ԱՍՏՂԵՐԷՆ ԻՋԱԾ ԿԻՆԸ

ԱՍՏՂԵՐԷՆ ԻՋԱԾ ԿԻՆԸ

 

Քալել չէր գիտեր

Ամբողջ կեանքը թռչեր էր

Երազները թեւերու պէս հագած

Արթնցեր էր լուրթի երանգներուն մէջ

Վարգեր հովերուն ետեւէն

Եւ համտեսեր էր արեւը

Իջեր էր

Եւ քալել չէր գիտեր

Քալել չէր գիտեր

Բայց կը թռչկոտէր գագաթէ գագաթ

Կը փնտռէր հոտը մանկութեան անցած

Իջեր էր գրկած

Աստղերուն փայլքը

Անոնց բոցը պաղ

Չկար լեռը սեւ

Ու չկար գագաթ

Միւս աստղերուն հետ թառելու համար

***

Աստղերը թեւաւոր իջան

Թաց աւազներուն

Եւ անոնց փայլքը

Լուսաւորեց կատաղութիւնը ալիքներուն

Իսկ կինը

Որ ա՛լ սորվեր էր քալել

Զսպելով ցաւը անտանելի

Դրաւ գլուխը փրփուրներուն

Եւ գրկած երազը սեւ անտառներուն

Քուն մտաւ

Երազելով վարդահեղեղ արշալոյսը

 

ԱՍՏՂԵՐՈՎ ԿԻՆԸ

Իջեր էր ու կը փորձէր

Կշռոյթը յարմարեցնել

Ժամանակին

 

ԱՍՏՂԵՐՈՒՆ ԱՐԻՒՆԸ

Երբ ծորեցաւ

Ես գրկիդ մէջ էի

Երջանկութեամբ տանելի

Բայց երբ ծորեցաւ արիւնը

Կանաչ աստղերուն

Դողը պատեց մեզ

Այդ ի՞նչ սպանդ էր

Աստղերէն մինչեւ

Անտառները սեւ

 

ԱՍՏՂԱԶԱՐԴ ԿԻՆԸ

Այսօր

Բառերդ աստիճաններ են

զիս շրթունքներուդ հասցնող

ուր կը յամենամ

առագաստ մտնող կոյսի վախով եւ

անհամբերութեամբ

կը յամենամ

ըմբոշխնելու վերջին երազին մահը

անկարելի

այդ կարճ պահուն

հմայքը անծանօթին կը թրջէ

միտքս հին գինիի պէս

ու կը գինովնամ

իսկ անկէ անդին

դրախտանման դժոխքն է կեանքին

ուր տե՛ս կը նետուիմ

 

ԱՍՏՂԱՒՈՐ ԿԻՆԸ

ՈՐ ՍԻՐԱՀԱՐՈՒԵՐ ԷՐ ՀՈՂԻՆ

Իջաւ թեթեւ ծփանքով

Հողին ուր այնքա՜ն գաղտնիքներ կային

Բայց եթէ կեանքը

Չի դիմանար լռութեան

Հապա ինչպէ՞ս դիմացաւ գաղտնիքներուն

Աստղածորան գիշերներուն

Սեւ անտառներու կորուստին

Աստղաւոր կինը

Իջաւ  սուզուեցաւ հողին

Խառնեց արիւնը կանաչին

Եւ սպասեց

 

ԿԻՆԸ ԱՍՏՂԵՐԷՆ՝ ԸՆԿՈՅԶԻ ՊԷՍ

Կանաչ  թարմ ու լեղի

Քաղցրանալու երազը ամուր բռնած

Բջիջներուն մէջ

Աշունը քաղեց գարնանացումը

Բայց չմահացաւ

Ճերմակ մնալու գաղտնիքը մէջը

Փնտռողին համար

 

ԱՍՏՂԱՓՈՇԻ

Ամէն գիշեր

Աստղերէն ծնած կինը

Կը մօտենայ ծանրօրէն գինով

Աստղիկին

Կը հագնի անոր յոգնութիւնը

Տառապանքը

Եւ իր աստղային հանդերձները

Անոր տուած

Կը հսկէ քունը

Կը մօտենայ որդեկորոյս Անահիտին

Եւ անոր զաւկին դէմքը հագած

Կը ցօղէ ցաւը

Կը մօտենայ շատերուն

Աստղափոշի ցանելու

Եւ անոնց ցաւը գրկած

Կը վերադառնայ

Սեւ անտառներու մխիթարանքով

Ինքզինք լուալու

***

Աստղափոշի ցանեց վարսերուն

Եւ իջաւ հողին

Չճանչցան զինք

Շատ էր փայլուն  շատ էր տարբեր

Եւ շատ էր օտար

Թարթիչներէն կախուած աստղաձեւ

Փաթիլներ

Հրդեհեցին հողը

Այրեցին ներբանները

Հալածեցին զինք հեռու

Անէացաւ

Դարձաւ աստղափոշին սեւ

Անտառներուն

 

ԱՍՏՂԵՐԷՆ ԻՋԱԾ ԿԻՆԸ ԸՍԱՒ

Քակէ՛ ողկոյզիս հատերը մէկ-մէկ

Եւ քամէ գինին անրջանքներուդ

Իսկ որթատունկս տեսա՞ծ ես միթէ

 

ԱՍՏԵՂԱՅԻՆ ԱՂ

Եւ սկիզբէն էր աղը

Որ ծնաւ արցունք ըքրտինքը

Ովկիանոսը եւ

Կինը

Որ դարձաւ աղի արձան

Սպիտակ պսպղուն

Եւ միշտ ցանկալի

Մեղքի շառագոյն ծաղիկը կուրծքին

ԼՌՈՒԹԻՒՆ

Աստղերէն իջած կինը

Անծանօթ չէր

Տիեզերքի լռութեան

Բառերը իր շուրջ կը լողային

Դիւթանքով

Ազատ ելումուտով

Տարազ կը փոխէիներանգ կը հագնէին

Եւ իր ձայնը առած

Աստղայնօրէն տաղ կ’ըսէին

Տաղը լռութեան

Սեւ անտառներուն

Մինչ փայլքը փոքրիկ

Իր ուսին նստած

Կը հիւսէր տաղը

Ան-հանդիսատես

Եւ ան-ունկնդիր

Սեւ անտառներուն

 

ՈՏԱԲՈՊԻԿ

Աստղերէն վար

Կարծես փոքրիկ ծովանոյշն ըլլար

 

Your email address will not be published. Required fields are marked *

նախորդ
ԵՐԵՔ ԿԷՏ