Ես սուտ մարդն եմ
ցուցափեղկի գաճէ արձան
որուն ոչ ոք բարեւ կու տայ
կարծելով թէ տեղս կայնած
մէկը կայ
համեղ պատառ անօթութեան աչքերուն մէջ
սովը սառած ՝ ճերմակ լոյսի ակռաներով
զիս կը լափեն հազար կողմէն ու կը կլլեն
բայց չեն գիտեր ինչու քաղցը դեռ կը կրծէ
ներսը տեղ մը մթին փոսը յատակ չունի
հուժկու հովը լուռ անդադրում
կը փչէ։
Անքուն գաղնտի
էլեկտրոնիկ սեւ աչքն եմ ես
թանգարանին դուռը գոց էր
իր բացումին առաւօտէն
կը դիտեմ
վանտալներու խելառ գրոհ գիշերին մէջ
թաղի լաճեր ապակիները կը փշրեն
ներսը արդեօք գանձեր կա՞ ն թէ պարապ է
ոչինչ երբեք հոն չէ մտած չէ պահուըտած
ես եմ միայն չռած պշնած ու շուարուն՝
հրաշքի մը երեւումին
կը սպասեմ։
Անտես անյայտ
անէութիւն մարդն եմ ես
անպէտ շքեղ մեծղի ռատար
հսկայ փարոս՝ գիտակցութեան
լոյս կու տամ
տիեզերքի հարթավայրը կը շողշողայ
բայց ես ներսը մութին նստեր՝ ինչպէ՞ ս գիտնամ
ուր է լուցկին զարնեմ կեանքին յանկարծ վառի
կարելի է ես եմ միակ տեսանելին
բառերու մէջ խանձարուրուած միակ ողջը ՝
խորհրդաւոր կրաֆիթի
կը գծէ։
Ես լրտեսն եմ
ըլլալ բային նրբանցքներուն
կը սլքտամ զիս կը փնտռեմ
ո՞վ է ի՞նչ է տեղս անցեր
ու կ՚ապրի
կեանքս փախեր ինձմէ ծածուկ վանք մտեր է
ետին թողած անթիւ անդէմ դերանունը
մարդոց մասին իրար ձեռքէ ի՞նչ կը խլեն
յետոյ չկան՝ կարօտներու գիրկը ինկած
մինչ սգաւոր հիւլէները մեծ բակ կու գան՝
ես եմ միայն որ տակաւին կը փնտռեմ։
Անգոյ մարդն եմ
որ չէ եղած ու ա՛լ չըլլար
բանդագուշակ կրկներեւոյթ՝
ամէն ինչի ձեւը առնող
դեւին պէս
ձեր կեանքին մէջ առօք փառօք կը բնակիմ
կը յօշոտեմ ներսէն դուրսէն ձեզ կը պարպեմ
մինչեւ ձեզմէ ուշքի կեղեւ միայն մնայ
ու ներս նայիք բան չգտնէք բացի ինձմէ
որ փոխանցէք մէկզմէկու՝ մինչեւ հասնիմ
անմահութեան դարպասները
ու հատնիմ։
Ոճրագործն եմ
բանտ նետուելիք միա՛կ մարդը
փախստական կը թափառիմ
փողոցներէն ազատ անմեղ
բայց ես եմ մարդոց ցեղին աննախընթաց պատուհասի
ազդանշան տիւ ու գիշեր թակը լախտը
թաղանթներուն ու կոպերուն ՝ ճամբայ բացէ՛ք
ճշմարտութեան թաքսիներով պիտի սուրամ
պիտի անվերջ ձեզ կոխկռտեմ որ աթննաք —
ապրիլ չկայ առանց մահէն
անցնելու։
Մարդ էակն եմ
վկայ չունիմ նօտար չունիմ
բառէ լաստ մը վրան ելեր
նշան կ’ընեմ բան մը կ’ըսեմ
թէ ինչպէս
ես սա մարմնին վարձակալն եմ ու տանտէրը
զիրար գրկած դանակ դանակի ողջ ողջ թաղուած
վայրկեաններու շաղախին մէջ քար չկտրած՝
գուցէ յոյս կայ կեանքի ծէսը հեղ մը լարել
բանալ սիրոյ գաղտագողի ամբարտակը
ու փորձ ընել մահը չեկած
ապրելու։
Խեղճին մէկն եմ
տաշեղ ցեխոտ՝ սեւ սրինգէն
ժամանակի գետին ինկած
խուլ սուրբերու խօլ շուրջպարէն
կոխկռտուած
ունայնամիտ եպերելի մեղկ թերածին
թառատունէն վռնտուած լկտի սիղեխ
օձագալար մեղք ու յանցանք զիս կը հեղձեն
եղծ շուշփան եմ ժանգոտ սռնակ խորտակ յեսան
նեխ դոժինքի քաքի ժահս աշխարհ բռներ՝
ուրիշ կեղերջ ուրիշ լորուստ
չունիմ ես։
Ես Աստուածն եմ
որ պիտի գայ ստեղծելու
լոյսի շողը խաւարին մէջ
փսփսալու անցաբառը
խեղճ մարդոց
ծուղակ ինկեր՝ ապուշ ապուշ կը ծիծաղիք
յոյսի յիմար թռուցիկներ բռներ կեցեր
դաշտերու մէջ տգիտութեան տառապանքի
մրրիկներու ցաւի ճիչէն ա՛լ խուլցեր եմ
արդէն կոյր եմ լեզուս շատոնց բռնուած է —
պատգամ չունիմ խրատ չունիմ՝
ես աս եմ։