Այս անգամ Փարիզ, սենեակի մը մէջ նստած, հասուննալու փողոցին մէկ անկիւնը կ’այցելեմ։ Տարիներու վրայ երկարող իրավիճակի մը դէմ յանդիման եկած եւ քանի մը էջի վրայ քով քովի բերուած՝ 2020ին, Պէյրութ։
-Ե՛լ տեղէդ. Ե՛լ: Այո, դո՛ւն։ Քանի անգամ ըսինք՝ ասոնք շատ լոյս չեն ուզեր։ Աս մօտելիդ նայողը կը վախնայ. թող գայ մազերդ շտկէ քիչ մը, ես ալ դիտեմ։
Կու գայ հաստ մազերը շոյելու, կը լուայ, կը հիանայ, տասը տեսակ դեղ կը քսէ, կը լուայ, այս անգամ վրան գլուխը ջուր, արմատները շոյելով, տաբատին ուռեցքը հրապարակ կը հասնի, թանձրութեան քաղաքը։ Կը զգայ արիւնատար երակներուն լայննալը, այս անգամ ներսէն. ներսէն դուրս, չերեւցող գերութեան ընթացք մը, ուռելու վիճակ մը, բայց մարմինի չափը՝ նոյնը. թաքնուած ապաստանարան մը, գլուխը քաշող. կը քաշէ, կը ծռի դէպի փուչիկը, լեցուող փուչիկ մը, բացուածք մը քերող, լայնցնող. թող սողայ փափուկցածը, խնձորի պատառը բերնին թող մարմինի շաքարոտ լորձունքին խառնուի ու համ բերէ. շնչէ արգիլուած օդը թանձրութեան, քանդէ անունը, ժառանգած դուռը, հասնի փուչիկին, քսուի պատռտուող կարմրութեան. բաւարար չէ. քիթին ծակերը ընէ հազար, ուժաթափի, մարի.
Գլուխը ձեռքերուդ մէջ պահէ՛, ոտքերը երկինք հասցո՛ւր, հետը մնա՛…
Մազի հանգոյցներ քակող մատները կ՚օծուին լպրծութեամբ, կը շփացնեն քիմքեր, միլիոնաւոր սիրտեր ապրեցնելու թթուածին է պէտք, կը լայննայ ու կը լայննայ. մարդու շարժումները ճանչնալու անկարող մարտեան կատու մը. բանտարկեալ մը ճանճացած, մազերու ոստայնին մէջ սատկած…
Ատոր տեղը պէտք է փոխես. նե՛րս առ կամ շուքին տակ դիր։
Շէզ լօնկին վրայ կեանքերնիս երկարած, կ՚որսամ իր ամէն մէկ բառը, նայուածքս սեւեռած դէմքին շրջագիծին. ամբողջապէս հետն եմ։ Անքուն գիշերներէս մնացած քանի մը կրամ ուժովս կը փորձեմ մարմինս հեռացնել իրմէ, առանց իր ուշադրութիւնը շեղելու ու արեւէն տաքցած շէզլօնկի երկաթին քսուելու։
Դիւրին չէր, գիտե՞ս. երկու տարի ապրեցայ հոն. հոն՝ ներքնայարկը։ Երեք օր՝ ես ինծի, երեք օր՝ մասնագէտներու. անոնց օգնութեամբ, ծնունդէս ի վեր հիւսուող հարցերուս ոստայնէն կը փրթէի, պիտի վերիմաստաւորէի եղեր վայրկեաններս, օրերս. ներեմ ինքզինքիս բոլոր յանցանքներէս որ իմս չեն. պէտք է մոռնալ մօրս գուրգուրանքը. չսպասել այդ գուրգուրանքը