեանի, Գ. Արծրունիի, Ս. Ոսկանի, Ա. Արփիարեանի, Մ. Մամուրեանի, Ս. Նազարեանցի նման մարդոց երկն ու կեանքը մեծ կարեւորութիւն ունին այս ուղղութեամբ եւ անոնց արխիւները անգնահատելի օգտակարութիւն կրնան ունենալ գործիս համար, ինչպէս եւ Մշակի, Փորձի[44]Փորձ եռամսեայ հանդէսը 1876–1881 թթ. Աբգար Յովհաննիսեանի (1849–1904) խմբագրութեամբ հրատարակուել է Թիֆլիսում, որին … Continue reading, Արձագանգի, Լումայի[45]Լումա ամսագիրը Գիւտ քահանայ Աղայեանցի (1856–1920) խմբագրութեամբ հրատարակուել է Թիֆլիսում 1896–1912 թթ.:, Հիւսիսափայլի, Մուրճի[46]Մուրճ ամսագիրը 1889–1900 թթ. Թիֆլիսում հրատարակել եւ խմբագրել է Աւետիք Արասխանեանը (1857–1912):, Մեղուի, Արեւելքի, Արեւելեան Մամուլի, Մասիսի[47]Մասիս օրաթերթը Կարապետ Իւթիւճեանի (1823–1904) խմբագրութեամբ լոյս է տեսել Կոստանդնուպոլսում 1852–1884 թթ.: Ապա եղել … Continue reading եւ բազմաթիւ այլ հանդէսներու հաւաքածուները: Այս աղբիւրներէն զատ, անհրաժեշտ է, որ ձեռքի տակ ունենամ Ա. Տէրտէրեանի[48]Արսէն Տէրտէրեան (1882–1953), գրականագէտ, ակադեմիկոս:, Ա. Կարինեանի[49]Արտաշէս Կարինեան (1886–1982), գրականագէտ, ակադեմիկոս:, Ա. Չօպանեանի, Ա. Արփիարեանի, Մ. Մամուրեանի նման գրական քննադատներու արխիւները: Աւելորդ է ըսել, թէ այս բոլոր նիւթերը, իրենց կատարեալ ու լաւագոյն դասաւորումով՝ Սովետական Հայաստան կը գտնուին միայն:
Ծնած եմ Պուլկարիա, 1921-ին ու բարձրագոյն ուսումս ստացած եմ Փարիզի Համալսարանը (Սորպոն)՝ մասնագիտանալով Բաղդատական Գրականութեան մէջ: Տոքթորայի աւարտաճառիս նիւթը եղած է «Արեւմտահայ Վէպը 1850-էն 1930 ու իր կրած Օտար Ազդեցութիւնները», Ֆրանսերէն լեզուով, 650 էջ, ցարդ անտիպ, զոր պաշտպանած եմ 1967-ին, Սորպոնի մէջ, Փրոֆ. Շարլ Տէտէեան[50]Շարլ Տէտէեան (1910–2001), ֆրանսահայ գրականագէտ:, Ֆրէտէրիք Ֆէյտի[51]Ֆրէդէրիք Ֆէյդի (1908–1991), ֆրանսիացի հայագէտ: ու Բիեռ Մարօ[52]Պիէռ Մարօ (1900–1992), ֆրանսիացի պատմաբան, միջնադարագէտ։ ունենալով որպէս Ժիւրի: Յետ այնու, հրատարակած եմ բազմաթիւ մենագրութիւններ եւ ակադեմական ուսումնասիրութիւններ ի շարս որոնց՝
«Արմենակ Հայկունի», Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, թիւ 1, 1970:
«Արեւմտահայ Պատմուածքի Ծագումը», Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, թիւ 2, 1971:
«19-րդ Դարու Զմիւռնահայ Թարգմանական Դպրոցը», Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, թիւ 4, 1973, Ֆրանսերէն:
«Լիբանահայոց Գրականութիւնը», Արարատ, հտ. 19, թիւ 3, 1978, Անգլերէն:
«Պարսկահայոց Գրականութիւնը», Արարատ, հտ. 20, թիւ 3, 1979, Անգլերէն:
«Վահան Թոթովենց», Արարատ, հտ. 20, թիւ 1, 1979, Անգլերէն:
«Մաթէոս Մամուրեան», Հասկ Հայագիտական Հանդէս, թիւ 1, 1980:
«Գերմանական Ազդեցութիւնը Արեւմտահայ Գրականութեան Վրայ», Տը Արմինիըն Ռիվիու, հտ. 33, Մարտ, 1980, Անգլերէն:
«Քիբչաք Ազդեցութիւնը Արեւմտահայ Գրականութեան Վրայ», Տը Արմինիըն Ռիվիու, հտ. 35, Յունիս, 1982, Անգլերէն:
«Անգլիական Ազդեցութիւնը Արեւմտահայ Գրականութեան Վրայ», Քլիվլէնտ Համալսարանի Հրատարակութիւն, Քլիվլէնտ, 1982[53]Vahé Oshagan, The English Influence on the West Armenian Literature in the Nineteenth Century, Cleveland (Oh.), Cleveland State University, 1982.:
Հրատարակած եմ նաեւ չորս հատոր բանաստեղծութիւն – Պատուհան (Պէյրութ, 1956), Քաղաք (Պէյրութ, 1963), Քառուղի (Պէյրութ, 1971), Ահազանգ (Ֆիլատելֆիա, 1980), ինչպէս եւ բազմաթիւ գրաքննադատական յօդուածներ, վիպակներ Սփիւռքի Հայ եւ օտար մամուլին մէջ:
Կանուխէն ուսուցչական ասպարէզ որդեգրած եմ ու դասախօսած Պէյրութի զանազան վարժարաններուն մէջ, ի մասնաւորի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը (Եւրոպական արդի փիլիսոփայութիւն եւ գրականութիւն), Պէյրութի Եունիվըրսիթի Գոլէճ (Եւրոպական արդի փիլիսոփայութիւն), Փէնսիլվանիոյ Համալսարանը ԱՄՆ (Հայոց լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ) եւ Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆ Հայագիտական Ինստիտուտ (Հայ գրականութիւն եւ տնօրէնի պաշտօն): Եղած եմ նաեւ Պէյրութի Հայկազեան Գոլէճի Հայագիտական Ամպիոնի վարիչ-տնօրէն ու դասաւանդած եմ Հայ գրականութիւն եւ Բաղդատական գրականութիւն: Եղած եմ Բագին[54]«Բագին» ամսագիրը (ապա՝ եռամսեայ) լոյս է տեսում Բէյրութում 1962 թուաանից։, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս[55]Բէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը լոյս է տեսնում 1970 թուականից:, Տը Արմինիըն Ռիվիու[56]Բոստոնի (ապա՝ Վաթերթաուն) The Armenian Review հանդէսը լոյս է տեսնում 1948 թուականից։ եւ ԱՄՆ-ի Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան Տարեգիրք[57]Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան Journal of the Society for Armenian Studiesը լոյս է տեսնում ԱՄՆում 1984 թուականից։ հանդէսներու խմբագրութեանց անդամ: Ներկայիս Ամերիկեան Փիլիսոփայական Ընկերութեան[58]Ամերիկեան Փիլիսոփայական Ընկերութիւնը (American Philosophical Society) ԱՄՆի գիտական ամենահին ընկերութիւնն է։ Հիմնուած է … Continue reading նիւթական ու բարոյական հովանաւորութեամբ կը պատրաստեմ մենագրութիւն մը «Եւրոպական նախառոմանտիզմի ազդեցութիւնը Հայ գրականութեան վրայ» նիւթին շուրջ: Կրնաք իմ մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ՝ դիմելով Տոքթ. Ճ. Կրէբինի[59]Ջոն Գրեփին (1937–2015), ամերիկացի լեզուաբան, հայերէնագէտ:, Ա. Սանճեանի[60]Աւետիս Սանճեան (1921–1995), ամերիկահայ բանասէր, հայագէտ:, Վ. Գրիգորեանի[61]Վարդան Գրիգորեան (1934–2021), ամերիկահայ պատմաբան::
