Էր հոն առաջ ինձմէ առաջ
էր
կը սպասէր
կամ թերեւս
կար միայն
հեռակայ
կամ առկախ
կը բախէի անոր կը խուժէր
կարծես հանդիպէինք վերստին
ան
պատին միջեւ ու պատին
էր շատոնց եւ ես
եւ դուն
ձեռքս կը բախէր անոր
կարծես չըլլար
ու ծեծէի օդին մէջ փախչող պատ մը անմատչելի
որ էր հպում ու հատիկները պարապին
էր
գիտես
եւ ձեռքդ որ կու գայ ետ
կ՚երթայ սրընթաց
կ՚իյնայ կը սպառիմ անշարժութեամբ
կը գոցէի
աչքերս կը գոցեմ
կը կրեմ
անոր
հեռակայ
եւ առկախ
ծանրութիւնը չքացող
կ՚արձակեմ
բռունցքը կ՚երթար
կը մեկնէր
ուղիղ ընդարձակ կը տանէր մարմինս իր հետ
կ՚ուղղուիմ
կը տարածուիմ անհունօրէն
ուշացող ընկրկող ու չհասնող
ուշակորոյս
կը մոռնամ
անոր դէմ
կ՚ընդդիմէի անոր մէջ
կը մտնէի դէպի զայն
անոր մարմնի մտերմութեան սառուցեալ
կը կոտրէի թանձըր բացակայութիւնը եկող
կը հատէի
կը թափանցէի խտութենէն խորութենէն անոր
չէր
դէմս
հորիզոն հողէ
անտեսանելի շուք
կը խորէի
դէմքիս շուրջ կը փայլէր անմտանելի
անելանելի
երբեմն
բացուածք էր
ինձմէ առաջ
ճերմակ կը նայի բացէն բազմաթիւ նայուածքը բիւրաւորներու
զրկեալ նայուածքէ
կոթողային
միակերպ
կը նայէր չէզոք
ո՛չ ոքի
դէմէն անցնող շողերու շուքերու բզզիւններուն
մարմիններու լողագնաց ելեւէջին
ապակիի եւ պահերու փշուրներուն
եւ հերձեր
հաստ ու նիստ հողաժայթքեր ճեպընթաց աղմուկի
թնդանօթող արշալոյսը ասֆալթին
կը բախէին անոր թաղանդին
կը խրէի
կը ճզմուէի
կը ճնշէի
հոն
հորիզոն ու բացատ շնչառութեան
կը կանգնէի անոր սահմանին
կը փախչէի
կը զարնէի
կ՚արձակէի զայն ի բաց
տեղափոխելու տանելու գիծը անդին
լռութեան
շունչին դէմ շունչը կտրող դանակը միջոցին
փայլքը առքը անոր
կը գրոհէի
անդադար կը սուրայի անոր տրեւին դէ մ հողէ
անոր թափանցիկութեան
կը խորհէի
էր թերեւս եւ դուն
եւ ես
մոռցուած
կարծես ծանրութիւնը մեռելին լուացուած ու բացակսւյ
չլացուած
պատնուած մեռելին
անտեսանելի հակաբիբ
ի սպաս աչքին որ սիրէր ի սպառ
սիրէր մինչեւ էախզում
մինչեւ էացում
ըլլար հոն
պիտի ըլլար
ապա եւ գիտեմ ըլլար պիտի
ինձմէ առաջ ինձմէ վերջ աւելի անդին
աւելի մօտ
առանց լոյսի
առանց պատկերի
առանց մօտեցման
անելանելիօրէն զիս գրաւող
կոկորդս ի վար
այնքան մօտիկ որ զիս եղաւ
եւ կոչեց զիս
կը բախիմ
անոր լոյսին անոր գիշերումին անոր անմահութեան
անվեհեր մահին
կը բա
բախէի խօսքին դէմ
եւ անխօսութեան
կը լսեմ
անոր ցերեկը թանձըր որ կու գար
տեղաշարժող ու արշաւող լեռնածաւալ հողի ալիք օդին մէ ջ
հողի մակընթացութիւն
ճեպընթաց պատ անմատչելի
անփախչելի
փլչող
անխաբ որ էր հոն
առաջ ինձմէ վերջ
թերեւս բնակեցայ փայլլին մէջ անոր որոտման