այս մէկէն՝ որ իմս է հիմա. պաշտպանուիլ հօրմէս՝ որ իմս չէ։ Մայր բառը սորվեցայ անծանօթէ մը, կոչելու այդպէս անծանօթ մը որ փափաքեցաւ «առնել» զիս։ Զինքը կանչելու համար տակաւին կը փնտռեմ անուններու ցանկիս մէջ անուն մը որ յարմարէր մօր։ Պիտի կարենա՞մ հանդիպիլ այն ծնողքիս ինքզինքս դիտելով, դպչիմ անոնց՝ մարմինս ճանկելով. վայելքը պահեմ՝ մէկ տարեկան աչքերուս երեւցած։ Ինչպէ՞ս ներեմ ձեզի, անձնասէրներ, մէկ տարուայ աչքեր, որ չկրցաք անոնց դէմքերը փորագրել մտքիս մէջ։ Կուրցնեմ ձեզ. բայց ինչո՞ւ։ Կուրնալու ցաւը ե՛ս պիտի քաշեմ եւ ո՛չ դուք։ Դո՛ւք դիտեցիք անոնց ժպիտը երբ անունս պոռալով կը սպասէին առնեմ առաջին քայլերս եւ իյնամ իրենց ձեռքերուն մէջ. բայց ինչո՞ւ շարունակեմ ոտքերս յառաջ նետել, երբ գիտեմ՝ պիտի չհասնիմ իրենց։ Մա՛մ, ինչո՞ւ ինծի տուիր աչքեր ու հեռացար անոնց առջեւէն. տուիր թեւեր ու զրկեցիր անոնք մայրական շփումներէ. տուիր օրեր՝ բացակայութեանդ մէջ թաթխելու։
Հոգ չէ, չէ՞, որ չկարենամ մօրս անունը արտասանել երբ օր մը հանդիպիմ իրեն։ Մօրս հանդիպելու որոշումը հասցուցած է զիս միայն ներքնայարկեր։ Հոգ չէ, չէ՞, որ մօրս անունը չյիշեմ մայրերու օրուան բանաստեղծութիւններուս ու հայհոյանքներուս մէջ. չկրնամ նկատի առնել զինք կազմուող յարաբերութիւններուս մէջ։ Մա՛մ, արդեօք խրատներդ առած ըլլալով երկրորդ առիթներ պիտի ստանայի՞ զիս լքած բոլոր աղջիկներէն ու տղոցմէն։ Մա՛մ, արդեօք քեզ ճանչնալով պիտի կարենայի՞ն աւելի հասկնալ զիս։
Գիտե՞ս, ամբողջ տարի մը հեռացուած էի արեւէն։ Ներքնայարկն էի։
Քրտինքէս ջրվէժ դարձած կուրծքերս կը սառին։ Արեւուն տաքութիւնը, որ յաջողած է «շէզ լօնկ»ին եւ իմ մորթիս գոյնը փոխել, այլեւս չեմ զգար։ Այրողը՝ սիրտս է.
Ճանըմ, եթէ հոս պիտի դնես, գոնէ վարագոյրը գոցէ. առտու արեւը ելլելուն պէս տաք կ՚ընէ։)
Ձեռք եւ ոտք զգալու կարողութիւնս կորսնցուցած, կը դիտեմ փշաթելերու հորիզոնը, մինչ անոր երկայնքին կանգնած ոստիկաններու նայուածքները մէկ մէկ կը գամուին կուրծքիս։ Սիրտս այլեւս մարմինիս մէջ պահուըտած չէ, ինքզինք կը ցուցադրէ բոլորին, կարծես օրուան կարեւոր հիւրը ըլլայ։
Ուրբաթ է. մտքիս սարսափեցնող տեսերիզները կամ անոնց իշխանութիւնը՝ իւրաքանչիւր քայլի եւ որոշումի հետ են. այլեւս պէտք է դադրի ասոնցմէ մէկը։