Բարի եղէք ի մտի ունենալ, թէ կինս ալ հետս կու գայ: Տիկին Արսինէ Օշական ուսողութեան տոքթորա ստացած է Քոնէքթիքըթի Համալսարանէն, ԱՄՆ եւ ներկայիս կը դասաւանդէ այդ նիւթը Ֆիլատելֆիոյ երեք համալսարանի մէջ[62]Արսինէ Օշական (1942-2022), ուսողագէտ, մանկավարժ։:
Փակելէ առաջ կ’ուզեմ ձեզի հաղորդել, թէ Նիւ Եորքի Ազգային Գրականութեանց Խորհուրդի հրատարակած հանդէսի ՀԱՅԱՍՏԱՆի նուիրուած թիւը, որուն կապակցութեամբ ձեզ գրած էի երեք տարի առաջ՝ խնդրելով, որ Սովետական Հայաստանի բանասէրները մասնակցին՝ յանձնուած է տպագրիչին եւ լիայոյս եմ, որ այս տարի լոյս կը տեսնէ[63]Նշուած հատորը լոյս է տեսել 1984ին (Review of National Literatures, vol. 13, Armenia, special editor Vahé Oshagan)։: Յապաղումը արդիւնք է զայն կանխող թիւերու ուշ հրատարակութեան:
Երախտապարտ կ’ըլլամ ձեզի, եթէ բարեացակամ վերաբերումով մօտենաք այս նամակի խնդրանքին եւ կարելի փութկոտութեամբ զբաղիք անով, յանուն մեր բոլորիս սիրելի Հայ Գրականութեան[64]Վահէ Օշականի այս հետազօտական այցելութիւնը չի իրականացել։:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝ Վահէ Օշական
ԺԳ.
02-11-1984
Պատուարժան Տիարք,
Արտասահմանի Հայերու հետ Մշակութային Կոմիտէի,
Երեւան:
Յարգելի Պարոններ,
Այսու ձեզ կը տեղեկացնեմ թէ ամսէ մը ի վեր տեղափոխուած եմ իմ նախկին հասցէէս, որ Բէնսիլվանիոյ Համալսարանն էր, Ֆիլատելֆիա քաղաքի մէջ: Այժմ կը գտնուիմ հետեւեալ հասցէին եւ ուրախ կ’ըլլամ, եթէ ինծի ղրկուելիք ամէն թղթակցութեան այս հասցէին յղէիք.
ՆՈՐ ՀԱՍՑԷՆ:- Dr. Vahe Oshagan
2419 Lake Street
San Francisco CA94121
U. S. A.
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝ Վահէ Օշական
ԺԴ.
13-12-1988
Պրն. Կ. Դալլաքեան,
Նախագահ
Արտասահմանի հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի,
Երեւան:
Մեծայարգ Տիար Դալլաքեան,
Ծանր ու սգակիր սրտով կը գրեմ այս նամակը, նման ամէն հայու, մեր պատմութեան այս հանգրուանին, դեռ շշմած այն ահաւոր ողբերգութենէն ու տագնապներէն, որոնք կը շարունակեն հարուածել մեր ազգին՝ այս 20-րդ դարուն[65]Խօսքը 1988 թ. դեկտեմբերի 7ի Սպիտակի երկրաշարժի մասին է։: Յուսամ՝ վերջինն է: Առանձին է հայութիւնը նորէն, հակառակ, որ չկայ մէկ հատ անձ երկնակամարի տակ, որ չվշտակցի մեր ազգին ու հայրենիքին կրած ցաւին: Աս ի՛նչ սարսափելի օրեր են…:
Ահա այս եղեռական [sic] կացութեան դէմ հակազդելու համար եւ զգացումը գործի վերածելու միտումով ես եւ Տիկինս՝ Արսինէ Օշական, պատրաստ ենք Հայաստան գալու մէկ երկու տարի որպէս ուսուցիչ, ըլլայ համալսարան թէ լիսէ՝ մեր փորձառութիւնն ու կեանքը դնելու Հայաստանի սպասին, եթէ անցնող ամիսներու ողբերգական դէպքերու հետեւանքով ուսուցիչի պակաս կայ մեր երկրին մէջ: Երկուքս ալ բարձրագոյն ուսման տիրացած ենք, ես՝ Փարիզի համալսարանէն (Սորպոն), Տիկինս՝ Քոնէքթիքըթի համալսարանէն: Իմ ճիւղս է բաղդատական գրականութիւն, Տիկնոջս մասնագիտութիւնը՝ ուսողութիւն: Ես 35 տարուայ փորձառութիւն ունիմ երկրորդական ու համալսարանական մակարդակի վրայ, Տիկինս՝15 տարուայ, նոյն մակարդակներուն: Երկուքս ալ վարչագիտական փորձառութիւն ունինք – ես Պէյրութի Հայկազեան Գոլէճի տնօրէն եղած եմ Հայագիտական Բաժնի մէջ, մինչ Տիկինս՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայկական Ազգային Նախակրթարանի ու Միջնակարգ վարժարանի:
Ես մասնագիտացած եմ հետեւեալ նիւթերու դասաւանդման մէջ – Արեւմտահայ գրականութիւն, Ֆրանսերէն լեզու եւ գրականութիւն, Եւրոպական արդի փիլիսոփայութիւն, մինչ Տիկնոջս նիւթերն են ուսողութիւն եւ մանկավարժութիւն:
Եթէ կը խորհիք թէ մեր ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական այս տարիներուն մեր երկուքին հմտութեան ու փորձառութեան պէտք ունի Հայրենիքը, խնդրեմ իմացուցէք մեզի ու մենք կուգանք առաջին յարմար առիթին՝ բաժնելու մեր ազգին տառապանքն ու հրճուանքը հաւասարապէս եւ մեր չնչին բաժինը բերելու երկրի վերաշինութեան սրբազան գործին: Ներփակ կը գտնէք մեր երկուքին հակիրճ քուրիգիւլում վիթաները[66]Curriculum vitae (լատ.), կենսագրական տուեալներ։:
Անկեղծ զգացումներով՝ Վահէ Օշական
↑1 | Նամակ Ա.–ֆ. 875, ց. 8, գ. 72, թ. 1, յաջորդները՝ ց. 9, գ. 72-ի մէջ համապատասխանաբար զբաղեցնում են՝ Բ.- թ. 10, Գ.- թթ. 19-22, Դ.-թ. 18, Ե.-թ. 40, Զ.- թ. 5, Է.- թ. 13, Ը.-թ. 28, Թ.- թ. 44, Ժ.- թ.7, ցուցակ 15-ի 729 գործում են՝ ԺԱ.-թ.7, ԺԲ.-թթ. 2-5, ԺԳ.-թ. 1, ԺԴ- թ. 9։ |
---|---|
↑2 | Հրայր Անմահունու (Էօլմեսեքեան) ,,Վահէ Օշական. միջնարար,, վաւերագրական շարժանկարից (1994): |
↑3 | Նոյն տեղում։ |
↑4 | Նամակն ուղղուած է Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանին (1911–1992): Կառոյցը ղեկավարել է 1964–1985 թթ.: |
↑5 | Գոհար Ազնաւուրեան (1906–1983), բանասէր, բնագրագէտ: |
↑6 | Հանդէսի անգլերէն անունը “Review of National Literatures” էր։ Լոյս է տեսել 1970-2001 թթ.։ |
↑7 | Աննա Բաոլուչչի (1926–2012), իտալա–ամերիկեան գրող եւ հետազօտող: |
↑8, ↑60 | Աւետիս Սանճեան (1921–1995), ամերիկահայ բանասէր, հայագէտ: |
↑9 | Լեւոն –Զաւէն Սիւրմէլեան (1905–1995), ամերիկահայ գրող, բանասէր: |
↑10 | Գէորգ Պարտաքճեան (ծն. 1942), ամերիկահայ գրականագէտ, հայագէտ: |
↑11, ↑12 | Գրիգոր Պըլտեան (ծն. 1945), ֆրանսահայ գրաքննադատ, բանաստեղծ, վիպագիր։ |
↑13 | Ալեքսանդր Թոփչեան (1939–2021), գրող, գրականագէտ,թարգմանիչ: |
↑14 | “Ararat” եռամսեան հանդէսը լոյս է տեսել Նիւ Եորքում 1960-2006 թթ.։ |
↑15 | Էդուարդ Ջրբաշեան (1923–1999), գրականագէտ, ակադեմիկոս: |
↑16 | Հրանտ Թամրազեան (1926–2001), գրականագէտ, ակադեմիկոս |
↑17 | Archag Tchobanian, Victor Hugo, Chateaubriand et Lamartine dans la littérature arménienne, Paris, 1935. |