Ինքնաշարժի դռնէն անվտանգ հասնիլ երաժշտանոցի վերելակ։
Սենեակէս տակաւին չբաժնուած, ճամբաս «ապահովցնել» կը սկսիմ։ Լա՛ւ պէտք է ուսումնասիրեմ թաղը. անոր ծայրերը Պէյրութի շփացած հարուստները կրնան ըլլալ. յանկարծ անոնք մօտենան, նախ ո՞ր ձեռքով պաշտպանուիմ, ո՞ր ոտքով վազեմ, ձայնի ո՞ր բարձրութեամբ պոռամ, ի՞նչ պոռամ. հետս խօսելու ըլլան, ինչպէ՞ս սովորական մարդու պէս պատասխանեմ հարցումներուն, արաբերէնի գրաւորէն միտքս չպահած բառերէն ո՞ր մէկը արտասանեմ. ի՞նչ
հագուստով ներկայանամ որ անոնց քով «աղքատ» չերեւիմ. հագուիմ այնպէս մը, որ անոնց բամբասանքներուն մէջէն անցնիմ աննկատ ու թափանցիկ։
Իսկ եթէ ապրած շրջանս ուզեն գիտնալ… ոչնչացած եմ։ Փոքր այս մարմինս շաքարի թուղթի պէս թուփի մը ետեւը պիտի նետեն ու մոռնան։ Ու ես հոն՝ աղբերուն հետ փտիմ։ Ո՞վ պիտի գայ ազատելու զիս։ Հայրս արդէն մեկնած է, փոխարէնը խօսք մը նետած. «մինա՛կդ գնա այլեւս,
քրոջդ պէս զօրաւոր եղիր, ընկե՛ր շինէ, մինակդ մի՛ կենար». զօրաւոր քրոջս եթէ կանչելու ըլլամ, խեղճ վիճակս դիտելով, նետողներու խումբին պիտի միանայ եւ «տկար ես» ըսելով հեռանայ։ Բայց, ո՞վ պիտի լսէ զիս որ հասկնայ ուզածս։ Վախը կոկորդս բռնած, քանդած է տարիներով
հայելիին առջեւ «ազատութի՜ւն» պոռալու փորձերս։ Կոկորդ մը՝ որ միայն իմ տան լեզուովս խօսիլ գիտէ։ Ուրեմն, ողջ ողջ երաժշտանոցի հինգերորդ յարկ հասնելու համար՝ ինքնաշարժէն իջնել, առնել երկու քայլ, դուռը նուրբ գոցել, կիրթ վարմունքիս առիթով մօրս հպարտ ժպիտը դիտել ու վերջապէս կենալ իր պատուհանին առջեւ վերջին անգամ մը լսելու՝
Լա՛ւ նուագէ աղջիկս, անսխալ, ինքնավստահ, ամէն ըսուածները նօթ առ, Օր. Մունային ալ ըսէ որ մաման գործ ունի, չի կրցաւ գալ այսօր…
Հայրս, պատերազմ ըլլայ կամ ոչ՝ պատերազմի մթնոլորտի մէջ, կ՚աւելցնէ.
Կռնակդ շիտա՛կ բռնէ ծօ, շիտա՛կ քալէ, վիզդ մի՛ ծռեր։
Ու կռնակդ շիտակ բռնած կը դառնաս դէպի փշաթելերը, իրագործելու օրերով պատրաստած ծրագիրդ։ Առաջին քայլդ կ՚երկարես, աջ ոտքով. գիրքերու ծանր պայուսակը ձախ ուսիդ, շոգիանալու վախերդ ալ աջիդ, աջը ձախէն աւելի փլած, կռնակդ կոր, մօրդ վերջին վայրկեանին ծալլած թաշկինակները տակաւին ձեռքիդ. կը նետուիս փողոց։