↑18 | James Etmekjian, The French Influence on the Western Armenian Renaissance 1843–1915, New York, 1964. |
↑19 | H[rant] Thorossian, Histoire de la littérature arménienne: des origines jusqu’à nos jours, Paris, 1951. |
↑20 | Ուիլեամ Սարոյեան (1908–1981), ամերիկահայ արձակագիր, դրամատուրգ: |
↑21 | Վահան Թէքէեան (1878–1945), բանաստեղծ: |
↑22 | Դանիէլ Վարուժան (1884–1915), բանաստեղծ: |
↑23 | Եղիշէ Չարենց (1897–1937), բանաստեղծ, գրող եւ թարգմանիչ: |
↑24 | Վլադիմիր Մայակովսկի (1893–1930), ռուս բանաստեղծ, դրամատուրգ: |
↑25 | Խաչատուր Աբովեան (1809–անյայտ), գրող, մանկավարժ, արեւելահայ աշխարհաբար գրականութեան հիմնադիր: |
↑26 | Վիգէն Խեչումեան (1916–1975), արձակագիր: |
↑27 | Հրանտ Մաթեւոսեան (1935–2002), արձակագիր։ |
↑28 | Մուշեղ Գալշոյեան (1933–1980), արձակագիր, լրագրող: |
↑29 | Վալերի Բրիւսով (1873–1924), ռուս բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ, գրականագէտ: |
↑30 | Գէորգ Ջահուկեան (1920-2005), լեզուաբան, ակադեմիկոս։ |
↑31 | Էդուարդ Աղայեան (1913-1991), լեզուաբան, ակադեմիկոս։ |
↑32 | Յակոբ Օշականի Երկեր ժողովածուն 1979 թ. լոյս է տեսել Երեւանում: |
↑33 | Վարագ Ներսիսեան (1937–2012), գրականագէտ: |
↑34 | Լեւոն Հախվերդեան (1924–2003), գրականագէտ, թատերագէտ: |
↑35 | Նկատի ունի Հայկական Սովետական Հանրագիտարանը (Երեւան, 1974-1987)։ |
↑36 | Ելենա Ալեքսանեան (1933-2008), գրականագէտ: |
↑37 | Տե՛ս Hrand Tamrazian, “Yeghishe Charents and the Socialist Revolution”, Review of National Literatures, vol. 13, Armenia, 1984, p. 150-173։ |
↑38 | Տե՛ս Elena Alexanian, “19th Century Armenian Realism and Its International Relations », Review of National Literatures, vol. 13, Armenia, p. 45-63։ |
↑39 | Վրիպում է, պէտք է հասկնալ Ներսիսեան։ |
↑40 | Տե՛ս Levon Hakhverdian, “Armenian Classical Drama and Its International Context”, Review of National Literatures, vol. 13, Armenia, 1984, p. 174-193. Varak Nersisian, “Modern Armenian Poetry and Its Relation to Other Literatures”, Review of National Literatures, vol. 13, Armenia, 1984, p. 93-120։ |
↑41 | Վահրամ Մավեան (1926–1983), սփիւռքահայ գրող, հասարակական գործիչ: |
↑42 | Անահիտ Օշական-Ոսկերիչեան (1919-2005), մանկավարժ։ |