Լաւ, հիմա բոլորովին առանձին եմ։ Իսկապէս առանձին։ Ի՞նչ ընեմ, ինչո՞ւ հոս եմ, սիրտս աս ալ պիտի կրնա՞յ շալկել։ Դուն քեզի եկուր, դաշնակի դասի եկած ես. առաջին անգամդ չէ, ճամբան լաւ գիտես, ծրագիրդ յիշէ եւ շարունակէ։ Արագ պէտք է ընես, պահէն գոնէ հինգ վայրկեան առաջ դուռին առջեւը ըլլաս։
Աջդ կը քննես՝ երկինքէն մայթ, ու եղաւ. ուղղահայեաց եղաւ։ Տակաւին կաս։ Ձախդ կը դառնաս, ու արդէ՜ն… այդ մարդը ինչո՞ւ կը վազէ. մէկ վայրկեան. կարծեմ ինքն է, տունի մուտքին նստած մարմինս կը սպասէր, կը հետեւի կոր ինծի, մինակ ըլլալս կ՚ուզէ, դեռ կը նայի՞… Մարդուն հետ տաքութիւնս ալ կը վազէ, հիմա պիտի սպաննէ զիս, հիմա պիտի մեռնիմ, պիտի ուտէ զիս… ձկնորսութեան տուփը ձեռքին՝ հակառակ ուղղութիւնը կը բռնէ։ Քանի մը վայրկեան եւս անոր հեռանալը կը նայիմ… ուֆ, ասկէ ալ ազատեցանք։ Տեսա՞ր, քաջ եմ ես։ Կը մնայ ետեւը ստուգել. քանի մը անգամ գլուխդ ետեւ կը դարձնես ու ինքնավստահ նայուածքով կը փնտռես օդակայանը քեզ «կանչողը», տարօրինակ շարժումներդ ջանալով բնական ցցնել։
Վերջապէս, պատրաստ ես փողոցը անցնելու։ Չհասնող կարգիդ սպասելու համար կը մօտենաս ազդալոյսի սիւնին. ու մօրդ ձայնը արդէն հասած է՝ «աղտո՛տ է ասի, աստուած գիտէ քանի հոգի դպած է, մի՛ քսուիր, նոր լոգցած ես…»։
Առջեւէս արագ անցնողներէն սարսափած, անմեղ երեսս հոս հոն դարձնելով, սուրացող ինքնաշարժերէն հասնող արաբերէն գէշ «մասխարայ»ներ կը կլլեմ. աչքերս կը սկսին աղօտ պատկերներ հասցնել ուղեղիս։ Աչքերս շղարշած արցունքներու մէջէն պղտոր կանաչ լոյս մը տեսնելով ինքզինքս կը նետեմ մահուան ճիրաններուն։ Բայց, ինքնաշարժերուն մէջէն վազվզելը, մէկուն առջեւը կտրելէն միւսին ետեւը հասնիլը, սարսափէն աւելի ոգեւորութեան զգացումն է որ կու տայ։
Յաջորդը՝ զառիվարն է։
(- Լաւ, հիմակ ու հիմա հոս ձգէ աս թաղարը. գալ ամսուան արձակուրդդ առնես նէ, ամառուան մաքրութիւնը սկսինք քիչ քիչ…)
Զառիվարէն պիտի կարենա՞մ իջնել առանց սահելու, ոտքս դարձնելու, պայուսակս գետին ձգելու, գեղեցիկ մը տեսնելով երկար նայուածքներ նետելու: Թաղին միւս կողմը գտնուող վարչապետի նստավայրը օղակած ոստիկաններուն առջեւէն պիտի յաջողի՞մ անցնիլ ո՛չ յանցաւորի տեսքով, ոչ ալ նայուածքով։ Ոստիկանի կօշիկին հասած, վիզդ բարձրացուր ու բարեւէ. ոչ շատ ինքնավստահ, ոչ ալ շատ ընկճուած, առանց ակռայ ցցնելու, առանց փայլուն աչքերու։ Այս բոլորը յաջողցնես, կը մնայ երաժշտանոցի կից եկեղեցիին պարտէզը կտրել։ Պարտէզ մը ուր պզտիկներով մայրեր չեն գար հանգչելու, ոչ ալ բարեկամներ հանդիպելու. միայն քեզի անորոշ ծագումի մարդիկ, որոնց վստահուած է պետական այս երաժշտանոցին