↑43 | Միքայէլ Նալբանդեան (1829–1866), գրող եւ բանաստեղծ, Յարութիւն Սվաճեան (1831–1874), մտաւորական, Կոստանդնուպոլսում հիմնադրել եւ խմբագրել է Մեղու պարբերականը (1856–1874), Գրիգոր Արծրունի (1845–1892), հրապարակախօս, քննադատ, Թիֆլիսում հիմնադրել եւ խմբագրել է Մշակ պարբերականը (1872–1921), Ստեփան Ոսկան (1825–1901), հայ հրապարակախօս, թարգմանիչ, Փարիզում հրատարակել է Արեւելք պարբերականը (1855–1856), Արփիար Արփիարեան (1851–1908), արձակագիր, գրական քննադատ, խմբագրել է Կոստանդնուպոլսում հրատարակուած Մասիս եւ Արեւելք պարբերականները, Մատթէոս Մամուրեան (1830–1901), հրապարակախօս, գրող, թարգմանիչ, խմբագրել է Արեւելեան մամուլ հանդէսը (1871–1909, 1919–1922), Ստեփանոս Նազարեանց (1812–1879), արեւելագէտ, գրականագէտ, խմբագրել է Մոսկուայում 1858–1864 թթ. հրատարակուած Հիւսիսափայլ ամսագիրը: |
↑44 | Փորձ եռամսեայ հանդէսը 1876–1881 թթ. Աբգար Յովհաննիսեանի (1849–1904) խմբագրութեամբ հրատարակուել է Թիֆլիսում, որին յաջորդել է նրա խմբագրած Արձագանգը (1882–1898): |
↑45 | Լումա ամսագիրը Գիւտ քահանայ Աղայեանցի (1856–1920) խմբագրութեամբ հրատարակուել է Թիֆլիսում 1896–1912 թթ.: |
↑46 | Մուրճ ամսագիրը 1889–1900 թթ. Թիֆլիսում հրատարակել եւ խմբագրել է Աւետիք Արասխանեանը (1857–1912): |
↑47 | Մասիս օրաթերթը Կարապետ Իւթիւճեանի (1823–1904) խմբագրութեամբ լոյս է տեսել Կոստանդնուպոլսում 1852–1884 թթ.: Ապա եղել է շաբաթաթերթ (1884-1908)։ |
↑48 | Արսէն Տէրտէրեան (1882–1953), գրականագէտ, ակադեմիկոս: |
↑49 | Արտաշէս Կարինեան (1886–1982), գրականագէտ, ակադեմիկոս: |
↑50 | Շարլ Տէտէեան (1910–2001), ֆրանսահայ գրականագէտ: |
↑51 | Ֆրէդէրիք Ֆէյդի (1908–1991), ֆրանսիացի հայագէտ: |
↑52 | Պիէռ Մարօ (1900–1992), ֆրանսիացի պատմաբան, միջնադարագէտ։ |
↑53 | Vahé Oshagan, The English Influence on the West Armenian Literature in the Nineteenth Century, Cleveland (Oh.), Cleveland State University, 1982. |
↑54 | «Բագին» ամսագիրը (ապա՝ եռամսեայ) լոյս է տեսում Բէյրութում 1962 թուաանից։ |
↑55 | Բէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը լոյս է տեսնում 1970 թուականից: |
↑56 | Բոստոնի (ապա՝ Վաթերթաուն) The Armenian Review հանդէսը լոյս է տեսնում 1948 թուականից։ |
↑57 | Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան Journal of the Society for Armenian Studiesը լոյս է տեսնում ԱՄՆում 1984 թուականից։ |
↑58 | Ամերիկեան Փիլիսոփայական Ընկերութիւնը (American Philosophical Society) ԱՄՆի գիտական ամենահին ընկերութիւնն է։ Հիմնուած է Բենիամին Ֆրանկլինի կողմից 1742 թուականին։ |
↑59 | Ջոն Գրեփին (1937–2015), ամերիկացի լեզուաբան, հայերէնագէտ: |
↑61 | Վարդան Գրիգորեան (1934–2021), ամերիկահայ պատմաբան: |
↑62 | Արսինէ Օշական (1942-2022), ուսողագէտ, մանկավարժ։ |
↑63 | Նշուած հատորը լոյս է տեսել 1984ին (Review of National Literatures, vol. 13, Armenia, special editor Vahé Oshagan)։ |
↑64 | Վահէ Օշականի այս հետազօտական այցելութիւնը չի իրականացել։ |
↑65 | Խօսքը 1988 թ. դեկտեմբերի 7ի Սպիտակի երկրաշարժի մասին է։ |
↑66 | Curriculum vitae (լատ.), կենսագրական տուեալներ։ |