ապահովութիւնը։ Գաղտնիքը անոր պետական ըլլալուն մէջ է։ Պետական է. «ճիշդ եւ արդար» որոշումներու պահարան մը։ Բայց այս մարդիկը ի՞նչ ապահովութիւն կրնան բերել, երբ անոնց առջեւէն անցնիլը արդէն վիշապներ բռնողի հերոսութիւն կը պահանջէ։ Եւ ե՞ս պիտի ըլլամ այդ հերոսը։
(- Այսօր խոհանոցը լուանք. քանի մը բան կայ, պիտի փոխեմ։ Չափերը պատրաստած եմ, միայն կը մնայ ննջարանի պահարանները իջեցնել, կտրել, ներկել ու պատէն կախել։ Աւելցուկներն ալ պզտիկ գրադարաններու պիտի վերածեմ, նստասենեակի լուսամփոփին կողմերը դնեմ…)
Անապատի հող դարձած շրթունքներով, քրտնած ձեռքերով, թաշկինակները վերջապէս աջ գրպանս տեղաւորած, պատրաստ եմ վիշապներ տեսնելու։ Պատերազմ կամ ոչ՝ պատերազմի մէջ ապրող հայրս միշտ կ՚ըսէ՝
Պիտի չի՛ վախնաս, պատրաստ պիտի ըլլաս, աջ ձախդ լա՛ւ դիտես, չի՛ վախնաս… Այս բոլորը լսելով ինչպէ՞ս չի վախնամ, պապ։
Հօրս՝ «մի՛ վախնար» եւ մօրս՝ «անսխա՛լ նուագէ» ի ֆանֆարները ականջներուս, թեթեւ վազքով մը կը նետուիմ դէպի յաջորդ գոյամարտը՝ պարտէզ։ Պայուսակս մարմինիս փակած,
մազերս բուրդէ շապիկիս մէջ, կօշիկիս կապերը լաւ մը ամրացուցած, կը կեդրոնանամ ճամբուս։ Ատենը մէյ մը գլուխս առանց բարձրացնելու աջ ձախ կը շարժեմ, շունչս բռնած ու ամբողջ մարմինովս մէկ ամբողջութիւն դարձած՝ կը յաղթեմ։ Ամէն գիշեր, երբ տնեցիները կը հանգչին, մատներս մարզած եմ արագ եւ ամուր կօշիկի կապեր հիւսելու, վտանգին նայուածքներ նետելու, առանց որ մէկու մը ուշադրութիւնը գրաւեմ։ Պարտէզի գոյամարտին ժամանակ եթէ՞ կօշիկիս կապերը թուլնային, եւ ես ծռելով ծունկի գայի՜… արդէն խեղդուած էի…
Աս ալ ըրինք։
Վերելակը ու ես։
Քեզմէ զատ հոս մէկը չի գիտեր աս պատմութիւնս. Չեմ գիտեր. առաջին արտայատութիւններուդ որ հանդիպեցայ, զզացի որ պիտի ուզէի հետդ խօսիլ եւ…
Վերելակին առջեւ գտնուող սպասման վայրն եմ։ Կոճակին կոխէ եւ մարմինդ հանդարտ պահէ։
Կայ սակայն մատներու աշխարհէն աքսորուած կոճակ մը եւ մարմին մը որ կը պրկէ իւրաքանչիւր մասնիկը վախի տարբեր ձայներն ու եղանակները զսպելու.
Վերելա՞կը կը սպասեմ, թէ՛ վտանգը:
Այս վայրը մտքիս տեսերիզներու պաստառը դարձած է ալ, որուն վրայ արեւածագ մը կը դիտեմ. դեղին լոյս մը, հասնող վերելակի դրան ճեղքէն. որքան մօտենայ, այնքան մորթս կ՚այրի։
(-Ներքնայարկը, մութ ժամերուն, նոյնիսկ դէմքիս ու մարմնիս մանրամասնութինները սկսայ մոռնալ. եւ անոնց հետ կը թափէի անոնցմէ եկած բոլոր դժուարութիւններն ու բարդոյթներս…)
Վերելակը դանդաղ կ՚իջնէ։ Հասնողը կամ պահակն է, պարտէզի հերոսը փնտռելով, կամ ալ շփացած ու հարուստ աշակերտները, ջահերը բռնած՝ պատրաստ զիս կուրցնելու, կոկիկ հագուստս դեղին դանակներով պատռելու, դեղին ներկերով գիրքերս փճացնելու ու շաքարի դեղին թուղթին պէս չեմ գիտեր քանի կտոր եղած մարմինս նետելու պարտէզի թուփերուն ետեւը։ Կամ ալ զիս չսպաննելու դիմաց դրամս ուզող փողային նուագարանի ուսուցիչն է, որ եկած է դաշնակի կափարիչով մատներս ճզմելու, իր երկար դեղին փողով լեզուս ստամոքսս թխմելու։
Լոյսը կը զօրանայ. վերելակը հասնելիք է։
Պարապ ըլլայ կամ լեցուն, ուրիշ մը պէտք չէ հասնի հետս մտնելու։ Վերելակ մտնողը միայն ի՛մ մարմինս պէտք է ըլլայ։ Եթէ ոչ, մինչեւ հինգերորդ յարկ, վիշապի հինգ բերանէ կ՚անցնիմ։ Նոյնիսկ եթէ վիշապները առջեւս ելլեն, հետս սպասողներէն ոչ ոք պիտի փրկէ զիս։ Ի վերջոյ, բոլորէն տարբեր, բոլորէն հեռացող, արաբերէն կատակներ պատմող մը չեմ.
անծանօթներու հետ խնդացող մը չեմ։
Ուրեմն, ինչ ալ ըլլայ, մինակս պէտք է ըլլամ։
Վերելակը գետնայարկ հասած է։
Գետնայարկը, որուն վրայ ես կամ, որուն վրայ տեսերիզներս կը դառնան։ Դէմքս այս անգամ վերելակի լոյսէն կը դեղնի։ Դուռը տակաւին փակ, սիրտս տակաւին տաք, կեցած եմ։ Աչքերս, դողացող ձեռքերու մէջ լուսանկարի մեքենայի մը պէս խառնակ պատկերներ կը քաշեն միայն. վարչապետարան, տան բաղնիքը, վերելակ, փայտէ դգալ մը, երկար, ցաւցնող։
(- Ապակիները ա՛ս դեղով ըրէ, ըսինք…)
Դուռ բացող աջովս կը մտնեմ ներս։ Մատներէս մէկը տասը անգամ կոճակ «5»ի խորերը թխմելով կը փորձեմ բարձրանալու արարողութիւնը աճապարեցնել, նախքան տեսերիզներուս մարդասպանները թափանցեն վերելակ։
Այլեւս գետնայարկին չենք պատկանիր։
Կոճակ «5»ը վերջապէս կը լուսաւորուի. հասանք։
Սիրտս այս անգամ աջ թոքիս հենած, գիրքերու պայուսակս տակաւին ձախիս, փողոցի եւ պարտէզի յաղթանակաները ճակատիս, կ՚անցնիմ ծրագրիս յաջորդ բաժինին.
Աջ արմուկով դուռը հրել, մինչեւ նեղ բացութիւն մը ունենաս. վերելակին մէջտեղը մնա, ոտքերդ ամրացուր գետնին եւ թեթեւ մը թեքուէ դէպի առջեւ. բայց՝ տակաւին դուրս չելլես. պայուսակդ եւ հագուստի կտորներդ ամբողջովին սահմանիդ մէջ պահելու համար՝ ձախ ձեռքդ գործածէ. լուռ շնչելով ականջ դիր յարկի խօսակցութիւններուն, մօտեցող եւ հեռացող քայլերուն, ու վերջապէս հօրդ ինքնապաշտպանութեան շարժումները վերաքաղելով, դուրս ել. ուշադի՛ր, այս բոլորը ընելու կէս վայրկեան ունիս միայն. այս ձեռնարկդ հանդիսատես պէտք
չէ ունենայ…
(- Գիրքերը ամէն փոշի եղած են, մէկ մէկ պէտք է սրբես. տետրակները հոս մի՛ ձգեր, նոր տեղ բացի անոնց համար. մատիտներդ վերցո՛ւր մէջտեղէն, ես ետեւէդ պիտի չի հաւաքեմ. նե՛րս տար…)
Երեք քայլ կ՚առնես. կը հասնիս հսկայ պատի մը առջեւ, վրան փորագրուած հայհոյանքներուն կը ժպտիս, կէս վայրկեան մը վեցերորդ յարկէն դէպի հինգերորդ երկարող աստիճանները կը քննես. շէնքին սիւներուն եւ յարկերուն անհաւասարութեան զոհ չերթաս յանկարծ. փլատակ շէնքերուն տակ մնացող կերպարը օրական կը խաղաս քնանալու գիշերային փորձերուդ ատեն։ Ինքզինքդ խաբելով թէ շէնքը չունի շինարարական որեւէ սխալ, կը համարձակիս մտնել դասարաններու մայր դռնէն։
(- Լոյսին մէջ ըլլալը արդէն իսկ հրաշք մը կարծես ըլլար…)
Կը հասնիմ նրբանցք։
Համաչափ եւ մեքենայացած քայլերով կը շրջիմ սենեակէ սենեակ, վստահ ըլլալու որ մանկութիւնս ապականող փողահարը այս յարկին վրայ չէ։
Ինքզինքս ապահով զգացնելու ջանքերս միշտ կը հասցնեն զիս նոյն մակերեւոյթին՝ հօրս մկաններուն ստորոտը…
Սենեակ թիւ 500։
…կարծես հօրս մարմինը մասնաւոր ստեղծուած ըլլար մտահոգութիններուս ապաստան տալու. վախերուս կողմէ ծամծմուած փոքր մարմինս պիտի լեցուի անոր ամրութեամբ…
Անհատական դաշնակ մը չունեցայ երբեք. ուրախ զուարթ նստած եմ թիւ 500 սենեակի դաշնակին առջեւ, պատրաստ յեղաստեղծ համերգիս։ Պզտիկ մատներս կը փորձեն կրկնել ախորժած եղանակներս, «պարզապէս կը յիշեմ ամենասիրած բաներս եւ այլեւս գէշ չեմ
զգար…» ե՜ւ…
…ուսերը կուրծքին կապող յօդը միակ փափկութիւնն է ուր միտքս ու գլուխս մէկտեղ մարդկային իրաւունք մը կ՚ապրին…
«Լռեցէ՛ք»ի ահռելի պոռչտուք. փողը աջ ձեռքին, դուռին փրցուած կոթը ձախին, քանդուած մանկութիւնս աչքերուն. ձայնս՝ տարագիր։
«Լռեցէ՛ք»ի երկրորդ պոռչտուքով երգողներուն թիւը կրնայ զէրոյի հասնիլ։
…ըլլալ ապահով…
Այս անգամ կ՚ուղղուիմ սենեակի կլոր պատուհանին, որ կը նայի եկեղեցիի հսկայ ժամացոյցին. ամբողջ վայրկեան մը պիտի տրամադրեմ հասկնալու որ ժամը հինգին չորս վայրկեան կայ։ Պատուհանին մակերեսը իննսուն առ հարիւր անգլերէն փողոցային խօսքերով լեցուած է. հարուստներու յամարձակ խմբակը թէ՛ դրամ ունի, թէ՛ ալ խելք։
…ըլլալ ազատ…
Գիտցած են՝ ուր պիտի գրեն, որպէսզի շատ թիւով մարդ տեսնէ եւ զարգանայ։ Զարգանամ, որ ապագային փողոցը երեսիս նետուածները հասկնամ ու պատասխանն ալ տամ։ Տակաւին պատուհանին դիմացը, ժամը հինգ կ՚ընեմ ու արդէն պէտք է երթամ թիւ 490… չեմ գիտեր ինչը։
…այս ապահովութեան կողքին սակայն…
Սովորաբար, դասիս պահուն դասարանը կ՚ըլլայ առանց ուսուցիչի։ Տասը տարի յետոյ պիտի հասկնամ միայն որ երաժշտանոցին պետական ըլլալն է դասարաններուն փտածութեան պատճառը։
…կայ նաեւ սպայ դառնալու անխուսափելի ճակատագիրը. ես՝ հօրս գիրկին ապահովութեանը մէջ. հեռատեսիլէն կը հասնին կոշտ արաբերէնով վիճաբանութիւն, զինուորներու առօրեայ, հրթիռներ, սեւութիւն…
Երաժշտանոցը ինչ-ինչ մականուններու բռնապետութեան տակ մնացած է, ու իրաւունքը շատոնց անհետացած է այս շէնքէն։ Ուսուցիչները դասաւանդելէ աւելի անոնց դէմ կը պայքարին. դասարան կը հասնին նուազագոյնը տասը վայրկեան ուշ, ճերմկած մազով, որսը փախցուցած որսորդներու պէս, ձեռքերնին ծխախոտի մառան դարձած։
Ուսուցիչը նրբանցքը քանի մը հայհոյանք արձակելէ ետք միայն սենեակին կը մօտենայ. շղթայուած, ծանր քայլերով սենեակի լոյսին կու գայ ու, բերանը ծռելով, ձախ ձեռքը մնացած կոթովը կը գամէ դուռը։
Փողոցը մինակդ մնալու սէնարիոները նորէն կը յարձակին վրադ։ Ու արդէն գիտե՛ս յաջորդող քայլդ.
1.Նախ՝ բարեւ ըսէ. ոչ շատ տխուր ոչ ալ շատ ուրախ, կարեւորը՝ բան մը ըսէ։ Ջղայնութեան զոհը մի՛ դառնար,
2.Թեթեւ ժպիտով մը սպասէ որ յաջորդ տողը իրմէ գայ. շատ հաւանաբար «լա՞ւ ես»ի պէս հարցում մը ընէ,
3.Պատասխանիդ հասակը եւ հարցումի իր ոճը հասարակ յայտարար մը պէտք է ունենան։
…եօթներորդ ապտակէն ետք ոտքի կանգնողներուն թիւը մէկ կրնայ ըլլալ։
Իր աչքերուն լրջութիւնը, անքնութիւնը, մատները՝ մազին, գիրքիդ թէ ծխախոտին ուղղուած ըլլալը հասկցիր ու ըստ այնմ ազատ արձակուելուդ ուղերձը կարդա։
Յաջորդ քայլը յստակ չէ։
Դաշնակի հանգստաւէտ աթոռին նստողը ես եմ, փողոցը կորսուածն ալ՝ ես։
Ծրագրիս բոլոր հանգրուանները ինչպէ՞ս թուագրեմ։ «Լռեցէ՛ք»ի երկրորդ պոռչտուքով խօսողներուն թիւը զէրոյի հասաւ։
(- Կ՚ուզեմ, որ ճիշդ հասկնաս ինծի…)
Տարբեր երաժշտանոց, նման դաշնակ, տարբեր սենեակ ու ուսուցիչ, տարբեր մականուններու գերիշխանութիւն. համտեսած եմ ոչ միայն եօթը, այլ քսանեօթը ապտակներ։ Քսանութերորդը պիտի չհանդուրժէի։
(- Խնդրեմ, բան մի սպասեր ինձմէ։ Այո՛, քովդ եմ. իրաւ է։ Գեղեցիկ այս մթնոլորտին մէկ ստեղծողը դուն ես, բայց միասին…)
Օր. Մունա կը մտնէ սենեակ (1), կռնակին՝ ծուխերու վոհմակը (2). ոչ ինծի կը նայի, ոչ ալ դաշնակին (3). պիտի ուղղուի դէպի մոխրաման (4)…
(- …բաւարար չենք՝ նոր կեանքի մը ժպտելու…)
…ոչ հինգը կու գայ ոչ ալ չորս ու կէսը։
Ճանճացած բանտարկեալներն ենք անապահովութեամբ հիւսուած փողոցներու, երեսուն սանթիմեթրով հեռացուած կիսաւարտ ու կիսաքանդ պատերու, հասնելու համար երաժշտանոց, հասնելու տուն. հասնելու։
ԾԱՒԻ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
(2020, Պէյրութ)